Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի գոյութեան հնագիտական ապացո՞յց մը

Յիսուսի գոյութեան հնագիտական ապացո՞յց մը

Յիսուսի գոյութեան հնագիտական ապացո՞յց մը

«ՅԻՍՈՒՍԻ Գոյութեան Ապացոյցը, Քարի Վրայ Փորագրուած»։ Այսպէս ծանուցանեց Biblical Archaeology Review պարբերաթերթին կողքը (Նոյեմբեր/Դեկտեմբեր 2002)։ Կողքը ներկայացուց Իսրայէլի մէջ գտնուած ոսկրանոց մը, կրաքարէ տուփ մը որ ոսկորներ կը պարունակէ։ Ոսկրանոցներու գործածութիւնը Հրեաներուն քով սովորական էր, Հ.Դ.Ա. առաջին դարէն Հ.Դ. 70։ Այս ոսկրանոցը մասնաւորաբար յատկանշական դարձաւ, իր մէկ կողմը կրած Արամերէն գրութեան շնորհիւ։ Ուսումնականներ կ’ընդունին որ անոր նշանակութիւնն է՝ «Յակոբոս՝ Յովսէփի որդին, Յիսուսի եղբայրը»։

Աստուածաշունչին համաձայն, Նազովրեցի Յիսուս Յակոբոս անունով եղբայր մը ունէր, որ Յովսէփի՝ Մարիամի ամուսնոյն՝ որդին կը նկատուէր։ Երբ Յիսուս Քրիստոս իր բնագաւառին մէջ կը սորվեցնէր, ապշահար ունկնդիրները հարցուցին. «Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր։ Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս եւ Յովսէս ու Սիմոն եւ Յուդա. ու ասոր քոյրերը ամէնքը մեր քով չե՞ն»։—Մատթէոս 13։54-56. Ղուկաս 4։22. Յովհաննու 6։42

Այո, ոսկրանոցին վրայի գրութիւնը Նազովրեցի Յիսուսի նկարագրութեան կը յարմարի։ Եթէ գրութեան մէջ յիշուած Յակոբոսը Յիսուս Քրիստոսի խորթ եղբայրն է, ուրեմն ասիկա «Աստուածաշունչէն դուրս, Յիսուսի գոյութիւնը ապացուցանող ամենահին հնագիտական փաստն է», կը պնդէ Անտրէ Լըմէր, վաղեմի արձանագրութիւններու մասնագէտ եւ Biblical Archaeology Review պարբերաթերթի վերոյիշեալ յօդուածին հեղինակը։ Պարբերաթերթին խմբագիրը՝ Հըրշըլ Շէնքս, կը նշէ թէ ոսկրանոցը «շօշափելի ու տեսանելի բան մըն է, որ ցարդ երկրի վրայ ապրած կարեւորագոյն անձնաւորութեան ժամանակէն է»։

Սակայն, ոսկրանոցին վրայ փորագրուած՝ ընթեռնլի երեք անունները առաջին դարուն սովորական էին։ Ուստի կարելի է որ Յիսուս Քրիստոսի ընտանիքէն զատ ուրիշ ընտանիք մը գոյութիւն ունէր, որուն մէջ կային Յակոբոս, Յովսէփ եւ Յիսուս։ Լըմէր կ’ենթադրէ. «Երուսաղէմի մէջ, Հ.Դ. 70–էն առաջ, երկու սերունդներու ընթացքին, հաւանաբար շուրջ 20 անհատներ կային, որոնք կրնային կոչուիլ ‘Յակոբոս/Յակոբ՝ Յովսէփի որդին, Յիսուսի եղբայրը’»։ Այսուհանդերձ, ան կը խորհի թէ 90 տոկոս հաւանականութիւն կայ, որ ոսկրանոցին նշած Յակոբոսը Յիսուս Քրիստոսի խորթ եղբայրն է։

Ուրիշ ազդակ մըն ալ կայ, որ ոմանց հաւատացնել կու տայ թէ գրութեան մէջ յիշուած Յակոբոսը Յիսուս Քրիստոսի խորթ եղբայրն է։ Թէեւ այսպիսի գրութիւններու մէջ սովորական էր ննջեցեալին հօրը անունը յիշելը, սակայն շատ հազուագիւտ էր եղբօր մը անունը յիշելը։ Հետեւաբար, կարգ մը ուսումնականներ կը հաւատան որ այս Յիսուսը կարեւոր անձնաւորութիւն մը ըլլալու էր, ինչ որ խորհիլ կու տայ որ ան Յիսուս Քրիստոսն էր, Քրիստոնէութեան հիմնադիրը։

Ոսկրանոցը Վաւերակա՞ն Է

Ի՞նչ է ոսկրանոցը։ Անիկա տուփ կամ արկղ մըն է, որուն մէջ մեռեալի մը ոսկորները կը դրուէին, մարմինը փտելէ ետք քարայրի մը մէջ փորուած գերեզմանին մէջ։ Երուսաղէմի շրջակայքը գտնուող գերեզմանատուներէն բազմաթիւ ոսկրանոցներ կողոպտուած են։ Յակոբոսի անունը կրող ոսկրանոցը մէջտեղ եկաւ հնավաճառներու շուկային մէջ, եւ ոչ թէ պաշտօնական պեղումներու վայրի մը մէջ։ Կ’ըսուի թէ այս ձեռակերտ արկղին սեփականատէրը, 1970–ական թուականներուն զայն գնած է մի քանի հարիւր տոլարի փոխարէն։ Ուստի, ոսկրանոցին ծագումը խորհրդաւոր է։ Նիւ Եորքի Պարտ Քոլէճէն՝ Ուսուցչապետ Պրուս Չիլթըն կ’ըսէ. «Եթէ չես կրնար ըսել թէ ձեռագործ իր մը ո՛ւր գտնուած էր եւ շուրջ 2,000 տարի ո՛ւր էր, չես կրնար առարկային ու անոր յիշած անհատներուն միջեւ կապը գտնել»։

Հնագիտական ենթահողին պակասը լեցնելու համար, Անտրէ Լըմէր արկղը ղրկեց Իսրայէլի Երկրաբանական Հողաչափութեան Բաժանմունք։ Հետազօտիչները ստուգեցին որ ոսկրանոցը կրաքարէ շինուած էր՝ Հ.Դ. առաջին կամ երկրորդ դարուն։ Անոնք տեղեկագրեցին թէ «արդիական ո՛չ մէկ գործիքի գործածութեան հետք կար»։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի ուսումնականներ, որոնց հետ The New York Times հարցազրոյց ունեցաւ, կարծիք յայտնեցին թէ «Յիսուսի հետ առնչութիւն ունենալուն թիկունք կանգնող պարագայական ապացոյցը հաւանաբար զօրաւոր է, բայց եւ այնպէս, անիկա կը մնայ անուղղակի ապացոյց»։

Time պարբերաթերթը ըսաւ թէ «այս օրերուն, գրեթէ չկայ ուսեալ մը որ կը կասկածի Յիսուսի գոյութեան վրայ»։ Այսուհանդերձ, շատեր կը խորհին թէ Աստուածաշունչէն դուրս Յիսուսի գոյութեան ապացոյցներ պէտք է ըլլան։ Հնագիտութիւնը պէ՞տք է ըլլայ Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայելու հիմը։ «Ցարդ երկրի վրայ ապրած կարեւորագոյն անձնաւորութեան» պատմականութեան վերաբերեալ ի՞նչ ապացոյցներ ունինք։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 3]

Left, James Ossuary։ AFP PHOTO/J.P. Moczulski; right, inscription։ AFP PHOTO/HO