Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ պիտի ընե՞ս

Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ պիտի ընե՞ս

«Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. ԿՈՐ. 9։7

1. Շատեր ի՞նչ տեսակի զոհողութիւններ կ’ընեն, եւ ինչո՞ւ։

ՄԱՐԴԻԿ կամաւորաբար կարեւոր բաներու համար զոհողութիւններ կ’ընեն։ Ծնողները իրենց ժամանակէն, դրամէն ու կորովէն կու տան, որպէսզի իրենց զաւակները օգտուին։ Երիտասարդ մարզիկներ, որոնք կ’ուզեն ողիմպիական խաղերու մասնակցիլ, ամէն օր ժամեր կը տրամադրեն մարզուելու, մինչ իրենց հասակակիցները ժամանցներով կը տարուին։ Յիսուս ե՛ւս իրեն կարեւոր եղող բաներու համար զոհողութիւններ ըրաւ։ Ան պերճանքի ետեւէն չգնաց, ոչ ալ ուզեց զաւակներ ունենալ։ Փոխարէն, ան Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու վրայ կեդրոնացաւ (Մատ. 4։17. Ղուկ. 9։58)։ Համանման կերպով, իր հետեւորդները Աստուծոյ Թագաւորութեան աջակցելու համար շա՛տ բան զոհեցին, քանի որ զայն կարեւորագոյն բանը նկատեցին (Մատ. 4։18-22. 19։27)։ Ուստի, կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Ես ի՞նչ բան կարեւոր կը նկատեմ’։

2. ա) Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար, ի՞նչ զոհողութիւններ կենսական են։ բ) Ոմանք ի՞նչ յաւելեալ զոհողութիւններ կ’ընեն։

2 Կարգ մը զոհողութիւններ կարեւոր են բոլո՛ր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն, եւ կենսական են՝ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն մշակելու եւ պահպանելու։ Այսպիսի զոհողութիւններ կը պարփակեն ժամանակ եւ կորով տրամադրել՝ աղօթելու, Աստուածաշունչը կարդալու, ընտանեկան պաշտամունքի, ժողովներու ներկայ գտնուելու եւ դաշտի ծառայութեան (Յես. 1։8. Մատ. 28։19, 20. Եբ. 10։24, 25) *։ Մեր ջանքերուն եւ Եհովայի օրհնութեան շնորհիւ, քարոզչութիւնը կը յառաջանայ եւ շատեր կը դիմեն «Տէրոջը տանը լեռը» (Եսա. 2։2)։ Թագաւորութեան գործունէութիւններուն աջակցելու համար, շատեր զոհողութիւններ կ’ընեն որպէսզի Բեթէլի մէջ ծառայեն, Թագաւորութեան սրահի ու համաժողովի սրահի շինարարութեան թիկունք կանգնին, համաժողովներ կազմակերպեն կամ բնական աղէտներու ընթացքին կամաւորաբար օգնեն։ Այս յաւելեալ աշխատանքը յաւիտենական կեանքը շահելու պահանջ չէ, բայց կարեւոր է Թագաւորութեան շահերուն աջակցելու։

3. ա) Երբ Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ ընենք, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պէտք է նկատի առնենք։

3 Ներկայիս, որեւէ ժամանակէ աւելի, կարեւոր է որ մեր ամէն կարելին ընենք Թագաւորութեան համար։ Հաճոյք է տեսնել որ շատեր զոհողութիւններ կ’ընեն, որպէսզի կամաւորաբար Եհովայի ծառայեն (կարդա՛ Սաղմոս 54։6Այսպիսի առատաձեռն հոգի ցուցաբերելով կ’ուրախանանք, մինչ կը սպասենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ (Բ. Օր. 16։15. Գործք 20։35)։ Բայց իւրաքանչիւրս պէտք է մենք մեզի հարց տանք. կա՞ն կերպեր, որոնցմով կրնանք յաւելեալ զոհողութիւններ ընել Թագաւորութեան համար։ Ինչպէ՞ս կը գործածենք մեր ժամանակը, դրամը, կորովը եւ կարողութիւնները։ Երբ զոհողութիւններ կ’ընենք, ի՞նչ բաներէ պէտք է զգուշանանք։ Տեսնենք թէ կամաւոր զոհերու կարգ մը օրինակներէ ի՛նչ դասեր կրնանք քաղել։ Ասիկա պիտի օգնէ որ յաւելեալ կերպով ուրախանանք։

