Քրիստոնեայ ըլլալով պարծեցէք
Քրիստոնեայ ըլլալով պարծեցէք
«Ան որ կը պարծենայ Տէրոջմով թող պարծենայ»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1։31
1. Կրօնքի հանդէպ շատեր ի՞նչ կեցուածք կը ցուցաբերեն։
ՎԵՐՋԵՐՍ, կրօնական հարցերով զբաղող մեկնաբան մը, իրենց հաւատքին հանդէպ շատերու ունեցած կեցուածքը նկարագրելով՝ ըսաւ. «Արդի կրօնքին մէջ տեղի ունեցած մեծագոյն զարգացումը կրօնական չէ,– անիկա անտարբերութեան հոսանքն է», ուր «անհատը իր կրօնքով հետաքրքրուելու հակում չունի»։ Ան դիտել տուաւ թէ շատեր «Աստուծոյ կը հաւատան . . . , բայց անոր հանդէպ անտարբեր են»։
2. (ա) Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ շատեր հոգեւորապէս անտարբեր դարձած են։ (բ) Անտարբերութիւնը ի՞նչ վտանգ կը ներկայացնէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն։
2 Անտարբեր ըլլալու այս հակումը չի զարմացներ Աստուածաշունչի աշակերտները։ (Ղուկաս 18։8) Եւ ընդհանուր կրօնքի հանդէպ այսպիսի պաղ կեցուածք ցուցաբերելը անակնկալ մը չէ։ Սուտ կրօնքը երկա՜ր ժամանակ մարդկութիւնը մոլորեցուցած ու յուսախաբ ըրած է։ (Յայտնութիւն 17։15, 16) Սակայն ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար, կիսասիրտ եւ գաղջ ըլլալու հոսանքը վտանգ կը ներկայացնէ։ Մեր հաւատքին նկատմամբ անփոյթ ըլլալը եւ Աստուծոյ ծառայութեան ու Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը կորսնցնելը, կրնան գէշ հետեւանքներ ունենալ։ Յիսուս գաղջ ըլլալու դէմ ազդարարեց, երբ Լաւոդիկէի մէջ բնակող առաջին դարու Քրիստոնեաները զգուշացուց՝ ըսելով. ‘Ո՛չ պաղ էք, ո՛չ ալ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիք, կամ՝ տաք։ Դուք գաղջ էք’։—Յայտնութիւն 3։15-18
Մեր Ինքնութիւնը Գիտակցինք
3. Քրիստոնեաները իրենց ինքնութեան ո՞ր երեսակներով կրնան պարծենալ։
3 Հոգեւոր անտարբերութեան դէմ պայքարելու համար, Քրիստոնեաները իրենց ինքնութեան մասին յստակ հասկացողութիւն պէտք է ունենան եւ անով պարծենան։ Եհովայի ծառաներ ու Քրիստոսի աշակերտներ ըլլալով, կրնանք Աստուածաշունչի մէջ մեր ինքնութիւնը նկարագրող արտայայտութիւններ գտնել։ Մենք Եհովայի «վկաներ» ենք, «Աստուծոյ գործակից»ներ, մինչ «աւետարանը» եռանդունօրէն ուրիշներու հետ կը բաժնենք։ (Եսայեայ 43։10. Ա. Կորնթացիս 3։9. Մատթէոս 24։14) Մենք ‘մէկզմէկ սիրող’ ժողովուրդ ենք։ (Յովհաննու 13։34) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն «զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։14) Մենք ‘աշխարհի մէջ լուսաւորներ’ ենք։ (Փիլիպպեցիս 2։15) Մենք կը ջանանք մեր «վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահել»։—Ա. Պետրոս 2։12. Բ. Պետրոս 3։11, 14
4. Եհովայի երկրպագուն ինչպիսի՞ անձ մը չէ։
4 Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները նաեւ գիտեն թէ ինչպիսի՛ անհատներ չեն։ «Անոնք աշխարհէն չեն», ինչպէս իրենց Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոս աշխարհի մէկ մասը չէր։ (Յովհաննու 17։16) Անոնք «հեթանոսներ»էն անջատ կը մնան, որոնց «իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն»։ (Եփեսացիս 4։17, 18) Որպէս արդիւնք, Յիսուսի հետեւորդները ‘ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները կ’ուրանան եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով կ’ապրին այս աշխարհի մէջ’։—Տիտոս 2։12
