Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բոլոր ազգերուն վկայութիւն»

«Բոլոր ազգերուն վկայութիւն»

«Բոլոր ազգերուն վկայութիւն»

«Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք . . . մինչեւ երկրին ծայրերը»։—ԳՈՐԾՔ 1։8

1. Աշակերտները առաջին անգամ ե՞րբ եւ ո՞ւր լսեցին Մատթէոս 24։14–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը։

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքը ա՛յնքան ծանօթ է, որ մեզմէ շատեր զայն անգիր գիտեն։ Անիկա արդարեւ արտակարգ մարգարէութիւն մըն է։ Պահ մը երեւակայէ որ աշակերտներուն միտքէն ի՛նչ անցաւ, երբ զայն լսեցին։ Հ.Դ. 33 տարին էր։ Անոնք շուրջ երեք տարի Յիսուսի հետ էին, եւ այժմ միասին Երուսաղէմ կը գտնուէին։ Անոնք իր հրաշքները տեսած էին, իր ուսուցումները մտիկ ըրած էին եւ իր սորվեցուցած թանկագին ճշմարտութիւններէն կ’ախորժէին, բայց ստոյգ գիտէին որ հզօր ու հեղինակաւոր թշնամիներ ունէր։

2. Աշակերտները ի՞նչ վտանգներ ու մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէին։

2 Ձիթենեաց լերան վրայ, չորս աշակերտներ ուշի–ուշով Յիսուսի մտիկ ըրին, մինչ խօսեցաւ իրենց դիմագրաւելիք վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին։ Նախապէս Յիսուս ըսած էր թէ պիտի սպաննուէր։ (Մատթէոս 16։21) Այժմ ան յստակօրէն նշեց թէ իրենք ալ վայրագ հակառակութեան պիտի հանդիպէին։ Ան ըսաւ. «Ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք»։ Ասկէ զատ, սուտ մարգարէներ պիտի մոլորեցնէին շատերը։ Ոմանք պիտի գայթակղէին, զիրար պիտի մատնէին ու զիրար պիտի ատէին։ Իսկ Աստուծոյ ու իր Խօսքին հանդէպ «շատերուն սէրը» պիտի պաղէր։—Մատթէոս 24։9-12

3. Մատթէոս 24։14–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքը ինչո՞ւ իրապէս ապշեցուցիչ է։

3 Այդ ժխտական պատկերը ներկայացնելէ ետք, Յիսուս աշակերտները ապշեցուցած ըլլալու էր, երբ ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Այո, Իսրայէլի մէջ Յիսուսի սկսած գործը,– ‘ճշմարտութեան համար վկայել’,– պիտի շարունակուէր եւ ընդարձակուէր, համայն աշխարհը պարփակելով։ (Յովհաննու 18։37) Իրապէս ապշեցուցիչ մարգարէութիւն մը։ «Բոլոր ազգերուն» վկայելը մարտահրաւէր մը պիտի ըլլար. իսկ «բոլոր ազգերուն ատելի» ըլլալով հանդերձ զայն իրագործելը՝ հրաշք մը պիտի ըլլար։ Այս հսկայական պարտականութիւնը կատարելը պիտի պանծացնէր ո՛չ միայն Եհովայի գերակայութիւնն ու զօրութիւնը, այլեւ՝ իր սէրը, ողորմութիւնը եւ համբերութիւնը։ Ասկէ զատ, անիկա իր ծառաներուն պատեհութիւն պիտի տար որ իրենց հաւատքն ու նուիրումը ցոյց տային։

4. Որո՞նց ըսուեցաւ որ վկայութեան գործը կատարեն, եւ Յիսուս ի՞նչ մխիթարութիւն հաղորդեց։

