Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակէ՛ Եհովային մօտենալ

Շարունակէ՛ Եհովային մօտենալ

«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (ՅԱԿ. 4։8

1, 2. ա) Սատանային «խորհուրդները» ի՞նչ են։ բ) Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ մօտենանք։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդ արարածին մէջ իրեն մօտենալու կարիքը զետեղեց։ Բայց Սատանան կ’ուզէ որ խորհինք թէ Եհովային պէտք չունինք։ Սատանան կը փորձէ այս կէտը մարդոց համոզել տալ Եդեմի օրերէն ի վեր, երբ Եւան խաբեց (Ծն. 3։4-6)։ Եւ մինչեւ օրս շատեր խորհած են թէ Աստուծոյ պէտք չունինք։

2 Մենք միեւնոյն սխալին մէջ իյնալու ստիպուած չենք, քանի որ «անոր խորհուրդները գիտենք» (Բ. Կոր. 2։11)։ Սատանան կը փորձէ մեզ Եհովայէն հեռացնել, դրդելով որ սխալ ընտրութիւններ ընենք։ Նախորդ յօդուածը բացատրեց թէ ինչպէ՛ս կրնանք ճիշդ ընտրութիւններ ընել մեր գործին, զբօսանքին ու ժամանցին եւ մեր ընտանիքին առնչութեամբ։ Այս յօդուածը յաւելեալ չորս մարզեր պիտի նշէ, որոնցմով Սատանան կը ջանայ մեզ փորձութեան մէջ ձգել,– ելեկտրոնական սարքեր, առողջութիւն, դրամ եւ հպարտութիւն։ Եթէ այս մարզերուն մէջ լաւ ընտրութիւններ ընենք, կրնանք ‘Աստուծոյ մօտենալ’ (Յակ. 4։8

ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐ ԵՒ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՐՔԵՐ

3. Բացատրէ՛ թէ համակարգիչներն ու համանման սարքերը ինչպէս լաւ եւ գէշ կերպով կարելի է գործածել։

3 Համակարգիչներ եւ ելեկտրոնական սարքեր օգտագործողներուն թիւը հետզհետէ կ’աւելնայ։ Երբ այս սարքերը ճիշդ կերպով գործածենք, կրնանք անոնցմէ օգտուիլ։ Բայց եթէ սխալ կերպով գործածենք, ատոնք կրնան մեր երկնաւոր Հօրմէն հեռացնել մեզ։ Նկատի առ համակարգիչները։ Մեր եղբայրները համակարգիչներու միջոցով կը գրեն եւ կը հրատարակեն այս Դիտարան–ը։ Համակարգիչները կրնան մեզի օգնել որ պրպտումներ ընենք, հաղորդակցինք եւ զուարճանանք։ Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք համակարգիչին գերի դառնալ։ Շատ մը գովազդներ կ’ըսեն թէ հի՛մա ձեռք ձգէ ամէն նորագոյն սարք։ Պատանիի մը սիրտը ա՛յնքան փափաքեցաւ մասնայատուկ համակարգիչ մը ունենալ որ գաղտնաբար իր մէկ երիկամունքը ծախեց, որպէսզի այդ սարքը գնէ։ Ի՜նչ կարճատես զոհողութիւն։

4. Եղբայր մը համակարգիչը չափազանց գործածելու իր գէշ սովորութիւնը ինչպէ՞ս փոխեց։

4 Շատ աւելի ցաւալի է, եթէ Եհովայի հետ փոխյարաբերութեանդ վնասես՝ ելեկտրոնական սարքերը սխալ կերպով կամ շատ յաճախ գործածելով։ Եոն * անունով եղբայր մը, որ գրեթէ 30 տարեկան է, կ’ըսէ. «Գիտե՛մ թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ պէտք է ‘ժամանակը ծախու առնենք’ հոգեւոր բաներու համար, բայց ինչ կը վերաբերի համակարգիչներուն, ես իմ անձիս տէրը չեմ»։ Յաճախ, ան մինչեւ ուշ գիշեր համացանցը կը գործածէր։ «Ո՛րքան աւելի յոգնած ըլլայի, ա՛յնքան աւելի դժուար կ’ըլլար, որ ցանցազրոյցը դադրեցնէի կամ կարճ տեսաֆիլմեր չդիտէի,– թէեւ անոնցմէ ոմանք օգտակար չէին», կը պատմէ ան։ Այս գէշ սովորութենէն ձերբազատուելու համար, Եոն այնպէս մը ըրաւ որ իր համակարգիչը ինքնիրեն մարէր այն ժամուն, երբ պէտք էր որ քնանար (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ ելեկտրոնական սարքերը իմաստութեամբ գործածեն

