«Սպասողական կեցուածք մը» ունի՞ք
«Սպասողական կեցուածք մը» ունի՞ք
«Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։11, 12
1, 2. Եհովայի օրուան նկատմամբ «սպասողական կեցուածք մը» ունենալը ի՞նչպէս կրնանք լուսաբանել։
ՄՏԱՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՑԷՔ ընտանիք մը որ ընթրիքի հրաւիրուած հիւրերուն կը սպասէ։ Անոնք շուտով պիտի ժամանեն։ Կինը զբաղած է ընթրիքին վերջին մանրամասնութիւնները ամբողջացնելով։ Ամուսինն ու զաւակները իրեն կ’օգնեն, վստահ ըլլալու համար թէ ամէն բան պատրաստ է։ Ամէնքն ալ ոգեւորուած են։ Այո, ամբողջ ընտանիքը անձկալից կը սպասէ հիւրերուն ժամանումին եւ կ’ակնկալէ համով ընթրիք մը եւ հաճելի ընկերակցութիւն մը վայելել։
2 Քրիստոնեաներ ըլլալով, աւելի կարեւոր բանի մը կը սպասենք։ Ի՞նչ բանի։ Բոլորս ալ ‘Եհովայի օրուան’ կը սպասենք։ Մինչ այդ, Միքիա մարգարէին նման պէտք է ըլլանք, որ ըսաւ. «Ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ [«սպասողական կեցուածք մը պիտի ցուցաբերեմ», ՆԱ]»։ (Միքիայ 7։7) Ասիկա անգործունեայ վիճակի՞ մը կ’ակնարկէ։ Ո՛չ։ Ընելիք շատ բան կայ։
3. Բ. Պետրոս 3։11, 12–ի համաձայն, Քրիստոնեաները ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենան։
3 Պետրոս առաքեալ մեզի կ’օգնէ որ սպասելու միջոցին պատշաճ կեցուածքը ունենանք։ Ան կ’ըսէ. «Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12) Նկատեցէք թէ ասիկա բացագանչական խօսք մըն է։ Պետրոս հարցում մը չէր հարցներ։ Աստուածային ներշնչումով գրուած իր երկու նամակներուն մէջ, ան նկարագրեց թէ Քրիստոնեաները ի՛նչպիսի մարդիկ պէտք է ըլլան։ Ան նաեւ զանոնք յորդորեց որ շարունակեն մաքուր ու աստուածապաշտ կեանք մը ապրիլ։ Թէեւ շուրջ 30 տարի անցած էր այն օրէն երբ Յիսուս Քրիստոս «իրերու դրութեան վախճանին» նշանը տուաւ, սակայն Քրիստոնեաները արթուն կենալէ պէտք չէր դադրէին։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Անոնք պէտք էր ‘սպասէին ու արտորային Աստուծոյ օրուանը գալուն’։
4. Ի՞նչ կը պարփակէ ‘արտորալը Աստուծոյ օրուանը գալուն’։
4 Հոս «արտորալ» թարգմանուած Յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «փութացնել»։ Անշուշտ չենք կրնար բառացիօրէն «փութացնել» Եհովայի օրը։ Իրականութեան մէջ, ‘ո՛չ օրը գիտենք եւ ո՛չ ժամը’, երբ Յիսուս Քրիստոս պիտի գայ իր Հօրը թշնամիներուն վրայ դատաստան ի գործ դնելու համար։ (Մատթէոս 24։36. 25։13) Աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ թէ հոս «փութացնել» բառին բայարմատը կը նշանակէ՝ «‘արագացնել’, եւ հետեւաբար անիկա սերտօրէն առնչուած է ‘նախանձախնդիր, գործունեայ, բանով մը հետաքրքրուած ըլլալու’ հետ»։ Ուստի Պետրոս իր հաւատակիցները կը յորդորէր որ սրտանց փափաքէին Եհովայի օրուան ներկայութիւնը։ Ասիկա կրնային ընել զայն միշտ իրենց միտքը պահելով։ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը» ա՛յսքան մօտ ըլլալով, նոյն մտավիճակը պէտք է ունենանք։—Յովելեայ 2։31
Սպասենք՝ «Սուրբ Վարմունքով»
5. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ սրտանց կը փափաքինք ‘Եհովայի օրը’ տեսնել։
