Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Հաւատարիմ ծառան’ քննութենէն յաջողապէս կ’անցնի

‘Հաւատարիմ ծառան’ քննութենէն յաջողապէս կ’անցնի

‘Հաւատարիմ ծառան’ քննութենէն յաջողապէս կ’անցնի

«Ժամանակ է որ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի»։—Ա. Պետրոս 4։17

1. Երբ Յիսուս «ծառան» քննեց, ի՞նչ գտաւ։

ՅԻՍՈՒՍ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին «ծառայ» մը նշանակեց, որ իր «ծառաներ»ուն ատենին կերակուր տայ։ 1914–ին Յիսուս գահակալուեցաւ, եւ շուտով ժամանակը եկաւ որ այդ «ծառան» քննութեան ենթարկուի։ Ան տեսաւ որ ընդհանուր առմամբ «ծառան» «հաւատարիմ ու իմաստուն» եղած է։ Ուստի զայն «իր բոլոր ունեցածին վրայ» կեցուց։ (Մատթէոս 24։45-47) Սակայն չար ծառայ մըն ալ կար, որ ո՛չ հաւատարիմ եւ ոչ իմաստուն էր։

«Այն Չար Ծառան»

2, 3. «Այն չար ծառան» ուրկէ՞ եկաւ, եւ ի՞նչպէս զարգացաւ։

2 Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին բացատրութիւն տալէն անմիջապէս ետք խօսեցաւ չար ծառային մասին։ Ան ըսաւ. «Եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’, եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ [«խստութեամբ պիտի պատժէ», Անթիլիաս] ու անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ պիտի դնէ։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։ (Մատթէոս 24։48-51) «Այն չար ծառան» արտայայտութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Յիսուսի նախորդ խօսքերը հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային մասին։ Այո, «չար ծառան» հաւատարիմ ծառային շարքերէն դուրս եկաւ։ * Ի՞նչպէս։

3 1914–էն առաջ, հաւատարիմ ծառայ դասակարգին անդամներէն շատեր, այդ տարին երկինքի մէջ Փեսային միանալու մեծ յոյսեր ունէին, բայց իրենց յոյսերը չիրականացան։ Այս եւ այլ զարգացումներու պատճառով, շատեր յուսախաբ եղան եւ ոմանք դառնացան։ Անոնցմէ ոմանք սկսան իրենց նախկին եղբայրները խօսքով «ծեծել» եւ «գինովներուն»՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական խումբերուն՝ հետ ընկերակցիլ։—Եսայեայ 28։1-3. 32։6

4. Յիսուս ի՞նչպէս վարուեցաւ «չար ծառայ»ին եւ նոյն հոգին ցուցաբերող բոլոր անհատներուն հետ։

4 Այս նախկին Քրիստոնեաները բնորոշուեցան որպէս «չար ծառան», եւ Յիսուս զանոնք «խստութեամբ» պատժեց։ Ի՞նչպէս։ Ան մերժեց զանոնք, եւ անոնք իրենց երկնային յոյսը կորսնցուցին։ Սակայն անոնք անմիջապէս չբնաջնջուեցան։ Անոնք նախ լալու եւ ակռաներ կրճտելու ժամանակաշրջան մը պիտի անցընէին, քրիստոնէական ժողովքէն դուրս գտնուող «խաւար»ին մէջ։ (Մատթէոս 8։12) Այդ սկիզբի օրերէն ասդին, քանի մը օծեալ անհատներ նոյնանման չար հոգի մը ցուցաբերեցին, իրենք զիրենք «չար ծառայ»ին հետ բնորոշելով։ «Ուրիշ ոչխարներ»էն ոմանք անոնց անհաւատարմութիւնը ընդօրինակեցին։ (Յովհաննու 10։16) Քրիստոսի այս բոլոր թշնամիները նոյն «դուրսի [հոգեւոր] խաւար»ին կ’ենթարկուին։

5. «Չար ծառայ»ին հակառակը, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ի՞նչպէս հակազդեց։

5 Թէեւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան «այն չար ծառայ»ին նման նոյն քննութիւններէն անցաւ, բայց փոխանակ դառնանալու, ան սրբագրուեցաւ։ (Բ. Կորնթացիս 13։11, ՆԱ) Եհովայի ու իրենց եղբայրներուն հանդէպ իրենց սէրը զօրացաւ։ Որպէս արդիւնք, անոնք «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը» եղած են այս խռովալից «վերջին օրեր»ուն ընթացքին։—Ա. Տիմոթէոս 3։15. Բ. Տիմոթէոս 3։1

