Բոլորին մէջ լաւ բաներ փնտռենք
Բոլորին մէջ լաւ բաներ փնտռենք
«Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»։—ՆԷԵՄԵԱՅ 13։31
1. Եհովա ի՞նչպէս բոլորին հանդէպ բարութեամբ կը վարուի։
ՇԱՏ մը ամպոտ ու մռայլ օրերէ ետք, արեւալոյսը հաճելի փոփոխութիւն մը կը ստեղծէ։ Մարդիկ աւելի լաւ տրամադրութիւն կ’ունենան եւ ուրախ կը զգան։ Նոյնպէս, երկար ժամանակ տեւող կիզիչ արեւէն եւ չոր օդէն ետք, մեղմ անձրեւը,– նոյնիսկ տեղատարափ անձրեւը,– թարմացում ու հանգստութիւն կը բերէ։ Մեր սիրալիր Ստեղծիչը՝ Եհովան, երկրի մթնոլորտին մէջ դրած է այս սքանչելի պարգեւը՝ օդի փոփոխութիւնները։ Յիսուս Աստուծոյ առատաձեռնութիւնը ուշադրութեան յանձնեց, երբ սորվեցուց. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, . . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն, որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»։ (Մատթէոս 5։43-45) Այո, Եհովա բոլորին հանդէպ բարութեամբ կը վարուի։ Իր ծառաները պէտք է ջանան զինք ընդօրինակել, ուրիշներու մէջ լաւ բաներ փնտռելով։
2. (ա) Եհովա ի՞նչ հիման վրայ բարութեամբ կը վարուի։ (բ) Մինչ իր բարութեան կ’ընդառաջենք, Եհովա ի՞նչ կը նկատէ։
2 Եհովա ի՞նչ հիման վրայ բարութեամբ կը վարուի։ Ադամի մեղանչումէն ի վեր, Եհովա չէ թերացած մարդոց մէջ բարի բաներ փնտռելու մէջ։ (Սաղմոս 130։3, 4) Իր նպատակը այն է որ հնազանդ մարդկութիւնը ճշմարիտ կեանքը վայելէ Դրախտին մէջ։ (Եփեսացիս 1։9, 10) Իր անարժան ողորմութիւնը, խոստացեալ Սերունդին միջոցաւ մեղքէն ու անկատարութենէն ազատագրուելու ակնկալութիւնը տուած է մեզի։ (Ծննդոց 3։15. Հռովմայեցիս 5։12, 15) Փրկանքի կարգադրութիւնը ընդունիլը ճամբան կը հարթէ որ ի վերջոյ կատարելութեան վերադառնանք։ Եհովա այժմ իւրաքանչիւրս կը դիտէ տեսնելու համար, ուրիշ բաներու կողքին, թէ ի՛նչպէս կ’ընդառաջենք իր առատաձեռնութեան։ (Ա. Յովհաննու 3։16) Ան կը նկատէ որեւէ բան որ կ’ընենք իր բարութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը ապացուցանելու համար։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։—Եբրայեցիս 6։10
3. Ո՞ր հարցումը մեր նկատառութեան արժանի է։
3 Արդ, ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել, ուրիշներու մէջ լաւ բաներ փնտռելով։ Այս հարցումին պատասխանները նկատի առնենք, կեանքի չորս մարզերու մէջ. (1) քրիստոնէական ծառայութիւնը, (2) ընտանիքը, (3) ժողովքը, եւ (4) ուրիշներու հետ մեր յարաբերութիւնները։
Քարոզելու եւ Աշակերտելու Գործին Մէջ
4. Քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցիլը ի՞նչպէս ուրիշներու մէջ լաւ բաներ փնտռելու մէկ կերպն է։
