Եհովայի երջանիկ ծառաները
Եհովայի երջանիկ ծառաները
«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 5։3
1. Ի՞նչ է իսկական երջանկութիւնը, եւ ի՞նչ կը յայտնէ։
ԵՀՈՎԱՅԻ ժողովուրդը մեծապէս կ’արժեւորէ իր վայելած երջանկութիւնը։ Սաղմոսերգու Դաւիթ բացագանչեց. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է»։ (Սաղմոս 144։15) Երջանկութիւնը բարօրութեան զգացում է։ Ամենախոր երջանկութիւնը, որ կը թափանցէ մեր ներքին մարդուն խորերը, յառաջ կու գայ այն գիտակցութենէն թէ Եհովայէ օրհնուած ենք։ (Առակաց 10։22) Այս երջանկութիւնը կը յայտնէ թէ մեր երկնաւոր Հօր հետ սերտ յարաբերութիւն ունինք եւ թէ իր կամքը կը կատարենք։ (Սաղմոս 112։1. 119։1, 2) Հետաքրքրական է որ Յիսուս ինը պատճառներ թուեց, որոնց համար կրնանք երջանիկ նկատուիլ։ Այս յօդուածին եւ յաջորդ յօդուածին մէջ այդպէս կոչուած երանութիւնները քննարկելը, մեզի պիտի օգնէ գիտակցելու թէ որքա՜ն երջանիկ կրնանք ըլլալ, եթէ հաւատարմօրէն ծառայենք «երանելի Աստուծոյ»՝ Եհովայի։—Ա. Տիմոթէոս 1։11
Մեր Հոգեւոր Կարիքին Գիտակցիլ
2. Յիսուս ո՞ր առիթով երջանկութեան մասին խօսեցաւ, եւ իր բացման խօսքը ի՞նչ էր։
2 Հ.Դ. 31–ին, Յիսուս պատմութեան ամենէն համբաւաւոր բանախօսութիւններէն մէկը ներկայացուց։ Անիկա կը կոչուի Լերան Քարոզը, քանի որ Յիսուս զայն տուաւ Գալիլիայի ծովուն նայող լերան մը լանջին վրայ։ Մատթէոս Աւետարանը կ’ըսէ. «[Յիսուս] տեսնելով ժողովուրդը՝ լեռը ելաւ։ Երբ նստաւ հոն, իր աշակերտները քովը գացին. իր բերանը բանալով կը սորվեցնէր անոնց ու կ’ըսէր. ‘Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«անոնց որ գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքին», ՆԱ], վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է’»։—Մատթէոս 5։1-3
3. Խոնարհ տրամադրութիւնը ի՞նչպէս կը նպաստէ մեր երջանկութեան։
3 Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս մատնանշեց թէ անհատ մը շա՜տ աւելի երջանիկ կ’ըլլայ, եթէ իր հոգեւոր կարիքին գիտակցի։ Իրենց մեղաւոր վիճակէն լիովին տեղեակ ըլլալով, Ա. Յովհաննու 1։9) Ուստի անոնք մտքի խաղաղութիւն եւ իսկական երջանկութիւն կը գտնեն։ «Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ ու անոր մեղքերը ծածկուեցան»։—Սաղմոս 32։1. 119։165
խոնարհ Քրիստոնեաները Եհովայէ ներում կը խնդրեն, Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ (4. (ա) Ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ թէ մեր եւ ուրիշներու հոգեւոր պէտքին կը գիտակցինք։ (բ) Ի՞նչ բան մեր երջանկութիւնը կ’աւելցնէ, երբ մեր հոգեւոր պէտքին գիտակցինք։
4 Մեր հոգեւոր կարիքին գիտակցիլը մեզ կը մղէ որ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդանք, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ «ատենին» մատակարարուած հոգեւոր սնունդը իւրացնենք, եւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուինք։ (Մատթէոս 24։45. Սաղմոս 1։1, 2. 