Իմաստուն եւ Յիմար Կոյսեր

6. (ա) Յիսուս իր հաւատարիմ ծառայ դասակարգին իմաստուն ըլլալը ի՞նչպէս լուսաբանեց։ (բ) 1914–էն առաջ, օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ պատգամ ծանուցանեցին։

6 «Այն չար ծառայ»ին մասին խօսելէ ետք, Յիսուս երկու առակներ տուաւ, ցոյց տալու համար թէ օծեալ Քրիստոնեաներէն ոմանք ինչո՛ւ հաւատարիմ ու իմաստուն պիտի ըլլային, մինչ ուրիշներ՝ ոչ։ * Իմաստուն ըլլալը լուսաբանելու համար, ան ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին իսկ հինգը՝ յիմար։ Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին»։ (Մատթէոս 25։1-4) Տասը կոյսերը մեզ կը յիշեցնեն օծեալ Քրիստոնեաները՝ 1914–էն առաջ։ Անոնք հաշիւ ըրած էին թէ Փեսան՝ Յիսուս Քրիստոս՝ յայտնուելու վրայ էր։ Ուստի անոնք «ելան» զինք դիմաւորելու, խիզախօրէն քարոզելով թէ «ազգերուն սահմանուած ժամանակները» 1914–ին պիտի վերջանային։—Ղուկաս 21։24, ՆԱ

7. Այլաբանօրէն խօսելով, ե՞րբ եւ ինչո՛ւ օծեալ Քրիստոնեաները «քնացան»։

7 Անոնք շիտակ էին։ Ազգերուն սահմանուած ժամանակները իրապէս վերջ գտան 1914–ին, եւ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ գործել։ Բայց ասիկա անտեսանելի երկինքին մէջ տեղի ունեցաւ։ Երկրի վրայ, մարդկութիւնը սկսաւ նախագուշակուած «վայ»էն տառապիլ։ (Յայտնութիւն 12։10, 12) Ասկէ զատ, քննութեան ժամանակ մը սկսաւ։ Հարցերը յստակօրէն չհասկնալով, օծեալ Քրիստոնեաները խորհեցան թէ «փեսան ուշացաւ»։ Շփոթած ըլլալով ու աշխարհի թշնամութիւնը դիմագրաւելով, ընդհանուր առմամբ անոնք դանդաղեցան եւ կազմակերպուած հանրային քարոզչութիւնը գրեթէ դադրեցուցին։ Առակին մէջի կոյսերուն նման, հոգեւոր առումով անոնք «թմրեցան ու քնացան», ինչպէս անհաւատարիմ դաւանեալ Քրիստոնեաները ըրին, Յիսուսի առաքեալներուն մահէն ետք։—Մատթէոս 25։5. Յայտնութիւն 11։7, 8. 12։17

8. Ի՞նչ բան առաջնորդեց ‘ահա փեսան եկաւ’ կոչին, իսկ ժամանակն էր որ օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ ընէին։

8 Ապա 1919–ին անսպասելի բան մը պատահեցաւ։ Կը կարդանք. «Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’։ Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին»։ (Մատթէոս 25։6, 7) Ճիշդ երբ վիճակը անյոյս կը թուէր, գործի անցնելու կոչ մը եղաւ։ 1918–ին, Յիսուս՝ «ուխտին հրեշտակը»՝ Եհովայի հոգեւոր տաճարը եկած էր, Աստուծոյ ժողովքը քննելու եւ մաքրելու համար։ (Մաղաքեայ 3։1) Այժմ, օծեալ Քրիստոնեաները պէտք էր դուրս ելլէին ու զինք դիմաւորէին այդ տաճարին երկրային գաւիթներուն մէջ։ Ժամանակն էր որ անոնք ‘լուսաւորէին’։—Եսայեայ 60։1. Փիլիպպեցիս 2։14, 15

9, 10. 1919–ին, Քրիստոնեաներէն ոմանք ինչո՞ւ «իմաստուն» էին, իսկ ուրիշներ՝ «յիմար»։

