Յիսուս Քրիստոս՝ ապացոյցներ թէ ան երկրի վրայ ապրեցաւ
Յիսուս Քրիստոս՝ ապացոյցներ թէ ան երկրի վրայ ապրեցաւ
ՄԱՐԴՈՑ մեծամասնութիւնը անձամբ չէ տեսած Ալպըրթ Այնշթայն անունով համբաւաւոր գիտնականը։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդոց մեծ մասը նոյնիսկ չի գիտեր թէ ո՛վ է ան։ Սակայն, անոր իրագործումներուն մասին վստահելի տեղեկագրութիւնները կը փաստեն թէ գոյութիւն ունէր։ Անոր գիւտերուն գիտական կիրարկումներուն միջոցաւ իր գոյութեան ազդեցութիւնը կը նկատուի։ Օրինակ, շատեր կ’օգտուին այն ելեկտրականութենէն, որ կարգ մը պարագաներուն կ’արտադրուի անոր յայտնագործութիւններուն հիման վրայ։
Միեւնոյն տրամաբանական եզրը կը կիրարկուի Յիսուս Քրիստոսի, որ անուրանալիօրէն պատմութեան մէջ ամենաշատ ազդեցութիւն ունեցող մարդն էր։ Իր մասին գրուած բաները եւ իր բանեցուցած
ազդեցութեան շօշափելի ապացոյցը, աներկբայելիօրէն կը փաստեն թէ ան երկրի վրայ գոյութիւն ունեցած է։ Թէեւ նախորդ յօդուածին մէջ նկարագրուած Յակոբոսի գրութեան հնագիտական յայտնագործութիւնը հետաքրքրական է, սակայն Յիսուսի պատմականութիւնը այդ կամ որեւէ այլ ձեռակերտ իրէ կախեալ չէ։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի գոյութեան ապացոյցները կրնանք գտնել, իր ու իր հետեւորդներուն մասին աշխարհիկ պատմաբաններու գրութիւններուն մէջ։Պատմաբաններու Վկայութիւնը
Օրինակ, նկատի առէք առաջին դարու Հրեայ պատմաբան ու Փարիսեցի՝ Փլավիոս Յովսեպոսի վկայութիւնը։ Ան Յիսուս Քրիստոսի ակնարկեց՝ Jewish Antiquities [Հնագիտութիւնք Հրէից] գրքին մէջ։ Թէեւ ոմանք կը կասկածին առաջին ակնարկումին վաւերականութեան վրայ, ուր Յովսեպոս կը խօսի Յիսուսի մասին որպէս Մեսիան, սակայն, Եշիվա Համալսարանէն Փրոֆէսէօր Լուիս Հ. Ֆելտմըն կ’ըսէ, թէ քիչեր կասկածած են երկրորդ ակնարկումին հարազատութեան վրայ։ Հոն Յովսեպոս ըսաւ. «[Անանիոս քահանայապետը] Սենետրիոնին դատաւորները ժողվեց եւ անոնց առջեւ մարդ մը բերաւ, որուն անունն էր Յակոբոս, Քրիստոս կոչուած Յիսուսին եղբայրը»։ (Հնագիտութիւնք Հրէից, Ի., 200) Այո, Փարիսեցիներու աղանդին մէկ անդամը, որոնցմէ շատեր Յիսուսի բացայայտ թշնամիներն էին, ընդունեց թէ ‘Յակոբոսի եղբայրը Յիսուս’ գոյութիւն ունէր։
Յիսուսի գոյութեան ազդեցութիւնը զգալի էր իր հետեւորդներուն գործունէութեանց մէջ։ Հ.Դ. 59–ին, երբ Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ բանտարկուած էր, Հրեաներուն գլխաւորները իրեն ըսին. «Մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ (Գործք 28։17-22) Անոնք Յիսուսի աշակերտները կոչեցին՝ «այդ աղանդ»ը։ Եթէ ամէն տեղ անոնց դէմ կը խօսուէր, հաւանական է որ աշխարհիկ պատմաբաններ անոնց մասին տեղեկագրէին, այդպէս չէ՞։
