Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թող ժողովքը շինուի

Թող ժողովքը շինուի

Թող ժողովքը շինուի

«Եկեղեցին . . . խաղաղութիւն կը վայելէր եւ կը զօրանար»։—ԳՈՐԾՔ 9։31, Անթիլիաս

1. «Աստուծոյ ժողովք»ին մասին ի՞նչ հարցումներ կրնանք ուղղել։

ԵՀՈՎԱ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Քրիստոսի աշակերտներէն բաղկացած խումբ մը ընդունեց որպէս նոր ազգ, «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը։ (Գաղատացիս 6։16) Այս հոգիէն–օծուած Քրիստոնեաները նաեւ Աստուածաշունչին մէջ կոչուեցան «Աստուծոյ եկեղեցին [«ժողով(ք)ը», ՆԱ]»։ (Ա. Կորնթացիս 11։22) Ասիկա ի՞նչ պարփակեց։ «Աստուծոյ ժողովքը» ի՞նչպէս պիտի կազմակերպուէր։ Անիկա ի՞նչպէս պիտի գործէր երկրի վրայ, ո՛ւր որ ալ ապրէին անոր անդամները։ Իսկ մեր կեանքն ու երջանկութիւնը ի՞նչպէս պարփակուած են։

2, 3. Յիսուս ի՞նչպէս մատնանշեց թէ ժողովքը կառոյց պիտի ունենար։

2 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Յիսուս նախագուշակեց օծեալ հետեւորդներէ բաղկացած այս ժողովքին գոյութիւնը, Պետրոս առաքեալին ըսելով. «Այս վէմին [Յիսուս Քրիստոս] վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն»։ (Մատթէոս 16։18) Ասկէ զատ, երբ Յիսուս տակաւին առաքեալներուն հետ էր, շուտով–հաստատուելիք ժողովքին գործունէութեան ու կարգադրութիւններուն մասին ցուցմունքներ տուաւ։

3 Յիսուս խօսքով ու գործով սորվեցուց թէ ժողովքին մէջ ոմանք առաջնորդութիւնը պիտի առնէին, իրենց խումբի անդամներուն ծառայելով։ Քրիստոս ըսաւ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխան սեպուածները կը տիրեն անոնց եւ անոնց մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ամենուն ծառայ պէտք է ըլլայ»։ (Մարկոս 10։42-44) Բացայայտ է որ «Աստուծոյ ժողովքը» ցրուած ու մեկուսացած անհատներէ պիտի չկազմուէր, անկերպ ժողովք մը մէջտեղ բերելով։ Փոխարէն, ժողովքը որոշ կառոյց պիտի ունենար եւ անդամները իրարու հետ շփման մէջ պիտի ըլլային։

4, 5. Ի՞նչպէս գիտենք թէ ժողովքը հոգեւոր ցուցմունքներու կարիք պիտի ունենար։

4 «Աստուծոյ ժողովք»ին Գլուխը՝ Յիսուս նշեց թէ իր առաքեալները եւ այլ աշակերտներ, մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ պիտի ունենային ժողովքին մնացեալ անդամներուն հանդէպ։ Անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Կարեւոր մէկ նշանակումը պիտի ըլլար՝ ժողովքի անդամներուն հոգեւոր ցուցմունքներ տալ։ Մտաբերէ թէ յարուցեալ Յիսուս, առաքեալներէն ոմանց ներկայութեան, Պետրոսի ըսաւ. «Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս»։ Պետրոս պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ կը սիրեմ քեզ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս։ . . . Հովուէ՛ իմ ոչխարներս։ . . . Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ (Յովհաննէս 21։15-17, ԱՎ) Ի՜նչ լուրջ նշանակում մը։

5 Յիսուսի խօսքերէն կրնանք տեսնել թէ ժողովքին մէջ բերուող անհատները նմանցուած են փարախի մը մէջ եղող ոչխարներու։ Այս ոչխարները,– Քրիստոնեայ տղամարդիկ, կիներ եւ երախաներ,– հոգեւորապէս կերակրուելու եւ պատշաճօրէն հովուելու կարիք պիտի ունենային։ Ասկէ զատ, քանի որ Յիսուս իր բոլոր հետեւորդներուն պատուիրեց ուրիշներուն սորվեցնել եւ աշակերտել, իր նոր ոչխարները այդ աստուածային յանձնարարութիւնը կատարելու կերպին վերաբերեալ մարզում պէտք էր ստանային։—Մատթէոս 28։19, 20

