Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գառնուկին հարսանիքով ուրախանանք

Գառնուկին հարսանիքով ուրախանանք

«Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք. . . քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ» (ՅԱՅՏ. 19։7

1, 2. ա) Որո՞ւն հարսանիքը երկնքի մէջ ցնծութիւն պիտի պատճառէ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ պատրաստութիւնները միշտ ժամանակ կ’առնեն։ Այս յօդուածին մէջ պիտի կեդրոնանանք մասնայատուկ արքայական հարսանիքի մը վրայ, որուն պատրաստութիւնը շուրջ 2000 տարի առած է։ Շուտով Փեսան եւ հարսը պիտի միանան։ Ուրախալի երաժշտութիւն պիտի ցնցէ Թագաւորին պալատը եւ երկնային բազմութիւններ պիտի երգեն. «Ալէլուիա՜, վասն զի մեր Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց։ Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց» (Յայտ. 19։6, 7

2 «Գառը», որուն հարսանիքը երկնքի մէջ ցնծութիւն պիտի պատճառէ, Յիսուս Քրիստոսն է (Յովհ. 1։29)։ Ան ի՞նչ հագած է։ Ո՞վ է իր հարսը։ Հարսը ինչպէ՞ս պատրաստուած է ամուսնանալու։ Հարսանիքը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։ Այս ամուսնութիւնը երկնքի մէջ ուրախութիւն պիտի պատճառէ. բայց երկրային յոյս ունեցողները այդ ուրախութեան մասնակից պիտի ըլլա՞ն։ Խորապէս կը փափաքինք այս հարցումներուն պատասխանները գիտնալ, ուստի շարունակենք նկատի առնել Սաղմոս 45–ը։

ԻՐ ‘ՀԱՆԴԵՐՁՆԵՐԸ ԿԸ ԲՈՒՐԵՆ’

3, 4. ա) Փեսային հարսանեկան զգեստին մասին ի՞նչ ըսուած է, եւ ի՞նչ բան անոր ուրախութիւնը կ’աւելցնէ։ բ) Որո՞նք են Փեսային ուրախութեան մասնակցող «թագուհին» եւ «թագաւորներու աղջիկները»։

3 Կարդա՛ Սաղմոս 45։8, 9։ Փեսան՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ իր փառաւոր արքայական հանդերձները կը հագուի։ Իր այդ հարսանեկան զգեստը բուրմունք կու տայ, «պատուական համեմներ»ու՝ զմուռսի եւ կասիայի՝ նման, որոնք վաղեմի Իսրայէլի մէջ կը գործածուէին սուրբ օծման իւղը պատրաստելու (Ել. 30։23-25

4 Մինչ Փեսային հարսանիքը կը մօտենայ, իր պալատը երկնային երաժշտութեամբ կը լեցուի, ինչ որ անոր ուրախութիւնը կ’աւելցնէ։ Իր ուրախութեան կը մասնակցի «թագուհին»՝ Աստուծոյ կազմակերպութեան երկնային մասը, որ կը պարփակէ «թագաւորներու աղջիկները», այսինքն՝ սուրբ հրեշտակները։ Ի՜նչ հաճելի է լսել երկնային ձայներ, որոնք կը յայտարարեն. «Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք. . . քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ»։

ՀԱՐՍԸ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

5. Ո՞վ է «Գառնուկին կինը»։

5 Կարդա՛ Սաղմոս 45։10, 11։ Փեսան գիտցանք ո՛վ է։ Բայց արդեօք հարսը ո՞վ է։ Անիկա բաղադրեալ հարս է, որ կազմուած է ժողովքին անդամներէն, որուն գլուխը Յիսուս Քրիստոս է (կարդա՛ Եփեսացիս 5։23, 24)։ Անոնք Քրիստոսի Մեսիական Թագաւորութեան մաս պիտի կազմեն (Ղուկ. 12։32)։ Այս հոգիով–օծուած 144,000–ը «Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ» (Յայտ. 14։1-4)։ Անոնք «Գառնուկին կինը» կը դառնան եւ անոր հետ կ’ապրին երկնային բնակարանին մէջ (Յայտ. 21։9. Յովհ. 14։2, 3