Տակիտոս, որ շուրջ Հ.Դ. 55–ին ծնած եւ աշխարհի մեծագոյն պատմաբաններէն մէկը նկատուած է, իր Annals [Տարեգրութիւններ] գրքին մէջ յիշեց Քրիստոնեաները։ Հ.Դ. 64–ին Ներոն զանոնք ամբաստանեց որ Հռովմի մեծ հրդեհը պատճառեցին։ Տակիտոս ասոր մասին գրեց. «Ներոն մեղադրեց ու ամենախիստ կերպերով չարչարեց՝ իրենց գարշանքներուն համար ատուած դասակարգ մը, որ ժողովուրդին կողմէ Քրիստոնեաներ կը կոչուին։ Քրիստոս, որմէ ծագում առած է անունը, Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին, մեր կուսակալներէն մէկուն՝ Պոնտացի Պիղատոսի ձեռքով մահապատիժի ենթարկուեցաւ»։ Այս արձանագրութեան նշած մանրամասնութիւնները, Աստուածաշունչի մէջ Յիսուսի մասին գրուած տեղեկութիւններուն կը յարմարին։
Ուրիշ գրող մը, որ Յիսուսի հետեւորդներուն մասին խօսեցաւ, Բիւթանիայի կառավարիչը՝ Պլինիոս Կրտսերն էր։ Շուրջ Հ.Դ. 111–ին, Տրայանոս Կայսրին գրելով, Պլինիոս հարցուց թէ ի՛նչպէս պէտք էր վարուէր Քրիստոնեաներուն հետ։ Ան նշեց թէ սուտ կերպով որպէս Քրիստոնեայ ամբաստանուած անհատները, չաստուածներուն ուղղուած աղերսանք մը կը կրկնէին եւ Տրայանոսի արձանը կը պաշտէին, փաստելու համար թէ իրենք Քրիստոնեաներ չեն։ Պլինիոս շարունակեց. «Կ’ըսուի թէ կարելի չէ ստիպել իսկական Քրիստոնեաները որ այս արարողութիւններէն որեւէ մէկը ընեն»։ Ասիկա կը վկայէ Քրիստոսի գոյութեան, որուն հետեւորդները պատրաստ էին իրենց կեանքը զոհելու, իրեն հանդէպ իրենց հաւատքին համար։
Ամփոփելէ ետք առաջին երկու դարերու պատմաբաններու ակնարկութիւնները Յիսուս
Քրիստոսի ու իր հետեւորդներուն, The Encyclopædia Britannica (2002–ի հրատարակութիւն) կ’եզրափակէ. «Այս անջատ տեղեկութիւնները կը փաստեն, թէ հին ժամանակներուն, նոյնիսկ Քրիստոնէութեան հակառակորդները Յիսուսի պատմականութեան վրայ բնաւ կասկած չունէին։ Ասիկա առաջին անգամ ըլլալով հակաճառելի նիւթ դարձաւ ԺԸ. դարու վերջաւորութեան, ԺԹ. դարու ընթացքին եւ Ի. դարու սկիզբը»։Յիսուսի Հետեւորդներուն Վկայութիւնը
«Նոր Կտակարանը գրեթէ բոլոր ապացոյցները կը հայթայթէ, Յիսուսի կեանքն ու ճակատագիրը պատմականօրէն վերակառուցանելու համար, եւ ցոյց կու տայ անոր կարեւորութեան մասին առաջին Քրիստոնեաներու մեկնաբանութիւնները», կ’ըսէ The Encyclopedia Americana։ Սկեպտիկները թերեւս չընդունին որ Աստուածաշունչը Յիսուսի գոյութեան ապացոյց մըն է։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի արձանագրութիւններուն վրայ հիմնուած տրամաբանութեան երկու եզրեր, յատկապէս կ’օգնեն հաստատելու թէ Յիսուս իրապէս երկրի վրայ ապրեցաւ։
Ինչպէս նշեցինք, Այնշթայնի մեծ տեսութիւնները իր գոյութիւնը կ’ապացուցանեն։ Նոյնպէս, Յիսուսի ուսուցումները իր գոյութիւնը կ’ապացուցանեն։ Օրինակ, նկատի առէք Լերան Քարոզը, Յիսուսի ներկայացուցած հանրածանօթ մէկ ճառը։ (Մատթէոս, գլուխ 5-7) Մատթէոս առաքեալ այս քարոզին ձգած տպաւորութեան մասին գրեց. «Ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։ Վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց»։ (Մատթէոս 7։28, 29) Դարերու ընթացքին մարդոց վրայ այս քարոզին ունեցած ազդեցութեան մասին խօսելով, Փրոֆէսէօր Հանս Տիթըր Պէթս նշեց. «Լերան Քարոզին բանեցուցած ազդեցութիւնը ընդհանուր առմամբ Հրէականութեան ու Քրիստոնէութեան, կամ նոյնիսկ Արեւմտեան մշակոյթին սահմաններէն շատ անդին գացած է»։ Ան աւելցուց թէ այս քարոզը «յատկանշականօրէն, համաշխարհային գրաւչութիւն մը» ունի։
