Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել

Քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել

«[Յիսուս] կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին» (ՄԱՏ. 14։19

1-3. Նկարագրէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս Բեթսայիդայի մօտ հսկայ բազմութիւն մը կերակրեց (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՆՔ տեսարանը (կարդա՛ Մատթէոս 14։14-21Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն քիչ առաջ, Գալիլիոյ ծովուն հիւսիսային ափը գտնուող Բեթսայիդա գիւղին մօտ, ամայի շրջանի մը մէջ, Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն կ’ընկերակցին շուրջ 5000 տղամարդիկ, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։

2 Խղճալով անոնց վրայ, Յիսուս հիւանդները կը բժշկէ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին շատ բաներ կը սորվեցնէ։ Երբ ժամանակը ուշ կ’ըլլայ, աշակերտները Յիսուսէն կը խնդրեն որ ժողովուրդը արձակէ, որպէսզի երթան մօտակայ գիւղերը եւ ճաշ գնեն։ Բայց Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։ Անոր խօսքերը տարօրինակ թուած ըլլալու էին աշակերտներուն, քանի որ միայն հինգ նկանակ եւ երկու ձուկ ունէին։

3 Կարեկցութեամբ մղուած՝ Յիսուս հրաշք մը կ’ընէ։ Անիկա միակ հրաշքն է որ չորս աւետարանագիրները արձանագրած են (Մար. 6։35-44. Ղուկ. 9։10-17. Յովհ. 6։1-13)։ Յիսուս իր աշակերտներէն կը խնդրէ որ ժողովուրդին ըսեն, որ կանանչ խոտին վրայ խումբ–խումբ նստին՝ յիսունական եւ հարիւրական շարքերով։ Աղօթելէ ետք, ան կը սկսի հացը կտրել եւ ձուկը բաժնել։ Փոխանակ ուտելիքը ուղղակի ժողովուրդին տալու, Յիսուս ‘աշակերտներուն կու տայ, որպէսզի անոնց առջեւ դնեն’։ Հրաշալիօրէն, հարկ եղածէն աւելի՛ ուտելիք կ’ըլլայ։ Պահ մը մտածէ. Յիսուս քիչերու՝ իր աշակերտներուն՝ միջոցաւ հազարաւորներ կերակրեց *։

4. ա) Յիսուս ա՛լ աւելի հետաքրքրուած էր ինչպիսի՞ ուտելիք հայթայթելով եւ ինչո՞ւ։ բ) Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Յիսուս ա՛լ աւելի հետաքրքրուած էր իր հետեւորդներուն հոգեւոր սնունդ հայթայթելով։ Ան գիտէր թէ հոգեւոր սնունդ ստանալը, այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները գիտնալը, յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ (Յովհ. 6։26, 27. 17։3)։ Դարձեալ կարեկցութեամբ մղուելով, Յիսուս ժամեր տրամադրեց անձամբ իր հետեւորդներուն սորվեցնելու (Մար. 6։34)։ Բայց ան գիտէր, թէ երկրի վրայ իր ժամանակը կարճ էր (Մատ. 16։21. Յովհ. 14։12)։ Երկինք վերադառնալէ ետք, ան ինչպէ՞ս պիտի շարունակէր երկրի վրայ գտնուող իր հետեւորդները հոգեւորապէս կերակրել։ Ան դարձեա՛լ քիչերու միջոցաւ շատերը պիտի կերակրէր։ Սակայն որո՞նք պիտի ըլլային այդ քիչերը։ Տեսնենք թէ Յիսուս ինչպէ՛ս քիչեր գործածեց, առաջին դարու իր բազմաթիւ օծեալ հետեւորդները կերակրելու համար։ Ապա, յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք իւրաքանչիւրս հետաքրքրող սա կարեւոր հարցումը. ինչպէ՞ս կրնանք բնորոշել այն քիչերը, որոնց միջոցաւ Քրիստոս ներկայիս մեզ կը կերակրէ։

Քիչերու ձեռքով հազարաւորներ կերակրուեցան (Տե՛ս պարբերութիւն 4)

ՅԻՍՈՒՍ ՔԻՉԵՐԸ Կ’ԸՆՏՐԷ

5, 6. ա) Յիսուս ի՞նչ լուրջ որոշում առաւ, որպէսզի իր մահէն ետք իր հետեւորդները հոգեւորապէս լաւ կերակրուէին։ բ) Յիսուս իր առաքեալները ինչպէ՞ս պատրաստեց, որպէսզի իր մահէն ետք բանալի դեր խաղային։