6. Օծեալները ինչո՞ւ կը ներկայացուին որպէս «թագաւորին աղջիկը», եւ ինչո՞ւ անոնց ցուցմունք կը տրուի որ ‘մոռնան իրենց ժողովուրդը’։

6 Ապագայ հարսին «ո՛վ աղջիկ» ըսելէ զատ, ան կը ներկայացուի որպէս «թագաւորին աղջիկը» (Սաղ. 45։13)։ Ո՞վ է այս «թագաւոր»ը։ Օծեալ քրիստոնեաները կ’որդեգրուին որպէս Եհովային «որդիներ»ը (Հռով. 8։15-17)։ Քանի որ անոնք երկնային հարս պիտի ըլլան, անոնց ցուցմունք կը տրուի. «Մոռցի՛ր քու ժողովուրդդ ու քու [մարմնաւոր] հօրդ տունը»։ Անոնք պէտք է ‘վերի բաներուն վրայ մտածեն, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն’ (Կող. 3։1-4

7. ա) Քրիստոս ինչպէ՞ս իր ապագայ հարսը պատրաստած է։ բ) Հարսը իր ապագայ Փեսան ինչպէ՞ս կը նկատէ։

7 Դարերէ ի վեր, Քրիստոս իր ապագայ հարսը կը պատրաստէ երկնային հարսանիքին համար։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց, թէ Քրիստոս «սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար. որպէս զի զանիկա սրբէ ու մաքրէ աւազանին ջրովը եւ խօսքով. որպէս զի ինք իր դէմը փառաւոր կեցնէ եկեղեցին, որ արատ մը կամ աղտեղութիւն կամ ուրիշ ասոնց պէս բան մը չունենայ, հապա սուրբ ու անարատ ըլլայ» (Եփ. 5։25-27)։ Ան նաեւ Կորնթոսի օծեալներուն ըսաւ. «Ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ։ Վասն զի ես ձեզ էրկան մը նշանեցի՝ մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսին առջեւ հանելու» (Բ. Կոր. 11։2)։ Փեսան՝ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսը, իր ապագայ հարսին հոգեւոր ‘գեղեցկութիւնը’ կ’արժեւորէ։ Իսկ հարսը իր ապագայ ամուսինին առջեւ ‘կը խոնարհի’ եւ կամովին զինք կ’ընդունի որպէս իր «տէր»ը։

ՀԱՐՍԸ ‘ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ’

8. Ինչո՞ւ յարմար է որ հարսին համար ըսուի թէ «փառաւոր» է։

8 Կարդա՛ Սաղմոս 45։13, 14ա։ Հարսը արքայական ամուսնութեան համար «փառաւոր է»։ Յայտնութիւն 21։2–ի մէջ հարսը կը համեմատուի քաղաքի մը հետ,– նոր Երուսաղէմը,– եւ «իր էրկանը համար զարդարուած» է։ Այս երկնային քաղաքը «Աստուծոյ փառքը» ունի եւ լուսափայլ է՝ «խիստ պատուական քարի նման. . . ակնվանիի երեւոյթով յասպիս քարի պէս» (Յայտ. 21։10, 11)։ Նոր Երուսաղէմի հոյակապ երեւոյթը գեղեցիկ կերպով նկարագրուած է Յայտնութիւն գրքին մէջ (Յայտ. 21։18-21)։ Զարմանալի չէ որ սաղմոսերգուն հարսին համար կ’ըսէ թէ «փառաւոր է»։ Վերջ ի վերջոյ, արքայական հարսանիքը երկնքի՛ մէջ տեղի կ’ունենայ։

