Եհովա իր փառքը խոնարհներուն կը յայտնէ
Եհովա իր փառքը խոնարհներուն կը յայտնէ
«Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։—ԱՌԱԿԱՑ 22։4
1, 2. (ա) Գործք Առաքելոց գիրքը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Ստեփանոս «հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը»ն էր։ (բ) Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Ստեփանոս խոնարհ էր։
ՍՏԵՓԱՆՈՍ «հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն», նաեւ շնորհքով ու «զօրութիւնով լեցուած մարդ մըն էր»։ Յիսուսի առաջին աշակերտներէն մէկը ըլլալով, ան մեծ նշաններ ու սքանչելիքներ կ’ընէր ժողովուրդին մէջ։ Առիթով մը, կարգ մը մարդիկ անոր հետ վիճաբանեցան, ‘բայց չկրցան դէմ դնել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր’։ (Գործք 6։5, 8-10) Բացորոշ է թէ Ստեփանոս Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտ էր, եւ զայն ուժգնօրէն պաշտպանեց իր օրուան Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն առջեւ։ Գործք Առաքելոց 7–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած իր մանրամասն վկայութիւնը կ’ապացուցանէ Աստուծոյ նպատակին յայտնութեան հանդէպ իր բուռն հետաքրքրութիւնը։
2 Այդ կրօնական առաջնորդներուն հակառակը, որոնք իրենց դիրքին ու գիտութեան պատճառով՝ իրենք զիրենք հասարակ ժողովուրդէն գերադաս կը սեպէին, Ստեփանոս խոնարհ էր։ (Մատթէոս 23։2-7. Յովհաննու 7։49) Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտէր, բայց ան շատ ուրախ էր որ «սեղաններու ծառայութիւն ընել»ու նշանակումը տրուեցաւ իրեն, որպէսզի առաքեալները «աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապին»։ Ստեփանոս եղբայրներուն մէջ լաւ համբաւ ունէր, հետեւաբար ընտրուեցաւ որ բարի վկայուած եօթը տղամարդոցմէ մէկը ըլլայ, որոնք ուտելիքի առօրեայ բաշխումը պիտի կատարէին։ Ան խոնարհաբար ընդունեց այս պարտականութիւնը։—Գործք 6։1-6
3. Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքին ո՞ր յատկանշական յայտնաբերումը վայելեց։
3 Եհովա նշմարեց Ստեփանոսի խոնարհ տրամադրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ անոր հոգեւորականութիւնը եւ ուղղամտութիւնը։ Երբ Ստեփանոս Սենետրիոնի մէջ Հրեայ առաջնորդներու թշնամալից ամբոխին կը վկայէր, հակառակորդները «անոր երեսը տեսան՝ հրեշտակի երեսի պէս»։ (Գործք 6։15, ԱՎ) Անոր դէմքը Աստուծոյ պատգամաբերի մը երեւոյթին պէս էր, փառքի Աստուծոյն՝ Եհովայի կողմէ եկած խաղաղութեամբ յատկորոշուած։ Սենետրիոնի անդամներուն խիզախ վկայութիւն մը տալէ ետք, Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքին յատկանշական մէկ յայտնաբերումը վայելեց։ «Անիկա Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը նստեր էր»։ (Գործք 7։55) Ստեփանոսի համար, այս տպաւորիչ տեսիլքը վերահաստատեց Յիսուսի դիրքը որպէս Աստուծոյ Որդին ու Մեսիան։ Անիկա խոնարհ Ստեփանոսը զօրացուց եւ հաւաստիացուց թէ Եհովայի հաճութիւնը ունէր։
4. Եհովա իր փառքը որո՞նց կը յայտնէ։
