Աւետարանիչի դերդ կատարէ
«Աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛» (Բ. ՏԻՄ. 4։5)։
1. Ինչո՞ւ կրնանք Եհովան առաջին ու գլխաւոր Աւետարանիչը կոչել։
ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉԸ բարի լուր տուող է։ Առաջին ու գլխաւոր Աւետարանիչը՝ Եհովա Աստուած է։ Մեր առաջին ծնողքին ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Եհովան յայտարարեց բարի լուր մը. օձը,– այսինքն՝ Բանսարկու Սատանան,– պիտի բնաջնջուի (Ծն. 3։15)։ Դարերու ընթացքին, Եհովան իր գրաւոր Խօսքին միջոցաւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իր անունը պիտի սրբացնէ, Սատանային պատճառած խնդիրները պիտի վերացնէ եւ մարդոց դարձեալ պիտի տայ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը։
2. ա) Աւետարանչութեան առնչութեամբ, հրեշտակները ի՞նչ դեր կը խաղան։ բ) Յիսուս աւետարանիչներուն ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։
2 Հրեշտակներն ալ աւետարանիչներ են։ Անոնք ինքնին բարի լուր կամ աւետիս կը հաղորդեն, ինչպէս նաեւ բարի լուր տուողներուն կ’աջակցին (Ղուկ. 1։19. 2։10. Գործք 8։26, 27, 35. Յայտ. 14։6)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել հրեշտակապետին՝ Միքայէլին՝ մասին։ Երբ երկրի վրայ էր որպէս Յիսուս, անոր ամէնէն կարեւոր աշխատանքն էր՝ բարի լուրը քարոզել։ Իր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ քարոզելը մեր գլխաւոր գործունէութիւնը պէտք է ըլլայ (Ղուկ. 4։16-21)։
3. ա) Ի՞նչ բարի լուր ամէնուրեք կը տարածենք։ բ) Աւետարանիչներ ըլլալով, ո՞ր հարցումները մեզ կը հետաքրքրեն։
3 Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ աւետարանիչներ ըլլան (Մատ. 28։19, 20. Գործք 1։8)։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը յորդորեց. «Աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛» (Բ. Տիմ. 4։5)։ Որպէս Յիսուսի հետեւորդներ, ի՞նչ բարի լուր ամէնուրեք կը տարածենք։ Ատիկա կը պարփակէ այն հաւաստիացուցիչ ճշմարտութիւնը, թէ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան՝ մեզ կը սիրէ (Յովհ. 3։16. Ա. Պետ. 5։7)։ Եհովա Աստուած իր սէրը գլխաւորաբար կը յայտնէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ։ Անոր համար, ուրախութեամբ ուրիշներուն կը պատմենք, թէ բոլոր անոնք՝ որոնք Թագաւորութեան իշխանութեան կ’ենթարկուին, Աստուծոյ կը հնազանդին եւ արդարութեամբ կը վարուին, կրնան իր բարեկամները ըլլալ (Սաղ. 15։1, 2)։ Իրականութեան մէջ, Եհովային նպատակն է՝ ամբողջ տառապանքը վերացնել։ Ան նաեւ վերջ պիտի դնէ անցեալի տառապանքներուն պատճառած ցաւին ու վիշտին։ Ասիկա ի՜նչ բարի լուր է (Եսա. 65։17)։ Աւետարանիչներ ըլլալով, նկատի առնենք երկու կարեւոր հարցումներու պատասխանները. ներկայիս, ինչո՞ւ կարեւոր է որ մարդիկ բարի լուրը լսեն։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք աւետարանիչի մեր դերը յաջողապէս կատարել։
ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՈ՞Ւ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԻՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆ
4. Աստուծոյ առնչութեամբ մարդիկ ի՞նչ սուտ պատմութիւններ կը լսեն։
