Պարկեշտ խիղճ մը
Պարկեշտ խիղճ մը
ՔԵՆԻԱՅԻ մէջ, համալսարանի պաշտօնեայ մը՝ Չարլզ, իր բջիջային հեռաձայնը կորսնցուց, երբ գործէն տուն կը վերադառնար։ Հոն ասիկա տակաւին պերճանքի առարկայ նկատուած է։
«Չէի ակնկալեր որ մէկը վերադարձնէր զայն», ըսաւ Չարլզ։ Բայց մի քանի օր ետք ան զարմացաւ Քենիայի Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղէն հեռաձայն մը ստանալով։ Ան ականջին չհաւատաց, երբ իրմէ խնդրեցին որ գայ եւ առնէ իր հեռաձայնը։ Պատահած էր որ Եհովայի Վկայ լիաժամ քարոզիչ մը նոյն փոխադրակառքին մէջ գտնուած էր եւ հեռաձայնը գտած էր։ Հեռաձայնին տէրը գտնելու համար, քարոզիչը հեռաձայնը տարած էր մասնաճիւղ, եւ հոն աշխատող կամաւորները ի վերջոյ գտած էին Չարլզը, հեռաձայնին վրայ իր թիւը ստուգելով։
«Շատ կը գնահատեմ ինծի հետ կապի մէջ մտնելու համար թափուած ջանքերը, գիտնալով որ հեշտ չէր», ըսաւ Չարլզ մասնաճիւղ յղած նամակի մը մէջ։ «Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր կազմակերպութեան անդամներուն, որոնք հեռաձայնս գտան, հետքս գտան եւ զայն վերադարձուցին։ Այսօր դժուար է պարկեշտ անհատ մը գտնել, բայց քաջալերական է տեսնել հազուագիւտ անհատներ, որոնք Եհովա Աստուծոյ ճշմարիտ Վկաներն են»։
Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները ճանչցուած են որպէս պարկեշտ անհատներ։ Անոնք կ’ընդօրինակեն Պօղոս առաքեալը որ ըսաւ. «Համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ»։ (Եբրայեցիս 13։18. Ա. Կորնթացիս 11։1) Անոնք կը գնահատեն որ այսպիսի վարք մը փառք կը բերէ Եհովա Աստուծոյ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։—Մատթէոս 5։16