Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»

«Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»

«Անոր դէմ եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ պիտի հանենք» (ՄԻՔ. 5։5

1. Իսրայէլի եւ Ասորիքի թագաւորներուն ծրագիրը ինչո՞ւ պիտի չյաջողէր։

Ք.Ա. 762–ի եւ 759–ի միջեւ, Իսրայէլի թագաւորը եւ Ասորիքի թագաւորը Յուդայի թագաւորութեան դէմ պատերազմ հռչակեցին։ Անոնց նպատակակէտն էր՝ Երուսաղէմի վրայ յարձակիլ, Աքազ թագաւորը գահընկէց ընել եւ ուրիշ տղամարդ մը անոր տեղ նշանակել,– թերեւս մէկը՝ որ Դաւիթ թագաւորի շառաւիղէն չէր (Եսա. 7։5, 6)։ Բայց այդ ծրագիրը պիտի չյաջողէր, քանի որ Եհովան խոստացած էր, որ Դաւիթի զարմը մշտական պիտի թագաւորէր։ Եւ Աստուծոյ խօսքը միշտ կը կատարուի (Յես. 23։14. Բ. Թագ. 7։16

2-4. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Եսայի 7։14, 16–ը կատարուեցաւ ա) Ք.Ա. 8–րդ դարուն, բ) Ք.Ե. առաջին դարուն։

2 Սկիզբը, այնպէս թուեցաւ թէ Ասորիքն ու Իսրայէլը պատերազմը պիտի յաղթէին։ Միայն մէկ կռիւի մէջ Աքազ 120,000 կտրիճ կորսնցուց, ինչպէս նաեւ «թագաւորին որդին Մաասիան» սպաննուեցաւ (Բ. Մն. 28։6, 7)։ Բայց Եհովան կը դիտէր։ Ան Դաւիթի ըրած իր խոստումը յիշելով, Եսայի մարգարէն ղրկեց՝ շատ քաջալերական պատգամով։

3 Եսայի ըսաւ. «Ահա՛ կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչէ. . . Տղան չարը մերժելն ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ՝ պիտի լքուի այն երկիրը՝ որուն երկու թագաւորներէն դուն կ’ահաբեկիս» (Եսա. 7։14, 16, ԱԾ)։ Այս մարգարէութեան առաջին մասը յաճախ կը կիրարկուի Մեսիայի ծնունդին, եւ ասիկա տեղին է (Մատ. 1։23)։ Բայց քանի որ «երկու թագաւորներ»ը,– Ասորիքի եւ Իսրայէլի թագաւորները,– առաջին դարուն այլեւս Յուդայի չէին սպառնար, Էմմանուէլի առնչուող մարգարէութիւնը Եսայիի օրերուն նախնական կատարում ունեցած ըլլալու էր։

4 Այս աչքառու յայտարարութենէն ետք, Եսայիի կինը յղացաւ եւ իրեն որդի մը ծնաւ՝ Մահէր–Շալալ–Հաշ–Պազ անունով։ Հաւանական է որ ասիկա էր «Էմմանուէլ»ը, որուն մասին Եսայի խօսեցաւ *։ Հին օրերուն, երբ մանուկ մը ծնէր, երբեմն անոր որոշ անուն կը տրուէր, թերեւս մասնայատուկ դէպք մը յիշատակելու համար, բայց իր ծնողներուն եւ ազգականներուն կողմէ տարբեր անունով կը ճանչցուէր (Բ. Թագ. 12։24, 25)։ Ապացոյց չկայ թէ Յիսուսին Էմմանուէլ կը կանչէին (կարդա՛ Եսայի 7։14. 8։3, 4

