ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ
Անոնք «փորձութեան ժամանակ» հաստատ մնացին
Ա. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ընթացքին, շատեր գիտակցեցան թէ Աստուածաշունչի Աշակերտները չէզոք կեցուածք ունենալով պատերազմին պիտի չմասնակցէին (Եսա. 2։2-4. Յովհ. 18։36. Եփ. 6։12)։ Լաւ, այդ ատեն Բրիտանիոյ մէջ Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ ըրին։
1916–ին, զինուորական ծառայութեան օրէնքը պահանջեց 18-40 տարեկան ամուրի տղամարդոց զինուորագրութիւնը, բայց բացառեց այն տղամարդիկը, որոնց առարկութիւնը հիմնուած էր «կրօնական կամ բարոյական համոզումներ»ու վրայ։ Կառավարութիւնը դատարաններ հաստատեց, որոշելու համար թէ որո՛նք այս ծառայութենէն զերծ պիտի ըլլային, եւ ո՛ր տարողութեամբ։
Կարճ ժամանակ մը ետք, շուրջ 40 Աստուածաշունչի Աշակերտներ զինուորական բանտերու մէջ բանտարկուեցան, եւ 8 հոգի Ֆրանսայի ճակատը ղրկուեցան։ Այս անարդար արարքը Բրիտանիոյ եղբայրները մղեց, որ բողոքեն վարչապետ Հէրպէրթ Ասքուիթին, ուղարկելով նամակ մը ե՛ւ 500 ստորագրութիւն կրող հանրագիր մը։
Ապա լուրեր հասան, թէ այն ութ եղբայրները՝ որոնք Ֆրանսա ղրկուեցան, պիտի գնդակահարուէին, քանի որ մերժած էին պատերազմին մասնակցիլ։ Բայց երբ գնդակահարող ջոկատին առջեւ շարուեցան, իրենց դատավճիռը փոխուեցաւ տասը տարի բանտարկութեան։ Անոնք Անգլիա բերուեցան եւ քաղաքային բանտերու մէջ բանտարկուեցան։
Մինչ պատերազմը շարունակուեցաւ, ամուսնացած տղամարդիկն ալ պարփակուեցան զինուորագրութեան մէջ։ Անգլիոյ Մէնչէստըր քաղաքին մէջ, բժիշկ եւ Աստուածաշունչի Աշակերտ՝ Հէնրի Հատսըն դատուեցաւ։ 3 օգոստոս 1916–ին, դատարանը զինք յանցաւոր գտաւ, տուգանքի ենթարկեց եւ զինուորութեան յանձնեց։ Միեւնոյն ժամանակ, Սկովտիայի Էտինպըրկ քաղաքին մէջ, 25 տարեկան աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխող՝ Ճէյմս Ֆրետերիք Սքոթ, դատուեցաւ ու յանցաւոր չգտնուեցաւ։ Պարտուելով հանդերձ, կառավարութիւնը նախընտրեց ուրիշ դատի մը վրայ կեդրոնանալ, որ տեղի կ’ունենար Լոնտոնի մէջ։ Այս անգամ, Հէրպէրթ Քիփս անունով եղբայր մը յանցաւոր գտնուեցաւ, տուգանքի ենթարկուեցաւ եւ զինուորութեան յանձնուեցաւ։
Մինչեւ սեպտեմբեր 1916, ընդամէնը 264 եղբայրներ դիմումնագիր լեցուցին, որ զինուորական ծառայութեան չմասնակցին։ Անոնցմէ 5–ին միայն այդ մէկը շնորհուեցաւ, 154–ին «ազգային կարեւորութիւն ունեցող աշխատանք» նշանակուեցաւ, 23–ին զինուորութեան մէջ ոչ–պատերազմիկ պարտականութիւններ տրուեցան, 82–ը զինուորութեան յանձնուեցան եւ անոնցմէ ոմանք զինուորական ատեանին մէջ դատուեցան, քանի որ հրամաններուն չհնազանդեցան։ Հանրութիւնը այս անգութ վերաբերմունքին դէմ առարկեց, անոր համար
կառավարութիւնը զանոնք փոխադրեց զինուորական բանտէն քաղաքային ճամբարներ։Էտկար Գլէյ եւ Փրայս Հիյուզ, որ յետագային ծառայեց որպէս Բրիտանիոյ մասնաճիւղի տեսուչ, Կալեսի մէջ ջրամբար մը կառուցանելու մէջ բաժին բերին։ Միւս կողմէ, Հէրպէրթ Սինեըր, Ֆրանսայէն վերադարձող ութէն մէկը, Եորքշայրի Ուէյքֆիլտ բանտը ուղարկուեցաւ։ Ուրիշներ գէշ պայմաններու մէջ ծանր աշխատեցան Տարդմուր բանտին մէջ, ուր կազմեցին խղճմտանքի առարկուներու ամենամեծ խումբը։
Ֆրէնք Բլաթ, Աստուածաշունչի Աշակերտ մը՝ որուն ոչ–պատերազմիկ պարտականութիւններ տրուեցան, երկար եւ վայրագ հալածանք կրեց երբ ճակատ ղրկուեցաւ։ Իսկ Ադքընսըն Փէճըթը, որ ճշմարտութիւնը գիտցաւ զինուորագրուելէ ետք եւ մերժեց պատերազմի մասնակցիլ, զինուորական հեղինակութիւններու կողմէ վայրագ վերաբերմունքի ենթարկուեցաւ։
Թէեւ այդ օրերուն մեր եղբայրները լիովին չէին ըմբռնած քրիստոնէական չէզոքութեան գաղափարը, բայց ջանացին Եհովա Աստուածը հաճեցնել։ Այս տեղեկագրին մէջ նշուած եղբայրները չէզոքութեան մարզին մէջ լաւ օրինակ հանդիսացան, յատկապէս խիստ «փորձութեան ժամանակ», ինչպէս կը նշէ Յայտնութիւն 3։10–ը (Բրիտանիոյ մեր արխիւէն)։