5 Պատասխանատու ընտանիքի գլուխը կարգադրութիւններ կ’ընէ, որպէսզի իր մահէն ետք իր ընտանիքը լաւ հոգատարութիւն ստանայ։ Նմանապէս Յիսուս,– որ քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը պիտի ըլլար,– կարգադրութիւններ ըրաւ, որպէսզի վստահ ըլլայ թէ իր մահէն ետք իր հետեւորդները հոգեւորապէս լաւ հոգատարութիւն պիտի ստանային (Եփ. 1։22)։ Օրինակ, իր մահէն շուրջ երկու տարի առաջ, ան լուրջ որոշում մը առաւ։ Ան ընտրեց առաջին քիչերը, որոնց միջոցաւ յետագային շատերը պիտի կերակրէր։ Նկատի առ ի՛նչ պատահեցաւ։

6 Ամբողջ գիշերը աղօթելէ ետք, Յիսուս իր աշակերտները հաւաքեց եւ անոնց մէջէն 12 առաքեալ ընտրեց (Ղուկ. 6։12-16)։ Յաջորդ երկու տարիներուն ընթացքին, ան մասնաւորաբար մօտ էր 12–ին, անոնց սորվեցնելով թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով։ Ան գիտէր թէ անոնք սորվելիք շատ բան ունէին. իրականութեան մէջ, անոնք տակաւին «աշակերտներ» կոչուեցան (Մատ. 11։1. 20։17)։ Յիսուս անոնց տուաւ արժէքաւոր անձնական խրատներ ե՛ւ ընդարձակ մարզում ծառայութեան մէջ (Մատ. 10։1-42. 20։20-23. Ղուկ. 8։1. 9։52-55)։ Ան բացայայտօրէն զիրենք կը պատրաստէր որ բանալի դեր խաղային իր մահէն եւ երկինք վերադառնալէն ետք։

7. Ինչպէս որ Յիսուս ցոյց տուաւ, առաքեալներուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլար։

7 Առաքեալներուն դերը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Մինչ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէն կը մօտենար, յստակ էր որ առաքեալները «վերակացութեան պատասխանատուութիւնը» պիտի ստանձնէին (Գործք 1։20, ՆԱ)։ Սակայն, անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս գաղափար մը տուաւ, երբ Պետրոս առաքեալին հետ կը խօսէր (կարդա՛ Յովհաննէս 21։1, 2, 15-17Կարգ մը առաքեալներու ներկայութեան, ան Պետրոսի ըսաւ. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս»։ Այսպէս, Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ իր առաքեալները պիտի ըլլային այն քիչերէն, որոնց միջոցաւ շատերուն հոգեւոր սնունդ պիտի հայթայթէր։ Ի՜նչ սրտապնդիչ ապացոյց թէ Յիսուս իր «գառնուկներ»ը որքա՜ն կը սիրէ *։

ՊԷՆՏԷԿՈՍՏԷԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ՇԱՏԵՐԸ ԿԵՐԱԿՐԵԼ

8. Պէնտէկոստէին, նորեկները ինչպէ՞ս ցոյց տուին թէ յստակ կերպով զատորոշեցին Քրիստոսի գործածած խողովակը։

8 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, յարուցեալ Քրիստոս իր առաքեալները գործածեց որպէս խողովակ, որուն միջոցաւ իր մնացեալ օծեալ աշակերտները կերակրեց (կարդա՛ Գործք 2։41, 42Այդ օր, այն հրեաները եւ նորահաւատները՝ որոնք հոգիով–օծուած քրիստոնեաներ դարձան, բացայայտօրէն այդ խողովակը զատորոշեցին։ Առանց տատամսելու, անոնք ‘միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն էին’։ Ըստ ուսումնականի մը, ‘միշտ ետեւէ ըլլալ’ թարգմանուած յունարէն բայը կրնայ նշանակել՝ «որոշ գործընթացի մը հաստատամտօրէն եւ հաւատարմօրէն կառչիլ»։ Նորեկները խորապէս հոգեւոր սնունդի կը տենչային եւ գիտէին ճիշդ ուրկէ՛ զայն ձեռք ձգել։ Աներեր հաւատարմութեամբ, անոնք առաքեալներուն դիմեցին, որպէսզի իրենց բացատրեն Յիսուսի խօսքերն ու արարքները եւ Իրեն հետ կապ ունեցող համարներուն իմաստին վրայ լոյս սփռեն (Գործք 2։22-36) *։

