Եհովան՝ մեր լաւագոյն Բարեկամը
«[Աբրահամ] Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ» (ՅԱԿ. 2։23)։
1. Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալով, ի՞նչ կարողութիւն ունինք։
ՅԱՃԱԽ հետեւեալ առածը կը լսենք. «Տղան՝ ինչպէս իր հայրն է»։ Իրապէս, բազմաթիւ զաւակներ իրենց ծնողքին շատ կը նմանին։ Վերջ ի վերջոյ, իւրաքանչիւր զաւակ իր հօրմէն ու մօրմէն յատկութիւններ կը ժառանգէ։ Եհովան, մեր երկնաւոր Հայրը, կեանք Տուողն է (Սաղ. 36։9)։ Իսկ մենք՝ իր մարդկային զաւակները՝ շատ մը կերպերով իրեն կը նմանինք։ Իր պատկերով ստեղծուած ըլլալով՝ կարողութիւն ունինք պատճառաբանելու եւ եզրակացնելու ու բարեկամութիւններ զարգացնելու եւ պահպանելու (Ծն. 1։26)։
2. Ի՞նչ բանի հիման վրայ Եհովան կրնայ մեր Բարեկամը դառնալ։
2 Եհովան կրնայ մեր լաւագոյն Բարեկամը ըլլալ։ Այսպիսի բարեկամութիւն մը հիմնուած է՝ մեզի հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած սիրոյն վրայ, ինչպէս նաեւ՝ իրեն եւ իր Որդիին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքին վրայ։ Յիսուս նշեց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Բազմաթիւ անհատներ Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունեցած են։ Նկատի առնենք անոնցմէ երկուքը։
«ԱԲՐԱՀԱՄ ԻՄ ԲԱՐԵԿԱՄՍ»
3, 4. Հակադրէ՛ Աբրահամի եւ Եհովայի բարեկամութիւնը իսրայէլացիներուն եւ Եհովայի բարեկամութեան հետ։
3 Եհովան Աբրահամին ակնարկեց որպէս «իմ սիրելիս [«բարեկամս», Եսա. 41։8)։ Աբրահամի զօրաւոր հաւատքը կարելի դարձուց որ տոկուն բարեկամութիւն ունենայ իր Ստեղծիչին հետ (Ծն. 15։6. կարդա՛ Յակոբոս 2։21-23)։
ՆԱ]» (4 Աբրահամի զարմը, որ յետագային իսրայէլ ազգը դարձաւ, սկիզբը Եհովան կը նկատէր իր Հայրն ու Բարեկամը։ Ցաւօք սրտի սակայն, իսրայէլացիները Աստուծոյ հետ իրենց բարեկամութիւնը կորսնցուցին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ դադրեցան Եհովայի խոստումներուն հաւատալէ։
5, 6. ա) Եհովան ինչպէ՞ս Բարեկամդ դարձաւ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի ուղղենք։
5 Որքա՛ն աւելի Եհովային մասին սորվիս, ա՛յնքան աւելի հաւատքդ կ’ամրանայ, իսկ իրեն հանդէպ սէրդ կը խորանայ։ Պահ մը մտաբերէ այն ժամանակը, երբ իմացար թէ Աստուած իսկական Անձ է, որուն հետ կրնաս մօտիկ փոխյարաբերութիւն զարգացնել։ Նաեւ, սորվեցար թէ Ադամի անհնազանդութեան պատճառաւ՝ բոլորս մեղաւոր ենք։ Կամաց–կամաց ըմբռնեցիր թէ մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ Աստուծմէ հեռացած է (Կող. 1։21)։ Ապա, գիտակցեցար թէ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը մարդոցմէ հեռու չէ եւ իւրաքանչիւրովս հետաքրքրուած է։ Երբ Յիսուսի փրկանքի զոհին կարգադրութեան մասին սորվեցար եւ ատոր հաւատացիր, սկսար Եհովայի հետ բարեկամութիւն մը մշակել։
6 Երբ մտածենք թէ ինչպէ՛ս Եհովան ճանչցանք, պէտք է մենք մեզի հարց տանք. ‘Աստուծոյ հետ իմ բարեկամութիւնս կը խորացնե՞մ։ Իրեն հանդէպ իմ վստահութիւնս զօրաւո՞ր է, իսկ սէրս՝ օրէ օր կ’աճի՞’։ Գեդէօն ուրիշ անհատ մըն է, որ Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունէր։ Իր լաւ օրինակը լրջօրէն նկատի առնենք։
«ՏԷՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»
7-9. ա) Գեդէօն ի՞նչ աչքառու փորձառութիւն ունեցաւ, եւ ի՞նչ արդիւնքով (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը ամրացնել։
