Հետզհետէ լուսաւորուող ճամբային մէջ քալել
Հետզհետէ լուսաւորուող ճամբային մէջ քալել
«Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։—ԱՌԱԿԱՑ 4։18
1, 2. Եհովայէ եկած յաւելեալ հոգեւոր լոյսը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է իր ժողովուրդին վրայ։
ԼՈՅՍԻ Աղբիւրը՝ Եհովա Աստուած գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ ծագող արեւին ազդեցութիւնը գիշերուան խաւարին վրայ։ (Սաղմոս 36։9) Ան կ’ըսէ. ‘Երբ արշալոյսը երկրի ծայրերը կը բռնէ, երկիրը կը փոխուի՝ ինչպէս կաւը կնիքի տակ, եւ ամէն ինչ զարդարուած հանդերձի պէս կը ներկայանայ’։ (Յոբայ 38։12-14, ԱՎ) Արեւէն յաւելեալ լոյս ստանալով, երկրին երեւոյթը աւելի յստակ կը դառնայ, ինչպէս կնիքի մը դրոշմը փոփոխութեան կ’ենթարկէ կակուղ կաւը։
2 Եհովա նաեւ հոգեւոր լոյսին Աղբիւրն է։ (Սաղմոս 43։3) Մինչ աշխարհ թանձր խաւարի մէջ կը մնայ, ճշմարիտ Աստուածը կը շարունակէ իր ժողովուրդին վրայ լոյս սփռել։ Արդի՞ւնքը։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ (Առակաց 4։18) Եհովայէ եկած յաւելեալ լոյսը կը շարունակէ իր ժողովուրդին ճամբան լուսաւորել։ Անիկա կը զտէ զանոնք կազմակերպչական, վարդապետական ու բարոյական գետնի վրայ։
Լուսաւորման շնորհիւ՝ կազմակերպչական ճշդումներ
3. Եսայեայ 60։17–ի մէջ ի՞նչ խոստացուած է։
3 Եսայի մարգարէին միջոցով, Եհովա նախագուշակեց. «Պղինձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, երկաթի տեղ՝ արծաթ, փայտերու տեղ՝ պղինձ, քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ»։ (Եսայեայ 60։17) Ինչպէս արժէքաւոր բան մը ցածորակ բանի մը տեղը առնելը բարելաւում կը նշէ, Եհովայի Վկաները բարեփոխած են իրենց կազմակերպչական կարգադրութիւնները «իրերու դրութեան վախճանին» կամ «վերջին օրեր»ուն ընթացքին։—Մատթէոս 24։3, ՆԱ. Բ. Տիմոթէոս 3։1
4. Ի՞նչ կարգադրութիւն 1919–ին ի զօրու դարձաւ եւ ի՞նչպէս օգտակար էր։
4 Վերջին օրերու սկիզբը, Աստուածաշունչի Աշակերտներու ժողովքները, ինչպէս Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ատեն, ժողովրդավարական կերպով կ’ընտրէին իրենց երէցներն ու սարկաւագները։ Սակայն կարգ մը երէցներ աւետարանելու իսկական հոգին չունէին։ Ոմանք քարոզչութեան մասնակցելու ո՛չ միայն կը վարանէին, այլեւ՝ ուրիշները կը քաջալերէին որ չմասնակցին։ Ուստի 1919–ին նոր պաշտօն մը հաստատուեցաւ իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ,– ծառայութեան տեսուչ։ Ծառայութեան տեսուչը ժողովքին կողմէ չէր ընտրուեր, այլ՝ աստուածպետականօրէն կը նշանակուէր Աստուծոյ ժողովուրդի մասնաճիւղին կողմէ։ Նշանակուած տեսուչին պատասխանատուութիւնները կը պարփակէին՝ քարոզչութիւնը
կազմակերպել, թաղամասեր նշանակել եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը քաջալերել։ Այսպէս Թագաւորութեան քարոզչութիւնը մեծ թափ ստացաւ։5. Ի՞նչ ճշդում տեղի ունեցաւ 1920–ական թուականներուն։
5 1922–ին, Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համաժողովին տրուած յորդորը՝ «Ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը», ժողովքի բոլոր անդամները ա՛լ աւելի կազդուրեց։ Իսկ 1927–ին, արդէն դաշտի ծառայութիւնը կազմակերպուած էր ու Կիրակի օրը կը նկատուէր տունէ տուն քարոզչութեան ամենայարմար օրը, քանի որ մարդոց մեծամասնութեան հանգստեան օրն էր։ Ներկայիս Եհովայի Վկաները նոյն հոգին կը ցուցաբերեն, ջանալով մարդոց այցելել այն ժամերուն երբ շատ հաւանական է որ տունը գտնուին, ինչպէս՝ շաբաթավերջերն ու երեկոները։
