Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կատարելապէս «զգա՛ստ եղէք»

Կատարելապէս «զգա՛ստ եղէք»

Կատարելապէս «զգա՛ստ եղէք»

«Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 14։15

1, 2. (ա) Սոդոմի վերաբերեալ Ղովտի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ (բ) «Զգա՛ստ եղէք» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

ԵՐԲ Աբրահամ Ղովտի թոյլ տուաւ որ առաջին ընտրութիւնը ինք ընէ, Ղովտ նկատեց ջրարբի շրջան մը, որ ‘Տէրոջ դրախտին պէս էր’։ Անիկա իր ընտանիքին համար լաւագոյն վայրը թուելով, «Ղովտ իրեն համար Յորդանանի հովիտը ընտրեց» ու իր վրանը Սոդոմի քով լարեց։ Սակայն դրսերեւոյթը խաբուսիկ էր, քանի որ մօտակայքը կ’ապրէին Սոդոմի մարդիկը, որոնք «խիստ չար ու մեղաւոր էին Տէրոջը առջեւ»։ (Ծննդոց 13։7-13) Հետագային, Ղովտ ու իր ընտանիքը ահռելի վնասներ կրեցին, իսկ ի վերջոյ, ան ու իր աղջիկները ստիպուեցան քարայրի մը մէջ բնակիլ։ (Ծննդոց 19։17, 23-26, 30) Ի՛նչ որ սկիզբը իրեն շատ լաւ երեւցաւ, վերջաւորութեան ճի՛շդ հակառակը ելաւ։

2 Ղովտի փորձառութիւնը դաս մը կը հայթայթէ Աստուծոյ այժմու ծառաներուն։ Երբ որոշումներ պիտի կայացնենք, հաւանական վտանգներուն գերուշադիր պէտք է ըլլանք ու առաջին տպաւորութենէն խաբուելէ զգուշանանք։ Ուստի տեղին է Աստուծոյ Խօսքին յորդորը. «Զգա՛ստ եղէք»։ (Ա. Պետրոս 1։13, ԱՎ) Աստուածաշունչի ուսումնական Ռ.Չ.Հ. Լէնսգի կը նշէ թէ այդ զգաստութիւնը «հանդարտ ու կայուն մտավիճակ մըն է, որ հարցերը ճշգրտօրէն կը կշռէ ու կ’արժեւորէ, մեզ կարող դարձնելով որ շիտակ որոշում կայացնենք»։ Այժմ նկատի առնենք կարգ մը պարագաներ, որոնք կը պահանջեն որ զգաստամիտ ըլլանք։

Առեւտրական ձեռնարկ մը կշռել

3. Եթէ առեւտրական ձեռնարկ մը առաջարկուի, ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլանք։

3 Ենթադրենք որ բարեհամբաւ անհատ մը, թերեւս՝ Եհովայի երկրպագու մը, քեզի առաջարկեց առեւտրական ձեռնարկ մը։ Ան յաջողութեան հաւանականութեան նկատմամբ խանդավառ է եւ քեզ կը քաջալերէ որ անյապաղ քայլ առնես, առիթը չկորսնցնելու համար։ Կը սկսիս մտապատկերել աւելի լաւ կեանք մը քեզի ու ընտանիքդ համար, թերեւս նոյնիսկ խորհելով թէ պիտի կարենաս հոգեւոր հետապնդումներուն աւելի ժամանակ տրամադրել։ Սակայն Առակաց 14։15–ը կը զգուշացնէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ Առեւտրական նոր ձեռնարկի մը սկիզբը, անհատը յաճախ ա՛յնքան ոգեւորուած կ’ըլլայ, որ ձախողութեան հաւանականութիւնը կը ստորագնահատէ, վտանգները կ’անտեսէ եւ ձեռնարկին աննախատեսելի ազդակները լիովին նկատի չ’առներ։ (Յակոբու 4։13, 14) Այսպիսի կացութեան մը մէջ, որքա՜ն անհրաժեշտ է որ կատարելապէս զգաստ ըլլաս։