5, 6. ա) Ծնողներն ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին իրենց զաւակներուն հանդէպ։ բ) Ծնողներն ինչպէ՞ս կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց զաւակները բարի ընկերակցութիւն կը վայելեն։

5 Ծնողնե՛ր, պէտք չունիք ձեր զաւակներուն իւրաքանչիւր քայլը մանրադիտակով դիտելու, բայց եւ այնպէս, հարկ է որ հսկէ՛ք թէ ինչպէս կը գործածեն համակարգիչը։ Մի՛ ձգէք որ պոռնկագրական եւ ոգեհարցական ցանցակայքեր մտնեն, վայրագ խաղեր խաղան կամ գէշ անհատներու հետ առցանց ընկերակցին։ Որովհետեւ եթէ ձգէք որ ուզածնին ընեն, պարզապէս որ ազատ ժամանակ ունենաք, անոնք թերեւս սա եզրակացութեան յանգին. «Եթէ պապայիս ու մամայիս հոգը չէ, ըսել է թէ վնաս մը չունի»։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր պարտականութիւնն է ձեր զաւակները,– եւ պատանիները,– պաշտպանել որեւէ բանէ, որ կրնայ զանոնք Եհովայէն հեռացնել։ Անասունները անգամ կը պաշտպանեն իրենց ձագերը։ Երեւակայեցէք թէ մայր արջ մը ի՛նչ կրնայ ընել, եթէ մէկը իր ձագերուն սպառնայ (համեմատէ՛ Ովսէէ 13։8

6 Ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ ամէն տարիքի եւ օրինակելի եղբայրներու ու քոյրերու հետ ընկերակցին։ Յիշեցէք. ձեր զաւակները ձեզի՛ հետ կ’ուզեն ժամանակ անցընել։ Ուստի ժամանակ ստեղծեցէք, անոնց հետ խնդալու, խաղալու, աշխատելու եւ ‘Աստուծոյ մօտենալու’ *։

ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ

7. Ինչո՞ւ բոլորս կ’ուզենք առողջ մնալ։

7 «Ինչպէ՞ս է առողջութիւնդ»։ Այս ընդհանրացած հարցումը ցաւալի իրողութիւն մը կը բացայայտէ։ Որո՛վհետեւ Ադամն ու Եւան թոյլ տուին որ Սատանան զիրենք Եհովայէն հեռացնէ, բոլորս ալ հիւանդութեան ենթակայ եղանք։ Հիւանդութիւնը Սատանայի նպատակին կը ծառայէ, քանի որ երբ հիւանդանանք, Եհովային ծառայելը աւելի դժուար կ’ըլլայ։ Իսկ եթէ մեռնինք, բնաւ չենք կրնար իրեն ծառայել (Սաղ. 115։17)։ Ուստի, բնականաբար կ’ուզենք մեր կարելին ընել՝ առողջ մնալու համար *։ Ասկէ զատ, պէտք է մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն առողջութեամբ ալ հետաքրքրուած ըլլանք։

8, 9. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր առողջութեան առնչութեամբ ծայրայեղութեան չերթալ։ բ) Ուրախութիւն մշակելուն օգուտները ի՞նչ են։