9. Հարսը ո՞ր «թագաւոր»ին կը բերուի եւ ինչպէ՞ս հագուած է։

9 Հարսը իր Փեսային՝ Մեսիական Թագաւորին կը բերուի։ Ան հարսը կը պատրաստէր՝ ‘զանիկա սրբելով ու մաքրելով աւազանին ջրով եւ խօսքով’։ Հարսը «սուրբ ու անարատ» է (Եփ. 5։26, 27)։ Այս առթիւ ան ալ պէտք է լաւ զգեստ հագած ըլլայ։ Եւ իրապէս, «ոսկի թելով հիւսուած է իր հանդերձը» եւ «նկարազարդ հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին»։ Գառնուկին հարսանիքին համար, «իրեն հագնելու համար տրուեցաւ մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ, քանզի այն բեհեզը սուրբերուն արդարութիւնն է» (Յայտ. 19։8

«ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ ՀԱՍԱՒ»

10. Գառնուկին հարսանիքը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։

10 Կարդա՛ Յայտնութիւն 19։7։ Գառնուկին հարսանիքը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Թէեւ ‘անոր կինը ինքզինք պատրաստած է’, բայց յաջորդ համարները հարսանիքը չեն նկարագրեր, այլ՝ մեծ նեղութեան վերջին հանգրուանը (Յայտ. 19։11-21)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ հարսանիքը տեղի կ’ունենայ, Փեսայ–Թագաւորը իր յաղթանակը ամբողջացնելէ առաջ։ Ո՛չ։ Յայտնութիւն գրքին տեսիլքները ժամանակագրական կարգով չեն ներկայացուած։ Սաղմոս 45–ին մէջ, արքայական հարսանիքը տեղի կ’ունենայ, Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ իր թուրը մէջքը կապելէն եւ իր թշնամիներուն վրայ յաղթանակ տանելէն ետք (Սաղ. 45։3, 4

11. Ի՞նչ շարքաւորումով Քրիստոս իր յաղթանակը պիտի ամբողջացնէ։

11 Ուրեմն, կրնանք եզրակացնել թէ դէպքերուն շարքաւորումը հետեւեալ կերպով պիտի ըլլայ։ Նախ, «մեծ պոռնիկ»ին՝ մեծ Բաբելոնին, այսինքն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան վրայ դատաստան ի գործ պիտի դրուի (Յայտ. 17։1, 5, 16, 17. 19։1, 2)։ Ապա, Քրիստոս Աստուծոյ դատաստանները ի գործ պիտի դնէ Սատանայի չար աշխարհին մնացեալ մասին վրայ՝ զայն կործանելով Արմագեդոնին, «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին» ընթացքին (Յայտ. 16։14-16. 19։19-21)։ Ի վերջոյ, Ռազմիկ–Թագաւորը իր յաղթանակը պիտի ամբողջացնէ՝ Սատանան եւ անոր դեւերը անգործունեայ վիճակի մատնելով եւ անդունդը նետելով (Յայտ. 20։1-3

12, 13. ա) Գառնուկին հարսանիքը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ բ) Երկնքի մէջ, որո՞նք Գառնուկին հարսանիքին համար պիտի ուրախանան։

12 Քրիստոսին ներկայութեան ընթացքին, երբ օծեալները իրենց երկրային ընթացքը կ’աւարտեն, երկնային կեանքի կը յարուցանուին։ Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ժամանակ մը ետք, Յիսուս հարս դասակարգին մնացորդը իրեն քով պիտի առնէ (Ա. Թես. 4։15, 16)։ Ուրեմն, Արմագեդոն պատերազմը սկսելէ առաջ, «հարս»ին բոլոր անդամները երկնքի մէջ պիտի ըլլան։ Այդ պատերազմէն ետք, Գառնուկին հարսանիքը կրնայ տեղի ունենալ։ Այդ հարսանիքը ի՜նչ ուրախ առիթ պիտի ըլլայ։ «Երանելի են անոնք, որ Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին կանչուած են», կ’ըսէ Յայտնութիւն 19։9–ն։ Իրապէս հարս դասակարգին 144,000 անդամները երջանիկ պիտի ըլլան։ Իսկ Փեսայ–Թագաւորը շատ ուրախ պիտի ըլլայ իր բոլոր օծեալ ընկերակիցները երկնքի մէջ իրեն հետ ունենալով (Ղուկ. 22։18, 28-30)։ Բայց միայն Փեսան եւ հարսը չեն որ Գառնուկին հարսանիքով պիտի ուրախանան։