4 «Արտը աշխարհս է», բացատրեց Յիսուս, պատասխանելով ցորենի ու որոմի առակին իմաստին շուրջ իր աշակերտներուն հարցուցած հարցումին։ Որպէս Քրիստոսի այժմու աշակերտները, այս ճշմարտութեան կը գիտակցինք, երբ մեր ծառայութեան կը մասնակցինք։ (Մատթէոս 13։36-38. 28։19, 20) Մեր դաշտի ծառայութիւնը կը պարփակէ մեր հաւատքին հանրային յայտարարութիւնը։ Այն իրողութիւնը թէ ներկայիս Եհովայի Վկաները ճանչցուած են իրենց քարոզչութեամբ տունէ տուն եւ փողոցներու մէջ, կ’ապացուցանէ թէ Թագաւորութեան պատգամին արժանի եղողները փնտռելու մէջ ջանադիր եղած ենք։ Արդարեւ, Յիսուս պատուիրեց. «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը»։—Մատթէոս 10։11. Գործք 17։17. 20։20
5, 6. Ինչո՞ւ կը շարունակենք կրկին անգամ մարդոց այցելել իրենց տան մէջ։
5 Երբ առանց հրաւիրուելու մարդոց այցելութիւն կու տանք, մեր պատգամին հանդէպ անոնց հակազդեցութիւնը կը նկատենք։ Երբեմն, ընտանիքի մը մէկ անդամը կ’ուզէ ականջ տալ մեզի, բայց տան ներսէն ուրիշ մը կը պոռայ՝ «Հետաքրքրուած չե՛նք», եւ այսպիսով այցելութեան վերջ կը դրուի։ Որքա՜ն ցաւ կը զգանք որ անհատի մը հակառակութիւնը կամ հետաքրքրութեան պակասը ուրիշի մը ընդառաջումին կ’ազդէ։ Ուստի, ի՞նչ կրնանք ընել բոլորին մէջ լաւ բաներ փնտռելու մէջ յարատեւելու համար։
6 Այդ շրջանին մէջ մեր քարոզած ատեն դարձեալ նոյն տունը այցելելը, թերեւս առիթ կու տայ որ ուղղակիօրէն խօսինք նախորդ այցելութեան Յովհաննու 6։44. Ա. Տիմոթէոս 2։4
վերջ դնող անհատին հետ։ Այդ հանդիպումին տեղի ունեցածը մտաբերելը կրնայ մեզի օգնել որ նախապատրաստուինք։ Թերեւս հակառակ կեցողը լաւ շարժառիթներ ունէր, խորհելով թէ ընդառաջող անհատին պէտք է արգելք հանդիսանայ որ Թագաւորութեան պատգամին մտիկ չընէ։ Մեր դիտաւորութիւններուն մասին սխալ տեղեկութիւններ ունենալը, թերեւս իր տեսակէտներուն ազդած էր։ Այսուհանդերձ, կը շարունակենք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել այդ տան մէջ, փափկանկատօրէն ջանալով թիւրիմացութիւնները սրբագրել։ Հետաքրքրուած ենք բոլորին օգնելով որ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն։ Թերեւս Եհովա այդ անհատը իրեն պիտի քաշէ։—7. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ դրական ըլլանք, երբ մարդոց կը մօտենանք։
7 Իր աշակերտներուն տուած Յիսուսի հրահանգները հաշուի առին ընտանեկան հակառակութիւնը։ Ան չըսա՞ւ. «Եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն»։ Յիսուս աւելցուց. «Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան»։ (Մատթէոս 10։35, 36) Սակայն պարագաները եւ կեցուածքները փոփոխութեան կ’ենթարկուին։ Յանկարծակի հիւանդութիւն մը, ազգականի մը կորուստը, աղէտները, զգացական տագնապները եւ բազմաթիւ այլ ազդակներ, մեր քարոզչութեան հանդէպ մարդոց հակազդեցութեան կ’ազդեն։ Եթէ բացասական տեսակէտ մը ունինք,– թէ այն մարդիկը որոնց կը քարոզենք, անընդունակ պիտի մնան,– իրապէս անոնց մէջ լաւ բաներ կը փնտռե՞նք։ Ինչո՞ւ ուրիշ առիթով անգամ մը եւս ուրախութեամբ չայցելենք անոնց տուները։ Թերեւս տարբեր ընդառաջում մը գտնենք։ Երբեմն ո՛չ թէ միայն մեր ըսածը, այլեւ մեր ըսած կերպը պատճառ կ’ըլլայ որ աւելի լաւ ընդառաջում մը դրսեւորուի։ Քարոզելու չսկսած, ջերմեռանդօրէն Եհովայի աղօթելը, վստահաբար մեզի պիտի օգնէ որ դրական ըլլանք եւ Թագաւորութեան պատգամը գրաւիչ կերպով բոլորին ներկայացնենք։—Կողոսացիս 4։6. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17