Նկատի առէք Լերան Քարոզին մէջ իմաստութեան հետեւեալ ամփոփ ու գործնական խօսքերը. «Եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ»։ «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք»։ «Վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ»։ «Ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ ձգէք»։ «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի»։ «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։ «Նեղ դռնէն ներս մտէք»։ «Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ «Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ»։—Մատթէոս 5։39. 6։1, 34. 7։6, 7, 12, 13, 16, 17
Անկասկած այս արտայայտութիւններէն կամ անոնց բուն կէտերէն ոմանք լսած էք։ Թերեւս անոնք ձեր լեզուին մէջ առակներու վերածուած են։ Անոնք բոլորն ալ Լերան Քարոզէն առնուած են։ Բազմաթիւ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու վրայ այս քարոզին ունեցած ազդեցութիւնը վառ կերպով կը վկայէ «մեծ ուսուցիչին» գոյութեան։
Երեւակայենք որ անհատ մը հնարեց Յիսուս Քրիստոս կոչուած անձնաւորութիւնը։ Ենթադրենք որ այս անհատը ա՛յնքան ուշիմ էր, որ կրցաւ Աստուածաշունչին մէջ Յիսուսի վերագրուած ուսուցումները յղանալ։ Ան պիտի չջանա՞ր ընդհանուր մարդոց կարելի եղածին չափ ընդունելի դարձնել Յիսուսն ու իր ուսուցումները։ Այսուհանդերձ, Պօղոս առաքեալ դիտել տուաւ. «Հրեաները նշան կ’ուզեն եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն. իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն ու Յոյներուն յիմարութիւն է»։ (Ա. Կորնթացիս 1։22, 23) Ցցահանուած Քրիստոսի մասին պատգամը ո՛չ Հրեաներուն եւ ո՛չ ալ հեթանոսներուն գրաւիչ էր։ Սակայն, այս էր այն Քրիստոսը, որուն մասին առաջին դարու Քրիստոնեաները ծանուցանեցին։ Ինչո՞ւ նկարագրել թէ Քրիստոս ցցահանուեցաւ։ Միակ գոհացուցիչ բացատրութիւնը պիտի ըլլար, թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն գրողները, Յիսուսի կեանքին ու մահուան մասին ճշմարտութիւնը արձանագրեցին։
Իր հետեւորդներուն կողմէ իր ուսուցումներուն անխոնջ քարոզչութիւնը, տրամաբանութեան ուրիշ եզր մը կը հայթայթէ, որ Յիսուսի պատմականութեան թիկունք կը կանգնի։ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսելէն միայն շուրջ 30 տարի ետք, Պօղոս կրցաւ ըսել թէ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ (Կողոսացիս 1։23) Այո, Յիսուսի ուսուցումները վաղեմի աշխարհին մէջ տարածուեցան, ի հեճուկս հակառակութեան։ Պօղոս, որ իր կարգին որպէս Քրիստոնեայ հալածուեցաւ, գրեց. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։12-17) Եթէ չյարուցանուած Քրիստոս մը քարոզելը պարապ էր, ուրեմն, բնաւ գոյութիւն չունեցած Քրիստոս մը քարոզելը ա՛լ աւելի պարապ պիտի ըլլար։ Ինչպէս կարդացինք Պլինիոս Կրտսերի տեղեկագրութեան մէջ, առաջին դարու Քրիստոնեաները Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքին համար պատրաստ էին մեռնելու։ Անոնք իրենց կեանքը Քրիստոսի համար վտանգեցին, քանի որ ան իրական էր. ան երկրի վրայ ապրեցաւ, ինչպէս Աւետարանները ցոյց կու տան։
