Պատանինե՛ր, Աստուած պատուող նպատակակէտերու հետամուտ եղէք
Պատանինե՛ր, Աստուած պատուող նպատակակէտերու հետամուտ եղէք
«Ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։7, Անթիլիաս
1, 2. (ա) Պօղոս ինչո՞ւ Տիմոթէոսը գովեց։ (բ) Ներկայիս պատանիներ ի՞նչպէս ‘ինքզինքնին աստուածպաշտութեամբ ապրելու կը մարզեն’։
«ԱՆՈՐ նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ . . . Ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց»։ (Փիլիպպեցիս 2։20, 22) Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Փիլիպպէի Քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ պարփակեց այս ջերմ գովասանքը։ Ան որո՞ւն կ’ակնարկէր։ Իր երիտասարդ ուղեկիցին՝ Տիմոթէոսի։ Պօղոսի գորովն ու վստահութիւնը հաստատող այս խօսքերը ո՜րքան սրտապնդած ըլլալու էին Տիմոթէոսը։
2 Տիմոթէոսի նման հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող պատանիներ Եհովայի ժողովուրդին մէջ մի՛շտ թանկագին ու պիտանի եղած են։ (Սաղմոս 110։3) Ներկայիս, Աստուծոյ կազմակերպութիւնը բազմաթիւ պատանիներով օրհնուած է, որոնք կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ, միսիոնարներ, շինարարութեան կամաւորներ եւ Պէթէլականներ։ Նաեւ մեծապէս գովելի են անոնք որ ժողովքային գործունէութիւններու մէջ նախանձախնդրօրէն բաժին կը բերեն, մինչ այլ պատասխանատուութիւններու հոգ կը տանին։ Այսպիսի պատանիներ կը վայելեն այն իսկական գոհունակութիւնը, որ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան պատուող նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալէն յառաջ կու գայ։ Անոնք իրապէս ‘ինքզինքնին աստուածպաշտութեամբ ապրելու կը մարզեն’։—Ա. Տիմոթէոս 4։7, 8, Անթիլիաս
3. Այս յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումները նկատի պիտի առնուին։
3 Պատանի մը ըլլալով՝ հոգեւոր որոշ նպատակակէտերու կը ձգտի՞ս։ Ասիկա ընելու համար ո՞ւր կրնաս օգնութիւն եւ քաջալերութիւն գտնել։ Ի՞նչպէս կրնաս այս նիւթապաշտ աշխարհին ճնշումներուն դէմ դնել։ Ի՞նչ օրհնութիւններ կրնաս ակնկալել, եթէ Աստուած պատուող նպատակակէտերու հետամուտ ըլլաս։ Այժմ այս հարցումներուն պատասխանները գտնենք, Տիմոթէոսի կեանքն ու ասպարէզը նկատի առնելով։
Տիմոթէոսի ենթահողը
4. Համառօտաբար ուրուագծէ Տիմոթէոսի քրիստոնէական կենսագրութիւնը։
4 Տիմոթէոս մեծցաւ Լիւստրայի մէջ, որ հռովմէական Գաղատիա նահանգին պատկանող գիւղաքաղաք մըն էր։ Հաւանաբար ան Քրիստոնէութեան հետ շփման մէջ եկաւ մատղաշ հասակին, երբ Պօղոս Լիւստրայի մէջ քարոզեց շուրջ Հ.Դ. 47–ին։ Տիմոթէոս տեղւոյն Քրիստոնեայ եղբայրներուն քով արագօրէն սքանչելի համբաւ մը կերտեց։ Երկու տարի ետք՝ Լիւստրա վերադառնալով եւ անոր յառաջդիմութեան մասին իմանալով, Պօղոս Տիմոթէոսը ընտրեց որպէս իր միսիոնարական ընկերակիցը։ (Գործք 14։5-19. 16։1-3) Մինչ Տիմոթէոս կը մեծնար, անոր վստահուեցան աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ, ի ներառեալ՝ եղբայրները զօրացնելու լուրջ առաքելութիւններ։ Երբ Պօղոս Հռովմի մէջ իր բանտէն Տիմոթէոսի նամակ գրեց՝ շուրջ Հ.Դ. 65–ին, ան Եփեսոսի մէջ կը ծառայէր որպէս Քրիստոնեայ երէց։
5. Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15–ի համաձայն, ո՞ր երկու ազդակները նպաստեցին որ Տիմոթէոս որոշէ հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալ։
5 Բացայայտօրէն, Տիմոթէոս ընտրեց հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալ։ Բայց ի՞նչ բան զինք առաջնորդեց ասիկա ընելու։ Տիմոթէոսի յղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս երկու վճռական ազդակներ նշեց։ Ան ըսաւ. «Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Նախ քննենք Տիմոթէոսի ընտրութիւններուն մէջ կարգ մը Քրիստոնեաներու խաղցած դերը։
Դրական ազդեցութիւններէ օգտուէ
6. Տիմոթէոս ի՞նչպիսի մարզում ստացաւ եւ ի՞նչպէս ընդառաջեց։
6 Տիմոթէոս կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի Գործք 16։1) Եւնիկէ եւ Լաւոդիա Տիմոթէոսի մանկութենէն սորվեցուցին իրեն Եբրայերէն Գրութիւններու բովանդակած ճշմարտութիւնները։ Քրիստոնեայ դառնալէ ետք, անկասկած անոնք զինք համոզեցին որ քրիստոնէական ուսուցումներուն հաւատք ընծայէ։ Բացորոշ է որ Տիմոթէոս այս հոյակապ մարզումէն լիովին օգտուեցաւ։ Պօղոս նշեց. «Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ, որ առաջ մեծ մայրդ Լաւոդիա եւ քու մայրդ Եւնիկէ ունէին եւ համոզուած եմ որ դուն դեռ ունիս»։—Բ. Տիմոթէոս 1։5
մը մէջ մեծցաւ։ Հայրը՝ Յոյն էր, իսկ մայրը՝ Եւնիկէ եւ մեծ մայրը՝ Լաւոդիա, հրէական ծագում ունէին։ (7. Պատանիներէն շատեր ի՞նչ օրհնութիւն կը վայելեն, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ իրենց օգտակար ըլլալ։
7 Ներկայիս, պատանիներէն շատեր օրհնուած են աստուածավախ ծնողներով ու մեծ–ծնողներով, որոնք Լաւոդիայի եւ Եւնիկէի նման, հոգեւոր նպատակակէտերու կարեւորութեան կը գիտակցին։ Սամիրա, օրինակի համար, տակաւին կը յիշէ պատանեկութեան շրջանին ծնողքին հետ իր ունեցած երկար զրոյցները։ Ան կ’ըսէ. «Մայրս ու հայրս ինծի սորվեցուցին որ հարցերու շուրջ Եհովայի տեսակէտը ունենամ եւ նախապատուութիւնը տամ քարոզչութեան։ Անոնք միշտ զիս խթանեցին որ լիաժամ ծառայութեան հետամուտ ըլլամ»։ Սամիրա իր ծնողքին քաջալերութեան դրականօրէն ընդառաջեց եւ այժմ կը վայելէ իր երկրին մէջ որպէս Պէթէլական ծառայելու առանձնաշնորհումը։ Եթէ ծնողքդ քեզ կը քաջալերեն որ հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ կեդրոնանաս, անոնց խրատը ուշադրութեամբ նկատի առ։ Անոնք լաւագոյն շահերդ ի մտի ունին։—Առակաց 1։5
8. Տիմոթէոս քրիստոնէական շինիչ ընկերակցութենէն ի՞նչպէս օգտուեցաւ։
8 Նաեւ կարեւոր է որ քրիստոնէական եղբայրութեան մէջ շինիչ ընկերակցութիւն փնտռես։ Տիմոթէոս իր ժողովքի եւ շուրջ 30 քիլոմեթր հեռու գտնուող Իկոնիոնի ժողովքի Քրիստոնեայ երէցներուն կողմէ լաւ ճանչցուած էր։ (Գործք 16։1, 2) Ան սերտ բարեկամութիւն մշակեց Պօղոսի հետ, որ աշխոյժ անձ մըն էր։ (Փիլիպպեցիս 3։14) Պօղոսի նամակները ցոյց կու տան թէ Տիմոթէոս խրատը հաճոյքով կ’ընդունէր եւ հաւատքի տիպարներուն օրինակին հետեւելու մէջ արագ էր։ (Ա. Կորնթացիս 4։17. Ա. Տիմոթէոս 4։6, 12-16) Պօղոս գրեց. «Դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։10) Արդարեւ, Տիմոթէոս սերտօրէն Պօղոսի օրինակին հետեւեցաւ։ Նոյնպէս, եթէ ժողովքին մէջի հոգեւորապէս զօրաւոր անհատներուն մօտենաս, հոգեւոր նպատակակէտեր մշակելու համար օգնութիւն պիտի ստանաս։—Բ. Տիմոթէոս 2։20-22
