Ամուսիննե՛ր, Քրիստոսի գլխաւորութիւնը ճանչցէք
Ամուսիննե՛ր, Քրիստոսի գլխաւորութիւնը ճանչցէք
«Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11։3
1, 2. (ա) Ամուսինի մը յաջողութիւնը ի՞նչպէս կրնայ չափուիլ։ (բ) Ինչո՞ւ կենսական է գիտակցիլ թէ ամուսնութիւնը աստուածային ծագում ունի։
ԱՄՈՒՍԻՆԻ մը յաջողութիւնը ի՞նչպէս կը չափես։ Անոր մտային կամ ֆիզիքական կարողութիւններո՞ւն, դրամ շահելու հմտութիւններո՞ւն թէ յատկապէս կնոջ եւ զաւակներուն հետ իր սիրալիր ու ազնիւ վերաբերմունքին համաձայն։ Վերջին մարզին մէջ բազմաթիւ ամուսիններ կը թերանան, աշխարհի հոգիով եւ մարդկային չափանիշներով ղեկավարուած ըլլալով։ Ինչո՞ւ։ Գլխաւորաբար՝ քանի որ ամուսնութեան Հիմնադիրին ուղղութիւնը չեն զատորոշեր ու կիրարկեր,– Ա՛ն որ «Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ»։—Ծննդոց 2։21-24
2 Յիսուս Քրիստոս ամուսնութեան աստուածային ծագումը նշող այդ արձանագրութիւնը հաստատեց, ժամանակակից քննադատներուն ըսելով. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն՝ որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ. ‘Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին’։ Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է»։ (Մատթէոս 19։4-6, ԱՎ) Իրողութիւնը այն է թէ յաջող ամուսնութիւն ունենալու համար, անհրաժեշտ է գիտակցիլ թէ ամուսնութիւնը աստուածային ծագում ունի եւ թէ յաջողութիւնը կախեալ է Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին հրահանգները կիրարկելէն։
Ամուսինին յաջողութեան մէկ բանալին
3, 4. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ ամուսնութեան մասին շատ բան գիտէ։ (բ) Յիսուսի այլաբանական կինը ո՞վ է, եւ ամուսիններ իրենց կիներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուին։
3 Յիսուսի ըսածները ուսումնասիրելը եւ զինք ընդօրինակելը կ’օգնէ որպէս ամուսին յաջողելու։ Ան ամուսնութեան մասին խոր գիտութիւն ունի, քանի որ ներկայ էր երբ մարդկային առաջին զոյգը ստեղծուեցաւ ու ամուսնացաւ։ Եհովա Աստուած իրեն ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք»։ (Ծննդոց 1։26) Այո, Աստուած կը խօսէր այն անձին հետ, զոր ստեղծեց ոեւէ անհատէ կամ որեւէ բանէ առաջ եւ որ ‘իրեն քով ճարտարապետ էր’։ (Առակաց 8։22-30) Ան «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» եւ «Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբ»ն է, նիւթական տիեզերքի ստեղծագործութենէն առաջ գոյացած։—Կողոսացիս 1։15. Յայտնութիւն 3։14
4 Յիսուս կոչուած է «Աստուծոյ Գառը», եւ այլաբանօրէն նկարագրուած է որպէս ամուսին։ Անգամ մը հրեշտակ մը ըսաւ. «Եկո՛ւր, ցուցնեմ քեզի հարսը, Գառնուկին կինը»։ (Յովհաննու 1։29. Յայտնութիւն 21։9) Ո՞վ է այդ հարսը կամ կինը։ «Գառնուկին կինը» կը բաղկանայ Քրիստոսի հոգիէն–օծուած հաւատարիմ հետեւորդներէն, որոնք երկինքի մէջ իրեն հետ պիտի իշխեն։ (Յայտնութիւն 14։1, 3) Հետեւաբար, երկրի վրայ Յիսուսի վարուելակերպը իր աշակերտներուն հետ, օրինակ մըն է թէ ի՛նչպէս ամուսիններ պէտք է վարուին իրենց կիներուն հետ։
