ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Փետրուար 2013

Այս թիւը նկատի կ’առնէ Եհովայի ժողովուրդին ունեցած մասնայատուկ ժառանգութիւնը։ Նաեւ պիտի գիտնաս թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովայի պաշտպանութեան տակ մնալ։

Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը

Մեր հոգեւոր ժառանգութեան հանդէպ գնահատութիւնդ աւելցուր, վերաքաղ ընելով թէ Եհովան մարդկութեան եւ իր ժողովուրդին համար ի՛նչ ըրած է։

Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը կ’արժեւորե՞ս

Մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը գիտնալը եւ գնահատելը կրնայ քեզի օգնել որ վճռես Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւնդ պահպանել։

Կայսերական պահակախումբը վկայութիւն կը ստանայ

Պօղոս ամէն առիթով վկայեց։ Տե՛ս ինչպէս իր օրինակը կրնայ քեզ քաջալերել նոյնը ընելու։

Եհովայի պաշտպանութեան ձորին մէջ մնա՛

Ի՞նչ է պաշտպանութեան ձորը եւ ինչպէ՞ս Եհովայի երկրպագուները կրնան հոն պաշտպանութիւն գտնել։

Սրտին դիտաւորութիւններէն զգուշացի՛ր

Ատեններ մեր սիրտը կը ջանայ սխալ ընթացք մը արդարացնել։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել գիտնալու թէ իրապէս մեր սրտին մէջ ի՛նչ կայ։

Ամէն խոչընդոտ յաղթահարելով՝ փառք վաստկէ

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծմէ փառք վաստկիլ։ Ի՞նչ բաներ կրնան պատճառ ըլլալ որ զայն չվաստկիս։

Ան Կայիափայի գերդաստանին կը պատկանէր

Մարիամի ոսկրանոցին յայտնաբերումը կ’ապացուցանէ, թէ Աստուածաշունչը կը խօսի իսկական մարդոց մասին, որոնք իսկական ընտանիքներու կը պատկանէին։

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Անմոռանալի»ն ճիշդ ժամանակին եկաւ

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս նոր «Արարչագործութեան թատերախաղը» օգնեց Գերմանիոյ մէջ գտնուող Վկաներուն, որ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին հաւատքի փորձութիւններուն դիմանան։