5. ‘Տէրոջմով պարծենալու’ յորդորը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։
5 Մեր ինքնութիւնը եւ տիեզերքի Գերիշխանին հետ մեր յարաբերութիւնը յստակօրէն տեսնելը կը մղէ մեզ որ ‘Տէրոջմով պարծենանք’։ (Ա. Կորնթացիս 1։31) Ի՞նչպէս։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաներ ըլլալով, կը պարծենանք որ Եհովա մեր Աստուածն է, եւ կ’անսանք սա յորդորին. «Ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ»։ (Երեմեայ 9։24) Աստուած ճանչնալու եւ ուրիշներուն օգնելու համար մեզ գործածելու առանձնաշնորհումով ‘կը պարծենանք’։
Մարտահրաւէրը
6. Ոմանց ինչո՞ւ դժուար է քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ սուր գիտակցութիւն պահպանել։
6 Ճիշդ է որ մեր քրիստոնէական ինքնութեան հանդէպ սուր գիտակցութիւն պահպանելը միշտ դիւրին չէ։ Քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ մեծցած երիտասարդ մը մտաբերեց թէ ինք ատեն մը հոգեւորապէս տկար էր. «Երբեմն կը զգայի թէ չէի գիտեր թէ ինչո՛ւ Եհովայի Վկայ մըն եմ։ Մանկութենէս ի վեր ճշմարտութեան մասին սորված էի, բայց ատեն–ատեն կը խորհէի որ ասիկա պարզապէս հաստատուած ու ընդունուած կրօնք մըն է»։ Ոմանք թերեւս թոյլ տուած են ժամանցի աշխարհին, տեղեկատուական ցանցին եւ կեանքի հանդէպ ընթացիկ անբարեպաշտ հայեցակէտին որ իրենց ինքնութեան ազդեն։ (Եփեսացիս 2։2, 3) Կարգ մը Քրիստոնեաներու միտքին մէջ մերթ ընդ մերթ կասկածներ կ’արթննան եւ իրենց արժանիքներն ու նպատակակէտերը վերաքննութեան կ’ենթարկեն։
7. (ա) Աստուծոյ ծառաներուն համար ինչպիսի՞ անձնաքննութիւն պատշաճ է։ (բ) Ի՞նչ բան վտանգաւոր է։
7 Ատեն–ատեն լուրջ անձնաքննութիւն ընելը ամբողջովին սխա՞լ է։ Ո՛չ։ Կրնաս մտաբերել թէ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները քաջալերեց որ շարունակ իրենք զիրենք քննեն. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Հոս, առաքեալը կը քաջալերէր ջանալ զարգացած որեւէ հոգեւոր տկարութիւն նկատել ու զայն սրբագրելու քայլեր առնել։ Երբ Քրիստոնեան ինքզինք կը քննէ, պէտք է ստուգէ թէ իր խօսքերն ու արարքները ներդաշնա՞կ են իր հաւատքին հետ։ Սակայն անիմաստ ու հոգեւորապէս քանդիչ է սխալ կերպով կատարուած ինքնաքննութիւնը, որ կը դրդէ մեզ որ Եհովայի հետ մեր յարաբերութենէն կամ քրիստոնէական ժողովքէն դուրս փնտռենք մեր «ինքնութիւնը» կամ՝ պատասխաններ։ * Բնա՛ւ պիտի չուզենք ‘հաւատքին կողմանէ նաւակոծութիւն կրել’։—Ա. Տիմոթէոս 1։19
Մենք Դժուարութիւններէ Զերծ Չենք
8, 9. (ա) Մովսէս անվստահութեան իր զգացումները ի՞նչպէս արտայայտեց։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց Մովսէսի վերապահութեան։ (գ) Եհովայի տուած երաշխիքները քեզի ի՞նչպէս կ’ազդեն։
8 Այն Քրիստոնեաները որ երբեմն անվստահութեան Ելից 3։11) Ակներեւաբար ան կը մտածէր թէ ‘ես աննշան մէկն եմ’, կամ՝ ‘ես անկարող մէկն եմ’։ Մովսէսի ենթահողին կարգ մը երեսակները թերեւս պատճառ եղան որ ան անատակ զգայ. ան ստրկացած ազգի մը կը պատկանէր, Իսրայելացիներուն կողմէ մերժուած էր եւ ճարտարախօս չէր։ (Ելից 1։13, 14. 2։11-14. 4։10) Ան հովիւ մըն էր,– Եգիպտացիներու աչքին ատելի արհեստ մը։ (Ծննդոց 46։34) Ուստի զարմանալի չէ որ ան Աստուծոյ ստրկացած ժողովուրդը ազատագրելու անատակ զգաց։
