«Հօտին օրինակ» եղող հովիւներ
«Հօտին օրինակ» եղող հովիւներ
«Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք . . . կամաւ, . . . յօժարութեամբ, . . . հօտին օրինակ ըլլալով»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 5։2, 3
1, 2. (ա) Յիսուս Պետրոս առաքեալին ի՞նչ առանձնաշնորհում շնորհեց, եւ իր վստահութիւնը ինչո՞ւ տեղին էր։ (բ) Եհովա նշանակուած հովիւները ի՞նչպէս կը նկատէ։
ԺԱՄԱՆԱԿԸ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն քիչ առաջ էր։ Գալիլիայի ծովու ափին, Պետրոս եւ վեց աշակերտներ Յիսուսի պատրաստած նախաճաշը կ’ուտէին։ Ասիկա առաջին անգամը չէր որ Պետրոս յարուցեալ Յիսուսը կը տեսնէր, եւ անկասկած ուրախ էր անոր ողջ ըլլալով։ Բայց Պետրոս թերեւս մտահոգ էր, քանի որ քանի մը օր առաջ, հանրապէս ուրացած էր զինք։ (Ղուկաս 22։55-60. 24։34. Յովհաննու 18։25-27. 21։1-14) Յիսուս զղջահար Պետրոսը իր անհաւատութեան համար յանդիմանե՞ց։ Ո՛չ։ Ան Պետրոսի շնորհեց իր «գառնուկներ»ը կերակրելու եւ հովուելու առանձնաշնորհումը։ (Յովհաննու 21։15-17) Ինչպէս առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին աստուածաշնչական արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, Պետրոսի հանդէպ Յիսուսի վստահութիւնը տեղին էր։ Երուսաղէմի մէջ միւս առաքեալներուն եւ երէցներուն հետ, Պետրոս քրիստոնէական ժողովքը հովուեց՝ խիստ փորձութիւններու եւ արագ ընդարձակումի ընթացքին։—Գործք 1։15-26. 2։14. 15։6-9
2 Ներկայիս, Եհովա Յիսուս Քրիստոսի միջոցով որակեալ տղամարդիկ նշանակած է որպէս հոգեւոր հովիւներ, Իր ոչխարները առաջնորդելու համար մարդկային պատմութեան ամենէն վտանգաւոր ժամանակին մէջ։ (Եփեսացիս 4։11, 12. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Այս վստահութիւնը տեղին եղած է, ինչպէս համաշխարհային քրիստոնէական խաղաղ եղբայրութիւնը կ’ապացուցանէ։ Ճիշդ է որ այս հովիւները Պետրոսի նման սխալական մարդիկ են։ (Գաղատացիս 2։11-14. Յակոբու 3։2) Այսուհանդերձ Եհովա անոնց կը վստահի իր ոչխարներուն հոգատարութիւնը, որոնք իր Որդիին «արիւնովը ստացաւ»։ (Գործք 20։28) Եհովա այս տղամարդոց հանդէպ խոր խանդաղատանք ունի, զանոնք «կրկին պատիւի արժանի» սեպելով։—Ա. Տիմոթէոս 5։17
3. Հոգեւոր հովիւները ի՞նչպէս կամեցողութեան հոգին կը պահպանեն։
3 Հոգեւոր հովիւները ի՞նչպէս կամեցողութեան հոգին կը պահպանեն, հօտին օրինակ հանդիսանալով։ Պետրոսի ու առաջին դարու այլ հովիւներու նման, անոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիին կ’ապաւինին, որ պատասխանատուութեան իրենց բեռը կրելու հարկ եղած զօրութիւնը կու տայ իրենց։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Սուրբ հոգին նաեւ անոնց մէջ հոգիին պտուղը կ’արտադրէ,– սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն եւ ինքնազսպում։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Նկատի առնենք կարգ մը մասնայատուկ կերպեր, որոնցմով հովիւները կրնան այս պտուղը ցուցաբերելու մէջ օրինակ հանդիսանալ, մինչ Աստուծոյ հօտը կը հովուեն։