6. Ի՞նչ որոշում որդեգրուեցաւ 1931–ին, եւ ասիկա ի՞նչպէս ազդեց Թագաւորութեան քարոզչութեան։
6 Կիրակի կէսօրէ ետք՝ 26 Յուլիս 1931–ին, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը մեծ թափ ստացաւ, որոշում մը որդեգրուելով, նախ՝ Գոլըմպըսի համաժողովին մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), ապա համայն աշխարհի մէջ։ Մասամբ, որոշումը նշեց. «Մենք Եհովա Աստուծոյ ծառաներն ենք եւ յանձնարարութիւն ստացած ենք որ իր անունով գործ մը կատարենք ու իր պատուէրին հնազանդելով Յիսուս Քրիստոսի պատգամը հաղորդենք եւ մարդոց գիտցնենք թէ Եհովա ճշմարիտ ու Ամենակալ Աստուածն է. հետեւաբար, ուրախութեամբ կ’որդեգրենք այն անունը որ Տէր Աստուծոյ բերանով ըսուած է, եւ կը փափաքինք ճանչցուիլ որպէս Եհովայի վկաներ»։ (Եսայեայ 43։10) Նոր անունը որքա՜ն յստակօրէն բնորոշեց զայն կրողներուն գլխաւոր գործունէութիւնը։ Այո, Եհովա իր բոլոր ծառաներուն համար գործ մը ունէր, իսկ ընդառաջումը՝ ընդհանուր առմամբ խանդավառ էր։
7. Ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ 1932–ին եւ ինչո՞ւ։
7 Երէցներէն շատեր խոնարհութեամբ իրենք զիրենք քարոզչութեան տրամադրեցին։ Սակայն կարգ մը ժողովքներու մէջ, ընտրուած երէցները հակառակեցան այն գաղափարին թէ ժողովքի բոլոր անդամները հանրային քարոզչութեան պէտք է մասնակցին։ Շատ չանցած, յաւելեալ ճշդում մը տեղի ունեցաւ։ Դիտարան–ը 1932–ին, ժողովքներուն հրահանգ փոխանցեց որ այլեւս երէցներ ու սարկաւագներ չընտրեն, այլ՝ ծառայութեան յանձնախումբ մը ընտրեն, որ հանրային քարոզչութեան մասնակցող հոգեւոր տղամարդոցմէ կը բաղկանայ։ Այսպէս վերատեսչութիւնը վստահուեցաւ ծառայութեան մէջ գործունեայ եղողներուն, եւ գործը յառաջդիմեց։
Յաւելեալ լոյսին շնորհիւ՝ բարելաւումներ
8. Ի՞նչ ճշդում տեղի ունեցաւ 1938–ին։
8 Լոյսը ‘հետզհետէ կը շողար’։ Ընտրութեան բոլորովին վերջ դրուեցաւ 1938–ին։ Ժողովքին բոլոր ծառաները աստուածպետականօրէն պէտք էր նշանակուէին, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին վերատեսչութեան ներքեւ։ (Մատթէոս 24։45-47) Եհովայի Վկաներու գրեթէ բոլոր ժողովքները իսկոյն ընդունեցին այս փոփոխութիւնը, եւ վկայութեան գործը շարունակեց պտուղ տալ։
9. Ի՞նչ կարգադրութիւն 1972–ին հաստատուեցաւ, եւ ասիկա ինչո՞ւ բարելաւում մըն էր։
9 1 Հոկտեմբեր 1972–էն սկսեալ, ժողովքային վերատեսչութեան վերաբերեալ այլ ճշդում մը ի զօրու դարձաւ։ Եհովայի Վկաներու բոլոր ժողովքներուն մէջ, ժողովքի ծառայ կամ տեսուչ կարգադրութիւնը փոխարինուեցաւ երէցներու մարմինի կարգադրութեամբ։ Այս նոր կարգադրութիւնը հասուն տղամարդիկը մեծապէս քաջալերեց որակեալ ըլլալու, որպէսզի ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7) Որպէս արդիւնք, բազմաթիւ եղբայրներ ժողովքային պատասխանատուութիւններու հոգ տանելու մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգեցին։ Անոնք մեծ դեր խաղցած են Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունող նորեկները հովուելու մէջ։
10. Ի՞նչ կարգադրութիւն 1976–ին հաստատուեցաւ։
