Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս Աստուածաշունչ ունէ՞ր

Յիսուս Աստուածաշունչ ունէ՞ր

Յիսուս Աստուածաշունչ ունէ՞ր

Ո՛Չ, Յիսուս Աստուածաշունչ չունէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ լման Աստուածաշունչը, ինչպէս որ է ներկայիս, Յիսուսի ժամանակ գոյութիւն չունէր։ Սակայն ժողովարանները մագաղաթներ կը պահէին, որոնց գրութիւնները այժմ Աստուածաշունչին մէկ մասը կը կազմեն։ Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ Եսայիի մագաղաթէն կարդաց։ (Ղուկաս 4։16, 17) Պօղոս առաքեալ Պիսիդիայի Անտիոքին մէջ մտիկ ըրաւ ‘օրէնքին եւ մարգարէներուն կարդացուիլը’։ (Գործք 13։14, 15) Իսկ Յակոբոս աշակերտ նշեց թէ Մովսէս «ժողովարաններու մէջ ամէն շաբաթ օր կը կարդացուի»։—Գործք 15։21

Առաջին դարուն, անհատներ Սուրբ Գրութիւններու մագաղաթներ ունէի՞ն։ Բացայայտ է որ Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին պաշտօնեան ունէր, քանի որ «իր կառքը նստած Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար», երբ Գազա տանող ճամբուն վրայ Փիլիպպոս աշակերտ իրեն հանդիպեցաւ։ (Գործք 8։26-31) Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսէ խնդրեց որ ‘գրքերը բերէ՝ մանաւանդ մագաղաթները’։ (Բ. Տիմոթէոս 4։13) Թէեւ Պօղոս այդ մագաղաթներուն ի՛նչ ըլլալը չըսաւ, սակայն շատ հաւանական է որ անոնք Եբրայերէն Գրութիւններէն հատուածներ էին։

Սեմական լեզուներու փրոֆէսոր՝ Ալէն Միլարտի համաձայն, Հրեաներուն մէջ՝ Սուրբ Գրութիւններու սեփական մագաղաթները հաւանաբար մատչելի էին միայն «Պաղեստինի մէջ եղող ընտրանիներու, ուսեալ ըլլալ դաւանողներու, կարգ մը Փարիսեցիներու եւ Նիկոդէմոսի նման ուսուցիչներու»։ Պատճառը մասամբ գինն էր։ Միլարտ կ’ենթադրէ որ «Եսայիի գրքին գինը 6-10 դահեկան էր», եւ կ’ըսէ թէ Եբրայերէն Աստուածաշունչ մը «կրնար 15-20 գալարներէ բաղկանալ», ծախսը ըլլալով՝ շուրջ կէս տարուան աշխատավարձք։

Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Յիսուս կամ իր աշակերտները անձնական աստուածաշնչական մագաղաթներ ունէին կամ ոչ։ Սակայն կասկած չկայ թէ Յիսուս Սուրբ Գրութիւններուն քաջածանօթ էր, կարող ըլլալով անոնց ակնարկելու կամ զանոնք անգիր ըսելու։ (Մատթէոս 4։4, 7, 10. 19։4, 5) Ասիկա մեզ պէտք չէ՞ մղէ որ Աստուածաշունչին քաջածանօթ ըլլանք, մինչ շատ աւելի աժան ու դիւրամատչելի է։