Սիրեցէք թէ՛ հօտը եւ թէ իւրաքանչիւր ոչխարը
4, 5. (ա) Եհովա ու Յիսուս հօտին հանդէպ ի՞նչպէս սէր կը ցուցաբերեն։ (բ) Ի՞նչ են այն կերպերէն ոմանք, որոնցմով հոգեւոր հովիւները հօտին հանդէպ սէր կը ցուցաբերեն։
4 Աստուծոյ հոգիին արտադրած գլխաւոր յատկութիւնը սէրն է։ Եհովա ամբողջ հօտին հանդէպ իր սէրը կը ցուցաբերէ, հոգեւոր Եսայեայ 65։13, 14. Մատթէոս 24։45-47) Սակայն ան հօտը կերակրելէ աւելին կ’ընէ,– իւրաքանչիւր ոչխարի հանդէպ գորով կը զգայ։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Յիսուս ալ կը սիրէ հօտը։ Ան իր կեանքը զոհեց հօտին համար, եւ անձամբ իւրաքանչիւր ոչխար կը ճանչնայ՝ «անունով»։—Յովհաննու 10։3, 14-16
ճոխ սնունդ հայթայթելով։ (5 Հոգեւոր հովիւները Եհովան ու Յիսուսը կ’ընդօրինակեն։ Անոնք Աստուծոյ ամբողջ հօտին հանդէպ սէր կը ցուցաբերեն, ջանալով ժողովքին «սորվեցնել»։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած անոնց դասախօսութիւնները հօտը սնուցանելու եւ պաշտպանելու կը նպաստեն, իսկ այս առնչութեամբ անոնց ծանր աշխատանքը բոլորին կողմէ նկատելի է։ (Ա. Տիմոթէոս 4։13, 16) Սակայն նուազ նկատելի է այն ժամանակը, որ անոնք կը յատկացնեն արձանագրութիւններ պահելու, նամակներ նկատի առնելու, յայտագիրներ պատրաստելու եւ շատ մը այլ մանրամասնութիւններու հոգ տանելու համար, որպէսզի ժողովքային հանդիպումները եւ այլ գործունէութիւններ «վայելչութեամբ եւ կարգաւ» ըլլան։ (Ա. Կորնթացիս 14։40) Այս գործին մեծ մասը ժողովքը չի տեսներ եւ կրնայ չնչին ճանաչում ստանալ։ Անիկա իրապէս սիրով կատարուած ծառայութիւն է։—Գաղատացիս 5։13
6, 7. (ա) Հովիւները ո՞ր կերպով կրնան ոչխարներուն մօտէն ծանօթանալ։ (բ) Երբեմն ինչո՞ւ օգտակար է որ մեր զգացումները երէցի մը յայտնենք։
6 Քրիստոնեայ սիրալիր հովիւները կը ջանան ժողովքի իւրաքանչիւր ոչխարով անձնապէս հետաքրքրուիլ։ (Փիլիպպեցիս 2։4) Հովիւները իւրաքանչիւր ոչխարի մօտէն կը ծանօթանան, միասնաբար հանրային քարոզչութեան մասնակցելով։ Յիսուս յաճախ իր հետեւորդներուն հետ քարոզեց ու առիթը օգտագործելով զիրենք քաջալերեց։ (Ղուկաս 8։1) Քրիստոնեայ փորձառու հովիւ մը կ’ըսէ. «Նկատած եմ թէ եղբայր մը կամ քոյր մը սերտօրէն ճանչնալու եւ քաջալերելու լաւագոյն մէկ կերպն է՝ անոր հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ»։ Եթէ վերջերս երէցի մը հետ դաշտի ծառայութեան չես մասնակցած, ինչո՞ւ շուտով չպարփակես զայն յայտագրիդ մէջ։
