Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իմաստութեամբ անձնական որոշումներ կայացուր

Իմաստութեամբ անձնական որոշումներ կայացուր

«Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» (ԱՌ. 3։5

1, 2. Կը սիրե՞ս որոշումներ կայացնել, եւ ինչպէ՞ս կը զգաս առած կարգ մը որոշումներուդ նկատմամբ։

ԱՄԷՆ օր պէտք է որոշումներ կայացնենք։ Որոշումներ կայացնելու նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։ Ոմանք կը նախընտրեն իրենք իրենց որոշումներ կայացնել, պնդելով թէ իրե՛նց իրաւունքն է այս մէկը ընելը, եւ կը մերժեն նոյնիսկ երեւակայել թէ ուրիշ մը իրենց տեղ որոշում կ’առնէ։ Ասկէ զատ, կան ուրիշներ՝ որոնք կը սարսափին իրենց առօրեայ սովորամոլութենէն դուրս եղող որոշումներ կայացնելու։ Ոմանք կը դիմեն ուղեգիրքերու կամ խրատատուներու, եւ թերեւս հսկայ գումարներ վճարեն, որպէսզի իրենց պէտք եղած խրատը ստանան։

2 Կը գիտակցինք, թէ մեզի չ’իյնար կարգ մը որոշումներ կայացնել. բայց բազմաթիւ մարզերու մէջ կրնա՛նք մեր նախասիրութեան համաձայն որոշումներ առնել (Գաղ. 6։5)։ Ասով հանդերձ, հաւանաբար կ’ընդունինք թէ մեր կայացուցած բոլոր որոշումները իմաստուն կամ օգտակար չեն։

3. Որոշումներ կայացնելու նկատմամբ ի՞նչ ուղղութիւններ ունինք, բայց տակաւին ի՞նչ մարտահրաւէր կ’ունենանք։

3 Եհովային ծառաները ըլլալով, ուրախ ենք որ կեանքի բազմաթիւ կարեւոր հարցերու շուրջ յստակ ցուցմունքներ տրուած են մեզի։ Գիտենք որ եթէ այդ ուղղութիւններուն հետեւինք, կրնա՛նք կայացնել որոշումներ, որոնք Եհովան կը հաճեցնեն եւ մեզի կ’օգտեն։ Բայց կրնայ ըլլալ որ դիմագրաւենք հարցեր ու պարագաներ, որոնց մասին Աստուծոյ Խօսքը ուղղակիօրէն չի խօսիր։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք որոշել թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։ Օրինակ, գիտենք թէ պէտք չէ գողնանք (Եփ. 4։28)։ Բայց ոմանք կ’ըսեն թէ սխալ չէ առնել բան մը, որ արժէքաւոր չէ կամ եթէ անհատը ատոր շա՛տ պէտք ունի։ Եթէ յստակ ուղղութիւն չէ տրուած կամ հարցը մոխրագոյն է, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որոշում կայացնելու։

ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԿԱՅԱՑՈՒՐ

4. Երբ որոշում կայացնելու առջեւ գտնուինք, հաւանաբար ի՞նչ խրատ ստանանք։

4 Երբ հաւատակիցի մը արտայայտուինք, թէ կարեւոր որոշում մը պիտի կայացնենք, կրնայ ըլլալ որ ան մեզ յորդորէ որ զգաստ ըլլանք։ Ասիկա անշուշտ լաւ խրատ է։ Աճապարանօք գործի լծուելու նկատմամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ» (Առ. 21։5)։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէ զգաստ ըլլալ։ Ատիկա պարզապէս կը նշանակէ՞ որ պէտք է մեր ժամանակը առնենք, հարցին շուրջ խորապէս մտածենք, տրամաբանական ըլլանք եւ առողջ դատողութիւն գործածենք։ Այս բոլորը կարեւո՛ր ազդակներ են, լաւ որոշում կայացնելու համար. բայց, զգաստ ըլլալը աւելի՛ն կը պարփակէ (Հռով. 12։3. Ա. Պետ. 4։7