5 Եթէ սրտանց կը փափաքինք Եհովայի օրէն վերապրիլ, ասիկա ցոյց պիտի տանք մեր «սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ»։ «Սուրբ վարմունք» արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Պետրոսի յորդորը. «Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ Վասն զի գրուած է. ‘Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’»։—Ա. Պետրոս 1։14-16
6. Սուրբ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
6 Սուրբ ըլլալու համար, ֆիզիքական, մտային, բարոյական ու հոգեւոր մաքրութիւն պէտք է պահպանենք։ ‘Եհովայի օրուան’ համար կը պատրաստուի՞նք, մեր անձերը սուրբ պահելով որպէս Եհովայի անունը կրող անհատներ։ Ներկայիս դիւրին չէ այսպիսի անարատութիւն մը պահպանել, քանի որ աշխարհի բարոյական չափանիշները հետզհետէ կը վատթարանան։ (Ա. Կորնթացիս 7։31. Բ. Տիմոթէոս 3։13) Մեր ու աշխարհին բարոյական չափանիշներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խրամատը երթալով կը մեծնա՞յ։ Եթէ ոչ, մտահոգուելու պատճառ ունինք։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մեր անձնական չափանիշները, աշխարհին չափանիշներէն բարձր ըլլալով հանդերձ, կ’ապականին։ Եթէ այս է պարագան, հարցերը սրբագրելու համար դրական քայլեր պէտք է առնենք, որպէսզի Աստուած հաճեցնենք։
7, 8. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք «սուրբ վարմունք» ունենալու կարեւորութիւնը անտեսել։ (բ) Ի՞նչ սրբագրութիւններու հարկը կրնայ ըլլալ։
7 Պոռնկագրութիւնը Համացանցին մէջ մուտք գործելով եւ տան առանձնութեան մէջ մատչելի ըլլալով, ոմանք որ անցեալին անբարոյ նիւթեր չէին կրնար ձեռք ձգել, այժմ կը գտնեն «սեռային պատեհութիւններու անսպառ մթերք մը», կ’ըսէ բժիշկ մը։ Եթէ Համացանցին մէջ այսպիսի պիղծ կայքեր ջանանք փնտռել, վստահաբար անտեսած կ’ըլլանք «պիղծ բանի մի՛ դպչիք» Աստուածաշունչի պատուէրը։ (Եսայեայ 52։11) ‘Եհովայի օրուան’ ներկայութիւնը իրապէս մեր միտքը պահած կ’ըլլա՞նք։ Կամ, կրնա՞յ ըլլալ որ մեր մտքին մէջ այդ օրը կը յետաձգենք, պատճառաբանելով թէ նոյնիսկ եթէ մեր միտքը պիղծ նիւթերով ապականենք, տակաւին մեր անձերը մաքրելու ժամանակ ունինք։ Եթէ այսպիսի խնդիր մը ունինք, որքա՜ն ստիպողական է որ Եհովայի աղաչենք որ ‘ետ դարձնէ մեր աչքերը, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն եւ մեզ իր ճամբուն մէջ կենդանացնէ’։—Սաղմոս 119։37
8 Եհովայի Վկաներուն մեծամասնութիւնը, երիտասարդ թէ տարեց, Աստուծոյ բարոյական բարձր չափանիշներուն կը կառչին եւ այս աշխարհի անբարոյ հրապոյրներէն կը խուսափին։ Քաջատեղեակ ըլլալով մեր ժամանակներուն ստիպողականութեան եւ Պետրոսի ազդարարութեան թէ «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ», անոնք կը շարունակեն «սուրբ վարմունք» ցուցաբերել։ (Բ. Պետրոս 3։10) Անոնց արարքները կ’ապացուցանեն թէ անոնք ‘կը սպասեն ու կ’արտորան Աստուծոյ օրուանը գալուն’։ *
Սպասենք՝ «Բարեպաշտութեամբ»
9. Բարեպաշտութիւնը մեզ պէտք է մղէ ի՞նչ ընելու։