9. Առաքեալները ինչպէ՞ս ցոյց տուին, թէ գլխաւորաբար կեդրոնացած էին Յիսուսի ոչխարները կերակրելու պատասխանատուութեան վրայ։

9 Առաքեալները գլխաւորաբար կեդրոնացան Յիսուսի ոչխարները կերակրելու պատասխանատուութեան վրայ։ Օրինակ, նկատի առ թէ անոնք ինչպէ՛ս ձեռք առին զգայուն եւ ակներեւաբար պառակտիչ հարց մը, որ նորակազմ ժողովքին մէջ ծագեցաւ։ Հարցը բառացի ուտելիքին հետ կապ ունէր։ Ամէն օրուան ուտելիքը մատակարարուելու ատեն, եբրայախօս որբեւայրիներուն հակառակը, յունախօս որբեւայրիները կ’անտեսուէին։ Առաքեալները այս զգայուն հարցը ինչպէ՞ս լուծեցին։ «Տասներկուքը» եօթը որակեալ եղբայրներ նշանակեցին, որպէսզի վերահսկեն այս կարեւոր «գործին»՝ ուտելիք մատակարարելուն՝ վրայ։ Երբ Յիսուս հրաշալիօրէն բազմութիւններ կերակրեց, առաքեալներուն մեծամասնութիւնը անկասկած այդ ատեն ուտելիք բաշխելուն մէջ բաժին բերաւ։ Բայց այս անգամ անոնք զգացին, թէ իրենց համար աւելի կարեւոր է կեդրոնանալ հոգեւոր սնունդ հայթայթելուն վրայ։ Անոր համար, անոնք իրենց անձերը «Աստուծոյ խօսքին պաշտօնին» նուիրեցին (Գործք 6։1-6

10. Քրիստոս ինչպէ՞ս առաքեալներն ու Երուսաղէմի երէցները գործածեց։

10 Ք.Ե. 49–ին, առաքեալներուն արդէն միացած էին ա՛յլ որակեալ երէցներ (կարդա՛ Գործք 15։1, 2‘Առաքեալներն ու Երուսաղէմի երէցները’ ծառայեցին որպէս կառավարիչ մարմին։ Ժողովքին Գլուխը ըլլալով, Քրիստոս այս փոքրաթիւ որակեալ տղամարդիկը գործածեց, որպէսզի վարդապետական հարցերը լուծէ ու Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը առաջնորդէ (Գործք 15։6-29. 21։17-19. Կող. 1։18

11, 12. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Եհովան օրհնեց առաջին դարու ժողովքները կերակրելու Յիսուսի կարգադրութիւնը։ բ) Հոգեւոր սնունդ հայթայթելու Քրիստոսի գործածած խողովակը ինչպէ՞ս յստակ կերպով զատորոշուած էր։

11 Արդեօք Եհովան օրհնե՞ց առաջին դարու ժողովքները կերակրելու Յիսուսի կարգադրութիւնը։ Անշուշտ։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ։ Գործք գիրքը հետեւեալը կ’ըսէ. «[Պօղոս առաքեալ եւ իր ճամբորդակիցները] կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն։ Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար» (Գործք 16։4, 5)։ Նկատի առ թէ այդ ժողովքները բարգաւաճեցան, քանի որ հաւատարմօրէն կը համագործակցէին Երուսաղէմի մէջ գտնուող կառավարիչ մարմինին հետ։ Ասիկա չի՞ փաստեր, թէ Եհովան օրհնեց ժողովքները կերակրելու Յիսուսի կարգադրութիւնը։ Յիշենք թէ հոգեւոր բարգաւաճութիւնը կարելի է միայն եթէ Եհովայի առատ օրհնութիւնը ունինք (Առ. 10։22. Ա. Կոր. 3։6, 7

12 Մինչեւ հիմա տեսանք թէ իր հետեւորդները կերակրելու համար Յիսուս կերպ մը որդեգրեց. քիչերու միջոցաւ շատեր կերակրել։ Հոգեւոր սնունդ հայթայթելու իր գործածած խողովակը յստակ կերպով կրնար զատորոշուիլ։ Վերջ ի վերջոյ, առաքեալները,– կառավարիչ մարմինին սկզբնական անդամները,– կրնային տեսանելի ապացոյց տալ, թէ երկնային աջակցութիւն կը վայելէին։ Գործք 5։12–ը կը նշէ. «Առաքեալներուն ձեռքով շատ նշաններ ու հրաշքներ կ’ըլլային ժողովուրդին մէջ» *։ Ուրեմն, պատճառ չկար որ քրիստոնեայ դարձողները հարց տային. ‘Որո՞նց միջոցաւ Քրիստոս իր ոչխարները կը կերակրէ’։ Բայց առաջին դարու վերջաւորութեան, պարագան փոխուեցաւ։