5. Ինչո՞ւ կատարեալ զգաստութիւն չունինք։

5 Պէտք է ընդունինք թէ բոլորս կատարեալ զգաստութեամբ չենք ծնած։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բոլորս մեղաւոր եւ անկատար ծնած ենք, եւ հետեւաբար կատարեալ առողջութիւն եւ զգաստութիւն չունինք (Սաղ. 51։5. Հռով. 3։23)։ Ասկէ զատ, մեզմէ շատեր ատեն մը այնպիսի անհատներ էին, որոնց միտքը Սատանան ‘կուրցուցած’ էր, եւ չէին ճանչնար Եհովան ու անոր արդար չափանիշները (Բ. Կոր. 4։4. Տիտ. 3։3)։ Ուստի, նոյնիսկ եթէ անհատ մը բաւարար ժամանակ տրամադրէ՝ միայն իր տրամաբանութեան վրայ հիմնուած որոշում մը կայացնելու համար, տակաւին կրնայ սխալ որոշում առնել (Առ. 14։12

6. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել զգաստութիւն մշակելու։

6 Թէեւ մենք անկատար ենք, բայց Եհովան՝ մեր երկնաւոր Հայրը՝ բացարձակապէս կատարեալ է (Բ. Օր. 32։4)։ Ան հարկ եղածը տուած է, որ մեր մտածելակերպը փոխենք եւ զգաստ դառնանք (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 1։7Քրիստոնեաներ ըլլալով, կ’ուզենք ողջամտաբար մտածել, պատճառաբանել եւ գործել։ Ուստի, Եհովան ընդօրինակելով՝ հարկ է որ մեր մտածելակերպը, զգացումները եւ արարքները հակակշռի տակ առնենք։

7, 8. Պատմէ փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք լաւ որոշումներ կայացնել, հակառակ ճնշումներու եւ խնդիրներու։

7 Նկատի առ օրինակ մը։ Որոշ գաղթականներու սովորութիւնն է՝ իրենց նորածինը հայրենիք ղրկել, որպէսզի ազգականները անոր հոգ տանին, մինչ իրենք կը շարունակեն աշխատիլ ու դրամ շահիլ *։ Գաղթական կին մը գեղեցիկ մանչի ծնունդ տալէ քիչ ետք, սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Բարեկամներ եւ ազգականներ սկսան իր եւ իր ամուսինին վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի մանուկը ամուսինին ծնողքին յանձնեն։ Բայց ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին, կինը անդրադարձաւ թէ որպէս ծնող՝ իր եւ իր ամուսինին աստուածատուր պատասխանատուութիւնն է զաւակը մեծցնել (Սաղ. 127։3. Եփ. 6։4)։ Արդեօք ան պէ՞տք է որ սովորութեան հետեւի, պարզապէս քանի որ ամէն մարդ կը խորհի թէ ատիկա տրամաբանական ընթացքն է, թէ ոչ՝ պէտք է որ Աստուածաշունչի ըսածը կիրարկէ, թէեւ դժուար պիտի ըլլայ աւելի քիչ եկամուտով ապրիլ եւ յարատեւ ուրիշներու քննադատութիւնը լսել։ Եթէ անոր տեղը ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր։

8 Ճնշուածութեան տակ գտնուելով, կինը իր սիրտը Եհովային բացաւ եւ անոր ուղղութիւնը հայցեց։ Երբ իր ուսումնասիրութիւնը վարող Վկային եւ ժողովքի ա՛յլ անդամներու հետ խօսեցաւ այս հարցին շուրջ, ան սկսաւ Եհովայի տեսակէտը զատորոշել։ Ան նաեւ գիտակցեցաւ թէ իր զաւակը կրնայ զգացականօրէն ազդուիլ, եթէ կանուխ տարիքին ծնողքէն բաժնուի։ Սուրբ Գրութիւններու լոյսին տակ հարցը քննելով, կինը եզրակացուց թէ ճիշդ չէ զաւակը ուղարկել։ Միւս կողմէ, ամուսինը տեսաւ թէ ժողովքի անդամները ինչպէս փութացին իրենց օգնութեան, եւ զաւակը որքա՜ն ուրախ եւ առողջ էր։ Ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց եւ սկսաւ իր կնոջ հետ ժողովներու ներկայ գտնուիլ։