«Սուրբ գրքերը» ուսումնասիրէ
9. Շիտակ ընկերակիցներ ընտրելու կողքին, ի՞նչ պէտք է ընես որ ‘ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզես’։
9 Հոգեւոր նպատակակէտերու հասնիլը միմիայն շիտակ ընկերակիցներ ընտրելէ՞ն կախեալ է։ Ո՛չ։ Տիմոթէոսի նման, «սուրբ գրքերը» ուշադրութեամբ պէտք է քննես։ Ուսումնասիրելը կրնայ նախասիրած զբաղումդ չըլլալ, բայց մտաբերէ թէ Տիմոթէոս ‘ինքզինք աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզեց’։ Յաճախ մարզիկներ ամիսներ շարունակ ծանր կը մարզուին, որպէսզի իրենց նպատակին հասնին։ Նոյնպէս, հոգեւոր նպատակակէտերու հասնիլը զոհողութեան ու լուրջ ջանքի կը կարօտի։ (Ա. Տիմոթէոս 4։7, 8, 10) Կրնաս հարց տալ. ‘Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը ի՞նչպէս կրնայ ինծի օգնել նպատակակէտերուս հասնելու’։ Նկատի առնենք երեք կերպեր։
10, 11. Սուրբ Գրութիւնները ինչո՞ւ քեզ պիտի մղեն որ հոգեւոր նպատակակէտերու ձգտիս։ Օրինակ մը տուր։
10 Առաջին, Սուրբ Գրութիւնները քեզի շիտակ շարժառիթը պիտի հայթայթեն։ Անոնք կը յայտնեն մեր երկնաւոր Հօր հոյակապ անձնաւորութիւնը, մեզի ի նպաստ իր գերագոյն սիրոյ արարքը եւ իր հաւատարիմ ծառաներուն համար վերապահած յաւերժական օրհնութիւնները։ (Ամովս 3։7. Յովհաննէս 3։16. Հռովմայեցիս 15։4) Մինչ Եհովայի մասին գիտութիւնդ կ’աճի, իրեն հանդէպ սէրդ եւ կեանքդ իրեն նուիրելու փափաքդ պիտի աւելնան։
11 Քրիստոնեայ պատանիներէն շատեր կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչի կանոնաւոր անձնական ուսումնասիրութիւնը, ճշմարտութիւնը իրենց սեփականը դարձնելու մէջ էական դեր խաղցած է։ Ատէլ, օրինակի համար, Քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ մեծցած է, բայց բնաւ հոգեւոր նպատակակէտեր չէ դրած։ Ան կ’ըսէ. «Ծնողքս զիս Թագաւորութեան Սրահ կը տանէին, բայց անձնական ուսումնասիրութիւն չէի ըներ, ո՛չ ալ ժողովներուն մէջ ականջ կու տայի»։ Իր քոյրը մկրտուելէ ետք, Ատէլ սկսաւ ճշմարտութիւնը լուրջի առնել։ «Ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալու սկսայ։ Հատուած մը կը կարդայի, ապա անոր մասին մեկնաբանութիւն մը կը գրէի։ Տակաւին նոթերս պահած եմ։ Աստուածաշունչը կողքէ–կողք մէկ տարուան մէջ կարդացի»։ Որպէս արդիւնք, Ատէլ մղուեցաւ իր կեանքը Եհովայի նուիրելու։ Ֆիզիքական անկարողութենէ մը տառապելով հանդերձ, ան ներկայիս ռահվիրայ կամ լիաժամ աւետարանիչ մըն է։
12, 13. (ա) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը պատանիին պիտի օգնէ ի՞նչ փոփոխութիւններ ընելու եւ ի՞նչպէս։ (բ) Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած գործնական իմաստութեան մասին օրինակներ տուր։