4 Ստեփանոսի տրուած տեսիլքը ցոյց կու տայ թէ Եհովա իր փառքը եւ իր նպատակը կը յայտնէ աստուածավախ անհատներու, որոնք խոնարհ են ու իրեն հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւնը կը գնահատեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։ (Առակաց 22։4) Հետեւաբար կենսական է որ հասկնանք թէ ի՛նչ է իսկական խոնարհութիւնը, ի՛նչպէս կրնանք այս կարեւոր յատկութիւնը մշակել, եւ ի՛նչպէս կրնանք օգտուիլ զայն կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ցուցաբերելով։
Խոնարհութիւնը՝ Աստուածային Յատկութիւն մը
5, 6. (ա) Ի՞նչ է խոնարհութիւնը։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս խոնարհութիւն ցուցաբերած է։ (գ) Եհովայի խոնարհութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։
5 Ոմանք կրնան զարմանալ որ Եհովա Աստուած, տիեզերքի գերագոյն ու ամենափառաւոր անձնաւորութիւնը, խոնարհութեան մեծագոյն օրինակն է։ Դաւիթ թագաւոր Եհովայի ըսաւ. «Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր. եւ քու Սաղմոս 18։35) Եհովան նկարագրելով որպէս խոնարհ, Դաւիթ գործածեց Եբրայերէն բառ մը որ հիմնականօրէն կը նշանակէ «ծռիլ»։ «Խոնարհութիւն» բառէն զատ, նոյն արմատին նաեւ կ’առնչուին այլ բառեր, ինչպէս՝ «հեզութիւն» եւ «խոնարհում»։ Ուստի Եհովա խոնարհութիւն ցուցաբերելով անկատար Դաւիթի հետ գործառնութիւն ունեցաւ եւ զայն գործածեց իբր իր ներկայացուցիչը։ Ինչպէս 18–րդ սաղմոսին (ԱՎ) մակագրութիւնը ցոյց կու տայ, Եհովա Դաւիթը պաշտպանեց ու անոր նեցուկ կանգնեցաւ, ազատելով «զինք իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն, եւ Սաւուղի ձեռքէն»։ Իր կարգին, Դաւիթ գիտէր թէ իբր թագաւոր որեւէ մեծութիւն կամ փառք որ կրնար ունենալ, կախեալ էր ի նպաստ իրեն Եհովայի խոնարհ միջամտութենէն։ Այս գիտակցութիւնը Դաւիթի օգնեց որ խոնարհ մնայ։
աջ ձեռքդ զիս զօրացուց ու քու քաղցրութիւնդ [«խոնարհութիւնդ», ՆԱ] զիս մեծցուց»։ (6 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Եհովա յարմար տեսած է որ մեզի ճշմարտութիւնը սորվեցնէ, եւ իր կազմակերպութեան միջոցով թերեւս ծառայութեան մասնայատուկ առանձնաշնորհումներ շնորհած է մեզի, կամ ձեւով մը մեզ գործածած է իր կամքը կատարելու համար։ Այս բոլորին նկատմամբ ի՞նչ պէտք է զգանք։ Պէտք չէ՞ խոնարհինք։ Եհովայի խոնարհութեան համար երախտապարտ պէտք չէ՞ ըլլանք եւ խուսափինք մենք մեզ բարձրացնելէ, որ անպայման աղէտի կ’առաջնորդէ։—Առակաց 16։18. 29։23
7, 8. (ա) Մանասէի հետ իր գործառնութեանց մէջ Եհովայի խոնարհութիւնը ի՞նչպէս ցուցաբերուեցաւ։ (բ) Եհովա ու Մանասէ ի՞նչ կերպով խոնարհութիւն ցուցաբերելու մէջ օրինակ կը հանդիսանան մեզի։
7 Եհովա ո՛չ միայն մեծ խոնարհութիւն ցուցաբերած է անկատար մարդոց հետ գործառնութիւններ ունենալով, այլ նաեւ՝ կամեցողութիւն յայտնած է ողորմելու խոնարհամիտ եղողներուն, նոյնիսկ բարձրացնելով անոնք որ իրենք զիրենք կը խոնարհեցնեն։ (Սաղմոս 113։4-7) Օրինակ, նկատի առ Յուդայի Մանասէ թագաւորին պարագան։ Ան որպէս թագաւոր իր առանձնաշնորհեալ դիրքը շահագործեց սուտ պաշտամունքը յառաջացնելու համար, եւ «Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց»։ (Բ. Մնացորդաց 33։6) Վերջապէս Եհովա Մանասէն պատժեց, թոյլ տալով որ Ասորեստանի թագաւորը զինք գահազրկէ։ Բանտին մէջ, Մանասէ «իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց եւ իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ», ուստի Եհովա զինք Երուսաղէմ՝ իր գահին վերադարձուց, եւ ան «իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած»։ (Բ. Մնացորդաց 33։11-13) Այո, վերջաւորութեան, Մանասէի խոնարհամտութիւնը Եհովան հաճեցուց, որ իր կարգին խոնարհութիւն ցուցաբերեց, անոր ներելով ու զինք վերստին թագաւոր ընելով։
8 Եհովայի ներելու կամեցողութիւնը եւ Մանասէի զղջումը, խոնարհութեան կարեւոր դասեր կը հայթայթեն մեզի։ Միշտ ի մտի պէտք է ունենանք թէ մեզի դէմ մեղանչողներուն հանդէպ մեր վերաբերմունքը եւ մեր Մատթէոս 5։23, 24. 6։12
ցուցաբերած կեցուածքը երբ մեղք գործենք, կրնան ազդել այն կերպին, որով Եհովա մեզի հետ կը վարուի։ Եթէ ուրիշներու յանցագործութիւնները սիրայօժար կերպով ներենք եւ մեր սխալները խոնարհաբար խոստովանինք, կրնանք ակնկալել որ Եհովա մեզի ողորմի։—Աստուածային Փառքը Խոնարհներուն կը Յայտնուի
9. Խոնարհութիւնը տկարութեա՞ն նշան է. բացատրէ։
9 Սակայն խոնարհութիւնը եւ յարակից յատկութիւնները պէտք չէ նկատուին տկարութեան նշան կամ սխալին աչք գոցելու հակում։ Ինչպէս Սուրբ Գրութիւնները կը վկայեն, Եհովա խոնարհ է, սակայն երբ պարագան պահանջէ, ան արդար բարկութիւն ու ահարկու զօրութիւն կը ցուցաբերէ։ Իր խոնարհութեան պատճառով, Եհովա խոնարհամիտ անհատներուն հաճութեամբ ուշադրութիւն կ’ընծայէ կամ մասնայատուկ նկատառութիւն ցոյց կու տայ, իսկ հպարտներէն հեռու կը կենայ։ (Սաղմոս 138։6) Եհովա ի՞նչպէս իր խոնարհ ծառաներուն հանդէպ մասնայատուկ նկատառութիւն ցուցաբերած է։
10. Ինչպէս Ա. Կորնթացիս 2։6-10 կը նշէ, Եհովա խոնարհներուն ի՞նչ կը յայտնէ։
10 Իր որոշած ժամանակին եւ իր ընտրած հաղորդակցութեան խողովակին միջոցով, Եհովա խոնարհներուն մանրամասնութիւններ յայտնած է իր նպատակին իրագործման մասին։ Այս փառաւոր մանրամասնութիւնները ծածկուած կը մնան անոնցմէ, որոնք հպարտօրէն կ’ապաւինին կամ յամառօրէն կը կառչին մարդկային իմաստութեան կամ մտածումին։ (Ա. Կորնթացիս 2։6-10) Բայց խոնարհները Եհովայի նպատակին ճշգրիտ հասկացողութիւնը ունենալով, կը մղուին զինք պանծացնելու, քանի որ իր տպաւորիչ փառքը ա՛լ աւելի կը գնահատեն։
11. Առաջին դարուն, ոմանք ի՞նչպէս խոնարհութիւն չցուցաբերեցին, եւ ասիկա ի՞նչպէս վնասակար եղաւ իրենց։
11 Առաջին դարուն շատեր, ի ներառեալ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներ, խոնարհութեան պակաս ցուցաբերեցին եւ գայթակղեցան, երբ Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ նպատակին մասին կարգ մը բաներ յայտնեց իրենց։ Պօղոս «հեթանոսներուն առաքեալ» եղաւ, բայց ո՛չ թէ իր ազգութեան, կրթութեան, տարիքին կամ բարի գործերու երկար արձանագրութեան պատճառով։ (Հռովմայեցիս 11։13) Մարմնաւոր մտայնութիւն ունեցողները յաճախ ասոնք կը սեպեն այն ազդակները, որ կ’որոշեն թէ Եհովա ո՛վ պէտք է գործածէ իբր իր գործիքը։ (Ա. Կորնթացիս 1։26-29. 