6. Նորակազմ «Աստուծոյ ժողովք»ին մէջ ի՞նչ կարգադրութիւններ եղան։

6 Անգամ մը որ «Աստուծոյ ժողովք»ը կազմուեցաւ, անոր անդամները սկսան կանոնաւորաբար հաւաքուիլ, ուսուցման եւ փոխադարձ քաջալերութեան համար. «Միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու ետեւէն էին»։ (Գործք 2։42, 46, 47) Պատմական արձանագրութեան մէջ ուրիշ աչքառու մանրամասնութիւն մըն է՝ թէ կարգ մը որակեալ տղամարդիկ նշանակուեցան որոշ գործնական հարցերու հոգ տանելու համար։ Անոնք չընտրուեցան իրենց բարձր ուսման կամ մասնագիտական հմտութիւններուն համար։ Այս տղամարդիկը «Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն» էին։ Անոնցմէ մէկն էր Ստեփանոս, եւ արձանագրութիւնը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ թէ ան «հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը»ն էր։ Ժողովքային կարգադրութեան մէկ արդիւնքը եղաւ որ «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ»։—Գործք 6։1-7

Աստուծոյ կողմէ գործածուած տղամարդիկ

7, 8. (ա) Առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ որպէս ի՞նչ ծառայեցին։ (բ) Երբ ժողովքներուն միջոցաւ ցուցմունքներ հայթայթուեցան, արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

7 Հասկնալի է որ նախկին ժողովքային կարգադրութեան մէջ առաքեալները առաջնորդութիւնը առին, բայց անոնք առանձին չէին։ Առիթով մը, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները Սուրիոյ Անտիոքը վերադարձան։ Գործք 14։26–ը կ’ըսէ. «Երբ եկան, եկեղեցին մէկտեղ ժողվելով՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով»։ Երբ տակաւին այդ տեղական ժողովքին հետ էին, հարց մը ծագեցաւ. հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալները պէ՞տք էր թլփատուէին։ Հարցը լուծելու համար, որոշուեցաւ որ Պօղոս ու Բառնաբաս «Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն», որոնք բացայայտօրէն կը ծառայէին որպէս կառավարիչ մարմին։—Գործք 15։1-3

8 Յակոբոս՝ Քրիստոնեայ երէց եւ Յիսուսի խորթ եղբայրը, առաքեալ մը չըլլալով հանդերձ, ծառայեց որպէս ատենապետ երբ «առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս մասին խորհելու»։ (Գործք 15։6) Խորհրդակցութենէ ետք եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, անոնք Սուրբ Գրութիւններուն հետ ներդաշնակ եզրակացութեան մը յանգեցան, եւ զայն նամակով տեղական ժողովքներուն իմացուցին։ (Գործք 15։22-32) Այս տեղեկութիւնը ստացողները՝ զայն ընդունեցին ու կիրարկեցին։ Արդի՞ւնքը։ Եղբայրներն ու քոյրերը զօրացան ու քաջալերուեցան։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար»։—Գործք 16։5

9. Աստուածաշունչը որակեալ Քրիստոնեայ տղամարդոց համար ի՞նչ դերեր կ’ուրուագծէ։

9 Բայց տեղական ժողովքները օրէ օր ի՞նչպէս կը գործէին։ Նկատի առ, զոր օրինակ, Կրետէ կղզիին ժողովքները։ Թէեւ հոն ապրող մարդոցմէ շատեր վատահամբաւ էին, սակայն ոմանք փոխուեցան եւ ճշմարիտ Քրիստոնեաներ եղան։ (Տիտոս 1։10-12. 2։2, 3) Անոնք զանազան քաղաքներու մէջ կ’ապրէին եւ բոլորն ալ Երուսաղէմի մէջ եղող կառավարիչ մարմինէն շա՜տ հեռու էին։ Սակայն ասիկա մեծ խնդիր մը չէր, քանի որ Կրետէի իւրաքանչիւր տեղական ժողովքի մէջ հոգեւոր «երէցներ» նշանակուեցան, որոնք Աստուածաշունչի նշած որակումներուն գոհացում կու տային։ Անոնք որպէս երէցներ կամ տեսուչներ կրնային «ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել»։ (Տիտոս 1։5-9. Ա. Տիմոթէոս 3։1-7) Հոգեւոր այլ տղամարդիկ որակեալ դարձան ժողովքներուն աջակցելու որպէս օգնական ծառաներ կամ սարկաւագներ։—Ա. Տիմոթէոս 3։8-10, 12, 13

