Ի՛նչպէս իւրաքանչիւր օր արժեւորել
Ի՛նչպէս իւրաքանչիւր օր արժեւորել
«ԱՅՆՊԷՍ սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։ (Սաղմոս 90։12) Այսպէս խոնարհաբար աղօթեց Մովսէս։ Ան յատկապէս ի՞նչ կը խնդրէր։ Իսկ մենք նոյն յարգալից խնդրանքը պէ՞տք է մատուցանենք։
10–րդ համարին մէջ, Մովսէս նշեց թէ մարդկային կեանքի տեւողութիւնը կարճ է։ Ուրիշ առիթով, ան Յոբի խօսքը արձանագրեց, որ ըսաւ. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է»։ (Յոբայ 14։1) Բացայայտ է թէ Մովսէս ցաւ կը զգար որ անկատար մարդկային կեանքը վաղանցիկ է։ Հետեւաբար ան իւրաքանչիւր օր թանկարժէք պարգեւ նկատեց։ Աստուծոյ ուղղուած այս աղերսով, Մովսէս իր փափաքը յայտնեց որ իր կեանքի մնացեալ օրերը իմաստութեամբ ապրի, իր Ստեղծիչը հաճեցնելով։ Մենք ալ մեր օրերը իմաստալից կերպով պէտք չէ՞ գործածենք։ Այս ուղղութեամբ վճռենք ջանք թափել, որպէսզի Աստուծոյ հաճութիւնը վայելենք։
Յաւելեալ ազդակ մը կար, որ Մովսէսն ու Յոբը խթանեց, եւ մեզ ալ պէտք է խթանէ։ Անոնք իրենց աչքերը սեւեռած պահեցին ապագայ վարձատրութեան մը վրայ,– աւելի լաւ պայմաններու ներքեւ ապրիլ երկրագունդի վրայ։ (Յոբայ 14։14, 15. Եբրայեցիս 11։26) Այդ ժամանակ, մահը պատճառ պիտի չըլլայ որ անհատի մը բարի գործերը վերջ գտնեն։ Մեր Ստեղծիչին նպատակն է որ հաւատարիմ մարդիկ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրին։ (Եսայեայ 65։21-24. Յայտնութիւն 21։3, 4) Ասիկա կրնայ քու հեռանկարդ ալ ըլլալ, եթէ ‘օրերդ այնպիսի կերպով համրես, որ սրտի իմաստութիւն ստանաս’։