5. Յիսուս որո՞նց համար տիպար է։
5 Ճիշդ է որ Աստուածաշունչին մէջ Յիսուս ներկայացուած է որպէս տիպար՝ իր բոլոր հետեւորդներուն համար, ինչպէս կը կարդանք. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Սակայն ան յատկապէս տղամարդոց համար տիպար մըն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Այր մարդու գլուխը Քրիստոս ըլլալով, ամուսիններ զինք պէտք է ընդօրինակեն։ Ուստի գլխաւորութեան սկզբունքը պէտք է կիրարկուի, եթէ ընտանիքը կ’ուզէ յաջողիլ եւ երջանիկ ըլլալ։ Այս ուղղութեամբ, ամուսիններ իրենց կիներուն հետ սիրալիրօրէն վարուելու են, ինչպէս Յիսուս իր այլաբանական կնոջ՝ իր օծեալ աշակերտներուն հետ կը վարուի։
Ամուսնական խնդիրները ի՛նչպէս դիմագրաւել
6. Ամուսիններ իրենց կիներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է բնակին։
6 Ներկայ տագնապալից աշխարհին մէջ, ամուսիններ յատկապէս պէտք է ընդօրինակեն Յիսուսի համբերութիւնը, սէրը եւ հաստատ յարումը արդար սկզբունքներուն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Յիսուսի օրինակին առնչութեամբ, Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Նմանապէս դո՛ւք, ամուսիննե՛ր, գիտակցելո՛վ բնակեցէք [ձեր կիներուն] հետ»։ (Ա. Պետրոս 3։7, ԱՎ) Այո, ամուսիններ գիտութեամբ դիմագրաւելու են ամուսնական մարտահրաւէրները, ինչպէս Յիսուս դիմագրաւեց դժուարութիւնները։ Ան աւելի մեծ փորձութիւններու ենթարկուեցաւ, քան՝ ոեւէ ուրիշ մարդ, բայց կը գիտակցէր թէ անոնց աղբիւրը՝ Սատանան, դեւերը եւ այս չար աշխարհն էին։ (Յովհաննու 14։30. Եփեսացիս 6։12) Դժուարութիւնները երբեք Յիսուսը անակնկալի չբերին, ուստի զոյգն ալ անակնկալի պէտք չէ գայ երբ ‘մարմնի նեղութիւն ունենայ’։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ թէ ամուսնացողներուն կը սպասեն այսպիսի նեղութիւններ։—Ա. Կորնթացիս 7։28
7, 8. (ա) Ի՞նչ կը պարփակէ՝ գիտակցելով բնակիլը կնոջ հետ։ (բ) Կիները ինչո՞ւ պատուուելու արժանի են։
7 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ամուսիններ իրենց կիներուն հետ պէտք է ‘գիտակցելով բնակին, պատուելով զիրենք իբր աւելի տկար անօթներ’։ (Ա. Պետրոս 3։7, ԱՎ) Փոխանակ իր կնոջ վրայ անգթօրէն տիրելու, ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակեց որ տղամարդիկ սովորաբար պիտի ընէին, Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցող ամուսինը իր կինը պիտի պատուէ։ (Ծննդոց 3։16) Ան պիտի ուզէ անոր հետ վարուիլ, ինչպէս արժէքաւոր ստացուածքի մը հետ կը վարուի, երբեք իր ֆիզիքական զօրութիւնը չգործածելով անոր վնասելու համար։ Ան իր կնոջ հանդէպ նկատառու պիտի ըլլայ, անոր հետ միշտ յարգանքով ու արժանապատուութեամբ վարուելով։