10. Մատթէոս 18։15-17–ի համաձայն, լուրջ խնդիրներ ի՞նչպէս պիտի լուծուէին։

10 Յիսուս նշեց թէ այսպիսի կառոյց մը պիտի գոյանար։ Մտաբերէ Մատթէոս 18։15-17–ի մէջ արձանագրուած տեղեկութիւնը, ուր ան ըսաւ թէ Աստուծոյ ծառայող երկու անհատներու միջեւ երբեմն կրնայ խնդիր մը ծագիլ, մէկը միւսին դէմ մեղք գործելով։ Անմեղ կողմը միւսին պէտք էր մօտենար եւ առանձնաբար ‘զանիկա յանդիմանէր’։ Եթէ այս քայլը հարցը չլուծէր, կարելի էր միջամտութիւն խնդրել մէկ կամ երկու հոգիէ, որոնք իրողութիւններուն իրազեկ էին։ Եթէ հարցը նորէն չլուծուէր, այն ատեն ի՞նչ։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։ Երբ Յիսուս այս խօսքը ըսաւ, Հրեաները տակաւին «Աստուծոյ ժողովք»ն էին, ուստի իր խօսքերը սկիզբը կը կիրարկուէին անոնց։ * Սակայն անմիջապէս որ քրիստոնէական ժողովքը հաստատուէր, Յիսուսի այս ցուցմունքը անոր պիտի կիրարկուէր։ Ասիկա յաւելեալ ապացոյց մըն է թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ժողովքային կառոյց մը պիտի ունենար, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի շինութեան ու առաջնորդութեան համար։

11. Երէցները խնդիրներ լուծելու մէջ ի՞նչ դեր կը խաղային։

11 Տեղին ըլլալով, երէցները կամ տեսուչները տեղական ժողովքին ներկայացուցիչները պիտի ըլլային, խնդիրներ լուծելով կամ գործուած մեղքեր նկատի առնելով։ Ասիկա ներդաշնակ է Տիտոս 1։9–ի մէջ նշուած երէցներու որակումներուն հետ։ Ճիշդ է որ տեղական ժողովքի մը երէցները անկատար մարդիկ էին, ինչպէս Տիտոս էր, զոր Պօղոս ղրկեց ժողովքներուն՝ ‘որպէսզի բոլոր պակաս բաները շտկէ’։ (Տիտոս 1։4, 5) Ներկայիս, երէց նշանակուելու համար նկատի առնուած անհատները, իրենց հաւատքն ու նուիրումը որոշ ատեն մը ապացուցանած պէտք է ըլլան։ Այսպիսով, ժողովքին մէջ ուրիշներ պատճառ կ’ունենան վստահելու այս կարգադրութեան միջոցաւ հայթայթուած ուղղութեան եւ առաջնորդութեան։

12. Երէցները ժողովքին հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։

12 Պօղոս Եփեսոսի ժողովքի երէցներուն ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [«Որդիին», ՆԱ] արիւնովը ստացաւ»։ (Գործք 20։28) Նոյնն է պարագան այսօր. ժողովքի տեսուչները կը նշանակուին «Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու»։ Անոնք ասիկա սիրալիրօրէն պէտք է ընեն, ո՛չ թէ տիրապետելով հօտին վրայ։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Տեսուչները պէտք է ջանան «բոլոր հօտ»ը շինել եւ անոր օգնական ըլլալ։

Ժողովքին կառչինք

13. Երբեմն ժողովքի մը մէջ ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ եւ ինչո՞ւ։

13 Երէցները եւ ժողովքին մնացեալ բոլոր անդամները անկատար են, ուստի ժամանակ առ ժամանակ թիւրիմացութիւններ կամ խնդիրներ կը ծագին, ինչպէս առաջին դարուն եղաւ, երբ կարգ մը առաքեալներ տակաւին ողջ էին։ (Փիլիպպեցիս 4։2, 3) Տեսուչ մը կամ ուրիշ անհատ մը թերեւս կոշտ, անազնիւ կամ անճիշդ խօսք մը ըսէ։ Կամ, թերեւս խորհինք թէ անաստուածաշնչական բան մը տեղի կ’ունենայ, բայց ըստ երեւոյթին ժողովքին երէցները տեղեակ ըլլալով հանդերձ հարցը չեն շտկեր։ Անշուշտ, կրնայ ըլլալ որ հարցը նկատի առնուած է կամ նկատի կ’առնուի՝ Սուրբ Գրութիւններուն եւ մեզի անծանօթ եղող իրողութիւններու համաձայն։ Բայց նոյնիսկ եթէ պարագան մեր խորհածին պէս է, հետեւեալը նկատի առ. որոշ ատեն մը լուրջ մեղք մը գոյութիւն ունէր Կորնթոսի ժողովքին մէջ, որմով Եհովա հետաքրքրուած էր։ Ժամանակի ընթացքին, ան հոգ տարաւ որ յանցագործութիւնը շիտակ կերպով ու հաստատօրէն նկատի առնուի։ (Ա. Կորնթացիս 5։1, 5, 9-11) Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Եթէ այն ատեն Կորնթոսի մէջ ապրէի, այդ միջոցին ի՞նչպէս պիտի հակազդէի’։

14, 15. Ոմանք ինչո՞ւ դադրեցան Յիսուսի հետեւելէ, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։

14 Նկատի առ ժողովքը պարփակող այլ կարելիութիւն մը։ Ենթադրենք որ անհատ մը աստուածաշնչական որոշ ուսուցում մը հասկնալու եւ ընդունելու դժուարութիւն ունի։ Թերեւս ան Աստուածաշունչին եւ ժողովքին միջոցով մատչելի եղած հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ըրած է եւ հասուն Քրիստոնեայ հաւատակիցներու, նոյնիսկ երէցներու, օգնութիւնը հայցած է։ Այսուհանդերձ ան այդ կէտը ըմբռնելու կամ ընդունելու դժուարութիւն ունի։ Ի՞նչ կրնայ ընել։ Յիսուսի մահէն շուրջ տարի մը առաջ, նոյնանման պարագայ մը զարգացաւ։ Ան ըսաւ թէ ինք «կենաց հաց»ն է եւ եթէ մէկը կ’ուզէ յաւիտեան ապրիլ՝ պէտք է ‘Որդի մարդոյ մարմինը ուտէ եւ անոր արիւնը խմէ’։ Ասիկա իր աշակերտներէն ոմանց ցնցիչ էր։ Փոխանակ բացատրութիւն մը խնդրելու կամ պարզապէս հաւատք ցուցաբերելով սպասելու, աշակերտներէն շատեր «ա՛լ [Յիսուսի] հետ չէին պտըտեր»։ (Յովհաննէս 6։35, 41-67) Դարձեալ, եթէ հոն ըլլայինք՝ ի՞նչ պիտի ընէինք։

15 Արդի ժամանակներուն, ոմանք տեղական ժողովքին հետ ընկերակցելէ դադրած են, խորհելով թէ Աստուծոյ առանձին պիտի ծառայեն։ Թերեւս անոնք ըսեն թէ իրենց զգացումները վիրաւորուած են, կը խորհին որ գործուած սխալ մը չէ սրբագրուած կամ որոշ ուսուցում մը չեն կրնար ընդունիլ։ Անոնց ընթացքը ո՞րքան տրամաբանական է։ Թէեւ ճիշդ է որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն պէտք է ունենայ, սակայն չենք կրնար ուրանալ թէ Ան համաշխարհային ժողովք մը կը գործածէ, ինչպէս ըրաւ առաքեալներուն օրով։ Ասկէ զատ, առաջին դարուն Եհովա տեղական ժողովքներ գործածեց եւ օրհնեց, կարգադրելով որ որակեալ երէցներ եւ օգնական ծառաներ ժողովքներուն օգտակար դառնան։ Նոյնն է պարագան այսօր։

16. Եթէ անհատ մը ժողովքը ձգելու փորձութեան առջեւ գտնուի, ի՞նչ բանի մասին պէտք է մտածէ։

16 Եթէ Քրիստոնեայ մը խորհի թէ կրնայ պարզապէս ապաւինիլ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան, ան Աստուծոյ կողմէ դրուած կարգադրութիւնը կը մերժէ,– Աստուծոյ ժողովուրդին համաշխարհային ժողովքն ու տեղական ժողովքները։ Անհատը կրնայ առանձին եւ անկախօրէն ընթանալ կամ քանի մը հոգիի հետ ընկերակցիլ, բայց ո՞ւր է ժողովքի երէցներու եւ օգնական ծառաներու կարգադրութիւնը։ Յատկանշական է որ երբ Պօղոս Կողոսայի ժողովքին նամակ մը գրեց եւ ցուցմունք տուաւ որ անիկա նաեւ կարդացուի Լաւոդիկէի մէջ, խօսեցաւ ‘արմատ կապելու եւ Քրիստոսի վրայ շինուելու’ մասին։ Միա՛յն ժողովքներուն մէջ եղողները, եւ ո՛չ թէ անոնցմէ զատուողները, ասկէ պիտի օգտուէին։—Կողոսացիս 2։6, 7. 4։16