5. Աքազ թագաւոր ի՞նչ յիմար որոշում կայացուց։

5 Մինչ Իսրայէլն ու Ասորիքը Յուդայի վրայ կեդրոնացած էին, ուրիշ ազգ մը եւս կը ծրագրէր այդ շրջանը գրաւել։ Անիկա Ասորեստանն էր, որ կռուազան ժողովուրդ ունէր եւ երթալով կը զօրանար։ Ըստ Եսայի 8։3, 4–ի, Ասորեստանը «Դամասկոսի հարստութիւններն ու Սամարիայի աւարը» պիտի առնէր, Յուդայի թագաւորութեան վրայ յարձակելէ առաջ։ Եսայիի միջոցաւ Աստուծոյ տուած ուղղութեան վստահելու փոխարէն, անհաւատ Աքազ յիմար համաձայնութիւն մը կնքեց ասորեստանցիներուն հետ։ Առ ի արդիւնք, յետագային ասորեստանցիները Յուդայի բնակիչները հարստահարեցին (Դ. Թագ. 16։7-10)։ Աքազ Յուդայի վրայ ի՜նչ ձախող հովիւ մըն էր։ Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Երբ կարեւոր որոշումներ պիտի կայացնեմ, Եհովայի՞ն թէ ոչ մարդոց կը վստահիմ’ (Առ. 3։5, 6

ՆՈՐ ՀՈՎԻՒ ՄԸ ՏԱՐԲԵՐ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

6. Բաղդատէ՛ Աքազի եւ Եզեկիայի իշխանութիւնները։

6 Աքազ մահացաւ Ք.Ա. 746–ին, եւ իր որդին Եզեկիան ժառանգեց նիւթապէս աղքատ եւ հոգեւորապէս սնանկացած Յուդայի թագաւորութիւնը։ Երիտասարդ թագաւորին առաջնահերթութիւնները ի՞նչ պիտի ըլլային։ Արդեօք ան ծանր պիտի աշխատէր որ ազգը ետ նիւթապէս բարգաւաճէ՞ր։ Ո՛չ։ Եզեկիան հոգեւոր մարդ եւ իր ազգին լաւ հովիւ մըն էր։ Ամէն բանէ առաջ, ան մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեց եւ ջանաց կամակոր ազգին օգնել որ դարձեալ Եհովան պաշտեն։ Երբ ան հասկցաւ թէ Աստուած իրմէ ի՛նչ կ’ուզէր, անմիջապէս հնազանդեցաւ։ Մեզի համար ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը (Բ. Մն. 29։1-19

7. Ղեւտացիները նոր թագաւորին աջակցութեան ինչո՞ւ պէտք ունէին։

7 Ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելու մէջ ղեւտացիները կարեւոր դեր պիտի խաղային։ Ուստի, Եզեկիա անոնց հետ ժողով մը գումարեց եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց։ Պատկերացուր այդ ժողովին ներկայ գտնուող հաւատարիմ ղեւտացիները, որոնց աչքերը ուրախութեան արցունքներով փայլեցան, մինչ լսեցին թագաւորին խօսքերը. «Տէրը ձեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն ծառայութիւն ընելու համար իր առջեւ կայնիք» (Բ. Մն. 29։11)։ Արդարեւ, ղեւտացիները յստակ պատուէր ստացան, որպէսզի ժողովուրդին օգնեն ճշմարիտ Աստուածը պաշտելու։

8. Եզեկիան ի՞նչ յաւելեալ քայլեր առաւ ազգին հոգեւորութիւնը վերականգնելու համար, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

8 Եզեկիան ամբողջ Յուդան եւ Իսրայէլը հրաւիրեց Պասեքը եւ անոր յաջորդող եօթնօրեայ Բաղարջակերաց տօնը տօնակատարելու։ Ժողովուրդը այնքա՜ն վայելեց տօնը, որ անիկա յաւելեալ եօթը օր տեւեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ այսպիսի ուրախութիւն եղած չէր» (Բ. Մն. 30։25, 26)։ Այդ հոգեւոր կոչունքը որքա՜ն ոգեւորեց ժողովուրդը։ Բ. Մնացորդաց 31։1–ին մէջ կը կարդանք. «Երբ այս ամէնը լմնցաւ. . . [իսրայէլացիները] արձանները կտոր կտոր ըրին, Աստարովթին կուռքերը կոտրտեցին եւ բարձր տեղերն ու սեղանները փլցուցին»։ Այսպէս, ժողովուրդը սկսաւ Եհովային վերադառնալ։ Այս հոգեւոր մաքրագործումը զիրենք պատրաստեց գալիք խնդիրներուն համար։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻ

9. ա) Իսրայէլի ծրագիրը ինչպէ՞ս խափանուեցաւ։ բ) Յուդայի մէջ, Սենեքերիմ ի՞նչ սկզբնական յաջողութիւն գտաւ։