4 Յիսուս իր աշակերտներուն շեշտեց թէ շատ կարեւոր գործ մը ունէին։ Երկինք համբառնալէն առաջ, Յիսուս անոնց երեւցաւ ու ըսաւ. «Սուրբ հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Անշուշտ ուրիշներ շուտով պիտի միանային անոնց։ Այսուհանդերձ աշակերտները փոքրաթիւ էին։ Ուստի որքա՜ն մխիթարական էր գիտնալ թէ Աստուծոյ զօրաւոր սուրբ հոգին զիրենք պիտի զօրացնէր որ այս աստուածային նշանակումը կատարէին։

5. Աշակերտները վկայութեան գործին մասին ի՞նչ չէին գիտեր։

5 Աշակերտները գիտէին թէ բարի լուրը պիտի քարոզէին եւ ‘բոլոր ազգերէն մարդիկ պիտի աշակերտէին’։ (Մատթէոս 28։19, 20) Բայց անոնք չէին գիտեր թէ ի՛նչ տարողութեամբ ամբողջական վկայութիւն պիտի տային, ո՛չ ալ գիտէին թէ վախճանը ե՛րբ պիտի գար։ Մենք ալ չենք գիտեր։ Միայն Եհովան կ’որոշէ այս հարցերը։ (Մատթէոս 24։36) Երբ Եհովայի ուզած տարողութեամբ վկայութիւնը տրուի, ան իրերու այս չար դրութեան վերջ պիտի դնէ։ Ա՛յն ատեն Քրիստոնեաները պիտի զատորոշեն թէ քարոզչութիւնը կատարուած է Եհովայի նպատակադրած տարողութեամբ։ Նախկին աշակերտներուն համար դժուար էր երեւակայել տրուած համաշխարհային վկայութիւնը այս վերջին ժամանակին մէջ։

Վկայութիւնը՝ առաջին դարուն

6. Ի՞նչ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին եւ անկէ քիչ ետք։

6 Առաջին դարուն, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը ապշեցուցիչ արդիւնքներ տուին։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, շուրջ 120 աշակերտներ Երուսաղէմի վերնատան մը մէջ էին։ Աստուծոյ սուրբ հոգին թափուեցաւ անոնց վրայ, Պետրոս առաքեալ ոգեւորիչ դասախօսութիւն մը տուաւ, բացատրելով այս հրաշքին նշանակութիւնը, եւ շուրջ 3,000 հոգի հաւատացեալ դառնալով մկրտուեցան։ Ասիկա պարզապէս սկիզբն էր։ Հակառակ բարի լուրի քարոզչութիւնը կասեցնելու կրօնական առաջնորդներուն վճռակամ ջանքերուն, «Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին» թիւին վրայ։ Շատ չանցած, «անոնց թիւը հինգ հազարի հասաւ»։ Անկէ ետք, «Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ»։—Գործք 2։1-4, 8, 14, 41, 47. 4։4. 5։14

7. Կոռնելիոսի կրօնափոխութիւնը ինչո՞ւ նշանակալից զարգացում մըն էր։

7 Հ.Դ. 36–ին նշանակալից այլ զարգացում մը տեղի ունեցաւ,– ոչ–Հրեայ Կոռնելիոսի կրօնափոխութիւնը եւ մկրտութիւնը։ Պետրոս առաքեալը այս աստուածավախ մարդուն առաջնորդելով, Եհովա ցոյց տուաւ թէ «բոլոր ազգերը աշակերտել»ու Յիսուսի պատուէրը, տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող Հրեաներուն սահմանափակուած չէր։ (Գործք 10։44, 45) Առաջնորդութիւն առնողներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ էր։ Երբ Հրէաստանի մէջ առաքեալներն ու երէցները ըմբռնեցին թէ բարի լուրը նաեւ Հրեայ չեղողներուն պիտի քարոզուէր, անոնք Աստուած փառաւորեցին։ (Գործք 11։1, 18) Մինչ այդ, քարոզչութիւնը շարունակեց Հրեաներուն մէջ պտղաբեր ըլլալ։ Շուրջ Հ.Դ. 58–ին, «տասնեակ հազարաւոր Հրեայ հաւատացեալներ» կային։—Գործք 21։20, Անթիլիաս