Առաջին դարուն, յստակ ապացոյց կար թէ Յիսուս որո՛նք կը գործածէր ժողովքը կերակրելու համար (Տե՛ս պարբերութիւն 12)

ԵՐԲ ՈՐՈՄԸ ՇԱՏ ԷՐ ԻՍԿ ՑՈՐԵՆԸ՝ ՔԻՉ

13, 14. ա) Յարձակումի մը մասին Յիսուս ի՞նչ զգուշացում տուաւ, եւ իր խօսքերը ե՞րբ սկսան իրականանալ։ բ) Յարձակումը ի՞նչ երկու աղբիւրներէ պիտի գար (տե՛ս ծանօթագրութիւնը)։

13 Յիսուս կանխագուշակեց, թէ քրիստոնէական ժողովքը յարձակումի պիտի ենթարկուէր։ Յիշէ, թէ որոմին առակին մէջ Յիսուս զգուշացուց թէ դաշտին մէջ սերմանուած ցորենին (օծեալ քրիստոնեաներ) կողքին պիտի ցանուէր որոմ (կեղծ քրիստոնեաներ)։ Ան ըսաւ, թէ երկու խումբերը քով–քովի պիտի աճէին մինչեւ հունձքի ատենը, որ «աշխարհիս վերջը» պիտի ըլլար (Մատ. 13։24-30, 36-43)։ Շատ չանցած, Յիսուսի խօսքերը սկսան իրականանալ *։

14 Առաջին դարուն հաւատուրացութիւնը սկսաւ, բայց Յիսուսի հաւատարիմ առաքեալները ‘արգելք’ հանդիսացան եւ թոյլ չտուին որ ժողովքները սուտ ուսուցումներով ապականուին կամ ազդուին (Բ. Թես. 2։3, 6, 7)։ Սակայն, երբ վերջին առաքեալը մահացաւ, հաւատուրացութիւնը արմատ նետեց եւ ծաղկեցաւ դարերու ընթացքին։ Ասկէ զատ, այդ ժամանակամիջոցին որոմը շատցաւ, իսկ ցորենը քիչ էր։ Հոգեւոր սնունդ հայթայթելու հաստատ ու կազմակերպուած խողովակ չկար։ Բայց ասիկա ի վերջոյ պիտի փոխուէր։ Արդեօք ե՞րբ։

ՀՈՒՆՁՔԻ ԱՏԵՆ ՈՐՈ՞ՆՔ ՍՆՈՒՆԴ ՊԻՏԻ ՀԱՅԹԱՅԹԷԻՆ

15, 16. ա) Սուրբ Գրութիւնները ժրաջանօրէն ուսումնասիրելով, Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ արդիւնք ձեռք ձգեցին։ բ) Ի՞նչ հարցում կը ծագի։

15 Մինչ աճման եղանակը վերջանալու վրայ էր, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ սուր հետաքրքրութիւն կար։ Յիշէ թէ 1870–ական թուականներուն, ճշմարտութիւնը փնտռողներու պզտիկ խումբ մը հաւաքուեցաւ եւ Աստուածաշունչի դասարաններ կազմեց՝ անկախ որոմէն,– եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական աշխարհի աղանդներու մէջ եղող կեղծ քրիստոնեաները։ Խոնարհ սրտով ու լայնախոհութեամբ, այս անկեղծ Աստուածաշունչի Աշակերտները,– ինչպէս որ իրենք զիրենք կոչեցին,– Սուրբ Գրութիւնները աղօթքով ու բծախնդրաբար քննեցին (Մատ. 11։25

16 Սուրբ Գրութիւնները ժրաջանօրէն ուսումնասիրելով, Աստուածաշունչի Աշակերտները լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին։ Այս հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները սուտ վարդապետութիւնները քօղազերծեցին եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ տարածեցին, աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ի լոյս ընծայելով եւ ամէնուրեք բաշխելով։ Իրենց այս աշխատանքը հոգեւոր ճշմարտութեան անօթի ու ծարաւ եղողներուն սրտին դպաւ։ Ուստի կարեւոր հարցում մը կը ծագի. 1914–ին նախորդող տարիներուն ընթացքին, Աստուածաշունչի Աշակերտները արդեօք նշանակուած խողովա՞կն էին, որուն միջոցաւ Քրիստոս իր ոչխարները պիտի կերակրէր։ Ո՛չ։ Անոնք տակաւին աճման եղանակին մէջն էին, եւ հոգեւոր սնունդ հայթայթող խողովակի մը կարգադրութիւնը դեռ ժամանակի կը կարօտէր։ Ժամանակը չէր եկած որ որոմանման կեղծ քրիստոնեաները զատուէին ցորենանման ճշմարիտ քրիստոնեաներէն։