9 Բայց առակին մէջ, կոյսերէն ոմանք խնդիր մը ունէին։ Յիսուս շարունակեց. «Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’»։ (Մատթէոս 25։8) Առանց իւղի, լապտերները լոյս պիտի չտային։ Հետեւաբար, լապտերներուն իւղը մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը եւ իր սուրբ հոգին, որոնք ճշմարիտ երկրպագուներուն զօրութիւն կու տան լոյս կրողներ ըլլալու։ (Սաղմոս 119։130. Դանիէլ 5։14) 1919–էն առաջ, իմաստուն օծեալ Քրիստոնեաները ժրաջանօրէն ջանացած էին իրենց նկատմամբ Աստուծոյ կամքը զատորոշել, հակառակ իրենց առժամեայ տկարութեան։ Ուստի, երբ լուսաւորելու կոչը տրուեցաւ, անոնք պատրաստ էին։—Բ. Տիմոթէոս 4։2. Եբրայեցիս 10։24, 25

10 Սակայն օծեալներէն ոմանք զոհողութիւններ ընելու կամ անձնական ջանքեր թափելու պատրաստ չէին. թէեւ սրտանց կը փափաքէին Փեսային հետ ըլլալ։ Ուստի, երբ գործօն կերպով բարի լուրը քարոզելու ժամանակը եկաւ, անոնք պատրաստ չէին։ (Մատթէոս 24։14) Անոնք նոյնիսկ փորձեցին դանդաղեցնել իրենց նախանձախնդիր ծառայակիցները, անոնցմէ իւղ ուզելով։ Յիսուսի առակին մէջ, իմաստուն կոյսերը ի՞նչպէս հակազդեցին։ Անոնք ըսին. «Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար»։ (Մատթէոս 25։9) Նմանապէս, հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաները 1919–ին մերժեցին ընել որեւէ բան, որ լոյս կրելու իրենց կարողութիւնը կրնար նուազեցնել։ Ուստի անոնք քննութենէն յաջողապէս անցան։

11. Յիմար կոյսերուն ի՞նչ պատահեցաւ։

11 Յիսուս կ’եզրափակէ. «Երբ [յիմար կոյսերը] գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’»։ (Մատթէոս 25։10-12) Այո, ոմանք Փեսային ժամանումին համար պատրաստ չէին։ Հետեւաբար, անոնք քննութենէն յաջողապէս չանցան եւ երկնային հարսանիքին ներկայ գտնուելու պատեհութիւնը կորսնցուցին։ Ի՜նչ ողբերգական բան մը։

Տաղանդներուն Առակը

12. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս հաւատարմութիւնը լուսաբանեց։ (բ) «Օտար երկիր գացող» մարդը ո՞վ էր։

12 Իմաստուն ըլլալը լուսաբանելէ ետք, Յիսուս սկսաւ հաւատարմութիւնը լուսաբանել։ Ան ըսաւ. «Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց։ Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ»։ (Մատթէոս 25։14, 15) Առակին մէջի մարդը Յիսուսն է, որ ‘օտար երկիր գնաց’, երբ Հ.Դ. 33–ին երկինք համբարձաւ։ Բայց իր համբարձումէն առաջ, Յիսուս «իր ունեցածը» իր հաւատարիմ աշակերտներուն յանձնեց։ Ի՞նչպէս։

13. Յիսուս ի՞նչպէս գործունէութեան հսկայ դաշտ մը պատրաստեց եւ իր «ծառաներ»ը լիազօրեց որ գործեն։

13 Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս սկսաւ գործունէութեան հսկայ դաշտ մը պատրաստել, Իսրայէլի երկրին չորս կողմը Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ (Մատթէոս 9։35-38) ‘Օտար երկիր չգացած’, ան այս դաշտը իր հաւատարիմ աշակերտներուն յանձնեց, ըսելով. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։18-20) Այս խօսքերով Յիսուս իր «ծառաներ»ը լիազօրեց որ մինչեւ իր վերադարձը գործեն, ‘ամէն մէկը իր կարողութեանը չափ’։