8. Բարի լուրը ի՞նչպէս կ’ազդէ անհատներուն։

8 Թող մեր միտքէն չվրիպի թէ առաջին դարու Քրիստոնեաներուն վերաբերեալ նշուած թիւերը անհատներ կը ներկայացնեն։ Անոնց լսած աստուածաշնչական պատգամը ազդեցիկ էր։ (Եբրայեցիս 4։12) Զայն ընդունելով, անոնք իրենց կեանքը հիմնականօրէն փոխեցին,– իրենց կենցաղը մաքրեցին, նոր անձնաւորութիւնը հագան եւ Աստուծոյ հետ հաշտուեցան։ (Եփեսացիս 4։22, 23) Նոյնն է պարագան այսօր։ Իսկ բոլոր անոնք որ բարի լուրը կ’ընդունին, յաւիտեան ապրելու հոյակապ հեռանկարը ունին։—Յովհաննու 3։16

Աստուծոյ գործակիցներ

9. Նախկին Քրիստոնեաները գիտէին թէ ի՞նչ առանձնաշնորհում ու պատասխանատուութիւն ունէին։

9 Նախկին Քրիստոնեաները իրագործուած բաներուն վարկը իրենց չվերագրեցին։ Անոնք գիտակցեցան թէ «Սուրբ Հոգիին զօրութիւն»ը իրենց քարոզչութեան նեցուկ կը կանգնէր։ (Հռովմայեցիս 15։13, 19) Եհովա ի՛նք հոգեւոր աճում կը պատճառէր։ Նոյն ատեն, այդ Քրիստոնեաները գիտէին թէ «Աստուծոյ գործակից» ըլլալու առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնը ունէին։ (Ա. Կորնթացիս 3։6-9) Ուստի Յիսուսի յորդորին համաձայն, անոնք իրենց նշանակուած գործին մէջ իրենց ամէն կարելին ըրին։—Ղուկաս 13։24

10. Նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչ ջանք թափեցին բոլոր ազգերուն վկայութիւն տալու համար։

10 «Հեթանոսներուն առաքեալ»ը ըլլալով, Պօղոս ծովի ու ցամաքի ճամբով հազարաւոր քիլոմեթրներ ճամբորդեց, Ասիոյ հռովմէական նահանգին ու Յունաստանի մէջ բազմաթիւ ժողովքներ հաստատելով։ (Հռովմայեցիս 11։13) Ան նաեւ Հռովմ ճամբորդեց եւ հաւանաբար՝ նոյնիսկ Սպանիա։ Մինչ այդ, Պետրոս առաքեալ՝ որուն յանձնուած էր «Հրեաներու քարոզութիւնը», հակառակ ուղղութեամբ ճամբորդեց դէպի Բաբելոն, որ այդ ժամանակ Հրէականութեան կարեւոր կեդրոն մըն էր։ (Գաղատացիս 2։7-9, Անթիլիաս. Ա. Պետրոս 5։13) Տէրոջ գործին մէջ ծանր աշխատող կիներէն կը յիշուին Տրիփոնէ ու Տրիփոսէ, իսկ Պերսիդէի մասին կ’ըսուի որ «շատ աշխատեցաւ, Տէրոջմով»։—Հռովմայեցիս 16։12

11. Եհովա աշակերտներուն ջանքերը ի՞նչպէս օրհնեց։

11 Եհովա վերոնշեալ անհատներուն եւ այլ քարոզիչներու նախանձախնդիր գործունէութիւնը մեծապէս օրհնեց։ Բոլոր ազգերուն վկայութիւն տալու վերաբերեալ Յիսուսի նախագուշակութեան վրայ 30 տարի չանցած, Պօղոս գրեց թէ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ (Կողոսացիս 1։23) Այդ ատեն վախճանը եկա՞ւ։ Առումով մը, այո՛։ Անիկա հրէական իրերու դրութեան վրայ եկաւ Հ.Դ. 70–ին, երբ հռովմէական բանակը կործանեց Երուսաղէմն ու տաճարը։ Սակայն Եհովա որոշած է համաշխարհային վկայութիւն մը տալ, Սատանայի ամբողջ դրութեան վերջ դնելէ առաջ։