8 Ինչո՞ւ պատշաճ է որ ամուսիններ իրենց կիները պատուեն։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ (Ա. Պետրոս 3։7) Ամուսիններ պէտք է ըմբռնեն թէ Եհովա այր մարդու եւ կնոջ մատուցած պաշտամունքը համարժէք կը նկատէ։ Աստուծոյ հաճութեան արժանացող կիներ, տղամարդոց հետ պիտի ստանան յաւիտենական կեանքի նոյն վարձատրութիւնը,– ոմանք նոյնիսկ երկինքը պիտի ապրին, ուր «ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ»։ (Գաղատացիս 3։28) Ուստի ամուսիններ պէտք չէ մոռնան թէ անհատին հաւատարմութիւնն է որ զինք Աստուծոյ աչքին թանկագին կը դարձնէ, եւ ո՛չ թէ արու կամ էգ, ամուսին կամ կին, կամ նոյնիսկ երախայ ըլլալը։—Ա. Կորնթացիս 4։2
9. (ա) Ըստ Պետրոսի, ի՞նչ պատճառով ամուսիններ պէտք է պատուեն իրենց կիները։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս կիները պատուեց։
Ողբք 3։43, 44) Խոհեմութիւն է որ ամուսնացած ու ամուսնութիւն ծրագրող Քրիստոնեայ տղամարդիկը ուսումնասիրեն այն յարգալից կերպը, որով Յիսուս կիներուն հետ վարուեցաւ։ Իր ծառայութեան մէջ իրեն ընկերակցողներէն ոմանք կիներ էին, եւ անոնց հետ քաղցրութեամբ ու յարգանքով վարուեցաւ։ Առիթով մը, Յիսուս նոյնիսկ շատ ապշեցուցիչ ճշմարտութիւն մը նա՛խ կիներուն յայտնեց, ապա ըսաւ որ զայն տղամարդոց հաղորդեն։—Մատթէոս 28։1, 8-10. Ղուկաս 8։1-3
9 Պետրոս առաքեալ ընդգծեց թէ անհրաժեշտ է որ ամուսինը իր կինը պատուէ, երբ ըսաւ. «Որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ Այսպիսի արգելք մը ի՜նչ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, նոյնիսկ պատճառ ըլլալով որ ամուսինին աղօթքները չլսուին, ինչպէս անցեալին պատահեցաւ Աստուծոյ կարգ մը անհոգ ծառաներուն։ (Տիպար մը՝ մանաւանդ ամուսիններուն
10, 11. (ա) Ամուսիններ ինչո՞ւ յատկապէս Յիսուսի օրինակը պէտք է ուսումնասիրեն։ (բ) Ամուսիններ իրենց կիներուն հանդէպ ի՞նչպէս սէր պէտք է ցուցաբերեն։
10 Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Աստուածաշունչը ամուսինին յարաբերութիւնը իր կնոջ հետ կը համեմատէ այն յարաբերութեան հետ, որ Քրիստոս ունի իր «հարս»ին հետ,– օծեալ հետեւորդներէ բաղկացած իր ժողովքը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է»։ (Եփեսացիս 5։23) Այս խօսքերը քաջալերելու են ամուսինները որ քննեն թէ Յիսուս ի՛նչպիսի գլխաւորութիւն գործադրեց իր հետեւորդներուն վրայ։ Միայն այս քննութիւնը կատարելով, ամուսիններ պիտի կարենան պատշաճօրէն Յիսուսի օրինակին հետեւիլ եւ ուղղութիւն, սէր ու հոգատարութիւն հայթայթել իրենց կիներուն։
11 Աստուածաշունչը Քրիստոնեաները կը յորդորէ. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար»։ (Եփեսացիս 5։25) Չորրորդ գլուխին մէջ, «եկեղեցին» կամ ժողովքը կոչուած է՝ «Քրիստոսին մարմին»ը։ Այս խորհրդանշական մարմինը երկու սեռերուն պատկանող բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնք բոլորն ալ կը նպաստեն որ ազդուօրէն գործէ։ Անշուշտ Յիսուս է «մարմնին, այսինքն եկեղեցիին գլուխը»։—Եփեսացիս 4։12. Կողոսացիս 1։18. Ա. Կորնթացիս 12։12, 13, 27