7 Դատաւոր Գեդէօն Եհովային ծառայեց իսրայէլի պատմութեան մէկ խռովալից ժամանակին ընթացքին, ազգը Խոստացեալ երկիր մտնելէ ետք։ Դատաւորաց 6–րդ գլուխը կը պատմէ թէ Եհովային հրեշտակը Եփրայի մէջ Գեդէօնին այցելեց։ Այդ ժամանակ, դրացի մադիանացիները իսրայէլի համար իսկական սպառնալիք էին։ Անոր համար, Գեդէօն ցորեն կը ծեծէր ոչ թէ դաշտը, այլ՝ հնձանին մէջ, ուր արագօրէն կրնար արժէքաւոր հատիկները պահել։ Ան զարմացաւ երբ հրեշտակը իրեն երեւնալով զինք կոչեց՝ «զօրաւոր կտրիճ»։ Թէեւ Եհովան իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ազատագրած էր, բայց Գեդէօն կը կասկածէր որ այս անգամ Ան իրենց պիտի օգնէր։ Եհովային անունով խօսելով, հրեշտակը երաշխաւորեց թէ Աստուած Գեդէօնին պիտի օգնէր։
8 Գեդէօն հարց տուաւ թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենար «Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն» ազատել։ Եհովան յստակ կերպով պատասխանեց. «Ես անշուշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ ու Մադիամը մէկ մարդու պէս պիտի զարնես» (Դատ. 6։11-16)։ Անկասկած, տակաւին շփոթած մնալով թէ ասիկա ինչպէ՛ս պիտի ըլլար, Գեդէօն նշան ուզեց։ Նկատի առ թէ այս խօսակցութեան մէջ Գեդէօն հաստատօրէն Եհովան իրական Անձ նկատեց։
9 Այն ինչ որ ետքը պատահեցաւ, Գեդէօնի հաւատքը զօրացուց եւ զինք Աստուծոյ աւելի մօտեցուց։ Գեդէօն կերակուր պատրաստեց եւ հրեշտակին հրամցուց։ Ապա, երբ հրեշտակը իր գաւազանով կերակուրը հրաշալիօրէն այրեց, Գեդէօն գիտակցեցաւ թէ ան Եհովայի ներկայացուցիչն էր։ Սարսափած՝ Գեդէօն աղաղակեց. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա Տէրոջը հրեշտակը երես առ երես տեսայ» (Դատ. 6։17-22)։ Բայց արդեօք այս դէպքը՝ Եհովայի հետ Գեդէօնի վայելած բարեկամութեան բացասականօրէն ազդե՞ց։ Բնա՛ւ երբեք։ Գեդէօն խաղաղութիւն զգաց։ Ասիկա գիտենք քանի որ հոն Գեդէօնի շինած զոհասեղանին անունը՝ Եհովա–Շալօմ էր, որ կը նշանակէ՝ «Տէր խաղաղութեան» (կարդա՛ Դատաւորաց 6։23, 24, ստորանիշ)։ Երբ մեր առօրեայ կեանքին մէջ մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր բաներուն վրայ խոկանք, կը գիտակցինք թէ ան իսկական Բարեկամ է։ Աստուծոյ կանոնաւորաբար աղօթելը մեր խաղաղութեան զգացումը կ’աւելցնէ եւ իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը կ’ամրացնէ։
‘Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԿԵՆԱՅ ՏԷՐՈՋԸ ՎՐԱՆԻՆ ՄԷՋ’
10. Ըստ Սաղմոս 15։3, 5–ին, Եհովան ի՞նչ կը պահանջէ անոնցմէ՝ որոնք կ’ուզեն իր բարեկամը ըլլալ։
10 Եհովան որոշ պահանջներ ունի անոնցմէ, որոնք կ’ուզեն իր բարեկամը ըլլալ։ Ինչպէս որ արձանագրուած է Սաղմոս 15–ին մէջ, Դաւիթ նշեց թէ ի՛նչ պահանջուած է մեզմէ, որպէսզի ‘Տէրոջը վրանին մէջ կենանք’ կամ հիւր ըլլանք, այսինքն՝ Անոր բարեկամը դառնանք (Սաղ. 15։1)։ Կեդրոնանանք այդ պահանջներէն երկուքին վրայ. չզրպարտել եւ մեր գործունէութիւնները պարկեշտութեամբ կատարել։ Այս հարցերուն գծով, Դաւիթ հիւրին մասին ըսաւ. «Ան. . . լեզուովը չի զրպարտեր. . . ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ» (Սաղ. 15։3, 5)։
11. Ինչո՞ւ պէտք է զրպարտութենէ խուսափինք։
11 Ուրիշ սաղմոսի մը մէջ Դաւիթ զգուշացուց. «Լեզուդ չարութենէ պահէ» (Սաղ. 34։13)։ Եթէ այս խրատը անտեսենք, մեր երկնաւոր Հօր հետ մեր վայելած բարեկամութիւնը պիտի վնասուի։ Իրականութեան մէջ, զրպարտութիւնը Սատանային՝ Եհովայի գլխաւոր թշնամիին՝ մէկ յատկութիւնն է։ «Բանսարկու» բառը առնուած է յունարէն բառէ մը, որ կը նշանակէ՝ «զրպարտող»։ Եհովայի մօտիկ կը մնանք, երբ ուշադիր ըլլանք անհատներու մասին ըրած մեր արտայայտութիւններուն։ Մասնաւորաբար պէտք է զգոյշ ըլլանք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն հանդէպ մեր ունեցած կեցուածքին (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17. Յուդա 8)։