3։1. Կողոսացիս 2։18) Սակայն Եհովա Պօղոսը ընտրեց, Իր հաւատարիմ սիրոյն ու արդար նպատակին հետ ներդաշնակ։ (Ա. Կորնթացիս 15։8-10) Անոնք որ Պօղոս «ամենէն երեւելի առաքեալներ» կոչեց, ինչպէս նաեւ ուրիշ հակառակորդներ, մերժեցին ընդունիլ Պօղոսը եւ Սուրբ Գրութիւններով անոր ըրած պատճառաբանութիւնը։ Անոնց խոնարհութեան պակասը արգելք եղաւ որ իր նպատակը կատարելու Եհովայի փառաւոր կերպին մասին գիտութիւն ու հասկացողութիւն ձեռք ձգեն։ Երբեք չթերագնահատենք կամ չկանխադատենք զանոնք, որ Եհովա կը գործածէ իր կամքը կատարելու համար։—Բ. Կորնթացիս 11։4-6
12. Մովսէսի օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա խոնարհներուն կը հաճի։
12 Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ բազմաթիւ օրինակներ, որոնք ցցուն կ’ընեն թէ ի՛նչպէս խոնարհներ Աստուծոյ փառքը նշմարած են։ Մովսէս, բոլոր մարդոցմէ աւելի՝ «շատ հեզ» ըլլալով, Աստուծոյ փառքը տեսաւ եւ իր հետ մտերիմ յարաբերութիւն վայելեց։ (Թուոց 12։3) Այս խոնարհ մարդը, որ շուրջ 40 տարի հովիւ էր Արաբիայի թերակղզիին մէջ, շատ մը կերպերով Ստեղծիչին հաճութիւնը վայելեց։ (Ելից 6։12, 30) Եհովայի աջակցութեամբ, Մովսէս Իսրայէլ ազգին բանբերը եւ գլխաւոր կազմակերպիչը եղաւ։ Ան Աստուծոյ հետ երկկողմանի հաղորդակցութիւն ունեցաւ։ Տեսիլքի մը միջոցով, ան «Տէրոջը կերպարանքը» տեսաւ։ (Թուոց 12։7, 8. Ելից 24։10, 11) Աստուծոյ այս խոնարհ ծառան ու ներկայացուցիչը ընդունողներն ալ օրհնուեցան։ Նմանապէս պիտի օրհնուինք, եթէ Մովսէսէն մեծ եղող մարգարէն՝ Յիսուսը, եւ անոր կողմէ նշանակուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ընդունինք ու անոնց հնազանդինք։—Մատթէոս 24։45, 46. Գործք 3։22
13. Առաջին դարուն, Եհովայի փառքը ի՞նչպէս խոնարհ հովիւներու յայտնուեցաւ։
13 Որո՞նց ‘Տէրոջը փառքը ծագեցաւ’ ու հրեշտակը ծանուցանեց Փրկիչին ծննդեան բարի լուրը, «որ Օծեալ Տէր է»։ Ո՛չ թէ բարձրամիտ կրօնական առաջնորդներուն կամ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, այլ՝ խոնարհ հովիւներուն, որոնք ‘դաշտին մէջ կեցած՝ իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին’։ (Ղուկաս 2։8-11) Այս անհատները իրենց որակումներուն ու գործին պատճառով շատ չէին յարգուած։ Սակայն Եհովա անոնց ուշադրութիւն ընծայեց եւ ուզեց նախ անոնց իմացնել Մեսիայի ծնունդը։ Այո, Եհովա իր փառքը խոնարհներուն եւ աստուածավախ անհատներուն կը յայտնէ։
14. Խոնարհները Աստուծոյ կողմէ ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան։
14 Այս օրինակները ի՞նչ կը սորվեցնեն մեզի։ Անոնք մեզի ցոյց կու տան թէ Եհովա խոնարհներուն կը հաճի եւ իր նպատակին գիտութիւնը եւ հասկացողութիւնը անոնց կը յայտնէ։ Ան կ’ընտրէ անհատներ, որոնք թերեւս կարգ մը մարդոց ակնկալած որակումները չունին, եւ զանոնք կը գործածէ իր փառաւոր նպատակը ուրիշներուն հաղորդելու համար։ Ասիկա մեզ պէտք է մղէ որ առաջնորդութեան համար շարունակենք նայիլ Եհովայի, իր մարգարէական Խօսքին ու իր կազմակերպութեան։ Վստահ կրնանք ըլլալ որ Եհովա պիտի շարունակէ իր փառաւոր նպատակը յայտնել իր խոնարհ ծառաներուն։ Ամովս մարգարէն յայտարարեց. «Տէր Եհովան բան մը չըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։—Ամովսայ 3։7