8 Սակայն, պէտք չէ ծայրայեղութեան երթանք։ Ոմանք որոշ սննդականոններու, դարմանումներու կամ գեղեցկագիտական պիտոյքներու մասին աւելի՛ նախանձախնդրութեամբ կը խօսին, քան Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Թերեւս անկեղծաբար խորհին թէ ուրիշներուն կ’օգնեն։ Այսուհանդերձ, ժողովներէն առաջ կամ ետք, Թագաւորութեան սրահներու կամ համաժողովասրահներու մէջ առողջապահական կամ գեղեցկագիտական պիտոյքներու եւ սովորութիւններու մասին խօսիլը տեղին չէ։ Ինչո՞ւ։

9 Մենք մէկտեղ կը հաւաքուինք հոգեւո՛ր նիւթեր քննարկելու եւ աւելցնելու մեր ուրախութիւնը, որ Աստուծոյ սուրբ հոգիէն կու գայ (Գաղ. 5։22)։ Ժողովներուն նպատակը չէ խօսիլ առողջապահական դարմանումներու եւ դեղերու մասին,– նո՛յնիսկ եթէ ուրիշ մէկը ուզէ խօսիլ ատոնց մասին։ Կրնանք պատճառ ըլլալ որ ուրիշները իրենց ուրախութիւնը կորսնցնեն (Հռով. 14։17)։ Մարդիկ իրե՛նք պէտք է կայացնեն իրենց առողջապահական որոշումները։ Ասկէ զատ, մէկը չկայ որ բոլոր հիւանդութիւններուն լուծումը ունենայ։ Ամենամասնագէտ բժիշկներն անգամ կը ծերանան, կը հիւանդանան, եւ ի վերջոյ կը մահանան։ Եւ մեր առողջութեամբ չափազանց մտահոգուելով չե՛նք կրնար մեր կեանքը երկարել (Ղուկ. 12։25)։ Միւս կողմէ, «ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» (Առ. 17։22

10. ա) Ո՞ր յատկութիւնները գեղեցիկ են Եհովայի աչքին։ բ) Ե՞րբ կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենանք։

10 Նմանապէս, մեր տեսքով ալ հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։ Բայց պէտք չունինք ճիգ թափելու, որ աւելի երիտասարդ երեւնանք։ Ծերութեան նշանները կրնան ապացուցանել անհատի մը հասունութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ներքին գեղեցկութիւնը։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի» (Առ. 16։31)։ Եհովան կը սեպէ որ մեր ներքին անձնաւորութիւնը աւելի կարեւոր է քան մեր դրսերեւոյթը. մենք ալ իրեն պէս պէտք է խորհինք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։3, 4Ուստի հարկ կա՞յ վտանգաւոր դարմանումներու կամ գործողութիւններու միջոցով մեր առողջութիւնը կամ կեանքը վտանգելու, պարզապէս քանի որ կ’ուզենք մեր արտաքին երեւոյթը բարելաւել։ Անկախ մեր տարիքէն կամ առողջութենէն, իսկակա՛ն գեղեցկութիւնը «Տէրոջը ուրախութիւնը» ունենալէն յառաջ կու գայ (Նէ. 8։10)։ Միայն նոր աշխարհին մէջ կատարելապէս առողջ պիտի ըլլանք եւ պիտի երիտասարդանանք (Յոբ 33։25. Եսա. 33։24)։ Բայց մինչեւ այդ օրը գայ, հարկ է որ իմաստուն որոշումներ կայացնենք եւ Եհովայի խոստումներուն հաւատք ընծայենք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ կեանքը հի՛մա վայելենք եւ առողջապահական հարցերով շատ չմտահոգուինք (Ա. Տիմ. 4։8