Ճշմարտութեան սիւնը եւ հաստատութիւնը

17. Ա. Տիմոթէոս 3։15–ը ժողովքին մասին ի՞նչ կը յայտնէ։

17 Քրիստոնեայ երէց Տիմոթէոսի յղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ տեղական ժողովքներուն մէջ ծառայող երէցներուն եւ օգնական ծառաներուն որակումները ուրուագծեց։ Անկէ անմիջապէս ետք, Պօղոս նշեց «կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին», ըսելով թէ անիկա «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւն»ն է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Առաջին դարուն, օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած ամբողջ ժողովքը վստահաբար այսպիսի սիւն մըն էր։ Եւ անվիճելի իրողութիւն է թէ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի համար ճշմարտութիւնը ստանալու գլխաւոր կարգադրութիւնը առնչուած էր տեղական ժողովքին։ Հո՛ն էր որ անոնք կրնային նկատել թէ ճշմարտութիւնը կ’ուսուցանուի ու կը պաշտպանուի, եւ կրնային զօրանալ։

18. Ժողովքային հանդիպումները ինչո՞ւ կենսական են։

18 Նմանապէս, համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքը Աստուծոյ տունն է՝ «ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը»։ Մեր տեղական ժողովքին հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը եւ մասնակցիլը գլխաւոր կերպ մըն է՝ որով կը շինուինք, Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ կը զօրանանք եւ իր կամքը կատարելու համար կը պատրաստուինք։ Կորնթոսի ժողովքին գրելով, Պօղոս կեդրոնացաւ ժողովներու ընթացքին ըսուած բաներուն վրայ։ Ան գրեց թէ կը փափաքէր որ անոնց ժողովներու ընթացքին ըսուածները յստակ ու հասկնալի ըլլային, ներկաներուն «շինութեանը» համար։ (Ա. Կորնթացիս 14։12, 17-19) Ներկայիս մենք ալ կրնանք շինուիլ, եթէ ընդունինք որ Եհովա Աստուած տեղական ժողովքներու կարգադրութիւնը հաստատած է եւ անոր թիկունք կը կանգնի։

19. Ինչո՞ւ ժողովքիդ պարտական կը զգաս։

19 Արդարեւ, եթէ կ’ուզենք որպէս Քրիստոնեաներ շինուիլ, ժողովքին մէջ պէտք է մնանք։ Անիկա երկար ատենէ ի վեր պատնէշ է սուտ ուսուցումներու դէմ, եւ Աստուած զայն կը գործածէ իր Մեսիական Թագաւորութեան բարի լուրը երկրագունդի չորս կողմը ծանուցանելու համար։ Անտարակոյս, Աստուած քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ շատ բան իրագործած է։—Եփեսացիս 3։9, 10

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Աստուածաշունչի ուսումնական Ալպերթ Պարնզ ընդունեց թէ «եկեղեցիին ըսէ» Յիսուսի ցուցմունքը կրնար ակնարկել «անոնց՝ որոնք այսպիսի հարցեր նկատի առնելու լիազօրութիւն ունէին,– եկեղեցիին ներկայացուցիչները։ Հրէական ժողովարանին մէջ որպէս դատաւոր ծառայող ծերեր կային, որոնց առջեւ այսպիսի դատեր կը բերուէին»։

Կրնա՞ս մտաբերել

• Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ Աստուած երկրի վրայ ժողովքներ կը գործածէ։

• Երէցները, անկատար ըլլալով հանդերձ, ի՞նչ կ’ընեն ժողովքին համար։

• Տեղական ժողովքը ի՞նչպէս քեզ կը զօրացնէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները ծառայեցին որպէս կառավարիչ մարմին

[Նկար՝ էջ 16]

Երէցները եւ օգնական ծառաները ցուցմունքներ կը ստանան, որպէսզի կարենան ժողովքին հանդէպ իրենց պատասխանատուութիւնները կատարել