17. 1914–ին ի՞նչ կարեւոր դէպքեր սկսան ի յայտ գալ։

17 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ սորվեցանք, 1914–ին հունձքի եղանակը սկսաւ։ Այդ տարի, կարեւոր դէպքեր սկսան ի յայտ գալ։ Յիսուս թագադրուեցաւ եւ վերջին օրերը սկսան (Յայտ. 11։15)։ 1914–էն մինչեւ 1919–ին սկիզբը, Յիսուս իր Հօր ընկերակցեցաւ, հոգեւոր տաճարը քննելու եւ մաքրելու համար (Մաղ. 3։1-4) *։ Ապա, 1919–էն սկսեալ, ցորենը հաւաքելու ժամանակը եկաւ։ Վերջապէս ժամանա՞կն էր, որ Քրիստոս հոգեւոր սնունդ մատակարարելու համար մէկ կազմակերպուած խողովակ նշանակէր։ Այո՛։

18. Յիսուս կանխագուշակեց թէ ի՞նչ նշանակում պիտի ընէր, իսկ վերջին օրերը սկսելով՝ ի՞նչ էր կարեւոր հարցումը։

18 Վախճանին առնչուող իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս կանխագուշակեց թէ խողովակ մը պիտի նշանակէր որ «ատենին [հոգեւոր] կերակուր տայ» (Մատ. 24։45-47)։ Ի՞նչ խողովակ պիտի գործածէր։ Ինչպէս որ առաջին դարուն ըրաւ, Յիսուս անգամ մը եւս քիչերու միջոցաւ շատեր պիտի կերակրէր։ Բայց վերջին օրերը սկսելով, կարեւոր հարցումը հետեւեալն էր. որո՞նք պիտի ըլլան այդ քիչերը։ Այս եւ Յիսուսի մարգարէութեան առնչուող ա՛յլ հարցումներ պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

 

^ պարբ. 3 Պարբերութիւն 3. Յետագային, առիթով մը երբ Յիսուս հրաշալիօրէն 4000 տղամարդիկ կերակրեց, կիներէն եւ տղաքներէն զատ, ան դարձեալ ուտելիքը «տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ ժողովուրդին տուին» (Մատ. 15։32-38

^ պարբ. 7 Պարբերութիւն 7. Պետրոսի կեանքին ընթացքին «գառնուկները», որոնք պիտի կերակրուէին, բոլորն ալ երկնային յոյսը ունէին։

^ պարբ. 8 Պարբերութիւն 8. Այն իրողութիւնը, թէ նոր հաւատացեալները ‘միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան ետեւէն էին’, կը հասկցնէ թէ առաքեալները կանոնաւորաբար կ’ուսուցանէին։ Անոնց ուսուցումներէն ոմանք արձանագրուեցան ներշնչուած գիրքերուն մէջ, որոնք այժմ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէկ մասն են։

^ պարբ. 12 Պարբերութիւն 12. Առաքեալներէն զատ, ուրիշներ ալ ստացան հոգիին հրաշալի պարգեւները։ Բայց այնպէս կը թուի թէ մեծամասնութեան պարագային, այս հրաշալի պարգեւները ուրիշներու կը փոխանցուէին ուղղակի առաքեալի մը միջոցաւ կամ անոր ներկայութեան (Գործք 8։14-18. 10։44, 45

^ պարբ. 13 Պարբերութիւն 13. Գործք 20։29, 30–ի մէջ արձանագրուած Պօղոս առաքեալի խօսքերը ցոյց կու տան, թէ երկու աղբիւրներէ ժողովքը յարձակումի պիտի ենթարկուէր։ Նախ, կեղծ քրիստոնեաները («որոմ») ճշմարիտ քրիստոնեաներուն ‘մէջ պիտի մտնէին’։ Երկրորդ, ճշմարիտ քրիստոնեաներուն մէջէն ոմանք հաւատուրացներ պիտի ըլլային, «ծուռ բաներ» խօսելով։

^ պարբ. 17 Պարբերութիւն 17. Տե՛ս այս թիւին մէջ՝ «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ» յօդուածը, էջ 11, պարբերութիւն 6։