10 Կառավարիչ Մարմինը վեց յանձնախումբերու վերածուեցաւ, եւ 1 Յունուար 1976–էն սկսեալ, այս յանձնախումբերը սկսան վերահսկել կազմակերպութեան եւ ժողովքներուն բոլոր գործունէութիւններուն վրայ։ Թագաւորութեան գործին բոլոր երեսակները ‘բազմաթիւ խորհրդականներով’ առաջնորդուիլը իրապէս օրհնութիւն մը եղած է։—Առակաց 15։22. 24։6
11. Ի՞նչ բարեփոխում տեղի ունեցաւ 1992–ին եւ ինչո՞ւ։
11 Յաւելեալ բարեփոխում մը տեղի ունեցաւ 1992–ին, որ կարելի է համեմատել այն կարգադրութեան հետ որ որոշուեցաւ, երբ Իսրայելացիները եւ ուրիշներ բաբելոնական աքսորէն վերադարձան։ Այդ ատեն, տաճարի ծառայութեան հոգ տանելու համար բաւարար Ղեւտացիներ չկային։ Ուստի Իսրայելացի չեղող Նաթանայիմներուն յաւելեալ պարտականութիւններ տրուեցան, Ղեւտացիներուն օգնելու համար։ Նմանապէս, 1992–ին «ուրիշ ոչխարներ»էն ոմանք յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստացան, որպէսզի հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին օգնեն, մինչ անոր գործունէութիւնները կ’ընդարձակուին։ Անոնք Կառավարիչ Մարմինի յանձնախումբերուն որպէս օգնականներ նշանակուեցան։—Յովհաննու 10։16
12. Եհովա մեզի ի՞նչպէս խաղաղութիւնը նշանակած է իբր վերատեսուչ։
12 Այս բոլորին արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ «Խաղաղութի՛ւնը պիտի նշանակեմ քեզի իբր վերատեսուչ, եւ արդարութիւնը՝ իբր գործավար», կ’ըսէ Եհովա։ (Եսայեայ 60։17, ԱՎ) Ներկայիս Եհովայի ծառաներուն մէջ «խաղաղութիւն» կը տիրէ, եւ «արդարութեան» սէրը իրենց գործավարն է, այսինքն՝ Աստուծոյ ծառայելու մղիչ ոյժը։ Անոնք լաւ կազմակերպուած են Թագաւորութեան քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը կատարելու։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20
Եհովա վարդապետութիւններու նկատմամբ ճամբան կը լուսաւորէ
13. Վարդապետութիւններու նկատմամբ, Եհովա իր ժողովուրդին ճամբան ի՞նչպէս լուսաւորեց 1920–ական թուականներուն։
13 Վարդապետութիւններու նկատմամբ ալ Եհովա իր ժողովուրդին ճամբան աստիճանաբար կը լուսաւորէ։ Յայտնութիւն 12։1-9–ն օրինակ մըն է։ Համարները կ’ակնարկեն երեք խորհրդանիշներու,– «կին մը» որ յղի է ու ծնունդ կու տայ, «վիշապ մը» եւ «արու զաւակ մը»։ Գիտե՞ս անոնց բացատրութիւնը։ Իւրաքանչիւրը բնորոշուեցաւ «Ազգին ծնունդը» խորագրով յօդուածին մէջ, որ լոյս տեսաւ Դիտարան 1 Մարտ 1925 թիւին մէջ։ Այդ յօդուածը օգնեց Աստուծոյ ժողովուրդին որ յստակօրէն հասկնայ Թագաւորութեան ծնունդին վերաբերեալ մարգարէութիւնները եւ ըմբռնէ թէ երկու կազմակերպութիւններ կան,– Եհովայի կազմակերպութիւնը եւ Սատանայի կազմակերպութիւնը։ Իսկ 1927-1928, Աստուծոյ ժողովուրդին յայտնի եղաւ թէ Ծնունդը եւ ծննդեան տարեդարձը անաստուածաշնչական են, եւ դադրեցան զանոնք տօնելէ։
14. Վարդապետական ի՞նչ ճշմարտութիւններ յստակ դարձան 1930–ական թուականներուն։
14 Երեք վարդապետական ճշմարտութիւններու վրայ լոյս սփռուեցաւ 1930–ական թուականներուն։ Երկար ժամանակ, Աստուածաշունչի Աշակերտները գիտէին թէ Յայտնութիւն 7։9-17–ի մէջ նշուած «մեծ բազմութիւն»ը 144,000–էն տարբեր էր, որոնք Քրիստոսի հետ պիտի իշխէին որպէս թագաւորներ ու քահանաներ։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1-5) Սակայն մեծ բազմութեան ինքնութիւնը աղօտ մնաց։ Երբ 1935–ը եկաւ, արշալոյսին յաւելեալ լոյսին նման որ անորոշ առարկաները կը յստակացնէ, մեծ բազմութիւնը բնորոշուեցաւ որպէս «մեծ նեղութենէն» վերապրողներ, որոնք երկրի վրայ յաւերժ ապրելու հեռանկարը ունին։ Նոյն տարին, յստակացում մը ներկայացուեցաւ որ կարգ մը երկիրներու մէջ դպրոց յաճախող Վկաներուն ազդեց։ Մինչ համայն աշխարհի մէջ հայրենասիրութիւնը կը հրահրուէր, Վկաները գիտակցեցան թէ դրօշակը բարեւելը պարզ արարողութիւն մը չէր։ Յաջորդ տարին, վարդապետական այլ ճշմարտութիւն մը բացատրուեցաւ,– Քրիստոս ցիցի վրայ մեռաւ եւ ո՛չ թէ՝ խաչի վրայ։—Գործք 10։39
15. Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս շեշտ դրուեցաւ արեան սրբութեան վրայ։
15 Բ. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք, որուն ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն արիւն ներարկելը սովորական դարձած էր, արեան սրբութեան վրայ յաւելեալ լոյս սփռուեցաւ։ Դիտարան 1 Յուլիս 1945 թիւը քաջալերեց «Եհովայի բոլոր երկրպագուները, որոնք կ’ուզեն իր արդար նոր աշխարհին մէջ յաւերժ ապրիլ, որ արեան սրբութիւնը յարգեն ու այս կենսական հարցին շուրջ Աստուծոյ արդար կանոններուն ենթարկուին»։
16. Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ե՞րբ լոյս տեսաւ, եւ անոր յատկանշական երեսակներէն երկուքը ի՞նչ են։
16 Բացայայտ դարձաւ 1946–ին, թէ Աստուածաշունչի նոր թարգմանութեան մը կարիք կար, որ կ’օգտագործէր Աստուածաշունչի գիտութեան նորագոյն տուեալները եւ զերծ կը մնար Քրիստոնեայ Աշխարհի աւանդութիւններուն վրայ հիմնուած վարդապետութիւններէն։ Այդ թարգմանութեան աշխատանքը Դեկտեմբեր 1947–ին սկսաւ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Անգլերէնով լոյս տեսաւ 1950–ին։ Անգլերէն լեզուով Եբրայերէն Գրութիւնները հինգ հատորներով հրատարակուեցան՝ 1953–էն մինչեւ 1960։ Այսպէս թարգմանութեան ծրագիրը առաւ աւելի քան 12 տարի։ Ապա լոյս տեսաւ ամբողջ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը որպէս մէկ հատոր՝ 1961–ին։ Այժմ անիկա բազմաթիւ լեզուներով մատչելի է եւ յատկանշական երեսակներ ունի, ինչպէս՝ կը գործածէ աստուածային անունը, Եհովա։ Ասկէ զատ, բնագիրները բառացիօրէն թարգմանելը օգնած է աստուածային ճշմարտութեան հասկացողութեան մէջ յառաջդիմելու։
17. Ի՞նչ յաւելեալ լոյս սփռուեցաւ 1962–ին։
17 Հռովմայեցիս 13։1–ի մէջ (ՆԱ) նշուած «վերին իշխանութիւններ»ը եւ Քրիստոնեային հպատակութեան տարողութիւնը բացատրուեցան 1962–ին։ Խորազնին ուսումնասիրութիւնը Հռովմայեցիս 13–րդ գլուխի, Տիտոս 3։1, 2–ի, Ա. Պետրոս 2։13, 17–ի եւ այլ համարներու, յստակ դարձուց թէ «վերին իշխանութիւններ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ո՛չ թէ Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի, այլ՝ մարդկային կառավարութիւններուն։
18. Ի՞նչ ճշմարտութիւններ յստակացան 1980–ական թուականներուն։
18 Արդարներուն ճամբան շարունակեց աւելի պայծառ դառնալ, եւ 1985–ին յստակացաւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ «կեանքի» արդարանալ եւ ի՛նչ կը նշանակէ իբր Աստուծոյ բարեկամ արդարանալ։ (Հռովմայեցիս 5։18. Յակոբու 2։23) Քրիստոնէական Յոբելեանի իմաստը լիովին բացատրուեցաւ 1987–ին։
19. Վերջին տարիներուն, Եհովա իր ժողովուրդին ի՞նչպէս յաւելեալ հոգեւոր լոյս հայթայթած է։