119։111. Եբրայեցիս 10։25) Դրացիին հանդէպ սէր ունենալով կ’անդրադառնանք ուրիշներու հոգեւոր պէտքին ու կը մղուինք Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար քարոզելու եւ ուսուցանելու։ (Մարկոս 13։10. Հռովմայեցիս 1։14-16) Ուրիշներու հետ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները բաժնելը մեզի երջանկութիւն կը բերէ։ (Գործք 20։20, 35) Մեր երջանկութիւնը կ’աւելնայ, երբ խոկանք Թագաւորութեան հոյակապ յոյսին եւ անոր բերելիք օրհնութիւններուն վրայ։ Օծեալ Քրիստոնեաներու «պզտիկ հօտ»ին համար, Թագաւորութեան յոյսը կը նշանակէ՝ երկինքի մէջ անմահ կեանք, որպէս Քրիստոսի թագաւորական կառավարութեան մէկը մասը։ (Ղուկաս 12։32. Ա. Կորնթացիս 15։50, 54) Իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ուն համար, անիկա կը նշանակէ՝ դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք, այդ թագաւորական կառավարութեան ներքեւ։—Յովհաննու 10։16. Սաղմոս 37։11. Մատթէոս 25։34, 46
Սգաւորները Ի՛նչպէս Կրնան Երջանկանալ
5. (ա) «Սգաւորներ» արտայայտութիւնը որո՞նց կ’ակնարկէ։ (բ) Այս սգաւորները ի՞նչպէս կը մխիթարուին։
5 Յիսուսի յիշած յաջորդ երանութեան խօսքերը հակասական կը թուին։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին»։ (Մատթէոս 5։4) Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ սգալ եւ միեւնոյն ատեն երջանկանալ։ Յիսուսի խօսքը հասկնալու համար, պէտք է նկատի առնենք թէ ինչպիսի՛ սուգի կ’ակնարկէր։ Յակոբոս աշակերտ կը բացատրէ որ մեր մեղաւոր վիճակը սգալու պատճառ է։ Ան գրեց. «Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ, տառապանք քաշեցէ՛ք, սուգ ըրէ՛ք ու լացէ՛ք. ձեր ծիծաղը սուգի դառնայ ու ձեր ուրախութիւնը՝ տրտմութեան։ Տէրոջը առջեւ խոնարհեցէ՛ք ու ան ձեզ պիտի բարձրացնէ»։ (Յակոբու 4։8-10) Անոնք որ իրենց մեղաւոր վիճակին համար իրապէս տխուր են, կը մխիթարուին երբ գիտնան թէ իրենց մեղքերը կրնան ներուիլ, եթէ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք ընծայեն եւ իսկական զղջում ցուցաբերեն՝ Եհովայի կամքը կատարելով։ (Յովհաննու 3։16. Բ. Կորնթացիս 7։9, 10) Այսպիսով անոնք կրնան Եհովայի հետ թանկագին յարաբերութիւն մը վայելել եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը սնուցանել։ Ասիկա ներքին խոր երջանկութիւն կը բերէ իրենց։—Հռովմայեցիս 4։7, 8
6. Ոմանք ի՞նչ առումով կը սգան, եւ ի՞նչպէս կը մխիթարուին։
6 Յիսուսի խօսքը նաեւ կը պարփակէ անոնք որ կը սգան, երկրի վրայ տիրող գարշելի վիճակներուն համար։ Յիսուս իրեն կիրարկեց Եսայեայ 61։1, 2–ի մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, վասն զի Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, . . . բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։ Այս յանձնարարութիւնը նաեւ կը կիրարկուի օծեալ մնացորդին, որ զայն կը կատարէ «ուրիշ ոչխարներ»ուն աջակցութեամբ։ Բոլորն ալ կը մասնակցին «[Քրիստոնեայ Աշխարհը պատկերացնող հաւատուրաց Երուսաղէմի] մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոց» ճակատներուն վրայ այլաբանօրէն նշան դնելու գործին։ (Եզեկիէլ 9։4) «Արքայութեան այս աւետարանը» կը մխիթարէ այդ սգաւորները։ (Մատթէոս 24։14) Անոնք կ’ուրախանան գիտնալով թէ Սատանայի իրերու ամբարիշտ դրութիւնը շուտով պիտի փոխարինուի Եհովայի արդար նոր աշխարհով։
Երանի՜ Հեզերուն
7. «Հեզ» արտայայտութիւնը ի՞նչ չի նշանակեր։
7 Յիսուս իր Լերան Քարոզը շարունակեց՝ Մատթէոս 5։5) Երբեմն կը կարծուի թէ հեզութիւնը տկար անձնաւորութեան նշան է։ Սակայն այս չէ պարագան։ «Հեզ» թարգմանուած բառին իմաստը բացատրելով, Աստուածաշունչի ուսումնական մը գրեց. «Հեզ մարդուն գերագոյն յատկանիշը այն է, թէ ան կատարեալ ինքնազսպում ունի։ Հեզութիւնը չի դրսեւորեր տկար կամք, զգացական գուրգուրանք, կրաւորական հանդարտութիւն։ Անիկա զսպուած զօրութիւն է»։ Յիսուս ինքն իր մասին ըսաւ. «Հեզ եմ ու սրտով խոնարհ»։ (Մատթէոս 11։29) Այսուհանդերձ Յիսուս խիզախօրէն պաշտպանեց արդար սկզբունքները։—Մատթէոս 21։12, 13. 23։13-33
