Հիւանդին հաւատքը կրնա՞յ զինք բուժել
Հիւանդին հաւատքը կրնա՞յ զինք բուժել
ԵՐԲ հիւանդանանք, դարման ու բուժում կը փնտռենք։ Հաւանաբար Աստուածաշունչէն գիտէք թէ Յիսուս Քրիստոս կրկին անգամ ամէն տեսակ հիւանդութիւն բուժեց ու բազմաթիւ տառապեալներու հանգստութիւն շնորհեց։ Այս բուժումները ի՞նչպէս տեղի ունեցան։ ‘Աստուծոյ մեծ զօրութեամբ’, կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ղուկաս 9։42-44, Անթիլիաս. Գործք 19։11, 12) Հետեւաբար Աստուծոյ սուրբ հոգին էր որ բուժումը կը պատճառէր, եւ ո՛չ թէ պարզապէս անհատին հաւատքը։ (Գործք 28։7-9) Անոր համար է որ Յիսուս հիւանդներէն չպահանջեց որ իրեն հանդէպ հաւատք արտայայտեն, որպէսզի բուժուին։
Թերեւս հարց տաք. ‘Հրաշալի բուժումները անցեալին պատկանող բա՞ն մըն են, թէ ոչ Յիսուսի ըրած հրաշքներուն նման հրաշքներ դարձեալ տեղի պիտի ունենան։ Ի՞նչ յոյս կայ անոնց որ ցաւալի կամ անբուժելի հիւանդութենէ մը կը տառապին’։
Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ, Աստուծոյ զօրութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ երկրի վրայ Յիսուսի կատարած հրաշալի բուժումներուն նման բուժումներ դարձեալ տեղի ունենան։ Ձեր շրջանի Եհովայի Վկաները ուրախ պիտի ըլլան ձեզի ցոյց տալու թէ Աստուած ի՛նչպէս եւ ե՛րբ պիտի իրագործէ ինչ որ ո՛չ մէկ հաւատաբոյժ կրնայ ընել. բոլոր հիւանդութիւնները չքացնել, մէջը ըլլալով մահը։ Այո, Աստուած «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ»։—Եսայեայ 25։8