Ղուկաս 10։17-21, ԱՎ) Միւս կողմէ, տեսնելով Ղազարոսի մահուան ազդեցութիւնը Մարիամի եւ անոր ընտանիքին ու բարեկամներուն վրայ, «Յիսուս լացաւ»։ (Յովհաննու 11։33-35) Նմանապէս այսօր, հոգածու հովիւները ոչխարներուն զգացումներուն հանդէպ անտարբեր չեն։ Սէրը կը մղէ զիրենք որ ‘խնդացողներուն հետ խնդան եւ լացողներուն հետ լան’։ (Հռովմայեցիս 12։15) Քրիստոնեայ հովիւներուն յայտնէ թէ՛ ուրախ եւ թէ տխուր զգացումներդ։ Ուրախութեանդ մասին իմանալով, անոնք պիտի քաջալերուին։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12) Իսկ փորձութիւններուդ մասին տեղեկանալով, անոնք պիտի կարենան քեզ զօրացնել ու մխիթարել։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6. 3։1-3
7 Սէրը մղեց Յիսուսը որ իր հետեւորդներուն ուրախութիւններուն ու վիշտերուն մասնակից ըլլայ։ Օրինակ, երբ 70 աշակերտները քարոզելէ ետք ուրախութեամբ վերադարձան, Յիսուս «ցնծաց»։ (8, 9. (ա) Երէց մը իր կնոջ հանդէպ ի՞նչպէս սէր ցուցաբերեց։ (բ) Որքա՞ն կարեւոր է որ հովիւ մը իր ընտանիքը սիրէ։
8 Հօտին հանդէպ հովիւի մը ունեցած սէրը յատկապէս յայտնի կ’ըլլայ իր ընտանիքին հետ վարուած կերպէն։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1, 4) Եթէ ամուսնացած է, իր կինը սիրելով ու պատուելով օրինակ կը հանդիսանայ ուրիշ ամուսիններու։ (Եփեսացիս 5։25. Ա. Պետրոս 3։7) Նկատի առ Լինտա անունով Քրիստոնեայ կնոջ մը խօսքերը։ Անոր ամուսինը աւելի քան 20 տարի ծառայեց որպէս տեսուչ, մահանալէ առաջ։ Ան կ’ըսէ. «Ամուսինս միշտ զբաղած էր ժողովքին հոգ տանելով։ Բայց ան օգնեց որ զգամ թէ միասնաբար կ’աշխատէինք։ Ան յաճախ իր երախտագիտութիւնը կ’արտայայտէր աջակցութեանս համար, եւ իր ազատ ժամանակը հետս կ’անցընէր։ Հետեւաբար սիրուած կը զգայի եւ չէի նախանձեր այն ժամանակին որ կը տրամադրէր ժողովքին»։
9 Եթէ Քրիստոնեայ հովիւ մը զաւակներ ունի, զանոնք սիրալիրօրէն կրթելու եւ կանոնաւորաբար գովելու իր կերպը, ուրիշ ծնողներու օրինակ կը հանդիսանայ։ (Եփեսացիս 6։4) Իրականութեան մէջ, իր ընտանիքը սիրելով՝ ան յարատեւաբար կ’ապացուցանէ թէ սուրբ հոգիով նշանակուելով իր վրայ դրուած վստահութեան համաձայն կ’ապրի։—Ա. Տիմոթէոս 3։4, 5
Հաղորդակցելով ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն յառաջացուցէք
10. (ա) Ի՞նչ բան կրնայ ժողովքին ուրախութեան ու խաղաղութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ։ (բ) Ո՞ր հարցը առաջին դարու ժողովքին խաղաղութեան սպառնաց, եւ ի՞նչպէս լուծուեցաւ։
10 Սուրբ հոգին կրնայ ուրախութիւն ու խաղաղութիւն արտադրել Քրիստոնեային սիրտին մէջ, երէցներու մարմինին մէջ եւ ամբողջ ժողովքին մէջ։ Սակայն բաց հաղորդակցութեան պակասը ժխտականօրէն կ’ազդէ այս ուրախութեան ու խաղաղութեան։ Իմաստուն Սողոմոն նշեց. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին»։ (Առակաց 15։22) Միւս կողմէ, յարգալից ու անկեղծ հաղորդակցութիւնը ուրախութիւն ու խաղաղութիւն կը յառաջացնէ։ Օրինակ, երբ թլփատութեան հարցը սպառնաց առաջին դարու ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել, Երուսաղէմի մէջ կառավարիչ մարմինը խնդրեց սուրբ հոգիին ուղղութիւնը։ Անոնք նաեւ հարցին շուրջ իրենց տեսակէտները արտայայտեցին։ Վառ քննարկումէ ետք, անոնք որոշումի մը յանգեցան, եւ երբ իրենց միաձայն որոշումը ժողովքներուն հաղորդեցին, եղբայրները «ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար»։ (Գործք 15։6-23, 25, 31. 16։4, 5) Ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը յառաջ մղուեցան։
11. Երէցները ի՞նչպէս կրնան ժողովքին մէջ ուրախութիւն ու խաղաղութիւն յառաջացնել։
11 Նմանապէս այսօր, հովիւները ժողովքին ուրախութեան եւ խաղաղութեան կը նպաստեն՝ լաւ հաղորդակցողներ ըլլալով։ Երբ խնդիրներ ժողովքին խաղաղութեան սպառնան, անոնք կը հաւաքուին, ազատօրէն կ’արտայայտուին եւ մէկը միւսին մեկնաբանութիւնները յարգալից կերպով մտիկ կ’ընէ։ (Առակաց 13։10. 18։13) Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրելէ ետք, անոնք իրենց որոշումները կը հիմնեն Աստուածաշունչի սկզբունքներուն եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակած ուղեգծերուն վրայ։ (Մատթէոս 24։45-47. Ա. Կորնթացիս 4։6) Երէցներու մարմինը Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած որոշում մը կայացնելէ ետք, իւրաքանչիւր երէց սուրբ հոգիին ուղղութեան կ’ենթարկուի՝ այդ որոշումին թիկունք կանգնելով, նոյնիսկ եթէ միւս երէցները իր տեսակէտը չորդեգրեցին։ Այս համեստութիւնը ուրախութիւն ու խաղաղութիւն կը յառաջացնէ եւ ոչխարներուն ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ հետ քալեն։ (Միքիայ 6։8) Ժողովքի հովիւներուն կայացուցած աստուածաշնչական որոշումներուն համեստաբար նեցուկ կը կանգնի՞ս։
Համբերատար ու քաղցր եղէք
12. Ինչո՞ւ հարկ կար որ Յիսուս համբերատարութեամբ ու քաղցրութեամբ վարուէր առաքեալներուն հետ։
12 Յիսուս առաքեալներուն հետ համբերատարութեամբ ու քաղցրութեամբ վարուեցաւ, հակառակ անոնց կրկնուած թերացումներուն։ Օրինակ, ան մի քանի անգամ փորձեց անոնց միտքին մէջ դրոշմել խոնարհ ըլլալու կարիքը։ (Մատթէոս 18։1-4. 20։25-27) Այսուհանդերձ, իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, անոնց ոտքերը լուալով խոնարհութիւն սորվեցնելէ անմիջապէս ետք, «վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի»։ (Ղուկաս 22։24. Յովհաննու 13։1-5) Ան առաքեալները պախարակե՞ց։ Ո՛չ, ան քաղցրաբար անոնց հետ պատճառաբանեց, ըսելով. «Ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը։ Չէ՞ որ սեղան նստողը. սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ»։ (Ղուկաս 22։27) Յիսուսի համբերատարութիւնը եւ քաղցրութիւնը,– իր լաւ օրինակին հետ մէկտեղ,– ի վերջոյ առաքեալներուն սիրտին դպան։
13, 14. Հովիւները յատկապէս ե՞րբ քաղցր պէտք է ըլլան։