12, 13. ա) Ինչո՞ւ պէտք է ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլանք։ բ) Մեր պարկեշտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ուրիշներուն։
12 Եհովայի ծառաները ծանօթ են որպէս պարկեշտամիտ անհատներ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ» (Եբ. 13։18)։ Քանի որ վճռած ենք ‘ամէն բանի մէջ աղէկ վարմունք ունենալ’, մեր եղբայրները չենք օգտագործեր։ Օրինակ, եթէ անոնք մեր հաշւոյն կ’աշխատին, իրենց հետ լաւ կը վարուինք եւ համաձայնուած գումարը կը վճարենք։ Որպէս քրիստոնեաներ մենք պարկեշտութեամբ կը վարուինք մեր աշխատաւորներուն եւ բոլոր մարդոց հետ։ Իսկ եթէ աշխատաւոր մըն ենք քրիստոնեայի մը քով, ուշադիր կ’ըլլանք որ զինք չշահագործենք՝ մասնայատուկ առանձնաշնորհումներ խնդրելով։
13 Որքա՜ն յաճախ մարդիկ Վկաները կը գովեն անոնց պարկեշտութեան համար։ Օրինակ, հսկայ շինարարական հաստատութեան մը տնօրէնը նշմարեց թէ Եհովայի վկաները իրենց խօսքին տէրը կ’ըլլան, եւ ըսաւ. «Մի՛շտ ձեր համաձայնած կէտերուն կը կառչիք» (Սաղ. 15։4)։ Այսպիսի վարք մեզի կ’օգնէ, որ Եհովայի հետ մեր վայելած բարեկամութիւնը պահպանենք, եւ իրեն փառք կը բերէ։
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՆՔ ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԴԱՌՆԱՆ
14, 15. Ծառայութեան մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ Եհովային բարեկամը դառնան։
14 Թէեւ թաղամասին մէջ կը հանդիպինք շատերու, որոնք Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատան, բայց զինք իրենց լաւագոյն Բարեկամը չեն նկատեր։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։ Նկատի առ այն ցուցմունքները, որոնք Յիսուս տուաւ կարգ մը աշակերտներու, զիրենք երկու–երկու քարոզելու ղրկելէ առաջ. «Ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘Բարեւ այս տանը’։ Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ՝ ձեզի պիտի դառնայ» (Ղուկ. 10։5, 6)։ Մեր բարեկամական մօտեցումը կրնայ մարդիկը ճշմարտութեան քաշել։ Իսկ հակառակորդներու պարագային, ասիկա իրենց կ’օգնէ որ հանդարտին եւ դուռ կը բանայ որ ուրիշ ատեն ճշմարտութիւնը մտիկ ընեն։
15 Երբ հանդիպինք կրօնասէր մարդոց կամ անաստուածաշնչական սովորութիւններ պահողներու, կը շարունակենք բարեկամական ու խաղաղ կեցուածք ցուցաբերել։ Ջերմօրէն մեր ժողովներուն մէջ կ’ընդունինք անոնք՝ որոնք ներկայ աշխարհով յուսախաբած են եւ կ’ուզե՛ն աւելին սորվիլ մեր պաշտած Աստուծոյն մասին։ «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» խորագրով յօդուածաշարքը բազմաթիւ օրինակներ կու տայ այսպիսի անհատներու մասին։
ՄԵՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԲԱՐԵԿԱՄԻՆ ՀԵՏ ԱՇԽԱՏԻԼ
16. Ի՞նչ առումով կրնանք Եհովայի բարեկամները եւ «գործակից»ները նկատուիլ։
16 Իրարու հետ աշխատող մարդիկ յաճախ մօտիկ բարեկամութիւններ կը զարգացնեն։ Բոլոր անոնք որոնք Եհովայի նուիրուած են, առանձնաշնորհում ունին իր բարեկամները եւ «գործակից»ները նկատուելու (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։9)։ Իրապէս, երբ քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին կը մասնակցինք, մեր երկնաւոր Հօր հոյակապ յատկութիւններուն մասին աւելի՛ն կը գիտնանք։ Կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս իր սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ որ բարի լուրը քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը կատարենք։
17. Համաժողովները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ Եհովան մեր Բարեկամն է։