Ապացոյցներ Տեսած Էք
Քրիստոնէական քարոզչութեան համար նախապայման էր հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան։ Ձեր մտքի աչքով, դուք ալ կրնաք մտապատկերել յարուցեալ Յիսուսը, ներկայիս իր բանեցուցած ազդեցութիւնը տեսնելով։
Ցցահանուելէ քիչ առաջ, Յիսուս իր ապագայ ներկայութեան մասին մանրակրկիտ մարգարէութիւն մը տուաւ։ Ան նաեւ նշեց թէ պիտի յարուցանուէր եւ Աստուծոյ աջ կողմը պիտի նստէր, սպասելով այն ժամանակին, երբ իր թշնամիներուն հաշիւը պիտի մաքրէր։ (Սաղմոս 110։1. Յովհաննու 6։63. Գործք 2։34, 35. Հռովմայեցիս 8։34) Անկէ ետք, ան գործի պիտի լծուէր եւ Սատանան ու իր դեւերը երկնքէն դուրս պիտի վռնտէր։—Յայտնութիւն 12։7-9
Այս բոլորը ե՞րբ տեղի պիտի ունենային։ Յիսուս իր աշակերտներուն տուաւ ‘իր ներկայութեան ու իրերու դրութեան վախճանին նշանը’։ Իր անտեսանելի ներկայութիւնը բնորոշող նշանը կը պարփակէր՝ մեծ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, սուտ մարգարէներու ի յայտ գալը, անօրէնութեան շատնալը եւ սոսկալի մահտարաժամներ։ Այսպիսի աղիտալի դէպքեր կ’ակնկալուէին, քանի որ Բանսարկու Սատանայի վռնտուիլը ‘երկրին համար վայ’ պիտի նշանակէր։ Բանսարկուն երկրի շրջակայքը իջած ըլլալով, «շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Ասկէ զատ, նշանը կը պարփակէ՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել ‘բովանդակ աշխարհի մէջ, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու’։—Մատթէոս 24։3-14. Յայտնութիւն 12։12. Ղուկաս 21։7-19
Հանելուկի մը կտրօններուն նման, որոնք իրարու կը յարմարին, Յիսուսի մարգարէացած բաները տեղի ունեցած են։ 1914–ին՝ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը սկսելէն ի վեր, Յիսուս Քրիստոսի անտեսանելի ներկայութեան բաղադրեալ ապացոյցը տեսած ենք։ Ան կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եւ մեծ ազդեցութիւն կը բանեցնէ։ Այս պարբերաթերթը ձեր ձեռքին մէջ ունենալը ապացոյց է թէ ներկայիս Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կը կատարուի։
Յիսուսի գոյութեան ազդեցութիւնը աւելի գնահատելու համար, պէտք է Աստուածաշունչը ուսումնասիրէք։ Ինչո՞ւ Եհովայի Վկաներէն չխնդրէք Յիսուսի ներկայութեան մանրամասնութիւնները։
[Նկարներ՝ էջ 5]
Յովսեպոս, Տակիտոս ու Պլինիոս Կրտսեր, Յիսուս Քրիստոսի եւ իր հետեւորդներուն ակնարկութիւն ըրին
[Նկարին աղբիւրը]
All three images։ © Bettmann/CORBIS
[Նկար՝ էջ 7]
Նախկին Քրիստոնեաները համոզուած էին թէ Յիսուս իրական էր