19 «Ոչխարներ»ը «այծեր»էն զատելը յստակօրէն հասկցուեցաւ 1995–ին։ Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքը՝ 1998–ին մանրամասնօրէն բացատրուեցաւ, որ արդէն կը կատարուի։ Յստակացում տրուեցաւ 1999–ին՝ թէ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս ‘աւերմունքին պղծութիւնը սուրբ տեղը կը կենայ’։ (Մատթէոս 24։15, 16. 25։32) Իսկ 2002–ին, ցոյց տրուեցաւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» Աստուած պաշտել։—Յովհաննու 4։24
20. Աստուծոյ ժողովուրդը ուրիշ ի՞նչ մարզի մէջ ճշդումներ կատարած է։
20 Կազմակերպչական ու վարդապետական բարեփոխումներուն կողքին, քրիստոնէական վարքին առնչութեամբ ալ ճշդումներ տեղի ունեցած են։ Օրինակ, 1973–ին, ծխախոտի գործածութիւնը ‘մարմինի պղծութիւն’ եւ լուրջ յանցագործութիւն նկատուեցաւ։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Տասնեակ մը ետք, Դիտարան 15 Յուլիս 1983 թիւը յստակացուց մեր կեցուածքը հրազէն գործածելու նկատմամբ։ Ասոնք մեր օրերուն սփռուած յաւելեալ լոյսին քանի մը օրինակներն են։
Հետզհետէ լուսաւորուող ճամբային մէջ շարունակէ քալել
21. Ի՞նչ կեցուածք ունենալը պիտի օգնէ մեզի որ հետզհետէ լուսաւորուող ճամբային մէջ շարունակենք քալել։
21 «Փոփոխութիւն մը ընդունիլը եւ անոր յարմարիլը կրնայ դժուար ըլլալ», կ’ըսէ երկար ատենէ ծառայող երէց մը։ Ի՞նչ բան իրեն օգնած է ընդունելու այն բարեփոխումները, որոնք տեղի ունեցան իր ծառայութեան 48 տարուան ընթացքին։ Ան կը պատասխանէ. «Շիտակ մտածելակերպ ունենալը գլխաւոր ազդակն է։ Բարեփոխում մը մերժելը կը նշանակէ ետեւ մնալ, մինչ կազմակերպութիւնը կը յառաջդիմէ։ Եթէ փոփոխութիւնը ընդունիլը շատ դժուար թուի, կը խոկամ Յիսուսի ուղղուած Պետրոսի խօսքերուն վրայ. ‘Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. դո՛ւն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը’։ Ապա հարց կու տամ. ‘Ո՞ւր պիտի երթամ այս խաւար աշխարհին մէջ’։ Ասիկա ինծի կ’օգնէ որ ամրօրէն կառչիմ Աստուծոյ կազմակերպութեան»։—Յովհաննու 6։69, ԱՎ
22. Լոյսին մէջ քալելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
22 Անտարակոյս, աշխարհը թանձր խաւարի մէջ է։ Մինչ Եհովա կը շարունակէ իր ժողովուրդին վրայ լոյս սփռել, անոնց եւ աշխարհայիններուն միջեւ խրամատը կ’ընդարձակուի։ Այս լոյսը մեզի համար ի՞նչ կ’ընէ։ Ինչպէս մութ ճամբային վրայ գտնուող փոս մը լուսաւորելը չի վերցներ զայն, նոյնպէս Աստուծոյ Խօսքին լոյսը չի ջնջեր որոգայթները, բայց վստահաբար մեզի կ’օգնէ անոնցմէ խուսափելու, որպէսզի շարունակենք հետզհետէ լուսաւորուող ճամբային մէջ քալել։ Ուստի շարունակենք ուշադիր ըլլալ Եհովայի մարգարէական խօսքին, «որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը»։—Բ. Պետրոս 1։19
Կը յիշե՞ս
• Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչ կազմակերպչական բարեփոխումներ ունեցած է։
• Յաւելեալ լոյսին շնորհիւ, ի՞նչ վարդապետական ճշդումներ տեղի ունեցած են։
• Անձամբ ի՞նչ բարեփոխումներ տեսած ես, եւ ի՞նչ բան քեզի օգնած է զանոնք ընդունելու։
• Ինչո՞ւ կ’ուզես շարունակել հետզհետէ լուսաւորուող ճամբային մէջ քալել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 15]
1922–ի Սիտըր Փոյնթի համաժողովը կազդուրեց Աստուածաշունչի Աշակերտները որ Աստուծոյ գործը կատարեն
[Նկար՝ էջ 17]
Ն. Հ. Նոր 1950–ին կը ծանուցանէ՝ «Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան» հրատարակուիլը
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 14]
© 2003 BiblePlaces.com