Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փնտռեցէք թէ ‘ո՛վ է արժանաւորը’

Փնտռեցէք թէ ‘ո՛վ է արժանաւորը’

Փնտռեցէք թէ ‘ո՛վ է արժանաւորը’

ԴԱՄԱՍԿՈՍ Հ.Դ. առաջին դարուն բարգաւաճ քաղաք մըն էր։ Մրգաստաններով շրջապատուած ըլլալով, անիկա արեւելեան երկիրներէն ժամանող կարաւաններուն համար ովասիս մըն էր։ Յիսուս Քրիստոսի մահէն քիչ ետք, Դամասկոսի մէջ քրիստոնէական ժողովք մը հաստատուեցաւ։ Անոր անդամներէն ոմանք Հրեաներ էին, որոնք հաւանաբար Յիսուսի հետեւորդներ դարձան Երուսաղէմի մէջ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի Տօնին ընթացքին։ (Գործք 2։5, 41) Ստեփանոսի քարկոծումէն ետք ծագած հալածանքին պատճառով, թերեւս կարգ մը աշակերտներ Հրէաստանէն Դամասկոս փոխադրուեցան։—Գործք 8։1

Հաւանաբար Հ.Դ. 34–ին, Դամասկոսի մէջ Անանիա անունով Քրիստոնեայ մը արտակարգ նշանակում ստացաւ։ Տէրը իրեն ըսաւ. «Ելի՛ր ու գնա այն փողոցը, որ Ուղիղ կը կոչուի եւ հոն Յուդայի տանը մէջ փնտռէ Սօղոս անունով Տարսոնացի մը. վասն զի ահա անիկա աղօթք կ’ընէ»։—Գործք 9։11

Ուղիղ փողոցը շուրջ 1,5 քիլոմեթր էր եւ Դամասկոսի կեդրոնը կը գտնուէր։ Կրնաս հայթայթուած 19–րդ դարու քանդակէն գաղափար մը կազմել թէ վաղեմի ժամանակներուն այս փողոցը ի՛նչ երեւոյթ ունէր։ Փողոցին կառուցուածքին ի տես, հաւանաբար Անանիա որոշ ժամանակ փնտռեց Յուդայի տունը։ Անոր այցելութեան շնորհիւ Սօղոս եղաւ Պօղոս առաքեալը,– բարի լուրը նախանձախնդրաբար ծանուցանող մը։—Գործք 9։12-19

Յիսուս իր աշակերտները ղրկած եւ անոնց ըսած էր որ փնտռեն թէ ‘ո՛վ արժանաւոր է’ բարի լուրին։ (Մատթէոս 10։11) Ըստ երեւոյթին, Անանիա բառացիօրէն փնտռեց Սօղոսը։ Անանիայի նման, Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ կը փնտռեն արժանաւորները եւ կը ցնծան երբ անհատներ Թագաւորութեան բարի լուրը ընդունին։ Զանոնք գտնելու համար կ’արժէ ամէն ջանք թափել։—Ա. Կորնթացիս 15։58

[Նկար՝ էջ 32]

Մերօրեայ ‘Ուղիղ կոչուող փողոցը’

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]

From the book La Tierra Santa, Volume II, 1830