12. Յիսուս իր այլաբանական մարմնին հանդէպ ի՞նչպէս սէր ցուցաբերեց։
12 Յիսուս իր այլաբանական մարմնին՝ «եկեղեցի»ին հանդէպ սէր յայտնեց, յատկապէս՝ հոգ տանելով անոր ապագայ անդամներուն։ Օրինակ, երբ աշակերտները յոգնած էին, ան ըսաւ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք»։ (Մարկոս 6։31) Մահապատիժի ենթարկուելէ միայն մի քանի ժամ առաջ Յիսուսի գործունէութիւնը նկարագրելով, առաքեալներէն մէկը գրեց. «Յիսուս . . . սիրելով իրենները [այսինքն՝ իր այլաբանական մարմնին անդամները], . . . մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։ (Յովհաննու 13։1) Այսպէս Յիսուս ընտիր օրինակ հանդիսացաւ թէ ամուսիններ ի՛նչպէս պէտք է վարուին իրենց կիներուն հետ։
13. Ամուսիններուն ի՞նչպէս յորդոր տրուած է որ իրենց կիները սիրեն։
13 Ամուսիններուն համար Յիսուսի հանդիսացած օրինակին մասին շարունակելով խօսիլ, Եփեսացիս 5։28, 29, 33
Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին»։ Պօղոս աւելցուց. «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը»։—14. Ամուսին մը ի՞նչպէս կը վարուի իր անկատար մարմնին հետ, ուստի ան ի՞նչպէս պէտք է վարուի իր կնոջ հետ։
14 Պահ մը խորհէ Պօղոսի խօսքերուն մասին։ Ողջմիտ մարդ մը դիտմամբ իր մարմինը կը վիրաւորէ՞։ Եթէ մարդ մը սխալմամբ իր ոտնամատը տեղ մը զարնէ, զայն կը ծեծէ՞ քանի որ պատճառ եղաւ որ իյնայ։ Հարկաւ ո՛չ։ Ամուսին մը իր բարեկամներուն առջեւ ինքզինք կը նուաստացնէ՞ կամ իր թերութիւններուն մասին կը խօսի՞։ Ո՛չ։ Արդ, եթէ իր կինը սխալ մը գործէ, ան ինչո՞ւ խօսքով կամ ֆիզիքապէս զայն պիտի վիրաւորէ։ Ամուսիններ պէտք է նկատի առնեն ո՛չ միայն իրենց շահերը, այլեւ՝ իրենց կիներուն շահերը։—Ա. Կորնթացիս 10։24. 13։5
15. (ա) Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ իր աշակերտները մարդկային տկարութիւն ցուցաբերեցին։ (բ) Անոր օրինակէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։
15 Նկատի առ թէ Յիսուս իր մահուան նախորդող գիշերը աշակերտներուն հանդէպ իր հոգածութիւնը ի՛նչպէս յայտնեց, երբ մարդկային տկարութիւն ցուցաբերեցին։ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, հակառակ իր կրկնակի խնդրանքին որ աղօթեն, անոնք երեք անգամ քնացան։ Յանկարծ զինեալ մարդիկ զիրենք շրջապատեցին։ Յիսուս հարցուց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Երբ պատասխանեցին. «Նազովրեցի Յիսուսը», ան ըսաւ. «Ե՜ս եմ»։ Գիտնալով թէ իր մահուան «ժամը հասաւ», ան ըսաւ. «Եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան»։ Յիսուս բնաւ իր աշակերտներուն,– իր այլաբանական հարսին մաս կազմողներուն,– բարօրութիւնը չանտեսեց, եւ անոնց համար ազատուելու միջոց մը փնտռեց։ Իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի վարուելակերպը ուսումնասիրելով, ամուսիններ բազմաթիւ սկզբունքներ պիտի գտնեն, զորս կրնան կիրարկել երբ իրենց կիներուն հետ կը վարուին։—Յովհաննու 18։1-9. Մարկոս 14։34-37, 41