9 ‘Բարեպաշտութիւնն’ ալ կենսական է, եթէ Ա. Տիմոթէոս 2։4) Աստուած «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Հետեւաբար, մեր բարեպաշտութիւնը պէտք չէ՞ մեզ խթանէ որ մեր ջանքերը աւելցնենք, մարդոց օգնելու համար որ Եհովայի մասին սորվին ու զինք ընդօրինակեն։—Եփեսացիս 5։1
կ’ուզենք Եհովայի օրը մեր միտքը պահել։ «Բարեպաշտութիւն»ը կը պարփակէ Աստուծոյ հանդէպ խոր յարգանք, որ կը մղէ մեզ իր աչքին հաճոյ եղածը ընելու։ Եհովայի հաւատարմութեամբ կառչիլը, այս բարեպաշտ արարքներուն ետին կեցող մղիչ ուժն է։ Իր կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (10. «Հարստութեան խաբէութենէն» ինչո՞ւ պէտք է զգուշանանք։
10 Եթէ առաջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փնտռենք, մեր կեանքը բարեպաշտ արարքներով պիտի լեցուի։ (Մատթէոս 6։33) Ասիկա կը պարփակէ նիւթական բաներու հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալ։ Յիսուս զգուշացուց. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ (Ղուկաս 12։15) Թէեւ կրնայ դժուար ըլլալ որ երեւակայենք թէ դրամասիրութիւնը մեզ կուրցուցած է, սակայն լաւ կ’ընենք եթէ նկատենք թէ «այս աշխարհի հոգերն ու հարստութեան խաբէութիւնը» կրնան ‘խօսքը խեղդել’։ (Մատթէոս 13։22, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով) Ապրուստ ճարելը կրնայ դիւրին չըլլալ։ Հետեւաբար, աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, շատեր կը խորհին որ աւելի լաւ կեանք մը ապրելու համար, աւելի հարուստ երկիր մը պէտք է փոխադրուին, թերեւս քանի մը տարի իրենց ընտանիքէն հեռու մնալով։ Նոյնիսկ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք այս կերպով խորհած են։ Ուրիշ երկիր մը երթալով, թերեւս անոնք կրնան իրենց ընտանիքին արդիական սարքեր ապահովել։ Սակայն, ի՞նչ կրնայ պատահիլ իրենց ետին ձգած սիրելիներուն հոգեւորականութեան։ Տան մէջ պատշաճ գլխաւորութիւն ի գործ չդրուելով, անոնք Եհովայի օրէն վերապրելու համար հարկ եղած հոգեւորականութիւնը պիտի ունենա՞ն։
11. Գաղթական աշխատաւոր մը ի՞նչպէս ապացուցանեց թէ բարեպաշտութիւնը աւելի կարեւոր է քան՝ հարստութիւնը։
11 Ֆիլիփփիններէն գաղթած աշխատաւոր մը, Ճափոնի մէջ Եհովայի Վկաներուն միջոցաւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցաւ։ Երբ որպէս ընտանիքի գլուխ իր սուրբ գրային պատասխանատուութիւններուն մասին տեղեկացաւ, ան անդրադարձաւ որ իր ընտանիքի անդամները Եհովայի երկրպագուներ դառնալու համար իրեն պէտք ունէին։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Անոր կինը ուժգին հակառակեցաւ անոր նորագիւտ հաւատքին եւ ուզեց որ ան շարունակէ դրամ ղրկել, փոխանակ տուն վերադառնալու՝ իր սուրբ գրային հաւատալիքները ընտանիքին սորվեցնելու համար։ Սակայն, ժամանակներուն ստիպողականութիւնը եւ իր սիրելիներով հետաքրքրուիլը զինք մղեցին որ տուն վերադառնայ։ Իր ընտանիքի անդամներուն հետ սիրով ու համբերութեամբ վարուիլը վարձատրուեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, ընտանիքը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացաւ, եւ իր կինը լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց։