զգացումներ կ’ունենան, պէ՞տք է խորհին թէ իրենք ձախողած են։ Անշուշտ ո՛չ։ Արդարեւ անոնք կրնան մխիթարուիլ, գիտնալով թէ այս զգացումները նոր չեն։ Աստուծոյ վաղեմի հաւատարիմ վկաները նոյնանման զգացումներ ունեցան։ Օրինակ, Մովսէս որ բացառիկ հաւատք, հաւատարմութիւն եւ նուիրում ցուցաբերեց, երբ երեւութապէս մեծ պարտականութիւն մը նշանակուեցաւ իրեն, վարանելով հարցուց. «Ես ո՞վ եմ»։ (9 Եհովա Մովսէսը հաւաստիացուց՝ անոր տալով երկու զօրաւոր խոստումներ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»։ (Ելից 3։12) Աստուած իր վարանոտ ծառային կ’ըսէր թէ Ինք մի՛շտ իրեն հետ պիտի ըլլար, եւ կը նշէր թէ անպայման իր ժողովուրդը պիտի ազատագրէր։ Դարերու ընթացքին Աստուած օգնութիւն մատուցանելու համանման խոստումներ տուած է։ Օրինակ, Խոստացեալ Երկիր մտնելու վրայ եղող Իսրայէլ ազգին, ան Մովսէսի միջոցով ըսաւ. «Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, . . . ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ. անիկա ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ»։ (Բ. Օրինաց 31։6) Եհովա Յեսուն ալ հաւաստիացուց. «Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ . . . Քեզի հետ . . . պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ»։ (Յեսուայ 1։5) Իսկ Քրիստոնեաներուն ան կը խոստանայ. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ (Եբրայեցիս 13։5) Այս զօրաւոր աջակցութիւնը ունենալով, Քրիստոնեաներ ըլլալով պէտք է պարծենանք։
10, 11. Ղեւտացի Ասափ ի՞նչպէս օգնութիւն ստացաւ, որ Եհովայի մատուցած իր ծառայութեան արժէքին հանդէպ շիտակ տեսակէտ պահպանէր։
10 Մովսէսէն շուրջ հինգ դար ետք, Ասափ անունով հաւատարիմ Ղեւտացի մը անկեղծօրէն գրեց պարկեշտ կենցաղ վարելու արժէքին նկատմամբ իր ունեցած կասկածներուն մասին։ Մինչ մեծ ճիգ կը թափէր Աստուծոյ ծառայելու փորձութիւններու դիմաց, Ասափ նշմարեց որ Աստուած ծաղրողները աւելի կը զօրանային ու կը բարգաւաճէին։ Ասափ ի՞նչպէս ազդուեցաւ։ «Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին», ըսաւ ան։ «Մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։ Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն, երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ»։ Ան Եհովայի մէկ երկրպագուն ըլլալու արժէքին վրայ սկսաւ կասկածիլ։ «Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի», խորհեցաւ Ասափ։ «Ամէն օր կը տանջուիմ»։—Սաղմոս 73։2, 3, 13, 14
11 Ասափ այս խռովեցուցիչ զգացումներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։ Ան ժխտե՞ց զանոնք։ Ո՛չ։ Ան աղօթքով անոնց մասին Աստուծոյ արտայայտուեցաւ, ինչպէս կը տեսնենք 73–րդ սաղմոսին մէջ։ Ասափի համար դարձակէտ եղաւ, երբ տաճարին սրբարանը այցելեց։ Հոն, ան անդրադարձաւ որ աստուածպաշտութիւնը տակաւին լաւագոյն ընթացքն է։ Իր հոգեւոր գնահատութիւնը վերանորոգուելով, ան հասկցաւ թէ Եհովա չարութիւնը կ’ատէ եւ իր որոշած ժամանակին ամբարիշտները պիտի պատժուին։ (Սաղմոս ) Ապա Ասափ սրեց իր գիտակցութիւնը թէ ինք Եհովայի առանձնաշնորհեալ մէկ ծառան էր։ Ան Աստուծոյ ըսաւ. «Ես միշտ քեզի հետ եմ, դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։ Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս»։ ( 73։17-19Սաղմոս 73։23, 24) Ասափ դարձեալ իր Աստուծմով սկսաւ պարծենալ։—Սաղմոս 34։2