ԴՐԱՄ

11. Դրամը ինչպէ՞ս կրնայ ծուղակ մը ըլլալ։

11 Դրամ ունենալը կամ շահիլը սխալ չէ (Ժող. 7։12. Ղուկ. 19։12, 13)։ Բայց «արծաթսիրութիւնը» մեզ Եհովայէն պիտի հեռացնէ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ «Աշխարհիս զբաղմունքը» կը նշանակէ՝ կեանքի անհրաժեշտ բաները ապահովելու նկատմամբ չափազանց մտահոգուիլ. եւ այս բանը կրնայ մեզ հոգեւորապէս խեղդել։ Իսկ «հարստութեան խաբէութիւնը» կը նշանակէ թէ կրնանք խաբուիլ՝ կարծելով որ դրամը մեզ պիտի ուրախացնէ եւ մեր կեանքը ապահովէ (Մատ. 13։22)։ Յիսուս ըսաւ թէ «մարդ մը չի կրնար» ծառայել թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ դրամին (Մատ. 6։24

12. ա) Մարդիկ ի՞նչ կերպերով կը փորձեն արագօրէն շատ դրամ շահիլ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք սխալ ընտրութիւններ ընելէ խուսափիլ։

12 Եթէ խորհինք թէ դրամը կարեւորագոյն բանն է, թերեւս սխալ արարքներ գործենք (Առ. 28։20)։ Ոմանք ուզած են արագօրէն շատ դրամ շահիլ, ուստի վիճակահանութեան տոմսեր գնած են։ Կարգ մը եղբայրներ կը մտնեն առեւտրական գործերու մէջ, որոնց մասին կ’ըսուի թէ շահաւէտ ձեռնարկներ են. եւ մինչեւ իսկ ժողովքի միւս անդամներուն կը խոստանան որ եթէ անոնք ալ իրենց միանան, շատ դրամ պիտի շահին։ Ուրիշ առիթներով, որոշ եղբայրներ ժողովքի անդամներէն ուզած են գործի մը համար փոխ առնել, խոստանալով որ շատ դրամ պիտի վերադարձնեն անոնց։ Եթէ ագահութիւն ունինք, թերեւս ընդունինք առեւտրական ձեռնարկ մը, որ կրնայ մեր դրամները սպառել։ Ուստի ուշադի՛ր եղիր որ ագահ չըլլաս։ Արագ կերպով շատ դրամ շահիլը սովորաբար կարելի չէ։

13. Եհովան կ’ուզէ որ մենք դրամը ի՞նչ աչքով դիտենք։

13 Եհովան ապրուստ ճարելու մեր ջանքերը պիտի օրհնէ, եթէ առաջին տեղը դնենք «թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը» (Մատ. 6։33. Եփ. 4։28)։ Ան չ’ուզեր որ ժողովներու ընթացքին մեր քունը գայ այն պատճառով որ գործին մէջ շատ կը յոգնինք. ոչ ալ կ’ուզէ որ Թագաւորութեան սրահին մէջ մեր ուշքը դրամին վրայ ըլլայ։ Աշխարհին մէջ, շատեր կը խորհին թէ իրենց ձեռքէն եկածը պէտք է ընեն դրամ շահելու համար։ Անոնք չեն ուզեր աշխատիլ իրենց յառաջացած տարիքին մէջ. եւ յաճախ իրենց զաւակներն ալ կը քաջալերեն որ նոյն բանը ընեն։ Բայց Յիսուս ցոյց տուաւ թէ այս մտածելակերպը անտրամաբանական է (կարդա՛ Ղուկաս 12։15-21Գէեզին կարծեց թէ կրնայ թէ՛ ագահ ըլլալ եւ թէ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ (Դ. Թագ. 5։20-27

14, 15. Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ խորհիլ, որ դրամը ապահովութիւն է. օրինակ մը տուր։

14 Տեղեկագրուած է թէ որոշ արծիւներ խեղդուած են քանի որ փորձած են ծանր ձուկեր բռնել եւ կրել։ Համանման բան մը կրնայ մեզի պատահիլ եթէ անխոնջօրէն ջանանք հարստանալ։ Ալեքս անունով երէց մը բացատրեց թէ շատ ուշադրութեամբ դրամ կը ծախսէ. ան մինչեւ իսկ օճառը կը խնայէ։ Բայց օր մը ան մտածեց որ եթէ յաւելեալ դրամ շահի, կրնայ իր գործը ձգել եւ ռահվիրայութեան սկսիլ։ Ուստի սորվեցաւ ինչպէ՛ս արժեթուղթեր գնել ու ծախել, եւ իր ամբողջ դրամով կրցածին չափ արժեթուղթեր գնեց։ Ան մինչեւ իսկ պարտքի դրամ առաւ՝ յաւելեալ արժեթուղթեր գնելու համար։ Բայց իր գնած արժեթուղթերը արժէքէ ինկան։ Ալեքս ըսաւ. «Ես վճռեր էի կորսնցուցած դրամիս տեղը հանել»։ Ան խորհեցաւ որ եթէ սպասէր, արժեթուղթերը վերստին պիտի սղէին։