8. Երբ Քրիստոնեաները իրենց անհաւատ ազգականներուն մէջ լաւ բաներ փնտռեն, արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
8 Կարգ մը ժողովքներու մէջ, նոյն ընտանիքի անդամներէն շատեր Եհովայի կը ծառայեն։ Յաճախ, չափահաս ազգականի մը յարատեւութիւնը անչափահասներու հիացմունքին ու յարգանքին արժանացած է, որուն լաւ յարաբերութիւնները ընտանիքէն ու ամուսնական ծիրէն ներս, ճամբան հարթած են որ ընտանիքի անչափահասները սրտի փոփոխութիւն մը ունենան։ Պետրոս առաքեալի խրատին անսալը Քրիստոնեայ կիներէն շատերուն օգնած է որ իրենց ամուսինները «առանց խօսքի» շահին։—Ա. Պետրոս 3։1, 2
Ընտանիքին Մէջ
9, 10. Յակոբ ու Յովսէփ ի՞նչպէս իրենց ընտանիքին մէջ լաւ բաներ փնտռեցին։
9 Ընտանեկան սերտ կապերը այլ մարզ մը կը հայթայթեն, ուր կրնանք ուրիշներու մէջ լաւ բաներ փնտռել։ Նկատի առէք իր որդիներուն հետ Յակոբի գործառնութիւններէն քաղուած դաս մը։ Ծննդոց 37։3, 4–ի մէջ, Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Յակոբ յատկապէս Յովսէփը կը սիրէր։ Յովսէփի եղբայրները նախանձեցան, նոյնիսկ դաւադրեցին զինք սպաննել։ Սակայն նկատի առէք հետագային Յակոբի ու Յովսէփի ցուցաբերած կեցուածքները։ Երկուքն ալ իրենց ընտանիքին մէջ լաւ բաներ փնտռեցին։
10 Երբ Յովսէփ սովահար Եգիպտոսի մէջ որպէս ուտելիքի գլխաւոր խնամակալ կը ծառայէր, իր եղբայրները սիրով դիմաւորեց։ Թէեւ իր ինքնութիւնը անմիջապէս չյայտնեց, սակայն Ծննդոց 41։53–42։8. 45։23) Նմանապէս, իր մահուան անկողնին վրայ, Յակոբ իր բոլոր որդիներուն մարգարէական օրհնութիւններ տուաւ։ Թէեւ անոնց սխալ արարքները զիրենք կարգ մը առանձնաշնորհումներէ զրկեցին, բայց իւրաքանչիւրին ժառանգութիւն մը տրուեցաւ երկրին մէջ։ (Ծննդոց 49։3-28) Այս առթիւ Յակոբ մնայուն սիրոյ ի՜նչ հոյակապ արտայայտութիւն մը ցուցաբերեց։
կարգադրեց որ անոնց լաւ հոգ տարուի եւ կարենան իրենց տարեց հօր ուտելիք տանիլ։ Այո, իրենց ատելութեան զոհը գացած ըլլալով հանդերձ, Յովսէփ անոնց բարօրութիւնը ուզեց։ (11, 12. (ա) Մարգարէական ո՞ր օրինակը ընտանիքին մէջ լաւ բաներ փնտռելու կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ (բ) Յիսուսի անառակ որդիի առակին մէջ յիշուած հօր օրինակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։
11 Անհաւատ Իսրայէլ ազգին հետ իր գործառնութեանց մէջ Եհովայի երկայնամտութիւնը, յաւելեալ լոյս կը սփռէ թէ ան ի՛նչպէս իր ժողովուրդին մէջ լաւ բաներ կը փնտռէ։ Ովսէէ մարգարէին ընտանեկան պարագաները գործածելով, Եհովա իր մնայուն սէրը նկարագրեց։ Ովսէէի կինը՝ Գոմեր, կրկին անգամ շնութիւն գործեց։ Այսուհանդերձ, Եհովա Ովսէէի պատուիրեց. «Նորէն գնա՛, իր բարեկամէն սիրուած շնացող կին մը սիրէ, ինչպէս Տէրը Իսրայէլի որդիները