ըսելով. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (8. Հեզութիւնը ի՞նչ բանի սերտօրէն առնչուած է, եւ ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ ինչո՞ւ այս յատկութեան կարիք ունինք։
8 Արդ, հեզութիւնը սերտօրէն առնչուած է ժուժկալութեան։ Արդարեւ Պօղոս առաքեալ հեզութիւնն ու ժուժկալութիւնը միասնաբար յիշեց, երբ «հոգիին պտուղը» թուեց։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Հեզութիւնը սուրբ հոգիին օգնութեամբ պէտք է մշակուի։ Անիկա քրիստոնէական յատկութիւն մըն է, որ ժողովքէն ներս եւ դուրս եղողներուն հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալու կը նպաստէ։ Պօղոս գրեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով»։—Կողոսացիս 3։12, 13
9. (ա) Հեզ ըլլալը ինչո՞ւ ուրիշներուն հետ մեր յարաբերութեանց սահմանափակուած չէ։ (բ) Հեզերը ի՞նչպէս «պիտի ժառանգեն երկիրը»։
9 Սակայն հեզութիւնը ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեանց սահմանափակուած չէ։ Մեր անձը կամովին Եհովայի գերիշխանութեան ենթարկելով, Յովհաննու 5։19, 30) Յիսուս գլխաւորաբար երկիրը կը ժառանգէ, քանի որ անոր նշանակուած Կառավարիչն է։ (Սաղմոս 2։6-8. Դանիէլ 7։13, 14) Իր այս ժառանգին մէջ բաժին ունին 144,000 «ժառանգորդներ», որոնք «մարդոց մէջէն» ընտրուեցան, «որպէս զի երկրի վրայ թագաւորեն»։ (Հռովմայեցիս 8։17. Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3, 4. Դանիէլ 7։27) Քրիստոս եւ իր իշխանակիցները միլիոնաւոր ոչխարանման տղամարդոց ու կիներու վրայ պիտի իշխեն, որոնց վրայ մարգարէական սաղմոսը պիտի կատարուի. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11. Մատթէոս 25։33, 34, 46
մեր հեզ ըլլալը կ’ապացուցանենք։ Այս ուղղութեամբ Յիսուս Քրիստոս մեծագոյն օրինակն է, որ երկրագունդին վրայ հեզութիւն ցուցաբերեց եւ լիովին իր Հօր կամքին ենթարկուեցաւ։ (Երանի՜ Անոնց որ Անօթի Են Արդարութեան
10. Անոնք որ ‘անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան’, ի՞նչ կերպով կրնան կշտանալ։
10 Յիսուսի նշած յաջորդ երանութիւնն էր. «Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասն զի անոնք պիտի կշտանան»։ (Մատթէոս 5։6) Քրիստոնեաներուն համար, Եհովա ինք կը դնէ արդարութեան չափանիշը։ Ուստի անոնք որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, իրականութեան մէջ անօթութիւն ու ծարաւ ունին Աստուծոյ առաջնորդութեան։ Անոնք իրենց մեղաւոր ու անկատար վիճակին խորապէս կը գիտակցին եւ կը տենչան Եհովայի առջեւ ընդունելի կեցուածք ունենալ։ Անոնք որքա՜ն կ’ուրախանան երբ Աստուծոյ Խօսքէն սորվին թէ եթէ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ զղջան ու ներում խնդրեն, ի վիճակի պիտի ըլլան Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք ձեռք ձգելու։—Գործք 2։38. 10։43. 13։38, 39. Հռովմայեցիս 5։19
11, 12. (ա) Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կ’արդարանան։ (բ) Օծեալներուն ընկերակիցներուն ունեցած ծարաւը արդարութեան ի՞նչպէս կը գոհացուի։