12 Երկրորդ, Աստուածաշունչը քեզի պիտի օգնէ որ անձնաւորութեանդ մէջ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընես։ Պօղոս Տիմոթէոսի ըսաւ որ «սուրբ գրքերը» «օգտակար [են] սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուծոյ Խօսքին առնչուած նիւթերու վրայ կանոնաւորաբար խոկալով եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելով, թոյլ պիտի տաս որ Աստուծոյ հոգին անձնաւորութիւնդ զտէ։ Անիկա մէջդ էական յատկութիւններ պիտի աճեցնէ, ինչպէս՝ խոնարհութիւն, յարատեւութիւն, ջանասիրութիւն եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հանդէպ հարազատ սէր։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15) Տիմոթէոս այս յատկութիւնները ունէր եւ անոնք զինք պիտանի դարձուցին թէ՛ Պօղոսի եւ թէ իր ծառայած ժողովքներուն։—Փիլիպպեցիս 2։20-22
13 Երրորդ, Աստուծոյ Խօսքը գործնական իմաստութեան շտեմարան մըն է։ (Սաղմոս 1։1-3. 19։7. Բ. Տիմոթէոս 2։7. 3։15) Անիկա քեզի պիտի օգնէ բարեկամներդ խոհեմութեամբ ընտրելու, օգտակար ժամանց զատելու եւ բազմաթիւ այլ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու։ (Ծննդոց 34։1, 2. Սաղմոս 119։37. Ա. Կորնթացիս 7։36) Հոգեւոր նպատակակէտերուդ հասնելու համար, հիմա իսկ իմաստուն որոշումներ կայացնելը կենսական է։
«Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը»
14. Հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալը ինչո՞ւ ամենադիւրին ընթացքը չէ։
14 Եհովան պատուող նպատակակէտերուն նախապատուութիւն տալը ամէնիմաստուն ընթացքն Հռովմայեցիս 12։2) Տիմոթէոսի նման, պէտք է ‘պատերազմիս հաւատքին բարի պատերազմը’, որպէսզի ‘բռնես յաւիտենական կեանքը’ որ Եհովա կը հրամցնէ քեզի։—Ա. Տիմոթէոս 6։12. Բ. Տիմոթէոս 3։12
է, բայց ո՛չ ամենադիւրինը։ Օրինակ, երբ ասպարէզ մը կ’ուզես ընտրել, հաւանաբար վրադ ճնշում բանեցուի՝ ազգականներու, տարեկիցներու եւ բարենպատակ դաստիարակներու կողմէ, որոնք կը հաւատան թէ բարձրագոյն ուսումը եւ շահաբեր պաշտօնը իսկական յաջողութեան ու երջանկութեան բանալին են։ (15. Տիմոթէոս հաւանաբար ի՞նչ հակառակութիւն դիմագրաւեց։
15 Երբ ընտանիքիդ անհաւատ անդամները մերժեն ըրած ընտրութիւնդ, փորձը մասնաւորաբար խիստ կրնայ ըլլալ։ Հաւանաբար Տիմոթէոս այսպիսի հակառակութիւն մը յաղթահարեց։ Աշխատասիրութեան մը համաձայն, Տիմոթէոսի ընտանիքը հաւանաբար «ուսեալ եւ հարուստ դասակարգին կը պատկանէր»։ Կրնայ ըլլալ որ իր հայրը կ’ակնկալէր որ ինք բարձրագոյն ուսում ձեռք ձգէր եւ իրենց սեփական գործը շարունակէր։ * Երեւակայէ թէ Տիմոթէոսի հայրը ի՛նչպէս հակազդած ըլլալու էր, երբ իմացաւ թէ Տիմոթէոս կը նախընտրէր Պօղոսի հետ միսիոնարական գործին մասնակցիլ, հակառակ անոր վտանգներուն եւ նիւթական անորոշութեան։
16. Պատանի մը ծնողական հակառակութեան հետ ի՞նչպէս գլուխ ելաւ։