14. Ինչո՞ւ բոլորէն չէր ակնկալուեր որ նոյն չափով գործէին։

14 Այդ արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ թէ առաջին դարու բոլոր Քրիստոնեաները նոյն պարագաները կամ կարելիութիւնները չունէին։ Ոմանք, ինչպէս Պօղոս եւ Տիմոթէոս, քարոզելու ու աշակերտելու գործին լիովին մասնակցելու կարելիութիւնը ունէին։ Ուրիշներ թերեւս ունէին այնպիսի պարագաներ, որոնք իրենց գործունէութիւնը կը սահմանափակէին։ Օրինակ, Քրիստոնեաներէն ոմանք ստրուկ, հիւանդոտ կամ տարեց էին, կամ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ ունէին։ Անշուշտ բոլոր աշակերտներուն ժողովքային կարգ մը առանձնաշնորհումներ մատչելի չէին։ Օծեալ կիները եւ կարգ մը օծեալ տղամարդիկ ժողովքին մէջ չսորվեցուցին։ (Ա. Կորնթացիս 14։34. Ա. Տիմոթէոս 3։1. Յակոբու 3։1) Այսուհանդերձ, ի՛նչ որ ալ ըլլային իրենց անձնական պարագաները, Քրիստոսի բոլոր օծեալ աշակերտները,– տղամարդիկ ու կիներ,– նշանակում ստացած էին գործով մը զբաղելու, լիովին օգտագործելով իրենց պատեհութիւններն ու պարագաները քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։ Անոնց այժմու համանմանները նոյն բանը կ’ընեն։

Քննութեան Ժամանակը կը Սկսի

15, 16. (ա) Հաշիւ ուզելու ժամանակը ե՞րբ էր։ (բ) «Գործ»ի ի՞նչ նոր առիթներ հաւատարիմներուն շնորհուեցան։

15 Առակը կը շարունակէ. «Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց»։ (Մատթէոս 25։19) 1914–ին,– վստահաբար Հ.Դ. 33–էն երկար ժամանակ ետք,– Քրիստոս Յիսուս իր արքայական ներկայութիւնը սկսաւ։ Երեք ու կէս տարի ետք, 1918–ին, ան Աստուծոյ հոգեւոր տաճարը եկաւ ու Պետրոսի խօսքը կատարեց. «Ժամանակ է որ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի»։ (Ա. Պետրոս 4։17. Մաղաքեայ 3։1) Հաշիւ ուզելու ժամանակն էր։

16 Ծառաները՝ Յիսուսի օծեալ եղբայրները, Թագաւորին «տաղանդ»ներով ի՞նչ ըրած էին։ Հ.Դ. 33–էն սկսեալ եւ մինչեւ 1914 տարին, շատեր Յիսուսի «գործ»ին մէջ ծանր աշխատեցան։ (Մատթէոս 25։16) Նոյնիսկ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, անոնք Տէրոջ ծառայելու զօրաւոր փափաք ցոյց տուին։ Այժմ տեղին էր որ հաւատարիմներուն «գործ»ի նոր առիթներ տրուէին։ Իրերու այս դրութեան վախճանին ժամանակը հասած էր։ Բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ պէտք էր քարոզուէր։ «Երկրի հունձքը» պէտք էր հնձուէր։ (Յայտնութիւն 14։6, 7, 14-16) Ցորեն դասակարգի վերջին անդամները եւ ուրիշ ոչխարներու «մեծ բազմութիւն»ը պէտք էր հաւաքուէին։—Յայտնութիւն 7։9. Մատթէոս 13։24-30

17. Հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս ‘իրենց տիրոջ ուրախութեան մէջ մտան’։

17 Հնձելու ժամանակը ուրախ ժամանակ է։ (Սաղմոս 126։6) Ուստի տեղին է որ երբ 1919–ին իր հաւատարիմ օծեալ եղբայրներուն յաւելեալ պատասխանատուութիւններ յանձնեց, Յիսուս ըսաւ. «Դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։ (Մատթէոս 25։21, 23) Ասկէ զատ, չենք կրնար երեւակայել Տէրոջ ուրախութիւնը որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան գահակալուած նոր Թագաւորը։ (Սաղմոս 45։1, 2, 6, 7) Հաւատարիմ ծառայ դասակարգը այդ ուրախութեան կը մասնակցի, Թագաւորը ներկայացնելով ու երկրի վրայ անոր շահերը աւելցնելով։ (Բ. Կորնթացիս 5։20) Անոնց ուրախութիւնը կը տեսնուի Եսայեայ 61։10–ի մարգարէական խօսքերուն մէջ. «Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ ու իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ. քանզի ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց»։

18. Ինչո՞ւ ոմանք քննութենէն յաջողապէս չանցան, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