15 Ալեքսին խելքն ու միտքը իր արժեթուղթերուն վրայ եղաւ. չկրցաւ Եհովայի ծառայութիւնը առաջին տեղը դնել եւ իր քունը փախաւ։ Իսկ արժեթուղթերուն գինը բնաւ չբարձրացաւ։ Ալեքսն իր ամբողջ գումարը կորսնցուց եւ ստիպուեցաւ իր տունը ծախել։ Ան կ’ըսէ թէ իր ընտանիքին գլխու ցաւ եղաւ։ Բայց եւ այնպէս, ան կարեւոր դաս մը սորվեցաւ։ «Այժմ գիտեմ թէ ո՛վ որ Սատանայի աշխարհին ապաւինի, խորապէս յուսախաբ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան (Առ. 11։28)։ Եթէ ամբողջովին դրամին կամ դրամ շահելու մեր կարողութեան ապաւինինք, խորքին մէջ ապաւինած կ’ըլլանք ‘այս աշխարհի աստուծոյն’՝ Սատանային (Բ. Կոր. 4։4. Ա. Տիմ. 6։17)։ Ալեքսն այժմ փոփոխութիւններ մտցուցած է իր կեանքին մէջ, որպէսզի աւելի ժամանակ յատկացնէ բարի լուրը քարոզելուն։ Ասիկա զինք եւ իր ընտանիքը աւելի ուրախացուցած է եւ օգնած է որ Եհովային աւելի մօտենան (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30

ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

16. Պարծանքը ինչպէ՞ս կը տարբերի հպարտութենէն։

16 Ճիշդ բաներով պարծենալը կրնայ լաւ ըլլալ։ Օրինակ, մեզի համար պարծանք է Եհովայի վկայ կոչուիլը (Եր. 9։24)։ Այս պատճառով, միշտ կը ջանանք լաւ որոշումներ կայացնել եւ Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն հետեւիլ։ Բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չհպարտանանք, խորհելով որ Եհովայէն աւելի լաւ կը հասկնանք։ Ինչո՞ւ. քանի որ այս կեցուածքը կրնայ մեզ Եհովայէն հեռացնել (Սաղ. 138։6. Հռով. 12։3

Ժողովքիդ մէջ նշանակում մը ստանալու մասին հոգ ընելու տեղ, ծառայութենէ՛դ հաճոյք առ

17, 18. ա) Խոնարհ եւ հպարտ մարդոց օրինակներ տո՛ւր Աստուածաշունչէն։ բ) Եղբայր մը ինչպէ՞ս թոյլ չտուաւ, որ հպարտութիւնը զինք Եհովայէն հեռացնէր։

17 Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ՛ հպարտ եւ թէ խոնարհ մարդոց մասին։ Դաւիթ թագաւորը խոնարհութեամբ Եհովայէն ուղղութիւն խնդրեց եւ օրհնուեցաւ (Սաղ. 131։1-3)։ Միւս կողմէ, Եհովան պատժեց Բաբելոնի հպարտ թագաւորները՝ Նաբուգոդոնոսորը եւ Բաղտասարը (Դան. 4։30-37. 5։22, 30)։ Այսօր ալ պարագաներ կը ծագին, որոնց ներքեւ խոնարհ մնալը մարտահրաւէր կը դառնայ։ Ռայըն անունով 32 ամեայ օգնական ծառայ մը իր ժողովքը փոխեց։ Ան կը պատմէ. «Ես ակնկալեցի որ շուտով երէց կը յանձնարարուիմ, բայց մէկ տարի անցաւ եւ բան մը չեղաւ»։ Արդեօք Ռայընը պիտի զայրանա՞ր, խորհելով թէ երէցները զինք չեն յարգած։ Արդեօք պիտի դադրէ՞ր ժողովներուն յաճախելէ, թոյլ տալով որ հպարտութիւնը զինք Եհովայէն եւ ժողովքէն հեռացնէր։ Դո՞ւն ինչ կ’ընէիր։