16 Ներկայիս պատանի Քրիստոնեաներ համանման մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Մէթէու, որ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ կը ծառայէ, կը մտաբերէ. «Երբ սկսայ որպէս ռահվիրայ ծառայել, հայրս չափազանց յուսախաբ եղաւ։ Ան զգաց թէ ուսումս ‘կը վատնէի’, մաքրութեան գործ մը ընելով, որպէսզի կարենամ ծախսերս ապահովել ռահվիրայութեան ընթացքին։ Ան զիս կը ծաղրէր, յիշեցնելով թէ ո՜րքան շատ դրամ պիտի շահէի եթէ լիաժամ աշխատէի»։ Մէթէու այս հակառակութեան հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։ «Աստուածաշունչի ընթերցանութեան հաստատ յայտագիր մը պահեցի եւ յարատեւաբար աղօթեցի, մանաւանդ այն պահերուն երբ դիւրաւ պիտի բարկանայի»։ Մէթէուի հաստատամտութիւնը վարձատրուեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, հօր հետ իր յարաբերութիւնը բարելաւուեցաւ։ Մէթէու նաեւ Եհովայի աւելի մօտեցած է։ «Եհովան իմ կարիքներս հոգաց, զիս քաջալերեց եւ զիս սխալ որոշումներ կայացնելէ ետ պահեց», կ’ըսէ ան։ «Ասոնցմէ որեւէ մէկը պիտի չվայելէի եթէ հոգեւոր նպատակակէտերու չձգտէի»։
Հոգեւոր նպատակակէտերուն վրայ կեդրոնացած մնացիր
17. Ոմանք ի՞նչպէս սխալմամբ կը վհատեցնեն զանոնք՝ որոնք լիաժամ ծառայութեան կը ձեռնարկեն։ (Մատթէոս 16։22)
17 Երբ հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլաս, նոյնիսկ կարգ մը հաւատակիցներ սխալմամբ
կրնան քեզ վհատեցնել։ Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Ինչո՞ւ ռահվիրայ պիտի ըլլաս։ Կրնաս բնական կեանք մը վարել եւ քարոզչութեան մասնակցիլ։ Լաւ գործ մը գտիր եւ նիւթական ապահովութիւնդ երաշխաւորէ’։ Ասիկա կրնայ ողջամիտ խրատ մը թուիլ, բայց եթէ անոր հետեւիս՝ ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզած կ’ըլլա՞ս։18, 19. (ա) Ի՞նչպէս կրնաս հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ կեդրոնացած մնալ։ (բ) Բացատրէ թէ որպէս պատանի՝ Թագաւորութեան սիրոյն ի՛նչ զոհողութիւններ կ’ընես։
18 Տիմոթէոսի ժամանակակից կարգ մը Քրիստոնեաներ ըստ երեւոյթին այսպիսի տեսակէտներ ունէին։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17) Տիմոթէոսի օգնելու որ իր աչքերը հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ սեւեռած պահէ, Պօղոս զինք քաջալերեց՝ ըսելով. «Ո՛չ մէկ զինուորագրեալ կը կաշկանդուի այս կեանքին գործառնութիւններով, որպէսզի հաճեցնէ իր զօրավարը»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։4, ԱՎ) Պաշտօնի վրայ եղող զինուոր մը չի կրնար քաղաքացիական հետապնդումներով մտացիր ըլլալ, քանի որ իր եւ ուրիշներուն կեանքը կախեալ է զօրավարին հրամանները գործադրելու միշտ պատրաստ ըլլալէն։ Որպէս Քրիստոսի հրամանատարութեան ներքեւ զինուոր, նոյնպէս դուն մէկ բանի վրայ կեդրոնացած պէտք է ըլլաս եւ խուսափիս անհարկի նիւթական հետապնդումներու մէջ մխրճուելէ, որոնք կրնան փրկարար ծառայութիւնդ լիովին կատարելու արգելք հանդիսանալ։—Մատթէոս 6։24. Ա. Տիմոթէոս 4։16. Բ. Տիմոթէոս 4։2, 5
19 Փոխանակ հանգստաւէտ կեանք փնտռելու, անձնազոհ հոգի մը մշակէ։ «Իբրեւ Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ մէկ զինուորը, պատրաստ եղիր իրեն պէս չարչարուելու»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։3, Անթիլիաս) Պօղոսի ընկերակցելով, Տիմոթէոս սորվեցաւ գոհունակ ըլլալու գաղտնիքը՝ նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներուն ներքեւ։ (Փիլիպպեցիս 4։11, 12. Ա. Տիմոթէոս 6։6-8) Դուն ալ կրնաս նոյնը ընել։ Թագաւորութեան սիրոյն զոհողութիւններ ընելու պատրա՞ստ ես։