կը սիրէ, թէեւ անոնք օտար աստուածներու կը դառնան ու չամչեղէն կարկանդակներ կը սիրեն»։ (Ովսեայ 3։1) Ինչո՞ւ այս պատուէրը։ Եհովա գիտէր թէ իր ճամբաներէն շեղած այս ազգէն անհատներ պիտի ընդառաջէին իր համբերութեան։ Ովսէէ ըսաւ. «Ետքը Իսրայէլի որդիները պիտի դառնան ու իրենց Տէր Աստուածը եւ իրենց Դաւիթ թագաւորը պիտի փնտռեն ու վերջին օրերը Տէրոջը ու անոր բարութեանը պիտի գան»։ (Ովսեայ 3։5) Վստահաբար ասիկա ընտիր օրինակ մըն է, որուն մասին պէտք է խոկանք, երբ ընտանեկան դժուարութիւններ դիմագրաւենք։ Ընտանիքին միւս անդամներուն մէջ լաւ բաներ փնտռելու մէջ ձեր յարատեւելը, առնուազն համբերութեան ընտիր օրինակ մը պիտի հանդիսանայ։
12 Յիսուսի անառակ որդիի առակը յաւելեալ լոյս կը սփռէ թէ ի՛նչպէս կրնանք լաւ բաներ փնտռել մեր ընտանիքին մէջ։ Պզտիկ որդին տուն վերադարձաւ իր անառակ կեանքէն հրաժարելէ ետք։ Հայրը անոր հետ ողորմութեամբ վարուեցաւ։ Հայրը ի՞նչպէս հակազդեց մեծ որդւոյն գանգատներուն, որ երբեք իր ընտանիքը չէր լքած։ Հայրը իր մեծ որդւոյն ըսաւ. «Որդեակ, դուն միշտ ինծի հետ ես ու իմ բոլոր ունեցածս քուկդ է»։ Ասիկա դառն յանդիմանութիւն մը չէր, այլ պարզապէս հօրը սէրը կը հաստատէր։ Ան աւելցուց. «Պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն Ղուկաս 15։11-32
զի այս քու եղբայրդ մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ»։ Մենք ալ նոյնպէս կրնանք միշտ ուրիշներու մէջ լաւ բաներ փնտռել։—Քրիստոնէական Ժողովքին Մէջ
13, 14. Սիրոյ արքայական օրէնքը քրիստոնէական ժողովքին մէջ կիրարկելու մէկ կերպը ի՞նչ է։
13 Քրիստոնեաներ ըլլալով, կը ջանանք սիրոյ արքայական օրէնքը կիրարկել։ (Յակոբու 2։1-9) Ճիշդ է որ կ’ընդունինք մեր ժողովքի այն անդամները, որոնց նիւթական վիճակը մերինէն տարբեր է։ Սակայն ցեղային, մշակութային կամ նոյնիսկ կրօնական ենթահողերու վրայ հիմնուած «դասակարգի խտրութիւն» ունի՞նք։ Եթէ այո, ի՞նչպէս կրնանք Յակոբոսի խրատին անսալ։
14 Քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ եղող բոլոր անհատներուն բարի գալուստ մաղթելը, մեր լայնասիրտ ըլլալը կ’ապացուցանէ։ Երբ նախաքայլը կ’առնենք Թագաւորութեան Սրահ այցելող նորեկներու հետ խօսելու, անոնց սկիզբի ջղագրգռութիւնն ու անհանգստութիւնը կրնան անհետանալ։ Արդարեւ, քրիստոնէական ժողովի մը առաջին անգամ ներկայ եղողներէն ոմանք կը նշեն. «Ամէն ոք բարեկամական էր։ Կարծես թէ ամէնքն ալ արդէն զիս կը ճանչնային։ Հանգիստ զգացի»։
15. Ժողովքին պատանիներուն ի՞նչպէս կարելի է օգնել որ չափահասներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն։