4. Առեւտրական ձեռնարկ մը արժեւորելու ատեն, ի՞նչպէս կրնանք ‘մեր քայլերը քննել’։

4 Խոհեմ անհատը գործի առաջարկը ուշադրութեամբ կը քննէ, որոշում կայացնելէ առաջ։ (Առակաց 21։5) Այսպիսի քննութիւն մը յաճախ երեւան կը հանէ թաքցուած վտանգներ։ Նկատի առ հետեւեալ պարագան. անհատ մը իր առեւտրական ծրագիրներուն համար կը ջանայ դրամ փոխ առնել, եւ քեզի մեծ շահ կը խոստանայ եթէ իրեն յատկագումար փոխ տաս։ Առաջարկը հրապուրիչ է, բայց ի՞նչ են հաւանական վտանգները։ Փոխ առնողը համաձա՞յն է դրամդ վերադարձնելու ի՛նչ որ ալ ըլլայ ձեռնարկին վիճակը, թէ ոչ՝ կը վերադարձնէ միայն եթէ ձեռնարկը յաջողի։ Ուրիշ խօսքով, պատրա՞ստ ես դրամիդ կորուստը ընդունելու եթէ ձեռնարկը ձախողի։ Նաեւ կրնաս հարց տալ. «Ան ինչո՞ւ անհատներէ դրամ կը հաւաքէ։ Արդեօք դրամատունը անոր ձեռնարկը շատ վտանգաւո՞ր կը նկատէ»։ Հաւանական վտանգները նկատի առնելու համար ժամանակ յատկացնելը, քեզի պիտի օգնէ որ իրատեսօրէն առաջարկը արժեւորես։—Առակաց 13։16. 22։3

5. (ա) Երեմիա արտ մը գնելու ատեն, ի՞նչ խոհեմ քայլ մը առաւ։ (բ) Ինչո՞ւ օգտակար է որեւէ առեւտրական ձեռնարկ պաշտօնապէս արձանագրել։

5 Երբ Երեմիա մարգարէն արտ մը գնեց իր զարմիկէն, որ Եհովայի երկրպագու մըն էր, վկաներու ներկայութեան վաւերագիր մը գրեց ու կնքեց։ (Երեմեայ 32։9-12) Այսօր, խոհեմ անհատը հոգ պիտի տանի որ որեւէ առեւտրական ձեռնարկ, նոյնիսկ ազգականներու եւ հաւատակիցներու հետ, պաշտօնապէս արձանագրուի։ * Յստակ ու լաւ պատրաստուած համաձայնագիր ունենալը, թիւրիմացութիւնները կանխարգիլելու եւ միութիւնը պահպանելու կը նպաստէ։ Միւս կողմէ, համաձայնութիւնը վաւերացնող գրութիւն չունենալը, յաճախ դեր կը խաղայ որ Եհովայի ծառաներուն միջեւ առեւտրական խնդիրներ ծագին։ Ի ցաւ սրտի, այս խնդիրները յառաջ կը բերեն սրտատանջութիւն, դառնութիւն եւ նոյնիսկ հոգեւորութեան կորուստ։

6. Ինչո՞ւ ագահութենէ պէտք է զգուշանանք։

6 Նաեւ պէտք է զգուշանանք ագահութենէ։ (Ղուկաս 12։15) Մեծ շահ ապահովելու խոստումը կրնայ անհատը մղել որ անխոհեմ առեւտրական ձեռնարկի մը վտանգները անտեսէ։ Այս թակարդին մէջ ինկած են նոյնիսկ անոնք որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ընտիր առանձնաշնորհումներ վայելած են։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը զգուշացնէ. «Դրամասիրութիւնը թող տեղ չունենայ ձեր կեանքին մէջ. գոհացէ՛ք ձեր ունեցածով»։ (Եբրայեցիս 13։5, Անթիլիաս) Երբ Քրիստոնեայ մը առեւտրական ձեռնարկի մը մասին կը խորհրդածէ, լաւ կ’ըլլայ որ հարց տայ. ‘Բաժին բերելս իրապէս անհրաժե՞շտ է’։ Եհովայի պաշտամունքին վրայ կեդրոնացած պարզ կեանք մը վարելը, մեզ ‘բոլոր չարութիւններէն’ պիտի պաշտպանէ։—Ա. Տիմոթէոս 6։6-10

