Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Պօղոս ինչո՞ւ Քրիստոնեայ կնոջ մասին գրեց. «Պիտի փրկուի անիկա որդեծնութեամբ»։—Ա. Տիմոթէոս 2։15
Բնաբանը կ’օգնէ հասկնալու թէ Պօղոս ի՛նչ ըսել ուզեց։ Ներշնչման ներքեւ ան ժողովքին մէջ Քրիստոնեայ կնոջ դերին մասին խրատ կու տար։ Ան գրեց. «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10) Պօղոս իր Քրիստոնեայ քոյրերը կը յորդորէր որ համեստ, յարդարանքի ընտրութեան մէջ հաւասարակշռուած, եւ բարի գործերով ‘զարդարուած’ ըլլան։
Ապա Պօղոս բացատրեց գլխաւորութեան կարգադրութիւնը ժողովքին մէջ, ըսելով. «Կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ո՛չ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։12. Ա. Կորնթացիս 11։3) Ան այս կարգադրութեան հիմը կը բացատրէ, ցոյց տալով թէ Ադամ Սատանայէն չխաբուեցաւ, բայց Եւա «խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց»։ Քրիստոնեայ կինը ի՞նչպէս կրնար Եւայի սխալը ընելէ խուսափիլ։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Սակայն պիտի փրկուի անիկա որդեծնութեամբ, եթէ պարկեշտութիւնով կենան հաւատքի եւ սիրոյ ու սրբութեան մէջ»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։14, 15) Պօղոս այս խօսքերով ի՞նչ ըսել ուզեց։
Կարգ մը թարգմանիչներ ենթադրել կու տան թէ կնոջ փրկութիւնը զաւակներ ծնանելէն կախեալ է։ Օրինակ, Անթիլիաս թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Կինն ալ կը փրկուի զաւակներ ծնելուն համար»։ Սակայն այս հասկացողութիւնը ճշգրիտ չէ։ Բազմաթիւ համարներ ցոյց կու տան թէ փրկուելու համար անհատը Եհովան պէտք է ճանչնայ, Յիսուսի հաւատայ ու իր հաւատքը գործերով ցուցաբերէ։ (Յովհաննու 17։3. Գործք 16։30, 31. Հռովմայեցիս 10։10. Յակոբու 2։26) Ասկէ զատ, Պօղոս ըսել չուզեց թէ հաւատացեալ կիներուն ապահով ծննդաբերութիւն երաշխաւորուած է։ Թէ՛ հաւատացեալ եւ թէ անհաւատ կիներ ապահով ծննդաբերութիւն ունեցած են։ Եւ ցաւօք սրտի, թէ՛ հաւատացեալ եւ թէ անհաւատ կիներ ծննդաբերութեան ատեն մահացած են։—Ծննդոց 35։16-18
Այս նամակին մէջ կիներու վերաբերեալ Պօղոսի տուած յաւելեալ խրատները կ’օգնեն մեզի որ իր ըսածին նշանակութիւնը հասկնանք։ Ան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ կարգ մը երիտասարդ այրիներու վրայ, որոնք «տունէ տուն կը պտըտին եւ ո՛չ միայն ծոյլ, հապա շատախօս ու հետաքրքիր կ’ըլլան եւ անպատեհ բաներ կը խօսին»։ Պօղոսի խրատը ի՞նչ էր։ Ան կը շարունակէ. «Ուստի կ’ուզեմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տնաշէն ըլլան ու նախատինքի առիթ չտան հակառակորդին»։—Ա. Տիմոթէոս 5։13, 14
Պօղոս ընտանեկան կարգադրութեան մէջ կնոջ ունեցած շինիչ դերը աչքառու կը դարձնէ։ Կինը զաւակներ ծնանելով եւ տունը կառավարելով ու նման գործունէութիւններով զբաղելով, նաեւ խոհեմութեամբ յարատեւելով «հաւատքի եւ սիրոյ ու սրբութեան մէջ», վնասաբեր վարք ունենալու հակումէն պիտի խուսափէր։ Անոր հոգեւորականութիւնը պիտի պահպանուէր կամ ‘փրկուէր’։ (Ա. Տիմոթէոս 2։15) Այս ընթացքին հետեւիլը, բազմաթիւ երիտասարդուհիներու պիտի օգնէր Սատանայի թակարդներէն խուսափելու։
Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի խօսքերը կը յիշեցնեն մեզի, տղամարդիկ թէ կիներ, որ օգտակար բաներով զգաղած ըլլանք։ Աստուծոյ Խօսքը բոլոր Քրիստոնեաները կը խրատէ. «Զգուշացէ՛ք որ ընթանաք շրջահայեցութեամբ. ո՛չ թէ անխոհեմներու պէս, հապա՝ իմաստուններու պէս»։—Եփեսացիս 5։15, 16, ԱՎ