Խոնարհութիւն Մշակէ ու Աստուծոյ Հաճութիւնը Վայելէ
15. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք խոնարհ մնալ, եւ Իսրայէլի Սաւուղ թագաւորի պարագան ի՞նչպէս այս կէտը աչքառու կը դարձնէ։
15 Աստուծոյ հաճութիւնը միշտ վայելելու համար, խոնարհ պէտք է մնանք։ Որոշ ժամանակ մը խոնարհ ըլլալը չի նշանակեր թէ միշտ խոնարհ պիտի ըլլանք։ Կարելի է որ անհատ մը խոնարհութիւնը լքէ եւ հպարտութեան ու ինքնահաւանութեան տեղի տայ, ինչ որ յաւակնոտութեան ու աղէտի կ’առաջնորդէ։ Ասիկա ըրաւ Սաւուղ, Իսրայէլի առաջին օծեալ թագաւորը։ Սկիզբը երբ ընտրուեցաւ, ան ‘իր աչքերուն պզտիկ երեւցաւ’։ (Ա. Թագաւորաց 15։17) Սակայն միայն երկու տարի իշխելէ ետք, ան յաւակնոտութեամբ վարուեցաւ։ Ան Սամուէլ մարգարէին ձեռքով զոհեր մատուցանելու Եհովայի կարգադրութիւնը արհամարհեց, եւ ինքզինք արդարացնելու համար չքմեղանքներ յօրինեց։ (Ա. Թագաւորաց 13։1, 8-14) Ասոր յաջորդեցին այլ իրադարձութիւններ, որոնք ապացուցանեցին թէ ան իր խոնարհութիւնը կորսնցուցած էր։ Վերջ ի վերջոյ ան Աստուծոյ հոգին ու հաճութիւնը կորսնցուց, եւ անարգաբար մեռաւ։ (Ա. Թագաւորաց 15։3-19, 26. 28։6. 31։4) Դասը յստակ է. պէտք է ջանանք խոնարհ ու հնազանդ մնալ եւ ինքնագովութիւնը զսպել, որպէսզի Եհովայի տհաճութեան արժանացնող յաւակնոտ արարքներէ խուսափինք։
16. Եհովայի ու մարդոց հետ մեր յարաբերութեան վրայ խոկալը, ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի խոնարհութիւն մշակելու։
16 Թէեւ խոնարհութիւնը Աստուծոյ հոգիին պտուղներուն մէջ չէ յիշուած, սակայն աստուածային յատկութիւն մըն է, որ պէտք է մշակենք։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Կողոսացիս 3։10, 12) Որովհետեւ խոնարհութիւնը մտավիճակ մըն է,– ի՛նչպէս կը նկատենք մեր անձը եւ ուրիշները,– զայն մշակելը դիտումնաւոր ջանք կը պահանջէ։ Եհովայի ու մարդոց հետ մեր յարաբերութեան մասին լրջօրէն մտածելը ու խոկալը կրնայ մեզի օգնել որ խոնարհ մնանք։ Աստուծոյ աչքին ամէն անկատար մարդ խոտի պէս է, որ ժամանակ մը կ’աճի, ապա կը չորնայ ու կը թառամի։ Մարդիկ դաշտի մարախներուն նման են։ (Եսայեայ 40։6, 7, 22) Խոտի մէկ տերեւը միւս տերեւներէն քիչ մը երկար ըլլալուն համար հպարտանալու պատճառ ունի՞։ Մարախ մը որ կրնայ միւս մարախներէն քիչ մը աւելի հեռու ցատկել, իր քաջագործութեամբ պարծենալու պատճառ ունի՞։ Վստահաբար ո՛չ։ Հետեւաբար, Պօղոս առաքեալ իր հաւատակից Քրիստոնեաներուն յիշեցուց. «Ո՞վ է ան՝ որ տարբեր կ’ընէ քեզ ուրիշներէն, եւ ի՞նչ ունիս՝ որ չես ստացած. ու եթէ ստացար, ինչո՞ւ կը պարծենաս՝ իբր թէ ստացած չըլլաս»։ (Ա. Կորնթացիս 4։7, ԱՎ) Ասոր նման համարներու վրայ խոկալը կրնայ մեզի օգնել որ խոնարհութիւն մշակենք ու ցուցաբերենք։
17. Ի՞նչ բան Դանիէլ մարգարէին օգնեց խոնարհութիւն մշակելու, եւ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել նոյնը ընելու։