Ամուրի Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները

7. (ա) Ամուրի Քրիստոնեաներէն շատեր ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ (բ) Կողակից մը ընտրելը ի՞նչպէս կապ ունի Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեան հետ։

7 Եհովայի ծառաներէն շատեր կը տենչան ամուսնանալ, բայց դեռ յարմար կողակից մը չեն գտած։ Կարգ մը երկիրներու մէջ ամուսնութեան վրայ մեծ շեշտ կը դրուի, հակառակ անոր որ ապագայ կողակիցը հաւատակից մը ըլլալու հաւանականութիւնը քիչ է։ (Առակաց 13։12) Սակայն Քրիստոնեաները կը գիտակցին թէ «միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանալու Աստուածաշունչի պատուէրին հնազանդիլը, Եհովայի հանդէպ հաւատարմութեան հարց է։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Իրենց դիմագրաւած ճնշումներուն ու փորձութիւններուն դէմ հաստատուն կայնելու համար, ամուրի Քրիստոնեաները կատարելապէս զգաստ պէտք է ըլլան։

8. Սունամացի աղջիկը ի՞նչ ճնշում դիմագրաւեց, իսկ ներկայիս Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մը ի՞նչպէս նոյնանման մարտահրաւէր մը կրնայ դիմագրաւել։

8 Երգ Երգոց գիրքին մէջ, Սունամացի կոչուած գիւղացի աղջիկ մը, թագաւորին ուշադրութիւնը կը գրաւէ։ Ան կը փորձէ զինք հրապուրել իր հարստութեամբ, դիրքով ու հմայքով, թէպէտ աղջիկը արդէն երիտասարդ մը կը սիրէ։ (Երգ Երգոց 1։9-11. 3։7-10. 6։8-10, 13) Եթէ Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մըն ես, կարելի է որ դուն ալ անհատի մը անփափաքելի ուշադրութեան թիրախը դառնաս։ Գործատեղիդ մէջ եթէ անհատ մը, թերեւս հեղինակաւոր մէկը, սկսի քեզ գովաբանել, ազնուութեամբ վարուիլ եւ քեզի հետ ըլլալու առիթներ ստեղծել, զգո՛յշ եղիր։ Այսպիսի անհատ մը յաճախ ռոմանթիկ հետաքրքրութիւն կամ անբարոյ դիտաւորութիւն ունի։ Սունամացի կոյսին նման «պարիսպ» մը եղիր։ (Երգ Երգոց 8։4, 10) Անփափաքելի ռոմանթիկ մօտեցումները հաստատօրէն մերժէ՛։ Սկիզբէն իսկ գործընկերներուդ իմացուր թէ Եհովայի Վկայ մըն ես, եւ ամէն առիթ օգտագործէ անոնց վկայելու։ Ասիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։

9. Համացանցի միջոցով օտարի մը հետ յարաբերութիւն մշակելու վտանգներէն ոմանք ի՞նչ են։ (Տես նաեւ շրջանակը, էջ 25։)

9 Ամուրիներուն կողակից գտնելու մէջ օգնութիւն մատուցանող ցանցակայքերը սկսած են ժողովրդական դառնալ։ Ոմանք կը սեպեն զանոնք միջոց մը՝ անհատներու ծանօթանալու, որոնց այլապէս կարելի չէ հանդիպիլ։ Սակայն կուրօրէն օտարի մը հետ յարաբերութիւն մշակելը, իսկական վտանգներ կը պարփակէ։ Համացանցին մէջ, դժուար է զատորոշել թէ ի՛նչ բան շիտակ է եւ ի՛նչ բան՝ կեղծ։ (Սաղմոս 26։4) Ոմանք իրենք զիրենք կը ձեւացնեն թէ Եհովայի ծառայ են։ Ասկէ զատ, Համացանցի միջոցով ժամադրուիլը կրնայ արագօրէն զօրաւոր կապակցութիւն մը զարգացնել, անհատին դատողութիւնը խեղաթիւրելով։ (Առակաց 28։26) Ըլլա՛յ Համացանցով կամ այլ միջոցով, անխոհեմութիւն է սերտ յարաբերութիւն մշակել անհատի մը հետ, որուն մասին չնչին տեղեկութիւններ մատչելի են։—Ա. Կորնթացիս 15։33