18 Ցաւալի է որ ոմանք քննութենէն յաջողապէս չանցան։ Կը կարդանք. «Մէկ տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի’»։ (Մատթէոս 25։24, 25) Նոյնպէս, օծեալ Քրիստոնեաներէն ոմանք ‘չգործեցին’։ 1914–էն առաջ անոնք իրենց յոյսը ուրիշներու հետ խանդավառօրէն չբաժնեցին, եւ 1919–ին չուզեցին ասիկա ընելու սկսիլ։ Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց անոնց ամբարտաւանութեան։ Ան զանոնք զրկեց իրենց բոլոր առանձնաշնորհումներէն։ Անոնք ‘դուրսի խաւարը հանուեցան, ուր պիտի ըլլար լալ ու ակռաներ կրճտել’։—Մատթէոս 25։28, 30

Քննութիւնը կը Շարունակուի

19. Քննութեան գործընթացը ի՞նչ կերպով կը շարունակուի, եւ բոլոր օծեալ Քրիստոնեաները վճռած են ի՞նչ ընել։

19 Անշուշտ, վերջին ժամանակի ընթացքին անոնք որ Քրիստոսի օծեալ ծառաները պիտի ըլլային, իրենց մեծամասնութիւնը տակաւին Եհովայի չէր ծառայեր, երբ Յիսուս իր քննութիւնը սկսաւ 1918–ին։ Անոնք քննութեան պիտի չենթարկուի՞ն։ Իրականութեան մէջ, քննութեան գործընթացը պարզապէս սկսաւ 1918/1919–ին, երբ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան որպէս դասակարգ քննութենէն յաջողապէս անցաւ։ Իւրաքանչիւր օծեալ Քրիստոնեայ կը շարունակէ քննութեան ենթարկուիլ, մինչեւ որ իր կնքումը մնայուն դառնայ։ (Յայտնութիւն 7։1-3) Ասոր գիտակցելով, Քրիստոսի օծեալ եղբայրները վճռած են հաւատարմաբար շարունակել ‘գործել’։ Անոնք վճռած են իմաստուն ըլլալ, առատ իւղ պահելով, որպէսզի լոյսը պայծառօրէն փայլի։ Անոնք գիտեն թէ իւրաքանչիւր անհատ երբ հաւատարմութեամբ իր կեանքի ընթացքը աւարտէ, Յիսուս զինք երկնային բնակարանը պիտի ընդունի։—Մատթէոս 24։13. Յովհաննու 14։2-4. Ա. Կորնթացիս 15։50, 51

20. (ա) Ուրիշ ոչխարները ներկայիս վճռած են ի՞նչ ընել։ (բ) Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ բանի կը գիտակցին։

20 Ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւնը իրենց օծեալ եղբայրները ընդօրինակած են։ Անոնք կը գիտակցին թէ Աստուծոյ նպատակներուն մասին իրենց գիտութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ իրենց վրայ։ (Եզեկիէլ 3։17-21) Ուստի Եհովայի Խօսքին ու սուրբ հոգիին օգնութեամբ, անոնք ալ կը շարունակեն առատ իւղ պահել, ուսումնասիրութեան ու ժողովներուն միջոցով։ Եւ անոնք թոյլ կու տան որ իրենց լոյսը փայլի, քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մասնակցելով, եւ այսպէս իրենց օծեալ եղբայրներուն հետ մէկտեղ ‘գործելով’։ Սակայն օծեալ Քրիստոնեաները խորապէս կը գիտակցին թէ տաղանդները իրենց յանձնուած են։ Իրե՛նք հաշիւ պիտի տան թէ երկրի վրայ Տէրոջ ունեցուածքը ի՛նչպէս կը մատակարարուի։ Թէեւ անոնք սակաւաթիւ են, բայց չեն կրնար իրենց պատասխանատուութիւնը մեծ բազմութեան յանձնել։ Ասիկա ի մտի ունենալով, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան կը շարունակէ Թագաւորին գործին հոգ տանելու մէջ առաջնորդութիւնը առնել, երախտապարտ ըլլալով մեծ բազմութեան նուիրեալ անդամներուն աջակցութեան համար։ Իսկ ասոնք իրենց օծեալ եղբայրներուն պատասխանատուութեան կը գիտակցին եւ անոնց վերատեսչութեան ներքեւ գործելը առանձնաշնորհում կը նկատեն։

21. 1919–էն առաջ եւ անկէ մինչեւ օրս, ո՞ր յորդորը կը կիրարկուի բոլոր Քրիստոնեաներուն։