Անոնք Իրենց Ինքնութիւնը Խորապէս Գիտակցեցան
12, 13. Աստուածաշունչէն օրինակներ տուր անհատներու մասին, որոնք Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեամբ պարծեցան։
12 Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը ամրացնելու կերպերէն մէկն է՝ հաւատարիմ երկրպագուներուն հաւատքը քննել ու ընդօրինակել, որոնք ի հեճուկս հակառակութեան, Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութեամբ իրապէս պարծեցան։ Նկատի առ Յակոբի որդին՝ Յովսէփ։ Մատղաշ տարիքին դաւադրութեան մը զոհ երթալով, ան իբր ստրուկ ծախուեցաւ ու տարուեցաւ Եգիպտոս, իր աստուածավախ հօրմէն եւ տան ջերմ ու պահպանիչ միջավայրէն հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու։ Եգիպտոսի մէջ, Յովսէփ իր կողքին աստուածային խրատ տուող մը չունէր, եւ ստիպուեցաւ դժուար կացութիւններ դիմագրաւել, որոնք իր բարոյական չափանիշներն ու Աստուծոյ վստահիլը փորձի ենթարկեցին։ Սակայն ան լուրջ ջանքեր թափեց որ որպէս Աստուծոյ ծառայ իր ինքնութիւնը պահպանէ, եւ շիտակ եղող բաներուն հանդէպ հաւատարիմ մնաց։ Ան Եհովայի մէկ երկրպագուն ըլլալով պարծեցաւ նոյնիսկ թշնամալից միջավայրի մէջ, եւ իր կեցուածքը արտայայտելու չվարանեցաւ։—Ծննդոց 39։7-10
13 Ութ դար ետք, գերեվարուած Իսրայելացի աղջնակ մը, որ Սուրիացի սպարապետ Նէեմանի ծառան դարձաւ, Եհովայի երկրպագու Դ. Թագաւորաց 5։1-19) Տարիներ ետք, պատանի Յովսիա թագաւորը ապականած միջավայրի մէջ ըլլալով հանդերձ, կրօնական երկարատեւ բարեկարգումներ կատարեց, Աստուծոյ տաճարը վերանորոգեց եւ ազգը Եհովայի դարձուց։ Ան իր հաւատքով ու պաշտամունքով պարծեցաւ։ (Բ. Մնացորդաց, գլուխ՝ 34, 35) Բաբելոնի մէջ, Դանիէլ ու իր երեք Եբրայեցի ընկերները որպէս Եհովայի ծառայ իրենց ինքնութիւնը երբեք չմոռցան, եւ նոյնիսկ ճնշումի ու փորձութեան ներքեւ, անոնք իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին։ Բացայայտ է որ անոնք Եհովայի ծառաներ ըլլալով պարծեցան։—Դանիէլ 1։8-20
մը ըլլալու իր ինքնութիւնը չմոռցաւ։ Երբ պատեհութիւնը հանդիսացաւ, ան համարձակօրէն Եհովայի մասին լաւ վկայութիւն տուաւ, բնորոշելով Եղիսէն որպէս ճշմարի՛տ Աստուծոյ մարգարէն։ (Ձեր Ինքնութեամբ Պարծեցէք
14, 15. Մեր քրիստոնէական ինքնութեամբ պարծենալը ի՞նչ կը պարփակէ։
14 Աստուծոյ վերոյիշեալ ծառաները յաջող էին, քանի որ Աստուծոյ առջեւ իրենց վայելած կեցուածքով պատշաճօրէն պարծեցան։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Մեր քրիստոնէական ինքնութեամբ պարծենալը ի՞նչ կը պարփակէ։
15 Գլխաւորաբար անիկա կը պարփակէ խորապէս գնահատել Եհովայի անունը կրող ժողովուրդին մէկ անդամը ըլլալը, իր օրհնութիւնն ու հաճութիւնը վայելելով։ Աստուած կասկած չունի թէ որո՛նք իրեն կը պատկանին։ Պօղոս առաքեալ, որ կրօնական շփոթութեան ժամանակաշրջանի մը մէջ ապրեցաւ՝ գրեց. «Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։19. Թուոց 16։5) Եհովա ‘իրն եղողներով’ կը պարծենայ։ Ան կ’ըսէ. «Ձեզի դպչողը անոր աչքին [«աչքիս», ՆԱ] բիբին կը դպչի»։ (Զաքարեայ 2։8) Բացայայտ է որ Եհովա կը սիրէ մեզ։ Ուստի իրեն հետ մեր յարաբերութիւնը, իրեն հանդէպ խոր սիրոյ վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ։ Պօղոս նշեց. «Եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է»։—Ա. Կորնթացիս 8։3