Վկայութիւնը՝ ներկայիս

12. Առաջին Աստուածաշունչի Աշակերտները քարոզելու պատուէրը ի՞նչպէս հասկցած էին։

12 Կրօնական հաւատուրացութիւնը երկար ժամանակ տիրելէ ետք, ԺԹ. դարու վերջաւորութեան՝ մաքուր պաշտամունքը վերահաստատուեցաւ։ Աստուածաշունչի Աշակերտները, ինչպէս Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ատեն, շատ լաւ հասկցած էին աշխարհի չորս կողմը աշակերտելու պատուէրը։ (Մատթէոս 28։19, 20) Երբ 1914 տարին հասաւ, քարոզչութեան շուրջ 5,100 հոգի կը մասնակցէին, եւ բարի լուրը տարածուած էր շուրջ 68 երկիրներու մէջ։ Սակայն Աստուածաշունչի Աշակերտները չէին ըմբռնած Մատթէոս 24։14–ի լման նշանակութիւնը։ Անոնք երկար ժամանակ կը խորհէին թէ ազգերուն արդէն վկայութիւն մը տրուած էր, քանի որ Աստուածաշունչի ընկերութիւնները բարի լուրը բովանդակող Աստուածաշունչը թարգմանած ու հրատարակած էին բազմաթիւ լեզուներով եւ զայն համայն աշխարհի մէջ բաշխած էին։

13, 14. Դիտարան–ի մէկ թիւը 1928–ին, Աստուծոյ կամքին ու նպատակին մասին ի՞նչ յստակ հասկացողութիւն ներկայացուց։

13 Եհովա աստիճանաբար իր ժողովուրդին յստակացուց իր կամքն ու նպատակը։ (Առակաց 4։18) Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1928 թիւը ըսաւ. «Կրնա՞նք ըսել թէ Աստուածաշունչի շրջաբերութիւնը կատարեց թագաւորութեան աւետարանին նախագուշակուած քարոզչութիւնը։ Որոշապէս ո՛չ։ Հակառակ այս Աստուածաշունչի շրջաբերութեան, տակաւին անհրաժեշտ է որ երկրի վրայ եղող Աստուծոյ վկաներու խմբակը տպէ Աստուծոյ [նպատակը] բացատրող գրականութիւններ եւ այցելէ այն տուները, ուր Աստուածաշունչեր բաշխուած են։ Այլապէս, մարդիկ պիտի չգիտնան որ ներկայիս Մեսիական կառավարութիւնը հաստատուած է»։

14 Վերոնշեալ Դիտարան–ը նաեւ նշեց. «1920–ին, . . . Աստուածաշունչի Աշակերտները Մատթէոս 24։14–ի բովանդակած մեր Տէրոջ մարգարէութիւնը ճշգրտօրէն հասկցան։ Անոնք անդրադարձան թէ ‘այս աւետարանը’ որ պիտի քարոզուէր ամբողջ երկրագունդին մէջ՝ իբր վկայութիւն բոլոր ազգերուն, տակաւին գալիք թագաւորութեան մը աւետարանը չէր, այլ՝ բարի լուր թէ Մեսիական Թագաւորը սկսած է երկրի վրայ իշխել»։