9, 10. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ զգաստ ըլլալ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք զգաստ ըլլալ։

9 Ասիկա միայն մէկ օրինակ է. բայց ցոյց կու տայ, թէ զգաստ ըլլալը չի նշանակեր բազմութեան հետեւիլ կամ ընել այն ինչ որ մենք կը խորհինք թէ տրամաբանական կամ նպատակայարմար է։ Մեր անկատար միտքը եւ սիրտը կը նմանին ժամացոյցի մը, որ շատ արագ կամ շատ դանդաղ կ’աշխատի։ Անով առաջնորդուիլը կրնայ լուրջ խնդիրներու դուռ բանալ (Եր. 17։9)։ Անոր համար, հարկ է որ մեր մտածելակերպը եւ զգացումները Աստուծոյ չափանիշներով առաջնորդուին (կարդա՛ Եսայի 55։8, 9

10 Աստուածաշունչը սա իմաստուն խրատը կու տայ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առ. 3։5, 6)։ Նկատի առ թէ «քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» արտայայտութեան կը յաջորդէ «զանիկա ճանչցիր» արտայայտութիւնը։ Եհովան միակն է որ կատարեալ զգաստութիւն ունի։ Ուստի, ամէն անգամ որ որոշում պիտի կայացնենք, հարկ է որ Աստուածաշունչին դիմենք՝ տեսնելու համար թէ ի՛նչ է Աստուծոյ տեսակէտը, որպէսզի կարենանք իր կամքին հետ ներդաշնակ որոշում կայացնել։ Եթէ կ’ուզենք զգաստ ըլլալ, պէտք է Եհովայի մտածելակերպը ընդօրինակենք։

ԸՄԲՌՆՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԴ ՄԱՐԶԷ՛

11. Իմաստուն որոշումներ կայացնելու մէկ բանալին ի՞նչ է։

11 Իմաստուն որոշումներ կայացնելն ու զանոնք կատարելը դիւրին բան չէ։ Ասիկա մասնաւորաբար մարտահրաւէր է նորեկներուն կամ անոնց՝ որոնք նոր սկսան հոգեւոր հասունութեան դիմել։ Բայց եւ այնպէս, այսպիսիներ կրնա՛ն յառաջդիմել։ Աստուածաշունչը զիրենք կը կոչէ ‘տղայ’ կամ մանուկ, քանի որ դեռ կը սորվին ինչպէ՛ս քալել։ Մանուկը կրկին անգամ փոքր քայլեր առնելով կը սորվի ինչպէ՛ս քալել։ Նոյնն է պարագան հոգեւոր մանուկներուն, երբ հարցը առնչուի իմաստուն որոշումներ կայացնելուն։ Յիշենք թէ Պօղոս առաքեալ հասուն անհատներուն մասին ըսաւ, թէ անոնց «զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։ «Սովորութեամբ վարժուած են» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ յարատեւ ջանքի. եւ ճիշդ ասիկա է որ նորեկները պէտք է ընեն (կարդա՛ Եբրայեցիս 5։13, 14

Առօրեայ հարցերու մէջ ճիշդ ընտրութիւններ ընելով՝ մեր ըմբռնողականութիւնը կը մարզենք (Տե՛ս պարբերութիւն 11)