Յիսուսի սէրը պարզապէս զգացական չէր
16. Մարթայի հանդէպ խանդաղատանք ունենալով հանդերձ, Յիսուս ի՞նչպէս զինք սրբագրեց։
16 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը», որոնք յաճախ զինք կը հիւրասիրէին։ (Յովհաննու 11։5) Այսուհանդերձ Յիսուս Մարթան խրատելէ ետ չկեցաւ, երբ ան ճաշի պատրաստութեան անտեղի ուշադրութիւն ընծայեց, սահմանափակելով հոգեւոր ուսուցում ստանալու իր ժամանակը։ Յիսուս ըսաւ. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. բայց մէ՛կ բան պէտք է»։ (Ղուկաս 10։41, 42) Անտարակոյս, Մարթայի հանդէպ իր բացայայտ խանդաղատանքը խրատը ընդունիլը դիւրացուց։ Նոյնպէս, ամուսիններ իրենց կիներուն հետ պէտք է վարուին քաղցր ու գորովալից կերպով, լաւ ընտրուած բառեր գործածելով։ Բայց երբ սրբագրութեան կարիք ըլլայ, պատշաճ է որ անոնք Յիսուսի նման համարձակօրէն խօսին։
17, 18. (ա) Պետրոս ի՞նչպէս Յիսուսը յանդիմանեց, եւ ինչո՞ւ Պետրոս պէտք էր սրբագրուէր։ (բ) Ամուսին մը ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի։
17 Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս առաքեալներուն բացատրեց թէ Երուսաղէմ պէտք է երթայ, «շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։ Պետրոս մէկդի առաւ Յիսուսը եւ սկսաւ յանդիմանել զինք՝ ըսելով. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Բացորոշ է որ Պետրոսի զգացումները իր հայեցակէտը աղօտած էին։ Սրբագրութիւնը տեղին էր։ Ուստի Յիսուս անոր ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, Մատթէոս 16։21-23
ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։—18 Յիսուս տակաւին նոր նշած էր Աստուծոյ կամքը,– թէ շատ չարչարանքներ պիտի կրէր եւ ապա սպաննուէր։ (Սաղմոս 16։10. Եսայեայ 53։12) Ուստի սխալ էր որ Պետրոս սկսէր Յիսուսը յանդիմանել։ Արդարեւ Պետրոս խիստ սրբագրութեան կարիք ունէր, ինչպէս բոլորս՝ երբեմն կ’ունենանք։ Ընտանիքի գլուխը ըլլալով, ամուսինը ընտանիքի անդամները, մէջը ըլլալով իր կինը, սրբագրելու հեղինակութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ունի։ Նոյնիսկ երբ վճռականութեան հարկ ըլլայ, սրբագրութիւնը ազնիւ ու սիրալիր կերպով պէտք է տրուի։ Ուստի, ինչպէս Յիսուս Պետրոսի օգնեց, ամուսիններ երբեմն պէտք է օգնեն իրենց կիներուն որ հարցերը շիտակ տեսանկիւնէն դիտեն։ Օրինակ, ամուսինը ազնուութեամբ կրնայ իր կնոջ ուշադրութեան յանձնել ճշդում ընելու կարիքը, երբ անոր արդուզարդը կամ շպարանքը սկսի անհամեստ դառնալ, Սուրբ Գրութիւններուն ուղեգծերէն շեղելով։—Ա. Պետրոս 3։3-5
Օգտակար է որ ամուսիններ համբերատար ըլլան