15 Կարգ մը ժողովքներուն մէջ, ժողովի մը աւարտին, մի քանի պատանիներ իրարու քով կը հաւաքուին Թագաւորութեան Սրահին մէջ կամ դուրսը, չափահասներուն ընկերակցութիւնը չփնտռելով։ Այս հակումը յաղթահարելու համար դրական ի՞նչ քայլեր կարելի է առնել։ Անշուշտ առաջին քայլը ծնողքը կ’առնէ, իրենց զաւակները տան մէջ մարզելով, այնպէս որ ժողովներուն համար պատրաստուած ըլլան։ (Առակաց 22։6) Անոնց կարելի է պարտականութիւն տալ որ ժողովի ընթացքին գործածուելիք գրականութիւնները պատրաստեն, այնպէս որ բոլորն ալ իրենց հետ հարկ եղած գրականութիւնները ունենան։ Ծնողները նաեւ ի վիճակի են իրենց զաւակները քաջալերելու որ Թագաւորութեան Սրահին մէջ տարեցներուն եւ անկարողներուն քանի մը խօսք ըսեն։ Այսպիսիներուն իմաստալից խօսք մը ըսելով, զաւակները կրնան գոհունակ զգալ։
16, 17. Չափահասները ի՞նչպէս կրնան ժողովքին պատանիներուն մէջ լաւ բաներ փնտռել։
16 Չափահաս եղբայրներն ու քոյրերը ժողովքին պատանիներով պէտք է հետաքրքրուին։ (Փիլիպպեցիս 2։4) Անոնք կրնան նախաքայլը առնել պատանիներուն քաջալերական խօսքեր ըսելու։ Սովորաբար ժողովի ընթացքին կարգ մը յատկանշական կէտեր կը զարգացուին։ Կարելի է պատանիներուն հարցնել թէ ժողովէն հաճոյք առի՞ն, եւ ո՞ր կէտը յատկապէս գնահատեցին եւ կ’ուզեն կիրարկել։ Որպէս ժողովքին անբաժան մէկ մասը, պատանիները պէտք է գովել իրենց ընծայած ուշադրութեան, ժողովի ընթացքին իրենց տուած պատասխաններուն, կամ յայտագրին մէջ իրենց բերած մասնակցութեան համար։ Ժողովքին մէջ չափահասներու հետ պատանիներուն վարուելակերպը եւ տան մէջ պարզ պարտականութիւններուն հոգ տանելու անոնց կերպը, ցոյց պիտի տան թէ հետագային անոնք կրնան աւելի մեծ պատասխանատուութիւններու հոգ տանիլ։—Ղուկաս 16։10
17 Պատասխանատուութիւն կրելով, կարգ մը պատանիներ կը յառաջդիմեն այն աստիճան Բ. Տիմոթէոս 2։22) Այսպիսի նշանակումներ ‘փորձի’ կ’ենթարկեն այն եղբայրները, որոնք կը ձգտին օգնական ծառայ ըլլալու։ (Ա. Տիմոթէոս 3։10) Ժողովներուն անոնց մասնակցութիւնը եւ ծառայութեան մէջ անոնց նախանձախնդրութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովքի բոլոր անդամներուն հանդէպ անոնց անձնական հետաքրքրութիւնը, երէցներուն կ’օգնեն ըմբռնելու անոնց հնարաւորութիւնները, երբ կը խորհին յաւելեալ նշանակումներ տալ անոնց։
որ իրենց հոգեւոր որակումները զիրենք կարող կը դարձնեն աւելի ծանր նշանակումներ ստանալու։ Ընելիք բան մը ունենալը նաեւ կրնայ օգնել որ ունայն ընթացքէ խուսափին։ (Բոլորին Մէջ Լաւ Բաներ Փնտռել
18. Դատական հարցերու մէջ, ո՞ր թակարդէն պէտք է խուսափիլ, եւ ինչո՛ւ։
18 «Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղէկ չէ», կ’ըսէ Առակաց 24։23–ը։ Երկնային իմաստութիւնը կը պահանջէ որ երէցներ աչառութենէ խուսափին, երբ ժողովքին մէջ դատական հարցեր ձեռք կ’առնեն։ Յակոբոս ըսաւ. «Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ»։ (Յակոբու 3։17) Բացայայտօրէն, մինչ ուրիշներու մէջ լաւ բաներ կը փնտռեն, երէցները զգոյշ պէտք է ըլլան որ անձնական յարաբերութիւններու կամ զգացումներու պատճառով իրենց դատական որոշումին մէջ աչառութիւն չընեն։ «Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ», գրեց սաղմոսերգու Ասափ։ «Աստուածներուն [մարդկային դատաւորներուն] մէջ դատաստան կը տեսնէ։ ‘Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք’»։ (Սաղմոս 82։1, 2) Հետեւաբար, Քրիստոնեայ երէցները աչառութեան որեւէ հակումէ կը խուսափին, երբ հարցը կը պարփակէ բարեկամ մը կամ ազգական մը։ Այս կերպով, անոնք ժողովքին միութիւնը կը պահեն եւ թոյլ կու տան որ Եհովայի հոգին ազատօրէն ներգործէ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։23