10. Հաւատակիցները ի՞նչպէս կրնան ամուրի Քրիստոնեաները քաջալերել։

10 Եհովա իր ծառաներուն հանդէպ «բազմագութ» է։ (Յակոբու 5։11) Ան գիտէ թէ Քրիստոնեաները որոնք ակամայ ամուրի են, վհատեցուցիչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, եւ մեծապէս կ’արժեւորէ անոնց հաւատարմութիւնը։ Ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան զիրենք քաջալերել։ Կանոնաւորաբար զանոնք պէտք է գովենք, իրենց հնազանդութեան ու անձնազոհութեան համար։ (Դատաւորաց 11։39, 40) Կրնանք նաեւ զիրենք պարփակել, երբ շինիչ ընկերակցութեան կարգադրութիւններ կ’ընենք։ Վերջերս այսպիսի բան մը ըրա՞ծ ես։ Ասկէ զատ, կրնանք անոնց համար աղօթել, Եհովայէ խնդրելով որ անոնց օգնէ իրենց հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը պահելու եւ իր ծառայութեան մէջ ուրախ ըլլալու։ Մեր անկեղծ հետաքրքրութեամբ, թող ցոյց տանք թէ Եհովայի նման այս հաւատարիմները կ’արժեւորենք։—Սաղմոս 37։28

Առողջապահական խնդիրներ ձեռք առնել

11. Լուրջ առողջապահական խնդիրները ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը ներկայացնեն։

11 Որքա՜ն նեղացուցիչ է լուրջ առողջապահական խնդիրներ ունենալը։ (Եսայեայ 38։1-3) Մինչ կը ջանանք ազդու դարմանում գտնել, էական է որ աստուածաշնչական սկզբունքներուն յարինք։ Օրինակ, Քրիստոնեաները բծախնդիր են որ արիւնէ հեռու մնալու Աստուածաշունչի պատուէրին հնազանդին, եւ կը մերժեն ախտաճանաչման կամ բուժական որեւէ մեթոտ, որ ոգեհարցութեան հետ կապ ունի։ (Գործք 15։28, 29. Գաղատացիս 5։19-21) Սակայն դարմանումի ընտրութիւնները կրնան շփոթութիւն ստեղծել անոնց, որոնք բժշկական մարզում չունին։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել կատարելապէս զգաստ ըլլալու։

12. Քրիստոնեան ի՞նչպէս կրնայ իր հաւասարակշռութիւնը պահել, երբ դարմանումի ընտրութիւններ նկատի կ’առնէ։

12 «Խելացին իր քայլերը կը քննէ», Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական հրատարակութիւնները հետազօտելով։ (Առակաց 14։15) Երկրագունդի այն մասերուն մէջ, ուր բժիշկներն ու հիւանդանոցները սակաւաթիւ են, բոյսերով պատրաստուած աւանդական դեղերը կրնան միակ մատչելի դարմանումը ըլլալ։ Այս դարմանումի վերաբերեալ օգտակար տեղեկութիւններ ներկայացուած են Դիտարան 15 Ապրիլ 1987 թիւին մէջ, էջ 26-29 (Անգլերէն)։ Անիկա որոշ վտանգներ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։ Օրինակ, հարկ կայ որ հետեւեալը ստուգենք. աւանդական բուժում մատակարարողը ոգեհարցութեամբ կը զբաղի՞։ Դարմանումը հիմնուա՞ծ է այն գաղափարին վրայ, թէ բարկացող չաստուածները, նախահայրերու ոգիները եւ կախարդութիւն գործածող թշնամիները կը պատճառեն հիւանդութիւնն ու մահը։ Դեղը պատրաստելու կամ գործածելու ատեն՝ զոհեր, դիւթանք կամ այլ ոգեհարցական ծէսեր կը ներկայացուի՞ն։ (Բ. Օրինաց 18։10-12) Այսպիսի պրպտում մը պիտի օգնէ մեզի որ սա ներշնչեալ խրատին անսանք. «Քննեցէ՛ք ամէն բան, բարի՛ն ամուր բռնեցէք»։ * (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21, ԱՎ) Անիկա պիտի օգնէ մեր հաւասարակշռութիւնը պահելու։