21 Արդ, թէեւ այս երկու առակները լոյս կը սփռեն 1919–ին կամ այդ ատենները տեղի ունեցած դէպքերուն վրայ, սակայն սկզբունքով անոնք կը կիրարկուին վերջին օրերուն ընթացքին բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն։ Այսպիսով, մինչ տասը կոյսերու առակին վերջաւորութեան Յիսուսի տուած յորդորը գլխաւորաբար կը կիրարկուի օծեալ Քրիստոնեաներուն՝ 1919–էն առաջ, սակայն սկզբունքով անիկա տակաւին կը կիրարկուի իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի։ Ուստի, թող որ բոլորս ուշադրութիւն ընծայենք Յիսուսի խօսքին. «Արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։—Մատթէոս 25։13

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 2 Նոյն կերպով, առաքեալներուն մահէն ետք, օծեալ Քրիստոնեայ երէցներուն մէջէն «յափշտակող գայլեր» ելան։—Գործք 20։29, 30

^ պարբ. 6 Յիսուսի այս առակը նաեւ քննարկուած է՝ Համաշխարհային Ապահովութիւն՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ին Ներքեւ գիրքին 5 եւ 6–րդ գլուխներուն մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

Կրնա՞ք բացատրել

• Յիսուս իր հետեւորդները ե՞րբ քննութեան ենթարկեց, եւ ի՛նչ գտաւ։

• Օծեալ Քրիստոնեաներէն ոմանք ինչո՞ւ «այն չար ծառայ»ին հոգին մշակեցին։

• Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ հոգեւորապէս իմաստուն ենք։

• Յիսուսի հաւատարիմ օծեալ եղբայրները ընդօրինակելով, ի՞նչ կերպով կրնանք շարունակ ‘գործել’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 28]

ՅԻՍՈՒՍ Ե՞ՐԲ ԿՈՒ ԳԱՅ

Մատթէոս 24 եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ, Յիսուսի առնչութեամբ գործածուած ‘գալ’ բառը զանազան իմաստներ ունի։ ‘Գալու’ համար ան պէտք չունի ֆիզիքապէս փոխադրուելու։ Փոխարէն, ան ‘կու գայ’ այն առումով որ իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ մարդկութեան կամ իր հետեւորդներուն, յաճախ դատաստանի համար։ Հետեւաբար, 1914–ին ան ‘եկաւ’, որպէս գահակալուած Թագաւոր իր ներկայութիւնը սկսելու համար։ (Մատթէոս 16։28. 17։1. Գործք 1։11) 1918–ին ան ‘եկաւ’ որպէս ուխտին հրեշտակը եւ սկսաւ Եհովայի ծառայել դաւանողները դատել։ (Մաղաքեայ 3։1-3. Ա. Պետրոս 4։17) Արմագեդոնին ան պիտի ‘գայ’ Եհովայի թշնամիներուն վրայ դատաստան ի գործ դնելու համար։—Յայտնութիւն 19։11-16

Մատթէոս 24։29-44 եւ 25։31-46–ի մէջ մի քանի անգամ յիշուած գալը, «մեծ նեղութեան» տեղի պիտի ունենայ։ (Յայտնութիւն 7։14) Միւս կողմէ, Մատթէոս 24։45–էն մինչեւ 25։30–ի մէջ մի քանի անգամ յիշուած գալը, 1918–էն ի վեր իր դաւանեալ աշակերտները դատելուն հետ կապ ունի։ Օրինակ, տրամաբանական պիտի չըլլայ ըսել թէ հաւատարիմ ծառային վարձատրութիւնը, յիմար կոյսերուն դատաստանը եւ իր Տէրոջ տաղանդը պահող ծոյլ ծառային դատաստանը, տեղի պիտի ունենան երբ Յիսուս մեծ նեղութեան ‘գայ’։ Ասիկա պիտի նշանակէ թէ օծեալներէն շատեր այդ ժամանակ անհաւատարիմ պիտի գտնուին ու հետեւաբար պէտք է փոխարինուին։ Սակայն Յայտնութիւն 7։3–ը ցոյց կու տայ թէ Քրիստոսի բոլոր օծեալ ծառաները մինչեւ այդ ատեն արդէն մնայուն կերպով ‘կնքուած’ պիտի ըլլան։

[Նկար՝ էջ 26]

«Չար ծառան» 1919–ին օրհնութիւններ չստացաւ

[Նկար՝ էջ 27]

Երբ փեսան ժամանեց, իմաստուն կոյսերը պատրաստ էին