ԶՈՀԵՐԸ՝ ՎԱՂԵՄԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ

4. Իսրայէլացիները զոհեր մատուցանելով ինչպէ՞ս կ’օգտուէին։

4 Իսրայէլացիները մեղքերու թողութիւն ստանալու համար զոհեր կը մատուցանէին։ Եհովայի հաճութիւնը վայելելու համար, զոհերը անհրաժեշտ էին։ Ատոնցմէ ոմանք պահանջուած էին, իսկ ուրիշներ կամաւորաբար կը մատուցանուէին (Ղեւ. 23։37, 38)։ Ողջակէզի ընծաներ կրնային Եհովայի մատուցանուիլ որպէս կամաւոր ընծաներ կամ նուէրներ։ Զոհերու առնչութեամբ հոյակապ օրինակ մը կը տեսնենք Սողոմոնի օրերուն՝ տաճարի նաւակատիքին առթիւ (Բ. Մն. 7։4-6

5. Եհովան աղքատներուն համար ի՞նչ կարգադրութիւն ըրաւ։

5 Եհովան գիտէր թէ ամէն մարդ նոյն քանակը չէր կրնար տալ, անոր համար իւրաքանչիւր անհատէ պահանջեց որ իր կարողութեան համեմատ տայ։ Եհովայի օրէնքը պայման դրաւ որ անասունին արիւնը թափուի. ինչ որ Յիսուսի միջոցաւ «գալիք բաներուն շուքն [էր]» (Եբ. 10։1-4)։ Բայց Եհովան օրէնքի կիրարկման նկատմամբ անթեք չէր։ Օրինակի համար, ան պիտի ընդունէր որ անհատ մը տատրակներ կամ աղաւնիի ձագեր ընծայէր, եթէ կարողութիւն չունենար ոչխար կամ այծ բերելու։ Այսպիսով, նոյնիսկ աղքատը կրնար ուրախութեամբ Եհովայի զոհեր մատուցանել (Ղեւ. 1։3, 10, 14. 5։7)։ Թէեւ Եհովան կ’ընդունէր զանազան անասնական զոհեր, բայց երկու բան կը պահանջէր անոնցմէ՝ որոնք կամաւոր զոհեր կը մատուցանէին։

6. Զոհեր մատուցանող անհատէն ի՞նչ պահանջուած էր, եւ որքա՞ն կարեւոր էր այդ պահանջներուն գոհացում տալ։

6 Նախ, անհատ մը պէտք էր իր լաւագոյնը տար։ Եհովան ազգին ըսաւ, որ ընծան պէտք է անարատ ըլլայ, որպէսզի ‘ընդունելի ըլլայ’ (Ղեւ. 22։18-20)։ Եթէ անասունը արատաւոր ըլլար, Եհովան զայն պիտի չընդունէր։ Երկրորդ, զոհ մատուցանո՛ղը պէտք էր մաքուր եւ անարատ ըլլար։ Եթէ անհատ մը անմաքուր վիճակի մէջ ըլլար, պէտք էր մեղքի պատարագ կամ յանցանքի պատարագ ընծայէր, որպէսզի Եհովային առջեւ ընդունելի կեցուածք ունենար նախքան կամաւոր ընծայ մատուցանելը (Ղեւ. 5։5, 6, 15)։ Ասիկա լուրջ հարց մըն էր։ Եհովան վճռեց որ եթէ անհատ մը անմաքուր վիճակի մէջ ըլլալով՝ մասնակցէր խաղաղութեան զոհին, որ կը պարփակէր կամաւոր ընծաներ, պէտք է ժողովուրդէն կորսուէր (Ղեւ. 7։20, 21)։ Միւս կողմէ, երբ զոհ մատուցանողը ընդունելի կեցուածք ունենար Եհովայի առջեւ եւ իր մատուցած զոհը անարատ ըլլար, ան կրնար ուրախանալ եւ գոհունակ զգալ (կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 29։9

ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԵԼ ՆԵՐԿԱՅԻՍ

7, 8. ա) Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ ընելով, ոմանք ի՞նչ ուրախութիւն կը վայելեն։ բ) Եհովայի զոհելիք ի՞նչ բաներ ունինք։