19, 20. (ա) Յիսուսի առաքեալներուն մէջ ի՞նչ խնդիր ծագեցաւ, եւ Յիսուս հարցին հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։ (բ) Յիսուսի ջանքերը ո՞ր տարողութեամբ յաջողեցան։
19 Եթէ ամուսիններ ուզեն որոշ թերութիւն մը սրբագրել, պէտք չէ ակնկալեն որ իրենց անկեղծ ջանքերը անմիջապէս յաջողին։ Յիսուս կրկին անգամ ջանաց իր առաքեալներուն վերաբերմունքը ճշդել։ Օրինակ, անոնց միջեւ մրցակցութիւն մը զարգացաւ, որ դարձեալ ի յայտ եկաւ Յիսուսի ծառայութեան վերջաւորութեան։ Անոնք կը վիճէին թէ իրենց մէջ ո՛վ է մեծագոյնը։ (Մարկոս 9։32-36. 10։35-45) Վիճաբանութեան երկրորդ առիթէն քիչ ետք, Յիսուս կարգադրեց որ առանձնաբար իր վերջին Պասեքը անոնց հետ տօնէ։ Այդ ատեն, անոնցմէ ո՛չ մէկը նախաձեռնութիւնը առաւ միւսներուն փոշեթաթախ ոտքերը լուալու սովորական ու նուաստ ծառայութիւնը կատարելու։ Յիսուս այդ քայլը առաւ, ապա ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի»։—Յովհաննու 13։2-15
20 Յիսուսի խոնարհ կեցուածքը արտացոլացնող ամուսինը, հաւանաբար իր կնոջ համագործակցութիւնն ու աջակցութիւնը պիտի վայելէ։ Բայց համբերութեան կարիք կայ։ Այդ Պասեքի գիշերը, դարձեալ առաքեալներուն մէջ վէճ եղաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի համարուի մեծագոյնը։ (Ղուկաս 22։24) Կեցուածքի ու վարքի մէջ փոփոխութիւն մտցնելը յաճախ ժամանակի կը կարօտի եւ աստիճանաբար կ’ըլլայ։ Այսուհանդերձ, ո՜րքան վարձահատոյց է երբ դրական արդիւնքներ ձեռք բերուին, ինչպէս էր առաքեալներուն պարագան։
21. Ներկայ մարտահրաւէրներուն ի տես, ամուսիններուն յորդոր կը տրուի որ ի՞նչ յիշեն ու ի՞նչ ընեն։
21 Ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի, ամուսնութիւնը մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Շատեր այլեւս իրենց ամուսնական ուխտերը լուրջի չեն առներ։ Ուստի, ամուսիննե՛ր, ամուսնութեան ծագումին մասին խոկացէք։ Յիշեցէք թէ ամուսնութիւնը աստուածային ծագում ունի,– մեր սիրառատ Եհովա Աստուածը զայն հաստատեց։ Ան իր Որդին՝ Յիսուսը ղրկեց ո՛չ միայն որպէս մեր Փրկարարը, այլեւ՝ որպէս ամուսիններու համար ընդօրինակուելիք տիպար։—Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։29. Ա. Պետրոս 2։21
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ամուսնութեան ծագումը զատորոշենք։
• Ի՞նչ կերպերով ամուսիններուն քաջալերութիւն տրուած է որ իրենց կիները սիրեն։
• Իր աշակերտներուն հետ Յիսուսի վարուելակերպին ո՞ր օրինակները կը լուսաբանեն թէ ամուսին մը ի՛նչպէս կրնայ քրիստոսանման գլխաւորութիւն ի գործ դնել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Երբ աշակերտները յոգնած էին, Յիսուս նկատառութիւն ցուցաբերեց
[Նկար՝ էջ 10]
Ամուսիններ ինչո՞ւ պէտք է ուսումնասիրեն թէ Յիսուս ի՛նչպէս կիներուն հետ վարուեցաւ
[Նկար՝ էջ 12]
Ամուսիններ ազնուօրէն ու լաւ ընտրուած բառերով իրենց կիները պէտք է խրատեն