15. Վկայութեան գործը 1920–ական թուականներէն ի վեր ի՞նչպէս ընդարձակուած է։

15 Այդ «վկաներու խմբակը» փոքրաթիւ չմնաց։ Հետագային, «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը բնորոշուեցաւ եւ սկսաւ հաւաքուիլ։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Այսօր, 6,613,829 հրատարակիչներ բարի լուրը կը ծանուցանեն 235 երկիրներու մէջ։ Մարգարէութեան ի՜նչ սքանչելի կատարում մը։ «Արքայութեան այս աւետարանը» ցարդ ա՛յսքան տարողութեամբ չէ քարոզուած, եւ Եհովա երկրագունդին վրայ երբեք ա՛յսքան բազմաթիւ հաւատարիմ ծառաներ չէ ունեցած։

16. Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին ի՞նչ իրագործուեցաւ։ (Տես ցուցակը, էջ 24-27։)

16 Վկաներու այս հսկայ խումբը 2005 ծառայութեան տարուան ընթացքին շատ զբաղած էր։ Անոնք 235 երկիրներու մէջ բարի լուրը ծանուցանելու համար տրամադրեցին աւելի քան մէկ միլիառ ժամ։ Անոնք միլիոնաւոր վերայցելութիւններ ըրին ու միլիոնաւոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցին։ Անոնք սիրայօժար իրենց ժամանակն ու նիւթական միջոցները տրամադրեցին, Աստուծոյ Խօսքը ուրիշներու ներկայացնելու համար։ (Մատթէոս 10։8) Իր զօրաւոր սուրբ հոգիին միջոցով, Եհովա կը շարունակէ իր ծառաները զօրացնել, որ իր կամքը կատարեն։—Զաքարեայ 4։6

Վկայելու համար ծանր աշխատիլ

17. Եհովայի ժողովուրդը բարի լուրին քարոզչութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ։

17 Թէեւ մօտաւորապէս 2,000 տարի անցած է Յիսուսի խօսքին վրայ թէ բարի լուրը պիտի քարոզուի, սակայն քարոզչութեան հանդէպ Աստուծոյ ժողովուրդին նախանձախնդրութիւնը չէ տկարացած։ Գիտենք որ համբերատարութեամբ աղէկութիւն ընելով՝ կ’արտացոլացնենք Եհովայի սիրոյ, ողորմութեան ու համբերութեան յատկութիւնները։ Իրեն նման, մենք չենք ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ’ուզենք որ մարդիկ զղջան ու Եհովայի հետ հաշտուին։ (Բ. Կորնթացիս 5։18-20. Բ. Պետրոս 3։9) Աստուծոյ հոգիով բորբոքած, Եհովայի Վկաները նախանձախնդրօրէն կը շարունակեն բարի լուրը յայտարարել մինչեւ երկրի ծայրերը։ (Հռովմայեցիս 12։11) Որպէս արդիւնք, մարդիկ ամէնուրեք ճշմարտութիւնը կ’ընդունին եւ Եհովայի սիրալիր ուղղութեան կ’ենթարկուին։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

18, 19. Բարի լուրին ընդառաջող կարգ մը անհատներուն մասին ի՞նչ փորձառութիւններ կրնաս պատմել։

18 Չարլզ Քենիոյ արեւմուտքը բնակող հողագործ մըն էր։ Աւելի քան 8 թոն ծխախոտ ծախեց 1998–ին, եւ մրցանակ շահեցաւ որպէս Ծխախոտի Լաւագոյն Երկրագործը։ Այդ ժամանակ, ան սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Շատ չանցած, ան ըմբռնեց թէ ծխախոտի արտադրութեամբ զբաղող անհատը, իր դրացին սիրելու Յիսուսի պատուէրը կը բեկանէ։ (Մատթէոս 22։39) Եզրակացնելով թէ ‘ծխախոտի լաւագոյն երկրագործը’ իրականութեան մէջ ‘լաւագոյն ոճրագործն’ էր, Չարլզ իր ծխախոտի արտերը փճացուց։ Ան յառաջդիմեց, նուիրուեցաւ ու մկրտուեցաւ, իսկ այժմ կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ եւ օգնական ծառայ։