7 Ներկայիս շատեր կ’ուզեն իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել, ինչ որ Եհովան կ’ուրախացնէ։ Մեր եղբայրներուն համար աշխատիլը վարձահատոյց է։ Եղբայր մը, որ Թագաւորութեան սրահներու շինարարութեան մէջ բաժին կը բերէ եւ բնական աղէտէ տառապողներուն կ’օգնէ, կը նշէ թէ այս կերպերով ծառայելէն ձեռք ձգած գոհունակութիւնը չի կրնար նկարագրել։ Ան կ’ըսէ. «Հարկ եղած օգնութիւնը մատուցանելէ ետք, տեղացի եղբայրներուն եւ քոյրերուն ուրախութիւնը եւ գնահատութիւնը տեսնելով՝ կը զգամ որ կ’արժէ՛ր այդքան ջանք թափել եւ աշխատիլ»։

Բազմաթիւ նուէրներ կամաւ կ’ընծայուէին. նմանապէս ներկայիս կամաւորաբար զոհեր կը մատուցանենք (Տե՛ս պարբերութիւն 7-13)

8 Եհովայի արդի կազմակերպութիւնը միշտ պատեհութիւններ փնտռած է Եհովայի աշխատանքին աջակցելու։ 1904–ին Եղբայր Չ. Թ. Ռասըլ գրեց. «Իւրաքանչիւր անհատ իր անձը պէտք է նկատէ Տէրոջ կողմէ նշանակուած տնտես՝ իր ժամանակին, ազդեցութեան, դրամին եւ ուրիշ բաներու վրայ, եւ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ջանայ այս տաղանդները լաւագոյն կերպով գործածել Տէրոջ փառքին համար»։ Թէեւ առատ օրհնութիւններ կը վայելենք, բայց Եհովայի զոհ մատուցանելը որոշ ծախսի կը նայի (Բ. Թագ. 24։21-24)։ Կրնա՞նք մեր միջոցները աւելի լաւ կերպով գործածել։

Բեթէլականներ՝ Աւստրալիոյ մէջ

9. Ժամանակը գործածելու առնչութեամբ, Ղուկաս 10։2-4–էն ի՞նչ կը սորվինք։

9 Մեր ժամանակը։ Շա՛տ ժամանակ ու ջանք կը պահանջուի մեր հրատարակութիւնները թարգմանելու ու տպելու, պաշտամունքի վայրեր կառուցանելու, համաժողովներ կազմակերպելու, բնական աղէտներու ընթացքին օգնութիւն մատակարարելու եւ բազմաթիւ ա՛յլ անհրաժեշտ գործունէութիւններու մասնակցելու։ Իւրաքանչիւր օր միայն 24 ժամ ունինք, բայց Յիսուս մեզի սկզբունք մը տուաւ, որ կրնայ օգնել ժամանակը իմաստութեամբ գործածելու։ Երբ իր աշակերտները քարոզելու ուղարկեց, անոնց ըսաւ. «Ճամբան մարդու բարեւ մի՛ տաք» (Ղուկ. 10։2-4)։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշնչագէտ մը կը նշէ. «Արեւելքցիներու բարեւները մերիններուն չեն նմանիր, այսինքն՝ թեթեւ խոնարհութիւն մը ընել կամ ձեռքը երկարել. անոնք կը կատարուէին շատ մը ողջագուրումներով, խոնարհութիւններով եւ նոյնիսկ երկրպագութիւններով։ Այս ամէնը շատ ժամանակ կը պահանջէր»։ Յիսուս իր հետեւորդները չէր քաջալերեր որ կոշտ ու կոպիտ ըլլան։ Փոխարէն, անոնց կ’օգնէր նկատելու, որ սահմանափակ ժամանակ ունին եւ պէտք է զայն օգտագործեն աւելի կարեւոր բաներու հոգ տանելու համար (Եփ. 5։16)։ Կրնա՞նք այս սկզբունքը կիրարկել, որպէսզի Թագաւորութեան ի նպաստ աւելի՛ն ընենք։

Հրատարակիչներ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ, Քենիա

10, 11. ա) Համաշխարհային գործին համար ըրած մեր նուիրատուութիւնները ի՞նչ կարգ մը կերպերով կը գործածուին։ բ) Ա. Կորնթացիս 16։1, 2–ի մէջ նշուած ո՞ր սկզբունքը կրնայ մեզի օգնել։