11 Յիսուս ըսաւ թէ այսպիսիները երջանիկ պիտի ըլլան, քանի որ «պիտի կշտանան»։ (Մատթէոս 5։6) Երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ ‘թագաւորելու’ կանչուած օծեալ Քրիստոնեաներուն «կեանք տուող արդարութիւն շնորհուեցաւ»։ (Հռովմայեցիս 5։1, 9, 16-18, ԱՎ) Եհովա զանոնք կ’որդեգրէ իբր հոգեւոր որդիներ։ Անոնք Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ կ’ըլլան, կանչուած՝ իր երկնային թագաւորական կառավարութեան մէջ թագաւորներ ու քահանաներ ըլլալու։—Յովհաննու 3։3. Ա. Պետրոս 2։9
12 Օծեալներուն ընկերակիցները տակաւին կեանք ունենալու համար չեն արդարացած։ Սակայն, քանի որ Քրիստոսի թափուած արեան հաւատք կ’ընծայեն, Եհովա անոնց որոշ չափով արդարութիւն շնորհած է։ (Յակոբու 2։22-25. Յայտնութիւն 7։9, 10) Անոնք արդար կը սեպուին իբր Եհովայի բարեկամներ, որոնք «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրին։ (Յայտնութիւն 7։14) Անոնց ունեցած ծարաւը արդարութեան աւելի պիտի գոհացուի, երբ «նոր երկնքի»ն ներքեւ մաս կազմեն նոր երկրին, որուն մէջ «արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13. Սաղմոս 37։29
Երանի՜ Ողորմածներուն
13, 14. Ի՞նչ գործնական կերպերով պէտք է ցոյց տանք թէ ողորմած ենք, եւ ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։
13 Իր Լերան Քարոզը շարունակելով, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն»։ (Մատթէոս 5։7) Օրինական առումով, ողորմութիւնը կ’ակնարկէ դատաւորին ցուցաբերած գթութեան, երբ յանցագործը չ’ենթարկեր օրէնքին սահմանած լման պատիժին։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ, «ողորմութիւն» թարգմանուած բնագրական բառերը մեծաւ մասամբ կ’ակնարկեն ազնիւ նկատառութիւն կամ կարեկցութիւն ցոյց տուող արարքին, որ անբարենպաստ վիճակի մէջ եղողները կը հանգստացնէ։ Ուստի ողորմածները իրենց գործերո՛վ կ’ապացուցանեն թէ կարեկից են։ Յիսուսի տուած բարի Սամարացիին առակը գեղեցիկ կերպով նկարագրեց անհատ մը, որ կարիքաւորի մը «ողորմութիւն ըրաւ»։—Ղուկաս 10։29-37
14 Ողորմած ըլլալէն յառաջ եկած երջանկութիւնը վայելելու համար, կարիքաւորներուն բարիք պէտք է ընենք։ (Գաղատացիս 6։10) Յիսուս իր տեսած մարդոց կարեկցեցաւ։ Ան «խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ (Մարկոս 6։34) Յիսուս գիտակցեցաւ որ մարդկութեան մեծագոյն կարիքը հոգեւոր էր։ Մենք ալ կրնանք ցոյց տալ թէ կարեկից ու ողորմած ենք, ուրիշներուն տալով այն բանը՝ որուն շատ պէտք ունին,– ‘Արքայութեան աւետարանը’։ (Մատթէոս 24։14) Կրնանք նաեւ գործնական օգնութիւն տալ տարեց հաւատակիցներու, այրիներու եւ որբերու, ինչպէս նաեւ ‘վատասիրտները մխիթարել’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14. Առակաց 12։25. Յակոբու 1։27) Ասիկա ո՛չ միայն պիտի երջանկացնէ մեզ, այլեւ Եհովայի ողորմութեան պիտի արժանացնէ մեզ։—Գործք 20։35. Յակոբու 2։13
Սիրտով Մաքուր ու Խաղաղութիւն Ընող
15. Ի՞նչպէս կրնանք սիրտով մաքուր եւ խաղաղութիւն ընող ըլլալ։
15 Յիսուս վեցերորդ ու եօթներորդ երանութիւնները սա կերպով նշեց. «Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած։ Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։ (Մատթէոս 5։8, 9) Մաքուր սիրտը ո՛չ միայն բարոյապէս անարատ է, այլեւ հոգեւորապէս անբիծ է եւ Եհովայի հանդէպ կատարեալ նուիրում ունի։ (Ա. Մնացորդաց 28։9. Սաղմոս 86։11) Խաղաղութիւն ընողները խաղաղութեամբ կ’ապրին իրենց Քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ եւ կարելի եղածին չափ՝ իրենց դրացիներուն հետ։ (Հռովմայեցիս 12։17-21) Անոնք ‘խաղաղութիւն կը փնտռեն եւ անոր ետեւէն կ’երթան’։—Ա. Պետրոս 3։11