19 Կասկած չկայ թէ Եհովա աշխարհածաւալ վկայութեան միջոցով ազգերը կը շարժէ եւ կու գան ցանկալի բաները,– մարդիկը։ (Անգեայ 2։7) Փորթուկալի մէջ, Փատրօ 13 տարեկանին դպրեվանք մտաւ։ Իր նպատակակէտն էր միսիոնար ըլլալ եւ Աստուածաշունչը ուսուցանել։ Սակայն ժամանակ մը ետք, ան դպրեվանքը ձգեց, քանի որ իր դասընթացքներուն մէջ Աստուածաշունչը երկրորդական տեղ կը գրաւէր։ Վեց տարի ետք, ան սկսաւ հոգեբանութիւն ուսանիլ Լիզպոնի մէկ համալսարանին մէջ։ Ան կ’ապրէր իր մօրաքրոջ հետ, որ Եհովայի Վկայ մըն էր եւ զինք քաջալերեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Այդ ժամանակ Փատրօ վստահ չէր թէ Աստուած գոյութիւն ունի, եւ չէր կրնար որոշել թէ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ՛ կամ ոչ։ Ան հոգեբանութեան ուսուցչապետին հետ խօսեցաւ երկմտութեան մասին։ Աւագ ուսուցիչը ըսաւ որ հոգեբանութիւնը կը սորվեցնէ թէ ան որ չի կրնար որոշումներ կայացնել, կրնայ ինքնակործան ըլլալ։ Ուստի Փատրօ վճռեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան վերջերս մկրտուեցաւ եւ այժմ ի՛նք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէ։

20. Ազգերուն տրուած աշխարհածաւալ վկայութեամբ ինչո՞ւ կրնանք ուրախանալ։

20 Դեռ չենք գիտեր թէ ո՛ր տարողութեամբ վկայութիւն պիտի տրուի ազգերուն, ո՛չ ալ գիտենք թէ ո՛ր օրը ու ո՛ր ժամուն վախճանը պիտի գայ։ Միայն գիտենք թէ անիկա շուտով պիտի գայ։ Կ’ուրախանանք որ բարի լուրին աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը այն նշաններէն մէկն է, թէ ժամանակը մօտեցած է որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փոխարինէ մարդկային կառավարութիւնները։ (Դանիէլ 2։44) Ամէն տարի, միլիոնաւորներու պատեհութիւն կը տրուի որ բարի լուրին ընդառաջեն, եւ ասիկա մեր Եհովա Աստուածը կը փառաւորէ։ Թող վճռենք հաւատարիմ մնալ եւ մեր եղբայրներուն հետ բոլոր ազգերուն վկայելու գործին մէջ զբաղած մնալ։ Այդպէս ընելով, ո՛չ միայն մենք մեզ պիտի փրկենք, այլեւ մեզ լսողները։—Ա. Տիմոթէոս 4։16

Կը յիշե՞ս

Մատթէոս 24։14–ը ինչո՞ւ արտակարգ մարգարէութիւն մըն է։

• Նախկին Քրիստոնեաները քարոզչութեան մէջ ի՞նչ ջանք թափեցին, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

• Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչպէս ըմբռնեցին թէ բոլոր ազգերուն վկայութիւն պէտք է տրուի։

• Նկատի առնելով Եհովայի ժողովուրդին գործունէութիւնը անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, ի՞նչ բան քեզ կը տպաւորէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 24-27]

2005–Ի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

(Տե՛ս կազմուած հատորը)

[Քարտէս/Նկարներ՝ էջ 23]

Պօղոս ծովի ու ցամաքի ճամբով հազարաւոր քիլոմեթրներ ճամբորդեց, բարի լուրը քարոզելու համար

[Նկար՝ էջ 22]

Եհովա Պետրոսը առաջնորդեց որ Կոռնելիոսի ու իր ընտանիքին վկայէ