12. Ինչպէ՞ս կրնանք սորվիլ իմաստուն որոշումներ կայացնել։

12 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, իւրաքանչիւր օր թէ՛ լուրջ եւ թէ աննշան որոշումներ կը կայացնենք։ Ուսումնասիրութիւն մը դիտել կու տայ, թէ մեր արարքներուն աւելի քան 40 տոկոսը հիմնուած է սովորութիւններու վրայ,– ինչ որ մենք արդէն վարժուած ենք ընել,– եւ ոչ թէ կանխամտածումի վրայ։ Օրինակ, ամէն առտու կ’որոշես ի՛նչ հագուիլ։ Ասիկա թերեւս աննշան բան մը թուի, որուն մասին հարկ չունիս շատ մտածելու։ Բայց կարեւոր է որ մտածես, թէ հագուելակերպդ Եհովայի ծառայի մը համար վայելո՞ւչ է (Բ. Կոր. 6։3, 4)։ Երբ հագուստ պիտի գնես, թերեւս մտածես թէ ո՛ր նորաձեւութիւնը այժմ ժողովրդական է։ Բայց արդեօք կը մտածե՞ս եթէ ատիկա համեստ է կամ պիւտճէդ կը ներէ զայն գնել։ Փոքր բաներու մէջ լաւ ընտրութիւններ ընելը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր ըմբռնողականութիւնը մարզենք, ինչ որ իր կարգին մեզի պիտի օգնէ, որ աւելի լուրջ հարցերու մէջ ճիշդ որոշումներ կայացնենք (Ղուկ. 16։10. Ա. Կոր. 10։31

ՍՐՏԱՆՑ ՏԵՆՉԱ՛ ՃԻՇԴԸ ԸՆԵԼ

13. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ մեր առած որոշումները կատարելու։

13 Որոշում առնելը բան մըն է, իսկ անոր կառչիլը եւ զայն կատարելը բոլորովին տարբեր բան է։ Օրինակ, ծխախոտի գործածութիւնը դադրեցնել ուզողներէն ոմանք կը ձախողին, քանի որ հարկ եղած մղումը չունին։ Այս պարագային վճռականութիւնը մեծ դեր կը խաղայ։ Ոմանք կ’ըսեն, թէ մեր կամքը կը նմանի մկանի։ Որքա՛ն աւելի զայն գործածենք, ա՛յնքան աւելի կը զօրանայ։ Ուրեմն, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ մեր կամքը ամրացնենք, որպէսզի մեր որոշած ընթացքին կառչինք։ Եհովային դիմելը կ’օգնէ մեզի (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։13

14. Պօղոս ինչո՞ւ իր որոշածը կատարելու զօրութիւնը ունէր։

14 Պօղոս ասիկա փորձառաբար գիտէր։ Առիթով մը, ան ըսաւ. «Կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար»։ Ան գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր կամ պէտք է ընէր, բայց ատեններ բան մը իրեն արգելք կը հանդիսանար։ Ան խոստովանեցաւ. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։ Արդեօք Պօղոսի վիճակը անյո՞յս էր։ Բնաւ երբեք։ Ան ըսաւ. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 7։18, 22-25)։ Ա՛յլ տեղ, ան գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13

15. Ճիշդ բաները ընելու մէջ ինչո՞ւ վճռական պէտք է ըլլանք։

15 Յստակ է որ Աստուած հաճեցնելու համար, վճռական քայլ պէտք է առնենք։ Յիշէ Կարմեղոս լերան վրայ Եղիայի խօսքերը Բահաղի երկրպագուներուն եւ հաւատուրաց իսրայէլացիներուն. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք» (Գ. Թագ. 18։21)։ Իսրայէլացիները գիտէին ինչ պէտք է ընէին, բայց որոշում առնելու մէջ ‘կը կաղային’։ Առ ի հակապատկեր, հարիւրաւոր տարիներ առաջ Յեսուն լաւ օրինակ հանդիսացաւ, երբ իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը ծառայութիւն ընելը ձեզի հաճոյ չ’երեւնար, ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք. . . բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք» (Յես. 24։15)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Յեսու եւ իրեն հետ եղողները օրհնուեցան՝ հաստատուելով Խոստացեալ երկրին՝ «կաթ ու մեղր բղխող երկիր»ին մէջ (Յես. 5։6