10 Մեր դրամը։ Թագաւորութեան գործունէութիւններուն աջակցելու համար, որոշ գումարներ պէտք են։ Ամէն տարի, տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ կը յատկացուին, շրջագայող տեսուչներուն, մասնաւոր ռահվիրաներուն եւ միսիոնարներուն ծախքերը հոգալու համար։ 1999–էն ի վեր, աւելի քան 24,500 Թագաւորութեան սրահներ կառուցուեցան սահմանափակ միջոցներ ունեցող երկիրներու մէջ։ Բայց տակաւին կարիք կայ շուրջ 6400 Թագաւորութեան սրահներու։ Ամէն ամիս, Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերէն շուրջ 100 միլիոն օրինակ կը տպուի։ Ձեր նուիրատուութիւնները այս բոլորին թիկունք կը կանգնին։

11 Նուիրատուութիւններ ընելու առնչութեամբ Պօղոս առաքեալ սկզբունք մը տուաւ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 16։1, 2Ներշնչման ներքեւ, Պօղոս Կորնթոսի եղբայրները քաջալերեց, որ շաբթուան սկիզբէն իսկ որոշեն որքա՛ն գումար կրնան նուիրատուութիւն ընել, փոխանակ սպասելու շաբթուան վերջաւորութեան։ Ճիշդ ինչպէս առաջին դարուն, ներկայիս եւս եղբայրներ եւ քոյրեր սկիզբէն կը ծրագրեն առատաձեռնութեամբ նուիրատուութիւններ ընել (Ղուկ. 21։1-4. Գործք 4։32-35)։ Եհովան այսպիսի հոգի կ’արժեւորէ։

Շրջանային շինարարական յանձնախումբի պատկանող կամաւոր մը Թըքսիտոյի մէջ, Նիւ Եորք (ԱՄՆ)

12, 13. Ի՞նչ մտահոգութիւններ ոմանց ետ կը կեցնեն իրենց կորովն ու կարողութիւնները Եհովային տալէ, բայց Եհովան իրենց ինչպէ՞ս պիտի օգնէ։

12 Մեր կորովը եւ կարողութիւնները։ Երբ ջանք կը թափենք որ մեր կորովը եւ կարողութիւնները ի շահ Թագաւորութեան գործածենք, Եհովան մեզի կ’աջակցի։ Ան կը խոստանայ մեզի օգնել, երբ յոգնինք (Եսա. 40։29-31)։ Կը խորհի՞ս թէ Թագաւորութեան գործին աջակցելու հարկ եղած հմտութիւնները չունիս, եւ թէ ուրիշներ այս մարզին մէջ աւելի լաւ են։ Յիշէ թէ Եհովան կրնայ մեր կարողութիւնները բարելաւել, ճիշդ ինչպէս որ ըրաւ Բեսելիէլին եւ Ոողիաբին (Ել. 31։1-6. տե՛ս բացման պատկերը)։

13 Եհովան մեզ կը քաջալերէ, որ մեր լաւագոյնը տանք եւ ետ չկենանք (Առ. 3։27)։ Տաճարի վերաշինութեան ընթացքին, Եհովան Երուսաղէմի հրեաներուն ըսաւ, որ լրջօրէն խոկան թէ ի՛նչ կ’ընէին գործին աջակցելու համար (Ան. 1։2-5)։ Անոնք մտացիր դարձած էին։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք, թէ արդեօք Եհովային կամքը ընելը՝ մեր կեանքին մէջ կարեւորագո՞յն բանն է։ Կրնա՞նք ‘մեր ճամբաներուն մասին մտածել’, որպէսզի այս վերջին օրերուն մէջ Թագաւորութեան գործին մէջ աւելի՛ բաժին բերենք։

ՄԵՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԵԼ

14, 15. ա) Սահմանափակ միջոցներ ունեցող եղբայրներով ինչպէ՞ս կը քաջալերուինք։ բ) Պէտք է փափաքինք ի՞նչ ընել։

14 Շատեր կ’ապրին այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր դժուարութիւններն ու աղքատութիւնը սովորական են։ Մեր կազմակերպութիւնը կը ջանայ օգնել այն եղբայրներուն, որոնք այսպիսի շրջաններու մէջ կ’ապրին (Բ. Կոր. 8։14)։ Բայց, նոյնիսկ սահմանափակ միջոցներ ունեցող եղբայրներ կ’արժեւորեն տալու առանձնաշնորհումը։ Եհովային համար հաճոյալի է տեսնել աղքատները ուրախութեամբ կու տան (Բ. Կոր. 9։7