12. Հոգեւոր շահերը ինչո՞ւ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը պէտք է դնենք։
12 Մեր վիճակը կը նմանի կրակ առած շէնքի մը մէջ գտնուող անհատներուն վիճակին։ Խոհեմութիւն պիտի ըլլա՞ր խելայեղօրէն հոս հոն վազել, նիւթական ստացուածքներ ազատելու համար հրոյ ճարակ դարձած շէնքէն, որ փուլ գալու Ա. Տիմոթէոս 4։16
վրայ է։ Փոխարէն, աւելի կարեւոր պիտի չըլլա՞ր որ կեանքեր փրկէինք. մեր եւ մեր ընտանիքի անդամներուն ու շէնքի բնակիչներուն կեանքը։ Իրերու այս չար դրութիւնը իր անկումին կ’արտորայ, եւ կեանքեր վտանգի տակ են։ Ասոր գիտակցելով, վստահաբար հոգեւոր շահերը առաջին տեղը պէտք է դնենք եւ նախանձախնդրօրէն կեդրոնանանք Թագաւորութեան քարոզչութեան փրկարար գործին վրայ։—«Անբիծ» Պէտք Է Ըլլանք
13. Ի՞նչ կացութեան մէջ կ’ուզենք ըլլալ, երբ Եհովայի օրը գայ։
13 Սպասողական կեցուածք մը պահպանելու կարեւորութիւնը շեշտելով, Պետրոս կ’ըսէ. «Սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ [Աստուած] ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով»։ (Բ. Պետրոս 3։14) Սուրբ վարմունք ունենալու եւ բարեպաշտութեամբ ապրելու յորդորէն զատ, Պետրոս կ’ընդգծէ թէ կարեւոր է որ Եհովա ի վերջոյ գտնէ մեզ մաքրուած Յիսուսի թանկարժէք արիւնով։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Ասիկա կը պահանջէ որ անհատը Յիսուսի զոհագործութեան հաւատք ընծայէ եւ Եհովայի նուիրուած ու մկրտուած ծառայ մը ըլլայ։
14. «Անբիծ» ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։
14 Պետրոս մեզ կը յորդորէ որ «անբիծ» գտնուելու համար մեր լաւագոյնը ընենք։ Քրիստոնէական վարքին ու անձնաւորութեան մեր հանդերձները անբիծ կը պահե՞նք, աշխարհի արատներէն հեռու։ Երբ մեր հագուստին վրայ բիծ մը տեսնենք, անմիջապէս կը փորձենք զայն վերցնել։ Եթէ բիծը մեր նախասիրած հագուստին վրայ է, մասնայատուկ բծախնդրութեամբ կը մաքրենք զայն։ Նոյն կերպով կը վարուի՞նք եթէ մեր քրիստոնէական հանդերձները բծաւորուին, այլաբանօրէն խօսելով, մեր անձնաւորութեան կամ վարքին մէջ որոշ թերութեան մը պատճառաւ։
15. (ա) Իսրայելացիներէն ինչո՞ւ պահանջուած էր որ ծոպեր շինէին իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ։ (բ) Եհովայի այժմու ծառաները ինչո՞ւ կը զատորոշուին որպէս տարբեր անհատներ։
15 Իսրայելացիներէն պահանջուած էր որ «ծոպեր շինեն իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ» եւ «քղանցքին ծոպերուն վրայ կապոյտ ժապաւէն մը դնեն»։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի Եհովայի պատուիրանքները յիշէին, անոնց հնազանդէին եւ իրենց Աստուծոյն առջեւ ‘սուրբ ըլլային’։ (Թուոց 15։38-40) Եհովայի այժմու ծառաները ըլլալով, մենք յատկապէս աշխարհէն տարբեր ենք, քանի որ Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները կը պահենք։ Օրինակ, բարոյական մաքրութիւն կը պահենք, արեան սրբութիւնը կը յարգենք եւ ամէն տեսակ կռապաշտութենէ կը խուսափինք։ (Գործք 15։28, 29) Շատեր մեզ կը յարգեն, մեր անձերը անբիծ պահելու մեր հաստատ վճռակամութեան համար։—Յակոբու 1։27
