Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

666—Լոկ առեղծուած մը չէ

666—Լոկ առեղծուած մը չէ

666Լոկ առեղծուած մը չէ

«Որպէս զի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը։ Հոս է իմաստութիւնը. ով որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը. քանզի մարդու մը թիւն է ու անոր թիւը վեց հարիւր վաթսունըվեց է»։—Յայտնութիւն 13։17, 18

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ շատ քիչ նիւթեր այնքան հետաքրքրութիւն արթնցուցած են, որքան մարգարէութիւնը «գազանին» խորհրդաւոր դրոշմին՝ կամ անունին՝ մասին. 666 թիւը։ Հեռատեսիլի ու Համացանցի վրայ, ինչպէս նաեւ շարժապատկերներու, գիրքերու եւ պարբերաթերթերու մէջ, գազանին դրոշմը անվերջ ենթադրութիւններու նիւթ դարձած է։

Ոմանք կը խորհին թէ 666–ը Աստուածաշունչի նշած հակաքրիստոսին կամ նեռին դրոշմն է։ Ուրիշներ կ’ըսեն որ անիկա կը նշանակէ պարտադիր ստուգում մը, ինչպէս՝ կտած մը կամ ներմուծուած մանրացանց մը՝ թուանշային ծածկագիրով օժտուած, որ կը բնորոշէ անհատը իբր գազանին մէկ ստրուկը։ Իսկ ուրիշներ կը կարծեն որ 666–ը Կաթողիկէ պապականութեան դրոշմն է։ Պապի պաշտօնական տիտղոսին մէկ ձեւին տառերը՝ Vicarius Filii Dei (Աստուծոյ Որդիին Փոխանորդը), համապատասխան հռովմէական թիւերու վերածելով եւ թիւերուն հետ քիչ մը խաղալով, մէջտեղ կը բերեն 666–ը։ Ըսուած է նաեւ թէ նոյն թիւը կարելի է հաշուել Հռովմէացի Դիոկղետիանոս Կայսրի Լատիներէն անունին եւ Եբրայերէնով Ներոն Կայսր անունին միջոցով։ *

Սակայն այս երեւակայական ու հնարուած մեկնաբանութիւնները բոլորովին տարբեր են գազանին դրոշմին մասին Աստուածաշունչի ըսածէն, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ դրոշմը ունեցողները Աստուծոյ բարկութեան պիտի արժանանան, երբ վերջ դնէ ներկայ իրերու դրութեան։ (Յայտնութիւն 14։9-11. 19։20) Ուստի 666–ի իմաստը հասկնալը, լոկ հետաքրքրաշարժ առեղծուած մը լուծելէն շատ աւելին է։ Բարեբախտաբար, Եհովա Աստուած, սիրոյ մարմնացումը եւ հոգեւոր լոյսի Աղբիւրը, այս կարեւոր հարցին մէջ իր ծառաները խաւարի մէջ չէ ձգած։—Բ. Տիմոթէոս 3։16. Ա. Յովհաննու 1։5. 4։8

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Թուագիտութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր 2002։