4 Երեւակայէ թէ քեզի կ’ըսուի, որ հայրդ քեզ ու քու ընտանիքդ լքած է։ Ենթադրէ որ անոնք՝ որոնք կը դաւանին թէ զինք կը ճանչնան, կ’ըսեն թէ ան անտարբեր, գաղտնապահ ու անգութ մէկն էր։ Ոմանք նոյնիսկ կ’ուզեն որ հաւատաս, թէ անօգուտ է փորձել ետ կապի մէջ մտնել անոր հետ, քանի որ ան մահացած է։ Իրականութեան մէջ, շատեր Աստուծոյ մասին համանման պատմութիւններ կը լսեն։ Անոնց կ’ըսուի թէ Աստուած խորհրդաւոր կամ անգութ է։ Օրինակի համար, կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կը դաւանին, որ Աստուած չար մարդիկը տանջանքի վայրի մը մէջ յաւիտեան պիտի չարչարէ։ Ուրիշներ կ’ըսեն, թէ բնական աղէտներուն պատճառած տառապանքին ետին Աստուած է։ Հակառակ անոր որ թէ՛ բարիները եւ թէ չարերը զոհ կ’երթան այս աղէտներուն, մարդիկ կը կարծեն որ ատոնք Աստուծմէ պատիժ են։
5, 6. Բարեշրջութեան տեսութիւնը եւ սուտ վարդապետութիւնները ինչպէ՞ս մարդոց ազդած են։
5 Ուրիշներ կը հաստատեն, թէ Աստուած գոյութիւն չունի։ Այս առնչութեամբ նկատի առ բարեշրջութեան տեսութիւնը։ Բարեշրջութեան հաւատացողներէն շատեր կ’ըսեն, թէ ո՛չ ոք ծրագրեց կեանքը։ Անոնք կը դաւանին թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն չունի։ Ոմանք նոյնիսկ ըսած են, թէ մարդը պարզապէս անասուն մըն է, եւ անոր համար պէտք չէ զարմանանք երբ անհատ մը անասնական գծեր դրսեւորէ։ Անոնք կը պատճառաբանեն թէ զօրաւորները, որոնք անգթօրէն կը տիրեն տկարներուն վրայ, պարզապէս կը հետեւին այդպէս կոչուած բնութեան օրէնքներուն, եւ հետեւաբար զարմանալի չէ թէ միշտ անարդարութիւն պիտի ըլլայ։ Այսպէս, բարեշրջութեան համակիրները ապագային նկատմամբ իսկական յոյս չունին։
6 Անկասկած, բարեշրջութեան տեսութիւնը եւ սուտ վարդապետութիւնները այս վերջին օրերուն մէջ մարդոց տառապանքը աւելցուցած են (Հռով. 1։28-31. Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Այս մարդկային ուսուցումները իսկական ու մնայուն բարի լուր չեն տուած մարդոց։ Փոխարէն, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ կը նշէ, ատոնք մարդոց ‘իմացականութիւնը խաւարի մէջ ձգած են եւ զանոնք օտարացուցած են Աստուծոյ կեանքէն’ (Եփ. 4։17-19)։ Ասկէ զատ, բարեշրջութեան տեսութիւնը եւ սուտ վարդապետութիւնները արգելք հանդիսացած են, որ մարդիկ Աստուծոյ տուած բարի լուրը ընդունին (կարդա՛ Եփեսացիս 2։11-13)։
7, 8. Բարի լուրը լիովին ըմբռնելու միակ կերպը ի՞նչ է։
7 Աստուծոյ հետ հաշտուելու համար, մարդիկ նախ պէտք է համոզուին թէ Ան գոյութիւն ունի եւ անոր մօտենալու վաւերական պատճառներ կան։ Կրնանք անոնց օգնել որ այդ գիտելիքները ձեռք ձգեն, քաջալերելով որ ստեղծագործութիւնը քննեն։ Երբ մարդիկ լայնամտութեամբ ստեղծագործութիւնը զննեն, Աստուծոյ իմաստութեան եւ զօրութեան մասին կը սորվին (Հռով. 1։19, 20)։ Կրնանք ջանալ մարդոց օգնել ըմբռնելու թէ Ստեղծիչին իրագործած բոլոր բաները սքանչելի են, գործածելով՝ զոր օրինակ, Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի գրքոյկը։ Ասով հանդերձ, միայն ստեղծագործութիւնը քննելը պիտի չպատասխանէ կեանքի կարգ մը շփոթեցուցիչ հարցումներու, ինչպէս՝ Աստուած ինչո՞ւ տառապանքը կը թոյլատրէ, երկրագունդին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է, եւ Աստուած ինձմով անձնապէս հետաքրքրուա՞ծ է։