9 Ինչպէս որ Եսային ըսած էր, ասորեստանցիները Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը նուաճեցին եւ անոր բնակիչները տարագրեցին։ Ասիկա վերջ դրաւ Իսրայէլի ծրագրին, որ Յուդայի համար ընտրեն թագաւոր մը, որ Դաւիթի շառաւիղէն չէ։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Ասորեստանի ծրագիրներուն մասին։ Անիկա այս անգամ ոտքի ելաւ Յուդան նուաճելու։ «Եզեկիա թագաւորին տասնչորրորդ տարին Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ»։ Սենեքերիմը 46 հրէական քաղաքներ նուաճեց։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի զգայիր եթէ այդ ատեն Երուսաղէմի մէջ ապրէիր։ Մէկ առ մէկ, Յուդայի քաղաքները Ասորեստանի բանակին ձեռքը ինկան (Դ. Թագ. 18։13

10. Միքիա 5։5, 6–ը ինչո՞ւ քաջալերած ըլլալու էր Եզեկիան։

10 Անշուշտ Եզեկիան գալիք վտանգին տեղեակ էր, բայց փոխանակ յուսահատութեամբ հեթանոս ազգի մը օգնութեան դիմելու,– ինչպէս որ իր հաւատուրաց հայրը Աքազ ըրած էր,– ան Եհովայի վստահեցաւ (Բ. Մն. 28։20, 21)։ Կրնայ ըլլալ որ ան լսած էր ժամանակակից Միքիա մարգարէին խօսքը, որ Ասորեստանի նկատմամբ կանխագուշակեց. ‘Ասորեստանցիին դէմ եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ պիտի հանենք։ Անոնք Ասորեստանը սուրով պիտի սպառեն’ (Միք. 5։5, 6)։ Այս ներշնչեալ խօսքը վստահաբար Եզեկիան քաջալերած ըլլալու էր, ցոյց տալով թէ Եհովան անսովոր բանակի մը միջոցաւ ասորեստանցիները պարտութեան պիտի մատնէր։

11. «Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»ու մարգարէութեան ամէնէն կարեւոր կատարումը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։

11 «Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»ու մարգարէութեան ամէնէն կարեւոր կատարումը տեղի պիտի ունենար Յիսուսի ծնունդէն շա՜տ ետք, «Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլա[ր]։ Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է» (կարդա՛ Միքիա 5։1, 2Մարգարէութիւնը պիտի կատարուի ապագային, երբ արդի «Ասորեստանցի» մը Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակի։ Եհովան իր Որդիին առաջնորդութեամբ ի՞նչ բանակ պիտի գործածէ վախազդու թշնամիին դէմ դնելու համար։ Այս հարցումին քիչ ետք պիտի պատասխանենք։ Բայց նախ, տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Եզեկիայի առած քայլերէն, երբ ասորեստանցիները յարձակեցան։

ԵԶԵԿԻԱՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ Կ’ԱՌՆԷ

12. Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու համար, Եզեկիան եւ իր ընկերակիցները ի՞նչ ըրին։

12 Երբ զգանք թէ խնդիր մը լուծելու կարող չենք, Եհովան միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու. բայց ան կ’ակնկալէ որ մեր ամէն կարելին ընենք խնդիրը լուծելու համար։ Եզեկիան «իշխաններուն ու զօրապետներուն հետ խորհուրդ ըրաւ» եւ միասնաբար որոշեցին որ «քաղաքէն դուրս եղող աղբիւրներուն ջուրերը գոցէ»։ Ասկէ զատ, Եզեկիան «բոլոր փլած պարիսպները շինեց ու աշտարակները բարձրացուց ու դուրսէն ուրիշ պարիսպ մըն ալ շինեց. . . ու շատ նիզակներ ու ասպարներ շինեց» (Բ. Մն. 32։3-5)։ Այդ ժամանակ իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ հովուելու համար, Եհովան կտրիճ տղամարդիկ գործածեց, ինչպէս՝ Եզեկիան, անոր իշխանները եւ հոգեւորապէս զօրաւոր մարգարէները։

13. Ի՞նչ էր ամէնէն կարեւոր քայլը որ Եզեկիան առաւ ժողովուրդը պատրաստելու գալիք յարձակումին համար։