15 Ափրիկէի մէկ աղքատիկ երկրին մէջ, կարգ մը եղբայրներ իրենց պարտէզին մէկ մասը կը յատկացնեն Թագաւորութեան գործին աջակցելու համար։ Ինչպէ՞ս։ Այդ մասը կը ցանեն, բերքը կը ծախեն եւ գումարը կը նուիրեն։ Այդ նոյն երկրին մէջ շինարարական ծրագիր մը սկսաւ, որպէսզի կառուցանուի Թագաւորութեան սրահ մը, որուն մեծ կարիք կար։ Տեղացի եղբայրներն ու քոյրերը ուզեցին ձեռք տալ։ Սակայն այս աշխատանքը պիտի սկսէր սերմանելու եղանակին ընթացքին։ Բայց եւ այնպէս, վճռելով բաժին բերել, անոնք օրուան ընթացքին շինարարական աշխատանքին մէջ բաժին կը բերէին, ապա իրիկունը իրենց դաշտերը կը սերմանէին։ Արդարեւ, անոնք անձնազոհ հոգի ցուցաբերեցին։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ առաջին դարու Մակեդոնիոյ եղբայրները, որոնք «ծանր աղքատութեան մէջ» ըլլալով հանդերձ, Պօղոսի աղաչեցին որ իրենց եղբայրներուն օգնելու մէջ բաժին բերեն (Բ. Կոր. 8։1-4)։ Թող որ իւրաքանչիւրս ‘Տէր Աստուծոյ մեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, մեր ձեռքէն եկածին չափ նուէր բերենք’ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 16։17

16. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր զոհերը Եհովային քով «ընդունելի» են։

16 Բայց կարեւոր է որ ուշադիր ըլլանք։ Ինչպէս որ էր պարագան վաղեմի իսրայէլացիներուն, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր կամաւոր զոհերը Աստուծոյ ընդունելի են։ Կարեւոր է որ մեր հաւասարակշռութիւնը պահպանենք, որպէսզի կարենանք մեր գլխաւոր պատասխանատուութիւնները կատարել, զոր օրինակ՝ մեր ընտանիքին եւ պաշտամունքին հոգ տանիլ։ Ուրիշներուն ի նպաստ մեր ժամանակէն ու միջոցներէն տալը պէտք չէ պատճառ ըլլայ, որ մեր ընտանիքին հոգեւորութիւնը կամ ֆիզիքական բարօրութիւնը անտեսենք։ Չենք կրնար Եհովային զոհել այն ժամանակը, կորովը եւ միջոցները, որոնք չունինք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 8։12Ասկէ զատ, պէտք է շարունակենք մե՛ր հոգեւորութիւնը զօրացնել (Ա. Կոր. 9։26, 27)։ Բայց վստահութիւն ունենանք, թէ երբ Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ապրինք, մեր ըրած զոհերը Եհովային «ընդունելի» պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ՝ մեզ պիտի ուրախացնեն եւ գոհունակ պիտի զգանք։

ՄԵՐ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵ՜Ծ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԻՆ

17, 18. Ինչպէ՞ս կը զգաս անոնց հանդէպ՝ որոնք Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ կ’ընեն, եւ իւրաքանչիւրս ի՞նչ պէտք է նկատի առնենք։

17 Մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր ‘իբր պատարագ ու զոհ կ’ընծայուին’, Թագաւորութեան անհրաժեշտ գործունէութիւններուն աջակցելով (Փլպ. 2։17)։ Մենք անկեղծօրէն կը գնահատենք զանոնք՝ որոնք այսպիսի առատաձեռնութիւն ցոյց կու տան։ Թագաւորութեան գործին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն կիներն ու զաւակները իրենց առատաձեռնութեան եւ անձնազոհութեան համար նաե՛ւ գովասանքի արժանի են։

18 Թագաւորութեան շահերուն աջակցելու համար, շա՛տ ծանր աշխատանքի կարիք կայ։ Թող որ բոլորս աղօթքով նկատի առնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ բաժին բերենք։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ առատապէս պիտի վարձատրուիս հիմա եւ «գալու աշխարհին մէջ» (Մար. 10։28-30

^ պարբ. 2 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունուար 2012 թիւին «Սրտանց Եհովային զոհեր մատուցանենք» յօդուածը, էջ 24-28։