Օրհնութիւններ հիմա եւ ապագային
20, 21. (ա) Հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալէն յառաջ եկած օրհնութիւններէն ոմանք նկարագրէ։ (բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։
20 Շուրջ 15 տարի Տիմոթէոս Պօղոսի ընկերակիցը եղաւ։ Տիմոթէոս ականատես եղաւ նոր ժողովքներու հաստատման, մինչ բարի լուրը տարածուեցաւ Միջերկրականի հիւսիսը գտնուող գրեթէ ամբողջ տարածքին։ Իր կեանքը շա՜տ աւելի հետաքրքրական ու գոհացուցիչ էր, քան՝ այն «բնական» կեանքը որ չընտրեց։ Հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալով, դուն ալ հոգեւոր անգին օրհնութիւններ պիտի քաղես։ Եհովայի պիտի մօտենաս եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն սէրն ու յարգանքը պիտի շահիս։ Նիւթական հարստութեան հետամուտ ըլլալուն պատճառած վշտին ու յուսախաբութեան փոխարէն, անձնուրացօրէն տալէն յառաջ եկած իսկական երջանկութիւնը պիտի վայելես։ Իսկ ամենաթանկագին բանը, դրախտային երկրի վրայ ‘յաւիտենական կեանքը ձեռք պիտի ձգես’։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10, 17-19. Գործք 20։35
21 Արդ, եթէ տակաւին ասիկա չես ըրած, քեզ ջերմօրէն կը քաջալերենք որ անմիջապէս սկսիս ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզել։ Մօտեցիր ժողովքիդ այն անդամներուն, որոնք կրնան քեզի օգնել հոգեւոր նպատակակէտերու ձգտելու, եւ անոնց ուղղութիւնը խնդրէ։ Աստուծոյ Խօսքը անձնապէս ու կանոնաւորաբար ուսումնասիրելուն նախապատուութիւն տուր։ Վճռէ այս աշխարհի նիւթապաշտ հոգիին ընդդիմանալ։ Եւ միշտ յիշէ թէ Աստուած «որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու», կը խոստանայ թէ կրնաս ճոխ օրհնութիւններ քաղել հի՛մա եւ ապագային, եթէ զինք պատուող նպատակակէտեր ընտրես։—Ա. Տիմոթէոս 6։17
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 15 Յունական ընկերութիւնը ուսման մեծ արժէք կու տար։ Տիմոթէոսի ժամանակակից մը՝ Պլուտարքոս գրեց. «Պատշաճ ուսում ստանալը ամէն բարութեան աղբիւրն ու արմատն է։ . . . Իմ կարծիքով, անիկա կը նպաստէ եւ կ’օգնէ բարոյական արժանիքներ եւ երջանկութիւն ձեռք ձգելու։ . . . Միւս բոլոր առաւելութիւնները թերի եւ աննշան են ու մեր լուրջ նկատողութեան արժանի չեն»։—Moralia, I, «The Education of Children»
Կը յիշե՞ս
• Պատանիներ հոգեւոր նպատակակէտերու ձգտելու համար, ո՞ւր կրնան օգնութիւն գտնել։
• Աստուածաշունչի բծախնդիր ուսումնասիրութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։
• Պատանիներ ի՞նչպէս կրնան այս աշխարհի նիւթապաշտ ազդեցութեան ընդդիմանալ։
• Հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 28]
Տիմոթէոս ընտիր նպատակակէտերու հետամուտ եղաւ
[Նկարներ՝ էջ 29]
Ի՞նչ դրական ազդեցութիւններ Տիմոթէոսի օգնեցին
[Նկարներ՝ էջ 30]
Հոգեւոր նպատակակէտերու կը ձգտի՞ս