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԱՌՆԵԼՈՎ՝ ՕՐՀՆՈՒԷ

16, 17. Երբ Աստուծոյ կամքին համաձայն որոշումներ առնենք, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

16 Նկատի առ արդի պարագայ մը։ Երեք փոքրիկ զաւակներ ունեցող նոր մկրտուած եղբօր մը առաջարկուեցաւ փոխադրուիլ ուրիշ հաստատութիւն, որ աւելի կը վճարէ եւ շատ առաւելութիւններ կը ներկայացնէ։ Մեր եղբայրը հարցին շուրջ մտածեց եւ աղօթեց։ Ան սկիզբէն իր ընթացիկ գործը ընտրած էր,– թէեւ անկէ շատ եկամուտ չէր ստանար,– որպէսզի շաբաթավերջերուն ազատ ըլլար, եւ այսպիսով կարենար ժողովներուն ներկայ գտնուիլ եւ ընտանիքին հետ ծառայութեան մասնակցիլ։ Ան գիտակցեցաւ թէ եթէ իր գործակիցին առաջարկը ընդունէր, այս նոյն յայտագիրը պիտի չունենար։ Եթէ նոյն պարագային մէջ գտնուէիր, ի՞նչ կ’ընէիր։

17 Հոգեւոր օգուտները հակադրելով բարձր եկամուտին հետ, եղբայրը մերժեց իր գործը փոխել։ Կը խորհի՞ս որ ան յետագային զղջաց։ Բնաւ երբեք։ Ան նկատեց որ հոգեւոր օրհնութիւնները իրեն եւ իր ընտանիքին աւելի օգտակար էին, քան՝ բարձր վճարումը։ Ան եւ իր կինը խանդավառուեցան, երբ իրենց 10 տարեկան երիցագոյն աղջնակը ըսաւ, թէ զիրենք կը սիրէր, եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրէր, եւ Եհովան շա՜տ կը սիրէր։ Ան ըսաւ, թէ կ’ուզէր իր անձը Եհովային նուիրել եւ մկրտուիլ։ Այս աղջնակը որքա՜ն գնահատած ըլլալու էր իր հօր լաւ օրինակը, որ Եհովայի պաշտամունքը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ։

Իմաստուն որոշումներ կայացուր եւ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ուրախութիւն գտիր (Տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ամէն օր իմաստուն որոշումներ կայացնենք։

18 Մեծագոյն Մովսէսը՝ Յիսուս Քրիստոս, տասնամեակներէ ի վեր Սատանայի աշխարհի անապատին մէջ Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները կ’առաջնորդէ։ Որպէս Մեծագոյն Յեսու, Յիսուս այս փտած աշխարհին վերջ պիտի դնէ եւ իր հետեւորդները մտցնէ խոստացեալ նոր աշխարհը, ուր «արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետ. 3։13)։ Ուստի, այժմ ժամանակը չէ վերադառնալու մեր անցեալի մտածելակերպին, սովորութիւններուն, արժանիքներուն, չափանիշներուն եւ նպատակակէտերուն։ Հիմա ժամանակն է՝ ա՛լ աւելի յստակօրէն ըմբռնելու մեզի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը (Հռով. 12։2. Բ. Կոր. 13։5)։ Թող որ ամէն օր առած որոշումներդ եւ ընտրութիւններդ ցոյց տան, թէ այնպիսի անհատ մըն ես, որ Եհովայի յաւիտենական օրհնութեան արժանի ես (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։38, 39

^ պարբ. 7 Այս սովորութեան ետին ա՛յլ պատճառ մըն ալ գոյութիւն ունի. մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը այսպիսով կը հպարտանան բարեկամներու եւ ազգականներու առջեւ։