«Անարատ» Պէտք Է Ըլլանք
16. Մեր անձերը «անարատ» պահելու մէջ ի՞նչ պարփակուած է։
16 Պետրոս նաեւ կ’ըսէ թէ «անարատ» պէտք է գտնուինք։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Բիծ մը ընդհանրապէս կրնայ մաքրուիլ, բայց ‘արատաւոր’ ըլլալը աւելի լուրջ բան մը կը թելադրէ։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ ներսը սխալ բան մը, թերութիւն մը կայ։ Պօղոս առաքեալ Փիլիպպէի մէջ գտնուող Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց. «Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք. որպէս զի ըլլաք անբիծ ու անարատ, Աստուծոյ որդիներ առանց մեղադրանքի, կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ, որոնց մէջ դուք լուսաւորներու պէս կը փայլիք աշխարհի մէջ»։ (Փիլիպպեցիս 2։14, 15) Եթէ այս յորդորին անսանք, տրտունջներէ ու վիճաբանութիւններէ պիտի խուսափինք եւ մաքուր շարժառիթով Աստուծոյ պիտի ծառայենք։ Եհովայի ու մեր դրացիներուն հանդէպ սէրէ մղուելով, «արքայութեան այս աւետարանը» պիտի քարոզենք։ (Մատթէոս 22։35-40. 24։14) Ասկէ զատ, պիտի շարունակենք բարի լուրը ծանուցանել, թէեւ ընդհանուր մարդիկ կրնան չըմբռնել թէ ինչո՛ւ մեր ժամանակը սիրայօժարօրէն կը տրամադրենք ուրիշներուն օգնելու որ Աստուծոյ ու իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մասին սորվին։
17. Մեր շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, երբ քրիստոնէական ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու կը ձգտինք։
17 Որովհետեւ կը փափաքինք «անարատ» գտնուիլ, լաւ կ’ընենք եթէ մեր բոլոր հետապնդումներուն մէջ մեր շարժառիթները քննենք։ Անձնասէր պատճառներով բաներ ընելու աշխարհի կերպը լքած ենք, ինչպէս՝ հարստութիւն կամ հեղինակութիւն ջանալ ձեռք ձգել։ Եթէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներու կը ձգտինք, թող որ մեր շարժառիթները մաքուր մնան ու Եհովայի եւ ուրիշներու հանդէպ մեր սէրը միշտ մեզ խթանէ։ Կազդուրիչ է տեսնել որ հոգեւոր տղամարդիկ ‘տեսչութեան կը ձգտին’ ուրախութեամբ եւ խոնարհ փափաքով, որ Եհովայի ու իրենց հաւատակիցներուն ծառայեն։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1, ՆԱ. Բ. Կորնթացիս 1։23) Արդարեւ որպէս երէց ծառայելու որակելի եղողները ‘Աստուծոյ հօտը կ’արածեն կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով’։—Ա. Պետրոս 5։1-4
‘Խաղաղութեան Մէջ’ Պէտք Է Ըլլանք
18. Եհովայի Վկաները հանրածանօթ են ո՞ր յատկութիւններուն համար։
18 Ի վերջոյ, Պետրոս մեզի կ’ըսէ որ ‘խաղաղութեան մէջ’ գտնուինք։ Այս պահանջին գոհացում տալու համար, Եհովայի ու մեր դրացիին հետ խաղաղութեան մէջ պէտք է ըլլանք։ Պետրոս ‘իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունենալու’ եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ խաղաղութիւն պահպանելու կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ (Ա. Պետրոս 2։17. 3։10, 11. 