13 Ինչպէս որ նախապէս նշեցինք, երկնային բազմութիւններ միաբանութեամբ կ’երգեն. «Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու [Եհովային] փա՛ռք տանք, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց» (Յայտ. 19։6, 7)։ Լաւ, ի՞նչ կարելի է ըսել Եհովայի երկրային ծառաներուն մասին։ Անոնք ալ այս ուրախութեան պիտի մասնակցի՞ն։

«ՑՆԾՈՒԹԻՒՆՈՎ. . . ՊԻՏԻ ԲԵՐՈՒԻՆ»

14. Ինչպէս որ Սաղմոս 45–ին մէջ նշուած է, որո՞նք են հարսին «ընկերակցող աղջիկները»։

14 Կարդա՛ Սաղմոս 45։12, 14բ, 15։ Զաքարիա մարգարէն կանխագուշակեց, թէ վերջին օրերուն աշխարհի տարածքին մարդիկ երախտապարտ պիտի ըլլան, որ օծեալ մնացորդին հետ Եհովային կը ծառայեն։ Ան գրեց. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’» (Զաք. 8։23Սաղմոս 45։12–ի մէջ, այս այլաբանական «տասը մարդ»ուն մասին կը խօսուի որպէս՝ «Տիւրոսի աղջիկը» եւ «ժողովուրդին հարուստները»։ Անոնք ընծայ կը բերեն, այսինքն՝ օծեալ մնացորդին կ’աջակցին, եւ անոր օգնութիւնը կը խնդրեն Եհովային ծառայելու համար։ 1935–էն ի վեր, միլիոնաւոր մարդիկ մնացորդին թոյլ տուած են, որ զիրենք ‘արդարութեան առաջնորդէ’ (Դան. 12։3)։ Օծեալ քրիստոնեաներուն այս հաւատարիմ ընկերակիցները իրենց կեանքը մաքրած են ու հոգեւոր կոյսեր դարձած են։ Հարսին այս «ընկերակցող աղջիկները» իրենց կեանքը Եհովային նուիրած են եւ Փեսայ–Թագաւորին հաւատարիմ հպատակները եղած են։

15. «Ընկերակցող աղջիկները» ինչպէ՞ս հարս դասակարգի օծեալ մնացորդին հետ միասնաբար աշխատած են։

15 Հարս դասակարգին մնացորդը մասնաւորաբար երախտապարտ եղած է այս «ընկերակցող աղջիկներ»ուն, քանի որ անոնք նախանձախնդրօրէն կ’օգնեն «Արքայութեան այս աւետարանը» ամբողջ աշխարհի տարածքին քարոզելու (Մատ. 24։14)։ Ո՛չ միայն «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’», այլեւ՝ լսողները կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» (Յայտ. 22։17)։ Արդարեւ, հարս դասակարգին օծեալ անդամներուն «Եկո՛ւր» ըսելը լսելով, «ուրիշ ոչխարներ»ը իրենց կարգին երկրի բնակիչներուն կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» (Յովհ. 10։16