8 Աստուծոյ ու անոր նպատակին մասին բարի լուրը լիովին ըմբռնելու միակ կերպն է՝ Աստուածաշունչը սերտել։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում Բ. Տիմ. 3։14)։ Եւ աւելի համոզիչ անհատներ կը դառնանք, եթէ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։ Անոր յաջողութեան մէկ պատճառն էր՝ թէ ան ազդուօրէն հարցումներ գործածեց։ Այս մարզին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։
ունինք մարդոց օգնելու որ իրենց հարցումներուն պատասխանները գիտնան։ Սակայն, մեր ունկնդիրներուն սրտին հասնելու համար, պէտք է իրողութիւններ փոխանցելէն աւելի՛ն ընենք. պէտք է զանոնք համոզենք (ՅԱՋՈՂ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐԸ ԱԶԴՈՒ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆ
9. Եթէ մարդոց հոգեւորապէս պիտի օգնենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։
9 Յիսուսի նման, ինչո՞ւ պէտք է հարցումներ ուղղենք մինչ կը քարոզենք։ Նկատի առ հետեւեալ պարագան. բժիշկդ քեզի կ’ըսէ թէ բարի լուր ունի։ Ան կրնայ վտանգաւոր գործողութեամբ մը հիւանդութիւնդ բժշկել։ Թերեւս անոր հաւատաս։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ ան այդ մէկը խոստանայ, առանց առողջութեանդ մասին որեւէ հարցում ուղղելու։ Շատ հաւանական է որ անոր չվստահիս։ Որքա՛ն ալ տաղանդաւոր ըլլայ բժիշկը, պէտք է քեզի հարցումներ ուղղէ եւ մտիկ ընէ թէ ի՛նչ ախտանշաններ ունիս, առաջ որ կարենայ քեզի օգտակար դառնալ։ Համանման կերպով, եթէ կ’ուզենք մարդոց օգնել որ Թագաւորութեան բարի լուրը ընդունին, պէտք է ազդու հարցումներ ուղղելու մէջ ատակ ըլլանք։ Միայն երբ անոնց հոգեւոր վիճակը յստակ կերպով գիտնանք, կրնանք անոնց օգնել։
Մեր ունկնդիրներուն սրտին հասնելու համար, պէտք է զանոնք համոզենք
10, 11. Յիսուսի ուսուցանելու կերպը ընդօրինակելով ի՞նչ կրնանք իրագործել։
10 Յիսուս գիտէր թէ լաւ–ընտրուած հարցումները ոչ միայն ուսուցիչին կ’օգնեն որ աշակերտին մասին աւելի՛ն գիտնայ, այլ նաեւ ունկնդիրը միջամուխ կ’ընեն քննարկութեան։ Օրինակի համար, երբ Յիսուս ուզեց իր աշակերտներուն սորվեցնել խոնարհութեան մասին, սկիզբը միտք–գրգռող հարցում մը ուղղեց անոնց (Մար. 9։32)։ Առիթով մը, Յիսուս Պետրոսին հարցում մը ուղղեց, երկու հաւանական պատասխաններ առաջարկեց եւ ապա Պետրոսէն խնդրեց որ պատասխանէ։ Ասիկա Պետրոսին օգնեց կարեւոր դաս մը սորվելու (Մատ. 17։23-25)։ Ուրիշ առիթով մը, երբ Յիսուս ուզեց գիտնալ իր աշակերտներուն սրտին մէջինը, ան տեսակէտ արտայայտելու մղող հարցումներ ուղղեց (կարդա՛ Մատթէոս 16։13-17)։ Հարցումներ ուղղելով եւ դիտողութիւններ ընելով, Յիսուս իրողութիւններ փոխանցելէն աւելի՛ն ըրաւ։ Ան մարդոց սրտին դպաւ, զիրենք մղելով որ բարի լուրին հետ ներդաշնակ գործեն։
11 Երբ ազդու հարցումներ ուղղելով Յիսուսը ընդօրինակենք, առնուազն երեք բան կ’ընենք։ Կը գիտնանք ինչպէ՛ս լաւագոյնս մարդոց օգնել, խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնները կը յաղթահարենք եւ խոնարհներուն կը սորվեցնենք ինչպէս օգտուիլ։ Նկատի առ երեք պարագաներ, որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս ազդու հարցումներ ուղղել։
12-14. Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակիդ օգնել որ բարի լուրը բաժնելուն մէջ ինքնավստահ ըլլայ։ Օրինակ տուր։