16, 17. (ա) Օծեալները ինչո՞ւ «Աստուծոյ որդիներ» կոչուած են, եւ ի՞նչպէս ‘Աստուած կը տեսնեն’։ (բ) «Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչպէս ‘Աստուած կը տեսնեն’։ (գ) Ի՞նչպէս եւ ե՞րբ «ուրիշ ոչխարներ»ը կատարեալ առումով «Աստուծոյ որդիներ» պիտի ըլլան։
16 Խաղաղութիւն ընող ու սիրտով մաքուր եղող անհատներուն խոստում տրուած է որ «Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» եւ «պիտի տեսնեն Աստուած»։ Օծեալ Քրիստոնեաները հոգիէն ծնած են ու Եհովա զիրենք որդեգրած է իբր «որդիներ», մինչ տակաւին երկրագունդին վրայ են։ (Հռովմայեցիս 8։14-17) Երբ յարուցանուին՝ Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ ըլլալու համար, անոնք Եհովայի ներկայութեան պիտի ծառայեն ու Զինք իրապէս պիտի տեսնեն։—Ա. Յովհաննու 3։1, 2. Յայտնութիւն 4։9, 10
17 Խաղաղութիւն ընող «ուրիշ ոչխարներ»ը Եհովայի կը ծառայեն Բարի Հովիւին՝ Քրիստոս Յիսուսի առաջնորդութեան ներքեւ, որ իրենց «Յաւիտենական Հայր»ը պիտի ըլլայ։ (Յովհաննու 10։14, 16. Եսայեայ 9։6, ՆԱ) Անոնք որ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութենէն ետք վերջին փորձէն յաջողապէս կ’անցնին, պիտի որդեգրուին իբր Եհովայի երկրային որդիներ եւ «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ (Հռովմայեցիս 8։21. Յայտնութիւն 20։7-9) Մինչ ասիկա կ’ակնկալեն, անոնք Եհովայի կ’ակնարկեն որպէս իրենց Հայրը, քանի որ իրենց կեանքը իրեն նուիրած են, զինք ընդունելով որպէս իրենց Կենսատուն։ (Եսայեայ 64։8) Վաղեմի Յոբին ու Մովսէսին նման, անոնք հաւատքի աչքով կրնան ‘Աստուած տեսնել’։ (Յոբայ 42։5. Եբրայեցիս 11։27) Իրենց ‘սիրտին աչքով’ եւ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով, անոնք Եհովայի հոյակապ յատկութիւնները կ’ըմբռնեն ու կը ջանան զինք ընդօրինակել, իր կամքը կատարելով։—Եփեսացիս 1։18. Հռովմայեցիս 1։19, 20. Գ. Յովհաննու 11
18. Յիսուսի նշած առաջին եօթն երանութիւններուն համաձայն, ներկայիս որո՞նք իսկական երջանկութիւն կը գտնեն։
18 Տեսանք որ իրենց հոգեւոր պէտքին գիտակից եղողները, սգաւորները, հեզերը, անոնք որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, ողորմածները, սիրտով մաքուր եղողները եւ խաղաղութիւն ընողները, Եհովայի ծառայութեան մէջ իսկական երջանկութիւն կը գտնեն։ Սակայն անոնք միշտ հակառակութիւն եւ նոյնիսկ հալածանք դիմագրաւած են։ Ասիկա անոնց երջանկութիւնը կը խանգարէ՞։ Այս հարցումը նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։
Վերաքաղի համար
• Իրենց հոգեւոր պէտքին գիտակցող անհատները ի՞նչ երջանկութիւն կը վայելեն։
• Սգաւորները ի՞նչ կերպերով կը մխիթարուին։
• Ի՞նչպէս հեզութիւն կը ցուցաբերենք։
• Ինչո՞ւ ողորմած, սիրտով մաքուր ու խաղաղութիւն ընող պէտք է ըլլանք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 22]
«Երանի՜ անոնց որ գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքին»
[Նկարներ՝ էջ 22]
«Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան»
[Նկար՝ էջ 22]
«Երանի՜ ողորմածներուն»