Խոնարհ ափրիկեցի մը որ Աստուծոյ Խօսքը սիրեց
Խոնարհ ափրիկեցի մը որ Աստուծոյ Խօսքը սիրեց
ԱՓՐԻԿԷ այցելող անհատներ յաճախ անակնկալի կու գան, տեսնելով թէ տեղացիներուն հետ Աստուածաշունչէն խօսակցութիւն մը սկսիլը որքա՜ն դիւրին է։ Հարցումներ, ինչպէս՝ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է» կամ «Սովի, հիւանդութեան, պատերազմի եւ ոճիրի նման խնդիրներու համար մնայուն լուծում մը կա՞յ», դիւրաւ կրնան լսող ականջներ գտնել։ Շատեր սիրով թոյլ կու տան օտարի մը որ Աստուածաշունչէն ցոյց տայ պատասխանները։ Ասիկա յաճախ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան մը կ’առաջնորդէ։ Իսկ աշակերտները հոգեւորապէս յառաջդիմելէ ետք, մկրտուած Քրիստոնեաներ կ’ըլլան։
Գործք Առաքելոց 8։26-40–ի մէջ, Աստուածաշունչը կը յիշէ այս կերպով ընդառաջող առաջին Ափրիկեցիներէն մէկը։ Ան Եթովպիացի մարդ մըն էր, որ Երուսաղէմ ճամբորդած էր ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան պաշտելու համար։
Ինչպէս պատկերը ցոյց կու տայ, մինչ Եթովպիացին իր կառքով տուն կը վերադառնայ, ան մագաղաթ մը կը կարդայ։ Օտար մը իրեն մօտենալով կը հարցնէ. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Եթովպիացին խոնարհաբար կը խոստովանի թէ օգնութեան կարիք ունի, եւ կը խնդրէ օտարէն՝ Փիլիպպոս աւետարանիչէն որ կառքը ելլէ ու իր կարդացած համարներուն նշանակութիւնը բացատրէ։ Փիլիպպոս կը բացատրէ թէ այդ հատուածը մարգարէութիւն մըն է, որ կ’ակնարկէՄեսիային՝ Յիսուս Քրիստոսի վերջերս պատահած մահուան։ Ան Յիսուսի վերաբերեալ այլ նիւթերու մասին ալ կը խօսի, անկասկած մէջը ըլլալով Յիսուսի յարութիւնը։
Այս հոյակապ ճշմարտութիւնները լսելէ ետք, Եթովպիացին կ’ուզէ Յիսուսի աշակերտը ըլլալ, ուստի կը հարցնէ. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Իր մկրտութենէն ետք, այս խոնարհ Ափրիկեցին կը շարունակէ իր ճամբան, եւ Աստուածաշունչը յաւելեալ տեղեկութիւն չի տար անոր մասին։
Այսօր Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու կ’օգնեն որ նոյն աւետարանին մասին սորվին։ Ներկայիս շուրջ վեց միլիոն Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ կը վարուին։