13 Նոյնպէս, հոգեւոր հովիւ մը թերեւս ստիպուի անհատի մը կրկին անգամ խրատ տալ որոշ թերացումի մը համար։ Հովիւը կրնայ զայրանալ, բայց երբ իր անձնական թերացումները ի մտի ունենալով ‘անկարգ վարմունք ունեցողը խրատէ’, ան կրնայ իր եղբօր հանդէպ համբերատար ու քաղցր գտնուիլ։ Այսպէս ան կ’ընդօրինակէ Յիսուսն ու Եհովան, որոնք այս յատկութիւնները կը ցուցաբերեն բոլոր Քրիստոնեաներուն հանդէպ, ի ներառեալ՝ հովիւները։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14. Յակոբու 2։13
14 Երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ հովիւները զօրաւոր խրատ ներկայացնեն լուրջ մեղք գործողի մը։ Եթէ անհատը անզեղջ է, անոնք զինք ժողովքէն պէտք է վտարեն։ (Ա. Կորնթացիս 5։11-13) Այսուհանդերձ, անհատին հետ իրենց վարուելու կերպը ցոյց կու տայ թէ կ’ատեն մեղքը, եւ ո՛չ թէ՝ մեղաւորը։ (Յուդա 23) Հովիւներուն քաղցր վերաբերմունքը կրնայ մոլորած ոչխարին վերադարձը դիւրացնել։—Ղուկաս 15։11-24
Հաւատքէ մղուած բարի գործեր
15. Հովիւները ի՞նչ կերպով Եհովայի բարութիւնը կ’ընդօրինակեն, եւ ի՞նչ բան կը մղէ զիրենք ասիկա ընելու։
15 «Տէրը ամենուն բարի է», նոյնիսկ անոնց՝ որոնք իրենց ի նպաստ իր ըրածները չեն գնահատեր։ (Սաղմոս 145։9. Մատթէոս 5։45) Եհովայի բարութիւնը յատկապէս բացայայտ է, իր ժողովուրդը ղրկելով որ ‘արքայութեան աւետարանը’ քարոզեն։ (Մատթէոս 24։14) Հովիւները Աստուծոյ բարութիւնը կ’արտացոլացնեն, քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելով։ Ի՞նչ բան անոնց անխոնջ ջանքերը կը խթանէ։ Եհովայի ու իր խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր հաւատքը։—Հռովմայեցիս 10։10, 13, 14
16. Հովիւները ի՞նչպէս կրնան ոչխարներուն ‘բարիք ընել’։
Գաղատացիս 6։10, ԱՎ) Հովուական քաջալերական այցելութիւնները ասիկա ընելու կերպերէն մէկն են։ Երէց մը կ’ըսէ. «Հաճոյքով հովուական այցելութիւններ կ’ընեմ։ Անոնք ինծի պատեհութիւն կու տան որ եղբայրներն ու քոյրերը գովեմ իրենց ջանքերուն համար եւ անոնց օգնեմ գիտակցելու թէ իրենց ծանր աշխատանքը կ’արժեւորուի»։ Երբեմն հովիւները կերպեր կը թելադրեն, որպէսզի անհատը բարելաւէ Եհովայի մատուցած իր ծառայութիւնը։ Այս քայլը առնելու մէջ, իմաստուն հովիւները Պօղոս առաքեալը կ’ընդօրինակեն։ Նկատի առ թէ ան ի՛նչպէս Թեսաղոնիկէի եղբայրներուն կոչ ըրաւ. «Տէրը մեզի վստահութիւն կու տայ, թէ ինչ որ ձեզի պատուիրեցինք՝ կը կատարէք ու պիտի շարունակէք կատարել»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։4, Անթիլիաս) Վստահութեան արտայայտութիւնները ոչխարներուն սիրտին կը խօսին եւ անոնց կը դիւրացնեն ‘առաջնորդներուն հնազանդիլը’։ (Եբրայեցիս 13։17) Երբ հովուական քաջալերական այցելութիւն մը ստանաս, գնահատութիւնդ ինչո՞ւ չյայտնես։
16 Քարոզչութեամբ ‘բոլորին բարիք ընելէ’ զատ, հովիւները պատասխանատուութիւն ունին բարիք ընելու «մա՛նաւանդ՝ [իրենց] հաւատքի ընտանիքէն եղողներուն»։ (Հեզ ըլլալը ինքնազսպում կը պահանջէ