18 «Մեր հրատարակութիւններուն մէջ ի՛նչ որ կրցայ գտնել ուշացած յոյսին մասին, կարդացի», կը մտաբերէ Ռայընը (Առ. 13։12)։ «Ես անդրադարձայ որ պէտք է սորվիմ համբերել եւ խոնարհ ըլլալ։ Կարիք ունէի որ Եհովան զիս մարզէր»։ Ռայըն իր անձին վրայ կեդրոնանալու տեղ, սկսաւ ուրիշներուն օգնել ու ծառայել, ըլլայ ժողովքին մէջ թէ դաշտին մէջ։ Շատ չանցած, ան արդէն շատ մը յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ կը վարէր։ «Երբ մէկուկէս տարի ետք երէց նշանակուեցայ, անակնկալի եկայ», կ’ըսէ ան։ «Ես ատոր մասին բնաւ հոգ չէի ըներ, քանի որ ծառայութենէս շատ հաճոյք կ’առնէի» (կարդա՛ Սաղմոս 37։3, 4

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԻ՛Կ ՄՆԱՆՔ

19, 20. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ այս յօդուածներուն մէջ քննարկուած բաները բնաւ մեզ Եհովայէն պիտի չհեռացնեն։ բ) Աստուածաշունչէն ովքե՞ր գիտենք, որոնք Եհովային մօտիկ մնացին։

19 Եօթը բաներն ալ որ այս յօդուածներուն մէջ քննարկեցինք, սխալ չեն։ Մենք կը պարծենանք Եհովայի վկայ ըլլալով, ընտանեկան երջանիկ կեանքն ու լաւ առողջութիւնը Եհովայէն պարգեւներ են, մեր գործն ու դրամը անհրաժեշտ են մեր եւ մեր ընտանիքին ապրուստին համար, ժամանցը մեզ կը թարմացնէ եւ ելեկտրոնական սարքերը կրնան օգուտի ծառայել։ Բայց հարկ է որ յիշենք, որ եթէ որեւէ բան սխալ ժամանակին, սխալ չափով կամ սխալ կերպով ընենք, կրնանք Եհովայէն հեռանալ։

Թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէ

20 Սատանան կ’ուզէ որ Եհովայէն հեռանաս։ Բայց դուն կրնա՛ս ծանր աշխատիլ, որ անձդ եւ ընտանիքդ պաշտպանես (Առ. 22։3)։ Շարունակէ՛ Եհովային մօտենալ։ Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ անհատներ կը նշուին որ այս մէկը ըրին։ Ենովքն ու Նոյը «Աստուծոյ հետ քալեց[ին]» (Ծն. 5։22. 6։9)։ Մովսէս «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր» (Եբ. 11։27)։ Յիսուս միշտ իր Հօր ուզածը ըրաւ եւ ասոր համար օրհնուեցաւ (Յովհ. 8։29)։ Օրինա՛կ առ այս անհատներէն։ «Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք։ Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։ Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք» (Ա. Թես. 5։16-18)։ Թոյլ մի՛ տար, որ որեւէ բան քեզ Եհովայէն հեռացնէ։

^ պարբ. 4 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 6 Տե՛ս «Ինչպէ՛ս մեծցնել պատասխանատու երեխաներ» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի հոկտեմբեր 2011 թիւին մէջ (անգլերէն)։

^ պարբ. 7 Տե՛ս «Առողջ ըլլալու հինգ քայլեր» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի մարտ 2011 թիւին մէջ (անգլերէն)։