12 Պարագայ 1։ Ծնող ըլլալով ի՞նչ կ’ընես եթէ զաւակդ քեզի յայտնէ իր մտահոգութիւնը, թէ չի կրնար ստեղծագործութեան նկատմամբ իր հաւատալիքը բացատրել դասընկերոջ մը։ Անկասկած կ’ուզես իրեն օգնել, որպէսզի կարենայ բարի լուրը քարոզելուն մէջ բաժին բերել։ Ուստի, փոխանակ զինք քննադատելու կամ անմիջապէս խրատ տալու, Յիսուսը ընդօրինակելով տեսակէտ արտայայտելու մղող հարցումներ ուղղէ։ Ինչպէ՞ս։
13 Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի գրքոյկէն զաւակիդ հետ կարդալէ ետք Մաս 3–ը, որուն խորագիրն է՝ «Ի՛նչպէս կրնանք գիտնալ թէ Աստուած մը գոյութիւն Հռով. 12։2)։ Թող զաւակդ գիտնայ թէ պայման չէ որ իր պատճառները նոյն քու պատճառներդ ըլլան։
ունի», իրեն հարցուր թէ ո՛ր փաստերը շատ հետաքրքրական կը գտնէ։ Զինք քաջալերէ որ անդրադառնայ թէ ինք ինչո՛ւ համոզուած է թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի, եւ ինչո՛ւ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել (14 Զաւակիդ բացատրէ թէ երբ դասընկերոջ հետ խօսի, քու խօսած կերպդ ընդօրինակէ։ Այսինքն, ան կրնայ իր դասընկերոջ տեղեկացնել ստեղծագործութեան կարգ մը իրողութիւններ, եւ ապա տեսակէտ արտայայտելու մղող հարցումներ ուղղել։ Օրինակի համար, ան կրնայ իր դասընկերոջ ըսել որ կարդայ Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի գրքոյկին էջ 6–ի 11–րդ պարբերութիւնը։ Ապա անոր կը հարցնէ. «Ճի՞շդ է որ Տի.Էն.Էյ.–ը որեւէ համակարգիչէ աւելի կրնայ տեղեկութիւն մթերել»։ Դասընկերը հաւանաբար «այո՛» պատասխանէ։ Ապա զաւակդ կրնայ հարց տալ. «Լաւ, տրամաբանական չէ՞ հաւատալ թէ ճիշդ ինչպէս որ մէկը համակարգիչը ծրագրած է, Տի.Էն.Էյ.–ն ալ ծրագրող ունի»։ Զաւակիդ օգնելու համար որ հանգիստ զգայ երբ ուրիշներուն իր հաւատքին մասին կը խօսի, կրնաս կանոնաւորաբար փորձի նիստեր ընել իրեն հետ։ Եթէ զաւակդ մարզես որ ազդու հարցումներ ուղղէ, իրեն պիտի օգնես որ աւետարանիչի իր դերը լիուլի կատարէ։
15. Անաստուածի մը օգնելու համար, ինչպիսի՞ հարցումներ կրնանք ուղղել։
15 Պարագայ 2։ Վկայութեան ընթացքին կը հանդիպինք մարդոց, որոնք Աստուծոյ գոյութեան մասին կասկածներ ունին։ Օրինակի համար, անհատ մը կրնայ քեզի ըսել թէ անաստուած մըն է։ Փոխանակ թոյլ տալու որ այս մեկնաբանութիւնը խօսակցութիւնը ընդհատէ, կրնաս քաղաքավարօրէն հարցնել թէ որքա՛ն ժամանակէ ի վեր անաստուած է եւ ի՛նչ բան պատճառ եղած է որ այդ տեսակէտը որդեգրէ։ Անոր պատասխանները լսելէ եւ զինք գովելէ ետք որ հարցին շուրջ լրջօրէն մտածած է, կրնաս հարցնել թէ արդեօք կը փափաքի՛ կարդալ գրքոյկ
մը, որ կը փաստէ թէ կեանքը ստեղծագործութեամբ գոյացած է։ Եթէ տանտէրը լայնամիտ է, հաւանաբար պիտի ըսէ թէ անտրամաբանական պիտի ըլլար այսպիսի ապացոյց մը անտեսել։ Ապա, կրնաս իրեն տալ Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի գրքոյկը։ Եթէ ազնուօրէն փափկանկատ հարցումներ ուղղենք, կրնանք բարի լուրը անհատին սրտին հասցնել։16. Ինչո՞ւ պէտք չէ գոհանանք որ աշակերտները պարզապէս հրատարակութենէն պատասխանները կարդան։