19. Ի՞նչ կերպերով կրնանք ուրիշներու մէջ լաւ բաներ փնտռել։
19 Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մէջ լաւ բաներ փնտռելով, Պօղոսի կեցուածքը կ’արտացոլացնենք, որ արտայայտեց Թեսաղոնիկէի ժողովքին յղած իր նամակին մէջ։ Ան ըսաւ. «Ձեր վրայ վստահութիւն ունինք Տէրոջմով, թէ ինչ որ ձեզի պատուիրեցինք՝ կ’ընէք ու պիտի ընէք ալ»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։4) Երբ ուրիշներու մէջ լաւ բաներ փնտռենք, աւելի հակում պիտի ունենանք անոնց թերութիւնները անտեսելու։ Պիտի փնտռենք մարզեր, ուր մեր եղբայրները կրնանք գովել, վստահաբար քննադատական հոգի մը չցուցաբերելով։ «Տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ», գրեց Պօղոս։ (Ա. Կորնթացիս 4։2) Ո՛չ միայն ժողովքի տեսուչներուն հաւատարմութիւնը, այլ՝ մեր բոլոր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատարմութիւնը, զիրենք սիրելի կը դարձնէ մեզի։ Այսպիսով անոնց աւելի կը մօտենանք, քրիստոնէական բարեկամութեան կապերը ամրապնդելով։ Իր օրուան եղբայրներուն հանդէպ Պօղոսի ունեցած տեսակէտը կ’որդեգրենք։ Անոնք ‘գործակիցներ են Աստուծոյ թագաւորութեան համար’ եւ մեզի՝ «տոգորող ոյժ մը»։ (Կողոսացիս 4։11, ՆԱ) Այս կերպով Եհովայի կեցուածքը կը ցուցաբերենք։
20. Բոլորին մէջ լաւ բաներ փնտռող անհատներուն ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն։
20 Վստահաբար Նէեմիայի աղօթքը կ’երկրորդենք. «Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛»։ (Նէեմեայ 13։31) Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովա մարդոց մէջ լաւ բաներ կը փնտռէ։ (Գ. Թագաւորաց 14։13) Թող որ մենք ալ ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ նոյնը ընենք։ Ասիկա ընելով փրկութեան ակնկալութիւնը կ’ունենանք, եւ՝ վաղահաս նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք։—Սաղմոս 130։3-8
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Եհովա ի՞նչ հիման վրայ բոլորին հանդէպ բարութեամբ կը վարուի։
• Ուրիշներու մէջ ի՞նչպէս կրնանք լաւ բաներ փնտռել
• մեր ծառայութեան մէջ,
• մեր ընտանիքին մէջ,
• մեր ժողովքին մէջ,
• մեր բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 14]
Հակառակ իրեն հանդէպ իր եղբայրներուն ցուցաբերած ատելութեան, Յովսէփ անոնց բարօրութիւնը ուզեց
[Նկար՝ էջ 15]
Հակառակութիւնը մեզ ետ չի պահեր որ ջանանք բոլորին օգնել
[Նկար՝ էջ 16]
Հակառակ իրենց անցեալին, Յակոբ իր բոլոր որդիները օրհնեց
[Նկար՝ էջ 17]
Քրիստոնէական ժողովներուն բոլորին բարի գալուստ մաղթեցէք