4։8. Բ. Պետրոս 1։5-7) Մեր խաղաղութիւնը պահպանելու համար, իրարու վրայ սէր պէտք է ունենանք։ (Յովհաննու 13։34, 35. Եփեսացիս 4։1, 2) Մեր սէրն ու խաղաղութիւնը յատկապէս բացայայտ են մեր միջազգային համաժողովներու ընթացքին։ 1999–ին, Գոսթա Ռիքայի մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մը առթիւ, օդակայանին մէջ վաճառորդ մը նեղացաւ, քանի որ պատուիրակները դիմաւորող տեղացի Վկաները անգիտակցաբար իր աշխատավայրը աննշմարելի կը դարձնէին։ Սակայն, երկրորդ օրը, ան նկատեց պատուիրակները խանդավառօրէն դիմաւորելու ընթացքին ցուցաբերուած սէրն ու խաղաղութիւնը, հակառակ անոր որ տեղացի Վկաները անձամբ չէին ճանչնար զանոնք։ Վերջին օրը, վաճառորդը ինքն ալ միացաւ դիմաւորողներուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց։
19. Ինչո՞ւ կենսական է որ հաւատակիցներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք։
Սաղմոս 37։11. Բ. Պետրոս 3։13) Ենթադրենք որ հաւատակիցի մը հետ խաղաղութիւն պահելը դժուար կը գտնենք։ Կրնա՞նք երեւակայել որ անոր հետ խաղաղութեամբ կը բնակինք Դրախտին մէջ։ Եթէ եղբայր մը մեզի դէմ բան մը ունի, փութով պէտք է ‘անոր հետ հաշտուինք’։ (Մատթէոս 5։23, 24) Ասիկա ընելը կենսական է, եթէ կ’ուզենք Եհովայի հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալ։—Սաղմոս 35։27. Ա. Յովհաննու 4։20
19 Մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ խաղաղութիւն ունենալու համար մեր թափած անկեղծ ջանքերը կրնան ցոյց տալ թէ որքա՛ն անձկալից կը սպասենք Եհովայի օրուան ու իր խոստացած նոր աշխարհին։ (20. Ի՞նչ կերպերով «սպասողական կեցուածք մը» պէտք է ցուցաբերենք։
20 Անձամբ ‘կը սպասե՞նք ու կ’արտորանք Աստուծոյ օրուանը գալուն’։ Այս անբարոյ աշխարհին մէջ սուրբ մնալով, ամբարշտութեան վերջը տեսնելու մեր սրտանց փափաքը ցոյց կու տանք։ Ասկէ զատ, Եհովայի օրուան գալուն եւ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ապրելու նկատմամբ մեր սաստիկ փափաքը կը դրսեւորուի մեր բարեպաշտութեամբ։ Իսկ խաղաղ նոր աշխարհին մէջ ապրելու մեր ակնկալութիւնը բացայայտ կը դարձնենք, այժմ մեր հաւատակիցներուն հետ խաղաղութիւն հետապնդելով։ Այս կերպերով ցոյց կու տանք թէ «սպասողական կեցուածք մը» ունինք եւ ‘Եհովայի օրուան ներկայութիւնը մեր միտքը կը պահենք’։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 8 Օրինակներու համար, տես՝ Դիտարան 1 Յունուար 2000, էջ 16 եւ Եհովայի Վկաներու 1997–ի Տարեգիրք, էջ 51։
Կը յիշէ՞ք
• Ի՞նչ կը նշանակէ ‘արտորալ Աստուծոյ օրուանը գալուն’։
• «Սպասողական կեցուածք մը» ի՞նչպէս կ’ապացուցանուի մեր վարմունքով։
• «Բարեպաշտութիւն»ը ինչո՞ւ կենսական է։
• Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի Եհովա մեզ «անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով»։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
«Սպասողական կեցուածք մը» կը ցուցաբերուի սուրբ վարմունքով
[Նկարներ՝ էջ 10]
Թագաւորութեան քարոզչութիւնը փրկարար գործ մըն է
[Նկար՝ էջ 12]
Մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք, ուրիշներու հետ խաղաղութիւն հետապնդենք