Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

«Իր անձին մէջ կեանք» ունենալ ի՞նչ կը նշանակէ։

Աստուածաշունչը Յիսուս Քրիստոսի մասին կ’ըսէ թէ «իր անձին մէջ կեանք» ունի, իսկ իր հետեւորդներուն մասին՝ թէ ‘իրենց անձերուն մէջ կեանք’ ունին։ (Յովհաննու 5։26. 6։54) Սակայն այս երկու համարները միեւնոյն իմաստը չունին։

«Ինչպէս Հայրը իր անձին մէջ կեանք ունի», ըսաւ Յիսուս, «այնպէս ալ Որդիին տուաւ, որ իր անձին մէջ կեանք ունենայ»։ Այս ուշագրաւ խօսքը ըսելէն առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի . . . Ժամանակ պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին»։ Յիսուս հոս կ’ակնարկէր Հօր կողմէ իրեն շնորհուած արտակարգ զօրութեան մը. մարդոց Աստուծոյ առջեւ ընդունելի կեցուածք մը տալու կարողութիւնը։ Ասկէ զատ, Յիսուս կարող է մահուան քունի մէջ եղողները արթնցնելու եւ անոնց կեանք տալու։ Յիսուսի պարագային, «իր անձին մէջ կեանք» ունենալը կը նշանակէ թէ ինք այս կարողութիւններով օժտուած է։ Հօր նման, Որդին ալ «իր անձին մէջ կեանքի պարգեւը» ունի։ (Յովհաննու 5։24-26, ՆԱ, ստորանիշ) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ իր հետեւորդներուն մասին։

Շուրջ տարի մը ետք, Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար’։ Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։ (Յովհաննու 6։54, 55) Հոս Յիսուս «ձեր անձերուն մէջ կեանք» ունենալը «յաւիտենական կեանք» ձեռք ձգելուն հաւասար կը նկատէ։ Նոյն քերականական կառոյցով արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «ձեր անձերուն մէջ կեանք» ունենալ, կը գտնուին Յունարէն Գրութիւններուն մէջ այլ տեղեր։ Օրինակ, «ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք»։ (Մարկոս 9։49) Այս արտայայտութիւնը չի նշանակեր թէ անհատը կարողութիւն ունի ուրիշներուն աղ տալու։ Նմանապէս Յովհաննու 6։54–ի մէջ գործածուած «ձեր անձերուն մէջ կեանք» ունենալ արտայայտութիւնը ցոյց չի տար թէ անհատը կարողութիւն ունի ուրիշներուն կեանք տալու, այլ պարզապէս կը նշանակէ կեանքի լիութեան մէջ մտնել։

Երբ իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իրենց անձերուն մէջ կեանք պիտի ունենային, Յիսուս իր մարմինն ու արիւնը յիշեց։ Հետագային, Տէրունական Ընթրիքը հաստատելու ատեն, Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ իր մարմնին ու արեան մասին, եւ նոր ուխտին մասնակցող իր հետեւորդներուն ուղղութիւն տուաւ որ անխմոր հացի ու գինիի խորհրդանիշերուն մասնակցին։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ միայն օծեալ Քրիստոնեաները, որոնք Եհովա Աստուծոյ հետ նոր ուխտին մէջ են, կեանքի լիութեան մէջ կը մտնեն։ Ո՛չ։ Երկու առիթներուն միջեւ մէկ տարի կար։ Անոնք որ Յովհաննու 6։54, 55–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը լսեցին, Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ներկայացնող խորհրդանիշերով յատկանշուած տարեկան տօնակատարութենէն տեղեակ չէին։

Յովհաննու 6–րդ գլուխին համաձայն, Յիսուս նախ իր մարմինը կը համեմատէ մանանայի հետ, ըսելով. «Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան։ Այս է այն հացը, որ երկնքէն կ’իջնէ, որպէս զի եթէ մէկը ատկէ ուտէ, չմեռնի։ Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ։ Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի»։ Յիսուսի մարմինը, իր արեան հետ մէկտեղ, բառացի մանանայէն շատ աւելի մեծ արժէք ունէր։ Ի՞նչպէս։ Քանի որ իր մարմինը «աշխարհի կեանքին համար» տրուած էր, յաւիտենական կեանքը կարելի դարձնելով։ * Հետեւաբար, Յովհաննու 6։54–ի մէջ «ձեր անձերուն մէջ կեանք» ունենալ արտայայտութիւնը կը կիրարկուի բոլոր յաւիտենական կեանք ստացողներուն, երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ։—Յովհաննու 6։48-52

Քրիստոսի հետեւորդները ե՞րբ իրենց անձերուն մէջ կեանք կը ստանան, կամ կեանքի լիութեան մէջ կը մտնեն։ Թագաւորութեան օծեալ ժառանգորդներուն համար, ասիկա տեղի կ’ունենայ երբ անոնք որպէս անմահ հոգեղէն արարածներ երկնային կեանքի կը յարուցանուին։ (Ա. Կորնթացիս 15։52, 53. Ա. Յովհաննու 3։2) Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ը կեանքի լիութեան մէջ կը մտնեն, իր Հազարամեայ Իշխանութիւնը վերջ գտնելէ ետք։ Այն ատեն, անոնք փորձէ անցած, հաւատարիմ գտնուած եւ Դրախտ երկրին վրայ յաւիտեան ապրելու համար արդար յայտարարուած պիտի ըլլան։—Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 20։5, 7-10

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Անապատին մէջ թէ՛ Իսրայելացիները եւ թէ «խառն բազմութիւն»ը ողջ մնալու համար մանանային կարիքը ունէին։ (Ելից 12։37, 38. 16։13-18) Նոյնպէս, յաւիտեան ապրելու համար բոլոր Քրիստոնեաները, օծեալ ըլլան կամ ոչ, երկնային մանանայէն պէտք է օգտուին, Յիսուսի զոհագործուած մարմնին ու արեան փրկարար զօրութեան հաւատք ընծայելով։—Տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 1988, էջ 30-31։

[Նկարներ՝ էջ 31]

Բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները կրնան ‘իրենց անձերուն մէջ կեանք’ ունենալ