13, 14. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք բանաւորութեամբ հոգ տանիլ մեր ֆիզիքական առողջութեան։ (բ) Ինչո՞ւ բանաւորութեան կարիք կայ, երբ ուրիշներու հետ կը խօսակցինք առողջապահական ու բժշկական հարցերու շուրջ։

13 Կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ բանաւորութեան կարիք կայ, ի ներառեալ՝ ֆիզիքական առողջութեան հոգ տանիլը։ (Փիլիպպեցիս 4։5) Մեր առողջութեան հաւասարակշռուած ուշադրութիւն ընծայելը, կեանքի թանկագին պարգեւին հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տայ։ Իսկ երբ հիւանդանանք, տեղին է որ դարմանում փնտռենք։ Սակայն կատարեալ առողջութիւնը հասանելի պիտի չըլլայ, մինչեւ որ «հեթանոսներուն բժշկութիւն» ըլլալու Աստուծոյ ժամանակը գայ։ (Յայտնութիւն 22։1, 2) Պէտք է զգուշանանք ֆիզիքական առողջութեամբ ա՛յնքան զբաղելէ, որ մեր աւելի կարեւոր եղող հոգեւոր կարիքները անտեսուին։—Մատթէոս 5։3. Փիլիպպեցիս 1։10

14 Հաւասարակշռութիւն եւ բանաւորութիւն նաեւ պէտք է ցոյց տանք, երբ ուրիշներու հետ կը խօսակցինք առողջապահական ու բժշկական հարցերու շուրջ։ Այս նիւթերը մեր խօսակցութեան առանցքը պէտք չէ կազմեն, երբ հոգեւոր ընկերակցութեան համար կը հաւաքուինք քրիստոնէական ժողովներուն եւ համաժողովներուն։ Ասկէ զատ, բժշկական որոշումները յաճախ կը պարփակեն Աստուածաշունչի սկզբունքները, անհատին խղճմտանքը եւ Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը։ Հետեւաբար անսիրալիր բան է որ մեր տեսակէտները հաւատակիցի մը պարտադրենք կամ ճնշում բանեցնենք որ իր խղճմտանքին տուած ուղղութիւնը անտեսէ։ Թէեւ կարելի է ժողովքին հասուն անդամներուն կարծիքը հարցնել, սակայն իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ որոշումներ կայացնելու պատասխանատուութեան «իր բեռը պիտի կրէ», եւ «մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։—Գաղատացիս 6։5. Հռովմայեցիս 14։12, 22, 23

Երբ ճնշիչ պարագաներ կը դիմագրաւենք

15. Ճնշիչ պարագաները ի՞նչպէս կրնան մարտահրաւէր մը ներկայացնել։

15 Ճնշիչ պարագաները կրնան պատճառ ըլլալ որ նոյնիսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները անխոհեմաբար խօսին կամ վարուին։ (Ժողովողի 7։7) Խիստ փորձութեան ներքեւ, Յոբ որոշ չափով իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց, ապա ստիպուեցաւ իր մտածելակերպը սրբագրել։ (Յոբայ 35։2, 3. 40։6-8) Թէեւ «Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի», սակայն առիթով մը զայրացաւ եւ անխոհեմօրէն խօսեցաւ։ (Թուոց 12։3. 20։7-12. Սաղմոս 106։32, 33) Դաւիթ Սաւուղ թագաւորը չսպաննելով հիանալի ինքնազսպում ցուցաբերեց, բայց երբ Նաբաղ զինք ու իր մարդիկը նախատեց, ան ծայրաստիճան կատղեցաւ եւ իր լաւ դատողութիւնը կորսնցուց։ Միայն երբ Աբիգիա միջամտեց, Դաւիթ զգաստացաւ ու աղիտալի սխալ մը գործելէ ետ կեցաւ։—Ա. Թագաւորաց 24։3-8. 25։9-13, 32, 33

16. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ անխոհեմաբար վարուելէ խուսափինք։

16 Մենք ալ կրնանք ճնշիչ պարագաներ դիմագրաւելով լաւ դատողութիւն չգործածել։ Դաւիթի նման, ուրիշներու տեսակէտները ուշադրութեամբ կշռելը կրնայ մեզի օգնել որ խուսափինք անխոհեմաբար վարուելէ ու մեղանչելէ։ (Առակաց 19։2) Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Դողացէ՛ք, եւ մի՛ մեղանչէք. մտածեցէ՛ք ձեր անկողինին վրայ, ու լռեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 4։4, ԱՎ) Խոհեմութիւն է սպասել մինչեւ որ հանդարտինք, ապա քայլ առնել կամ որոշում կայացնել։ (Առակաց 14։17, 29) Կրնանք ջերմեռանդօրէն Եհովայի աղօթել, իսկ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Այս աստուածատուր անդորրութիւնը մեզ պիտի ամրապնդէ ու օգնէ կատարելապէս զգաստ ըլլալու։

17. Կատարելապէս զգաստ ըլլալու համար, ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է ապաւինինք։

17 Հակառակ վտանգներէ խուսափելու եւ խոհեմօրէն վարուելու մեր լաւագոյն ջանքերուն, բոլորս սխալներ կը գործենք։ (Յակոբու 3։2) Կարելի է որ սխալ ու կործանարար քայլ մը առնելու վրայ ըլլանք, բոլորովին անտեղեակ ըլլալով։ (Սաղմոս 19։12, 13) Իսկ մարդկային արարածներ ըլլալով, Եհովայէ անկախ մեր քայլերը ուղղելու ո՛չ կարողութիւն, ո՛չ ալ իրաւունք ունինք։ (Երեմեայ 10։23) Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ ան մեզ կը հաւաստիացնէ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։ (Սաղմոս 32։8) Այո, Եհովայի օգնութեամբ կրնանք կատարելապէս զգաստ ըլլալ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Առեւտրական համաձայնագիրներու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1997, էջ 30-31 (Անգլերէն). 1 Մայիս 1987, էջ 27-28. եւ Զարթի՛ր 8 Փետրուար 1983, էջ 13-15, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 12 Այս մօտեցումը նաեւ կ’օգտէ անոնց, որոնք որոշ հիւանդութեան մը մասին հակաճառելի դարմանումի փոխընտրութիւններ նկատի կ’առնեն։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

Ի՞նչպէս կրնանք զգաստ ըլլալ

• եթէ առեւտրական ձեռնարկ մը առաջարկուի։

• երբ կողակից մը կը փնտռենք։

• երբ առողջապահական խնդիրներ կը դիմագրաւենք։

• երբ ճնշիչ պարագաներ կը դիմագրաւենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 25]

Անոր կրնա՞ս վստահիլ

Ամուրիներու յատուկ ցանցակայքերու վրայ հետեւեալ ժխտումները կը կարդանք.

«Ի հեճուկս մեր լաւագոյն ջանքերուն, ոչինչ կ’երաշխաւորէ անհատի մը իսկական ինքնութիւնը»։

«Ներկայացուած որեւէ տեղեկութեան ճշգրտութիւնը, լրումը կամ օգտակարութիւնը չենք երաշխաւորեր»։

«Ներկայացուած կարծիքները, խրատները, յայտարարութիւնները, առաջարկները կամ այլ տեղեկութիւններ, իրենց հեղինակներուն կը պատկանին . . . եւ պայման չէ որ վստահելի ըլլան»։

[Նկար՝ էջ 24]

Քրիստոնեայ երիտասարդուհին ի՞նչպէս կրնայ կոյս Սունամացին ընդօրինակել

[Նկարներ՝ էջ 26]

«Քննեցէ՛ք ամէն բան, բարի՛ն ամուր բռնեցէք»

[Նկար՝ էջ 27]

«Խելացին իր քայլերը կը քննէ»