16, 17. Քրիստոնեաները, պատանի թէ տարեց, ինչո՞ւ կրնան իրենց հոգեւոր ժառանգութեամբ պարծենալ։
16 Որպէս Եհովայի Վկայ մեծցած դեռատիները վստահ պէտք է ըլլան թէ իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը կը զօրանայ, Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն մշակելով։ Անոնք չեն կրնար իրենց ծնողքին հաւատքէն կախեալ ըլլալ։ Աստուծոյ իւրաքանչիւր ծառային նկատմամբ Պօղոս գրեց. «Իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ»։ Ապա Պօղոս նշեց. «Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։ (Հռովմայեցիս 14։4, 12) Բացայայտ է թէ ծնողքիդ ճշմարիտ պաշտամունքը կիսասիրտ ընդունիլը, Եհովայի հետ մտերիմ ու մնայուն յարաբերութիւն չ’երաշխաւորեր։
17 Պատմութեան ընթացքին Եհովա բազմաթիւ վկաներ ունեցած է։ Շարքը սկսած է հաւատարիմ Աբէլէն,– շուրջ 60 դար առաջ,– մինչեւ արդի Վկաներու «մեծ բազմութիւն»ը, ապա պիտի պարփակէ Եհովայի անհամար երկրպագուները, որոնք անվերջ կեանք պիտի վայելեն։ (Յայտնութիւն 7։9. Եբրայեցիս 11։4) Հաւատարիմ երկրպագուներու այս երկար շարքին մէջ, մենք ամենավերջին խումբը կը կազմենք։ Հոգեւոր ի՜նչ ճոխ ժառանգութիւն ունինք։
18. Մեր արժանիքներն ու չափանիշները ի՞նչպէս աշխարհէն կ’անջատեն մեզ։
18 Մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը նաեւ կը պարփակէ՝ մեզ որպէս Քրիստոնեայ բնորոշող արժանիքներ, յատկութիւններ, չափանիշներ եւ յատկանիշներ։ Անիկա ‘ճամբան’ է,– միակ յաջող ճամբան որ կեանքի ու Աստուծոյ հաճութեան կ’առաջնորդէ։ (Գործք 9։2. Եփեսացիս 4։22-24) Քրիստոնեաները ‘ամէն բան կը փորձեն’ եւ ‘բարին ամուր կը բռնեն’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Քրիստոնէութեան եւ Աստուծմէ օտարացած աշխարհին միջեւ եղած մեծ տարբերութիւնը յստակօրէն կը տեսնենք։ Եհովա ճշմարիտ պաշտամունքը մութի մէջ չէ ձգած։ Մաղաքիա մարգարէին միջոցով, ան ըսաւ. «Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարիշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք»։—Մաղաքեայ 3։18
19. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները երբեք ի՞նչ բանի զոհ պիտի չերթան։
19 Որովհետեւ այս շփոթած աշխարհին մէջ Եհովայով պարծենալը շատ կարեւոր է, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ շարունակենք մեր Աստուծմով պատշաճօրէն պարծենալ ու քրիստոնէական ինքնութիւնը պահպանել։ Յաջորդ յօդուածը օգտալից թելադրութիւններ կը ներկայացնէ։ Մինչ զանոնք նկատի կ’առնես, կրնաս սա կէտէն վստահ ըլլալ. ճշմարիտ Քրիստոնեաները երբեք անտարբերութեան զոհ պիտի չերթան։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 7 Հոս կ’ակնարկենք միայն մեր հոգեւոր ինքնութեան։ Ոմանց մտային առողջութեան խնդիրները թերեւս մասնագէտի միջամտութիւն պահանջեն։
Կը յիշե՞ս
• Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան ‘Տէրոջմով պարծենալ’։
• Մովսէսի ու Ասափի օրինակէն ի՞նչ սորվեցար։
• Աստուածաշունչի ո՞ր անձնաւորութիւնները Աստուծոյ իրենց մատուցած ծառայութեամբ պարծեցան։
• Մեր քրիստոնէական ինքնութեամբ պարծենալը ի՞նչ կը պարփակէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 6]
Որոշ ժամանակ մը, Մովսէս անվստահութեան զգացումներ ունեցաւ
[Նկարներ՝ էջ 7]
Եհովայի վաղեմի ծառաներէն շատեր իրենց ինքնութեամբ պարծեցան