13 Անկէ ետք, Եզեկիան առաւ քայլ մը, որ աղբիւրներուն ջուրերը պաշտպանելէ կամ քաղաքին պարիսպները ամրացնելէ աւելի կարեւոր էր։ Բարի հովիւ ըլլալով, ան ժողովուրդը հաւաքեց եւ քաջալերեց. «Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։ Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Եզեկիան ժողովուրդին յիշեցուց, թէ Եհովան իրենց համար պիտի պատերազմէր։ Ասիկա որքա՜ն անոնց հաւատքը զօրացուց։ Այսպիսով, ժողովուրդը «Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ»։ Եզեկիան, անոր իշխանները եւ կտրիճ տղամարդիկը, ինչպէս նաեւ Միքիա եւ Եսայի մարգարէները ցոյց տուին թէ ազդու հովիւներ են, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան իր մարգարէին միջոցաւ կանխագուշակած էր (Բ. Մն. 32։7, 8. կարդա՛ Միքիա 5։5, 6

Եզեկիան քաջալերեց ժողովուրդը, որ հաւատք ունենայ եւ քաջ մնայ (Տե՛ս պարբերութիւն 12, 13)

14. Ռափսակ ի՞նչ ըսաւ, իսկ ժողովուրդը ինչպէ՞ս հակազդեց։

14 Ասորեստանի թագաւորը բանակեցաւ Լաքիսի մէջ, Երուսաղէմի հարաւ–արեւմուտքը։ Հոնկէ երեք պատուիրակ ղրկեց Երուսաղէմ, ժողովուրդին ըսելու որ յանձնուին։ Գլխաւոր պատուիրակը, որ Ռափսակ տիտղոսով ճանչցուած էր, զանազան ռազմավարութիւններ գործածեց։ Նախ, եբրայերէն խօսելով ան փորձեց ժողովուրդը համոզել, որ Եզեկիայի մտիկ ընելու փոխարէն Ասորեստանի թագաւորին ենթարկուին։ Ապա ստեց՝ խոստանալով զանոնք տանիլ երկիր մը, ուր հանգստաւէտ կեանք պիտի վարէին (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 18։31, 32Անկէ ետք, Ռափսակ յոխորտաց թէ ճիշդ ինչպէս որ ուրիշ ազգերու աստուածները չկրցան իրենց երկրպագուները պաշտպանել, Եհովան ալ պիտի չկարենայ հրեաները պաշտպանել։ Իմաստունօրէն, ժողովուրդը անտեսեց այս սուտերն ու ամբաստանութիւնները եւ չփորձեց հակազդել։ Իսկ Եհովայի այժմու ծառաները յաճախ անոնց օրինակին կը հետեւին (կարդա՛ Դ. Թագաւորաց 18։35, 36

15. Երուսաղէմի բնակիչներէն ի՞նչ պահանջուած էր, եւ Եհովան ինչպէ՞ս քաղաքը ազատեց։

15 Անշուշտ Եզեկիան նեղացաւ։ Բայց ուրիշ ազգի մը օգնութիւնը չխնդրեց, հապա Եսայի մարգարէն կանչեց։ Եսային Եզեկիային ըսաւ. «[Սենեքերիմ] այս քաղաքը պիտի չմտնէ ու անոր նետ պիտի չնետէ» (Դ. Թագ. 19։32)։ Երուսաղէմի բնակիչներէն միայն կը պահանջուէր քաջ ըլլալ եւ չյանձնուիլ։ Եհովա՛ն պիտի պատերազմէր Յուդայի համար, եւ արդարեւ պատերազմեցա՛ւ։ «Այն գիշերը Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունհինգ հազար մարդ զարկաւ» (Դ. Թագ. 19։35)։ Աստուածային միջամտութիւնն էր որ Երուսաղէմի բնակիչները փրկեց, եւ ոչ թէ քաղաքը պաշտպանելու Եզեկիայի առած քայլերը։

ՔԱՂՈՒԱԾ ԴԱՍԵՐ

16. Ներկայիս որո՞նք են՝ ա) Երուսաղէմի բնակիչները, բ) «Ասորեստանցին», գ) «եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»ը։