16 Պարագայ 3։ Երբ աշակերտի մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, կրնայ ըլլալ որ ան պարզապէս հրատարակութենէն պատասխանները կրկնէ։ Ասիկա աշակերտին հոգեւոր աճման արգելք կը հանդիսանայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այն աշակերտը որ պատասխաններ կը կրկնէ առանց ատոնց վրայ խոկալու, կը նմանի ծաղիկի մը, որ խոր արմատներ չունի։ Հակառակութեան դիմաց, ան դիւրաւ տեղի պիտի տայ (Մատ. 13։20, 21)։ Այս արդիւնքին չհասնելու համար, հարկ է որ աշակերտին հարցնենք թէ իր սորվածներուն նկատմամբ ինչպէ՛ս կը զգայ։ Ջանա՛ գիտնալ թէ քննարկուած կէտերուն նկատմամբ համամիտ է կամ ոչ։ Ասկէ աւելի կարեւորը, թող նշէ թէ ինչո՛ւ համամիտ է կամ համամիտ չէ։ Ապա իրեն օգնէ որ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ պատճառաբանէ, որպէսզի կարենայ անձամբ ճիշդ եզրակացութիւններու հասնիլ (Եբ. 5։14)։ Եթէ մեր հարցումները ազդուօրէն գործածենք, մեր ուսուցանած անհատները հաւատքի խոր արմատներ պիտի ունենան եւ պիտի կարենան հաւատարիմ մնալ, երբ ուրիշներ իրենց հակառակին կամ փորձեն զիրենք մոլորեցնել (Կող. 2։6-8)։ Աւետարանիչի մեր դերը կատարելուն մէջ ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել։
ՅԱՋՈՂ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ Կ’ԱՋԱԿՑԻՆ
17, 18. Երբ հաւատակիցի մը հետ ծառայութեան մէջ ես, ինչպէ՞ս կրնաք միասնաբար գործել։
17 Յիսուս իր աշակերտները երկու–երկու քարոզելու ուղարկեց (Մար. 6։7. Ղուկ. 10։1)։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ նշեց «գործակիցներ», որոնք «[իրեն] հետ աշխատեցան աւետարանին մէջ» (Փլպ. 4։3)։ Այդ աստուածաշնչական օրինակին հետեւելով՝ 1953–ին, Թագաւորութեան հրատարակիչները ծառայութեան մէջ ուրիշները մարզելու յայտագիր մը սկսան։
18 Երբ հաւատակիցի մը հետ ծառայութեան մէջ ես, ինչպէ՞ս կրնաք միասնաբար գործել (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։6-9)։ Աստուածաշունչիդ մէջ բաց այն համարները, որոնք ընկերակիցդ կը գործածէ։ Ուշադրութիւնդ կեդրոնացուր ընկերակիցիդ եւ տանտիրոջ վրայ, երբ անոնք կը խօսին։ Քննարկութեան մօտէն հետեւէ, որպէսզի եթէ հարկ ըլլայ կարենաս ընկերակիցիդ աջակցիլ որ առարկութիւն մը յաղթահարէ (Ժող. 4։12)։ Բայց ուշադրութիւն ըրէ որ անհարկի միջամտութիւն չընես, մինչ ընկերակիցդ պատճառաբանելու ազդու մեթոտ մը կը գործածէ։ Անզուսպ խանդավառութիւնդ կրնայ ընկերակիցդ յուսահատեցնել եւ տանտէրը շփոթել։ Ատեններ, յարմար է որ քննարկութեան մասնակցիս։ Հակիրճ կերպով մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւն ըրէ, ապա թոյլ տուր ընկերակիցիդ որ շարունակէ խօսակցութեան մէջ առաջնորդութիւն առնել։
19. Լաւ կ’ըլլայ որ ի՞նչ յիշենք եւ ինչո՞ւ։
19 Ինչպէ՞ս կրնաք դուն եւ ընկերակիցդ իրարու աջակցիլ, մինչ կ’ուղղուիք դէպի յաջորդ դուռը։ Ինչո՞ւ ժամանակը չօգտագործէք, քննարկելու համար թէ ինչպէ՛ս կրնաք ձեր ներկայացումը բարելաւել։ Ուշադիր եղիր որ վհատեցուցիչ ակնարկութիւններ չընես թաղամասի մարդոց մասին եւ դժգոհութիւն չյայտնես եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ (Առ. 18։24)։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք թէ մենք հողէ ամաններ ենք։ Եհովան մեզի հանդէպ մեծապէս ազնիւ գտնուած է, մեզի վստահելով բարի լուրը քարոզելու գանձը (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։1, 7)։ Ուստի, այդ գանձին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցուցաբերենք, աւետարանիչի մեր դերը լիովին կատարելով։