16. Եհովան ուրիշ ոչխարներուն ի՞նչ առանձնաշնորհում տուած է։

16 Օծեալ մնացորդը իր ընկերակիցները կը սիրէ եւ ուրախ է որ Եհովան ուրիշ ոչխարներուն ալ առանձնաշնորհում տուած է մասնակցելու Գառնուկի հարսանիքին ուրախութեան։ Կանխագուշակուած էր թէ այս «ընկերակցող աղջիկները» ‘ցնծութիւնով եւ ուրախութիւնով պիտի բերուէին’։ Արդ, ուրիշ ոչխարները, որոնք կը յուսան երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ, Եհովայի տիեզերական ընտանիքին հետ պիտի ուրախանան, երբ Գառնուկին հարսանիքը երկնքի մէջ տեղի ունենայ։ Տեղին ըլլալով՝ Յայտնութիւն գիրքը կը նշէ թէ ‘մեծ բազմութեան’ անդամները «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր» են։ Անոնք Եհովային սուրբ ծառայութիւն կը մատուցանեն՝ իր հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մէջ (Յայտ. 7։9, 15

Գառնուկին հարսանիքը կ’ուրախացնէ հարսին «ընկերակցող աղջիկներ»ը (տե՛ս պարբերութիւն 16)

«ՔՈՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒԴ ՏԵՂԸ ՈՐԴԻՆԵՐԴ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ»

17, 18. ա) Գառնուկին հարսանիքը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։ բ) Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Քրիստոս որո՞նց հայրը պիտի դառնայ։

17 Կարդա՛ Սաղմոս 45։16։ Քրիստոսի երկնային հարսին «ընկերակցող աղջիկները» ուրախանալու ա՛յլ պատճառ պիտի ունենան, երբ տեսնեն Գառնուկին հարսանիքին օգուտները նոր աշխարհին մէջ։ Փեսայ–Թագաւորը իր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէ երկրագունդին եւ պիտի յարուցանէ իր երկրային «հայրեր»ը, որոնք իր երկրային «որդիներ»ը պիտի դառնան (Յովհ. 5։25-29. Եբ. 11։35)։ Ան անոնց մէջէն «բոլոր երկրի մէջ իշխաններ» պիտի նշանակէ։ Անկասկած, Քրիստոս այժմու հաւատարիմ երէցներէն ալ պիտի ընտրէ, որպէսզի նոր աշխարհին մէջ առաջնորդութիւն առնեն (Եսա. 32։1

18 Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Քրիստոս ուրիշներու ալ հայրը պիտի դառնայ։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատացողները երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին (Յովհ. 3։16)։ Այսպիսով, ան անոնց «Յաւերժական Հայր»ը պիտի ըլլայ (Եսա. 9։6, ՆԱ, 7

ԿԸ ՄՂՈՒԻՆՔ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՀՌՉԱԿԵԼՈՒ

19, 20. Սաղմոս 45–ին մէջ արձանագրուած հետաքրքրաշարժ դէպքերը ինչպէ՞ս այժմու բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կ’ազդեն։

19 Կարդա՛ Սաղմոս 45։1, 17։ Իրապէս, Սաղմոս 45–ին մէջ արձանագրուած դէպքերը բոլոր քրիստոնեաները կը հետաքրքրեն։ Երկրի վրայ օծեալները կ’ոգեւորուին՝ գիտնալով թէ շուտով երկնքի մէջ պիտի միանան իրենց եղբայրներուն եւ Փեսային՝ Յիսուս Քրիստոսին։ Ուրիշ ոչխարները կը մղուին որեւէ ժամանակէ աւելի իրենց փառաւոր Թագաւորին ենթարկուելու, եւ երախտապարտ են որ առանձնաշնորհում ունին անոր հարսին մնացեալ անդամներուն հետ ընկերակցելու հոս՝ երկրի վրայ։ Հարսանիքէն ետք, Քրիստոս եւ իր իշխանակիցները երկրի բնակիչները առատապէս պիտի օրհնեն (Յայտ. 7։17. 21։1-4

20 Մինչ կը սպասենք Մեսիական Թագաւորին առնչուող «բարի խօսք»ին կատարման, չե՞նք մղուիր իր ‘անունը հռչակելու’։ Թող որ ըլլանք անոնց մէջ, որոնք Թագաւորը «պիտի գովեն յաւիտեանս յաւիտենից»։