16 «Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»ու մարգարէութիւնը մեր օրերուն կարեւոր կատարում ունի։ Վաղեմի Երուսաղէմի բնակիչները ասորեստանցիներուն կողմէ յարձակումի ենթարկուեցան։ Մօտ ապագային, արդի «Ասորեստանցին» պիտի յարձակի Եհովայի ժողովուրդին վրայ,– որ անպաշտպան կը թուի,– զայն բնաջնջելու միտումով։ Սուրբ Գիրքը կ’ակնարկէ այդ յարձակումին, ինչպէս նաեւ՝ ‘Մագոգի Գոգին’ յարձակումին, «հիւսիսի թագաւոր»ին յարձակումին եւ «երկրի թագաւորներ»ուն յարձակումին (Եզեկ. 38։2, 10-13. Դան. 11։40, 44, 45. Յայտ. 17։14. 19։19)։ Արդեօք ասոնք անջա՞տ յարձակումներ են։ Պայման չէ։ Աստուածաշունչը կրնայ նոյն յարձակումին ակնարկել տարբեր անուններով։ Եհովան ինչպիսի՞ ‘զէնք’ պիտի գործածէ այս անգութ թշնամիին՝ «Ասորեստանցի»ին դէմ։ Շա՛տ անսովոր բան մը. «եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ» (Միք. 5։5)։ Անոնք ժողովքի երէցներն են (Ա. Պետ. 5։2)։ Ներկայիս, Եհովան բազմաթիւ հաւատարիմ երէցներ կը գործածէ իր թանկագին հօտը հովուելու եւ ամրացնելու արդի «Ասորեստանցի»ին գալիք յարձակումին դէմ *։ Միքիայի մարգարէութիւնը կը նշէ, թէ «անոնք Ասորեստանը սուրով. . . պիտի սպառեն» (Միք. 5։6)։ Արդարեւ, անոնց «զինուորութեան զէնքեր»էն մէկն է «Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է» (Բ. Կոր. 10։4. Եփ. 6։17

17. Մեր նկատի առած արձանագրութենէն, երէցները ի՞նչ չորս դաս կրնան քաղել։

17 Երէցները կրնան մեր նկատի առած արձանագրութենէն գործնական դասեր քաղել. 1) «Ասորեստանցի»ին գալիք յարձակումին համար նախապատրաստուելու ամէնէն գործնական քայլն է՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնել եւ օգնել մեր եղբայրներուն որ նոյնը ընեն։ 2) Երբ «Ասորեստանցին» յարձակի, երէցները պէտք է լիովին համոզուած ըլլան որ Եհովան մեզ պիտի ազատէ։ 3) Այդ ատեն, Եհովայի կազմակերպութենէն մեր ստացած կենսատու ուղղութիւնը թերեւս մարդկային տեսանկիւնէն գործնական չթուի։ Բոլորս պէտք է պատրաստ ըլլանք հնազանդելու որեւէ ցուցմունքի որ կը ստանանք, նոյնիսկ եթէ ատիկա տարօրինակ կամ անսովոր թուի։ 4) Բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց վստահութիւնը կը դնեն աշխարհիկ ուսման, նիւթական բաներու կամ մարդկային հաստատութիւններու վրայ, հիմա է ժամանակը որ իրենց մտածելակերպը ճշդեն։ Երէցները պէտք է պատրաստ ըլլան օգնելու բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատքի մէջ կ’երերան։

18. Այս պատմութեան վրայ խոկալը ապագային ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգտել։

18 Ժամանակը պիտի գայ, երբ Աստուծոյ այժմու ծառաները անպաշտպան պիտի թուին, ճիշդ ինչպէս որ Եզեկիայի օրերուն թուեցան Երուսաղէմի բնակիչները։ Այդ ատեն, Եզեկիայի խօսքերը կրնան մեզի օգնել որ մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք։ Յիշենք թէ մեր թշնամիներուն հետ «մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ» (Բ. Մն. 32։8

^ պարբ. 4 Եսայի 7։14–ի մէջ «կոյս» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ նշանակել՝ թէ՛ ամուսնացած կին եւ թէ կոյս աղջիկ։ Այսպէս, նոյն բառը կրնար կիրարկուիլ թէ՛ Եսայիի կնոջ եւ թէ հրեայ կոյս Մարիամին։

^ պարբ. 16 Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, թիւ եօթը յաճախ կ’ակնարկէ կատարելութեան։ Իսկ թիւ ութը (եօթէն մէկ թիւ բարձր) երբեմն կ’ակնարկէ շատութեան կամ առատութեան։