17. Պետրոս Յիսուսէ ի՞նչ դաս սորվեցաւ։
17 Յիսուս մեղմաբարոյ էր, նոյնիսկ երբ զինք բարկացնէին։ (Մատթէոս 11։29) Երբ մատնուեցաւ ու ձերբակալուեցաւ, ան հեզութիւն եւ զօրաւոր ինքնազսպում ցուցաբերեց։ Պետրոս անմիջապէս իր սուրը գործածեց, բայց Յիսուս անոր ըսաւ. «Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ»։ (Մատթէոս 26։51-53. Յովհաննու 18։10) Պետրոս կէտը լաւ ըմբռնեց եւ հետագային Քրիստոնեաներուն յիշեցուց. «Քրիստո՛ս ալ չարչարուեցաւ ձեզի համար եւ օրինակ թողուց ձեզի՝ որպէսզի հետեւիք իր հետքերուն։ . . . Երբ կը հեգնուէր, փոխարէնը չէր հեգներ. կը չարչարուէր, բայց չէր սպառնար»։—Ա. Պետրոս 2։21-23, ԱՎ
18, 19. (ա) Հովիւները յատկապէս ե՞րբ հեզութիւն եւ ինքնազսպում պէտք է ցուցաբերեն։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
18 Նոյնպէս, ատակ հովիւները մեղմաբարոյ են, նոյնիսկ երբ ոմանք իրենց հետ անիրաւօրէն վարուին։ Օրինակ, ժողովքին մէջ անոնցմէ օգնութիւն ստացողներէն ոմանք կրնան նպաստաւոր կերպով չընդառաջել։ Եթէ անհատը հոգեւորապէս տկար կամ հիւանդ է, թերեւս տրուած խրատին հակազդէ «անմիտ խօսքեր» ըսելով, որոնք «սուրի պէս կը խոցոտեն»։ (Առակաց 12։18) Սակայն Յիսուսի նման, հովիւները կծու խօսքերով չեն պատասխաներ եւ չեն փորձեր վրէժ առնել։ Անոնք ինքնազսպում ի գործ կը դնեն եւ կը շարունակեն կարեկցութիւն ցոյց տալ, ինչ որ կրնայ օգնութեան կարիք ունեցողին օրհնութիւն մը ըլլալ։ (Ա. Պետրոս 3։8, 9) Երէցներուն օրինակէն կը սորվի՞ս, իսկ երբ խրատ ստանաս՝ հեզութիւն եւ ինքնազսպում կը ցուցաբերե՞ս։
19 Անտարակոյս, Եհովա եւ Յիսուս կը գնահատեն հազարաւոր հովիւներու ծանր աշխատանքը, որոնք համաշխարհային հօտին յօժարափոյթ հոգ կը տանին։ Եհովա եւ իր Որդին նաեւ հազարաւոր օգնական ծառաներուն հանդէպ խոր խանդաղատանք ունին, որոնք երէցներուն կ’օգնեն ‘սուրբերուն ծառայելու’։ (Եբրայեցիս 6։10) Սակայն, ինչո՞ւ կարգ մը մկրտուած եղբայրներ կը վարանին այս «աղէկ գործին» ձգտելու։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1) Եւ Եհովա իր նշանակած հովիւները ի՞նչպէս կը մարզէ։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
Կը յիշե՞ս
• Հովիւները ի՞նչ կերպերով հօտին հանդէպ սէր կը ցուցաբերեն։
• Ժողովքի բոլոր անդամները ի՞նչպէս կրնան ուրախութիւն ու խաղաղութիւն յառաջացնել։
• Հովիւները ինչո՞ւ համբերատար ու քաղցր են, երբ կը խրատեն։
• Երէցները ի՞նչպէս բարութիւն ու հաւատք կը ցուցաբերեն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Երէցները սէրէ մղուած կը ծառայեն ժողովքին
[Նկարներ՝ էջ 18]
Անոնք նաեւ իրենց ընտանիքին հետ կը մասնակցին թէ՛ զբօսանքին . . .
. . . եւ թէ ծառայութեան
[Նկար՝ էջ 20]
Երէցներու միջեւ լաւ հաղորդակցութիւնը կը նպաստէ ժողովքին ուրախութեան ու խաղաղութեան