17 Եբրայեցի Դանիէլ մարգարէն Աստուծոյ աչքին «սիրելի մարդ» նկատուեցաւ, քանի որ իր անձը «խոնարհեցուց»։ (Դանիէլ 10։11, 12) Ի՞նչ բան Դանիէլի օգնեց որ խոնարհութիւն մշակէ։ Նախ եւ առաջ, ան Եհովայի անխախտօրէն ապաւինեցաւ, կանոնաւորաբար անոր աղօթելով։ (Դանիէլ 6։10, 11) Ասկէ զատ, Դանիէլ Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան ու պատշաճ շարժառիթ ունեցող աշակերտ էր, ինչ որ իրեն օգնեց Աստուծոյ փառաւոր նպատակին վրայ կեդրոնացած մնալու։ Ան նաեւ պատրաստ էր իր թերութիւնները խոստովանելու, եւ ո՛չ միայն՝ իր ժողովուրդին թերութիւնները։ Եւ ան իրապէս հետաքրքրուած էր Աստուծոյ արդարութիւնը յառաջացնելով, եւ ո՛չ թէ՝ իր արդարութիւնը։ (Դանիէլ 9։2, 5, 7) Կրնա՞նք Դանիէլի ուշագրաւ օրինակէն սորվիլ եւ ջանալ խոնարհութիւն մշակել ու ցուցաբերել մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։
18. Ներկայիս խոնարհութիւն ցուցաբերողներուն ի՞նչ փառք կը սպասէ։
18 «Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են», կ’ըսէ Առակաց 22։4–ը։ Այո, Եհովա խոնարհներուն կը հաճի, եւ ասոր արդիւնքն է՝ փառք ու կեանք։ Աստուծոյ մատուցած իր ծառայութիւնը լքելու վրայ էր, բայց Եհովա անոր մտածելակերպը սրբագրեց, ապա սաղմոսերգու Ասափ խոնարհաբար ընդունեց. «Զիս քու խրատովդ պիտի առաջնորդես, ու վերջաւորութեան՝ զիս փառքի մէջ պիտի ընդունիս»։ (Սաղմոս 73։24, ԱՎ) Իսկ այսօր, խոնարհութիւն ցուցաբերողներուն ի՞նչ փառք կը սպասէ։ Եհովայի հետ մտերիմ ու օրհնեալ յարաբերութիւն վայելելէ զատ, անոնք կրնան ակնկալել Դաւիթ թագաւորի ներշնչեալ խօսքերուն կիրարկումը տեսնել. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Արդարեւ փառաւոր ապագայ մը։—Սաղմոս 37։11
Կը յիշե՞ս
• Ստեփանոս ի՞նչպէս խոնարհ անհատի մը օրինակը կը հանդիսանայ, որուն Եհովա իր փառքը յայտնեց։
• Եհովա Աստուած ի՞նչ կերպերով խոնարհութիւն ցուցաբերեց։
• Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան թէ Եհովա իր փառքը խոնարհներուն կը յայտնէ։
• Դանիէլի օրինակը ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի որ խոնարհութիւն մշակենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 26]
Զօրաւոր բայց՝ խոնարհ
1919–ին, Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), Աստուածաշունչի Աշակերտներու (այժմ ճանչցուած որպէս Եհովայի Վկաներ) համաժողովին առիթով, յիսուն տարեկան Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ այն ատեն գործին վրայ կը հսկէր, ուրախութեամբ ծառայեց իբր սպասեակ, պայուսակները շալկելով եւ պատուիրակներուն ցոյց տալով իրենց սենեակները։ Համաժողովին վերջին օրը, ան 7,000 ներկաները ոգեւորեց հետեւեալ խօսքերով. «Դուք թագաւորներու Թագաւորին ու տէրերու Տէրոջ դեսպանն էք, մարդոց ծանուցանելով . . . մեր Տէրոջ փառաւոր թագաւորութիւնը»։ Թէեւ Եղբայր Ռատըրֆորտը զօրաւոր համոզումներու տէր մարդ մըն էր, ուժգնութեամբ խօսող եւ իր հաւատացած ճշմարտութեան ամրօրէն կառչող, բայց ան Աստուծոյ առջեւ անկեղծօրէն խոնարհ էր, եւ ասիկա յաճախ կը դրսեւորէին իր մատուցած աղօթքները Պէթէլի առաւօտեան պաշտամունքի ընթացքին։
[Նկար՝ էջ 23]
Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտցող Ստեփանոս, խոնարհաբար ուտելիք բաշխեց
[Նկար՝ էջ 24]
Մանասէի խոնարհամտութիւնը Եհովան հաճեցուց
[Նկար՝ էջ 26]
Ի՞նչ պատճառով Դանիէլ «սիրելի մարդ» նկատուեցաւ