17 Որքա՛ն աւելի աշակերտելու գործին մասնակցինք, ա՛յնքան աւելի Եհովային կը մօտենանք։ Օրինակ, կը շօշափենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս թոյլ չի տար հակառակորդներուն, որ քարոզչութեան արգելք հանդիսանան։ Պահ մը վերյիշէ վերջին տարիները, եւ պիտի զարմանաս թէ ան ինչպէ՛ս կը շարունակէ ժողովներուն եւ հրատարակութիւններուն միջոցաւ մեզի ուսուցանել։ Համաժողովներու յայտագիրները կը բացայայտեն թէ մեր Հայրը որքա՜ն կը հասկնայ մեր խնդիրներն ու կարիքները։ Համաժողովէ մը ետք, ընտանիք մը գրեց. «Յայտագիրը իրապէս մեր սրտին դպաւ։ Զգացինք թէ Եհովան որքա՜ն իւրաքանչիւրս կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ յաջողինք»։ Իրլանտայի մէջ կայացած մասնաւոր համաժողովէ մը ետք, գերմանացի զոյգ մը երախտապարտ գտնուեցաւ իրենց ստացած ընդունելութեան եւ հոգատարութեան համար։ Անոնք նաեւ ըսին. «Բայց խո՜ր շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եհովայի եւ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսին։ Անոնք մեզ հրաւիրեցին, որ այս միացած ազգին պատկանինք։ Մենք պարզապէս միաբանութեան մասին չէ որ կը խօսինք, այլ՝ զայն ամէն օր կը վայելենք։ Տապլինի այս համաժողովին մէջ ունեցած մեր փորձառութիւնը մեզի միշտ պիտի յիշեցնէ, թէ թանկագին առանձնաշնորհում ունինք ձեզի հետ հոյակապ Աստուծոյն ծառայելու»։
ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԻՆ
18. Հաղորդակցութեան նկատմամբ ի՞նչ անձնաքննութիւն պէտք է ընենք։
18 Բարեկամութիւնը կը խորանայ երբ լաւ հաղորդակցութիւն կ’ըլլայ։ Ընկերային հաղորդակցութեան կայքերը եւ կարճ հաղորդագրութիւններ ուղարկելը այս օրերուն շա՛տ ժողովրդական են։ Առ ի հակադրութիւն, Եհովային՝ մեր լաւագոյն Բարեկամին՝ հետ մեր հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս է։ Ճիշդ է որ ան «աղօթքի լսող» է (Սաղ. 65։2)։ Բայց որքա՞ն յաճախ նախաձեռնութիւնը կ’առնենք իրեն հետ խօսելու։
19. Եթէ դժուարանանք մեր սիրտը Եհովային պարպելու, ի՞նչ օգնութիւն ունինք։
19 Աստուծոյ կարգ մը ծառաները դիւրին չեն գտներ իրենց սրտերը բանալ եւ խոր զգացումները արտայայտել։ Սակայն, Եհովան ճիշդ ասիկա՛ է որ կ’ուզէ ընենք՝ մինչ կ’աղօթենք (Սաղ. 119։145. Ողբք 3։41)։ Նոյնիսկ երբ նկատենք թէ անկարող ենք բառերով մեր զգացումները նկարագրել, օգնութիւն ունինք։ Պօղոս հռոմայեցիներուն գրեց. «Ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ Եւ սրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար» (Հռով. 8։26, 27)։ Երբ կարդանք Սուրբ Գրութիւնները, ինչպէս՝ Յոբ, Սաղմոսաց եւ Առակաց, կրնանք գաղափար առնել մեր ամենաներքին զգացումները ինչպէ՛ս Եհովային արտայայտելու մասին։
20, 21. Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի մէջ, Պօղոս ի՞նչ մխիթարութիւն կու տայ։
20 Երբ նեղացուցիչ պարագաներ դիմագրաւենք, փիլիպպեցիներուն ուղղուած Պօղոսի ներշնչեալ խրատին անսանք. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ»։ Մեր լաւագոյն Բարեկամին հետ այսպիսի բաց հաղորդակցութիւն ունենալը մեզ կը հանգստացնէ եւ կը մխիթարէ, քանի որ Պօղոս կ’աւելցնէ. «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ» (Փլպ. 4։6, 7)։ Թող որ արժեւորենք անհամեմատելի՝ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը», որ իրապէս մեր սրտերը եւ մտքերը կը պահպանէ։
21 Աղօթքը մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի հետ բարեկամութիւն մշակենք։ Ուստի, «անդադար աղօթք» ընենք (Ա. Թես. 5։17)։ Պէտք է շարունակենք Աստուծոյ հետ մեր վայելած բարեկամութիւնը ամրացնել եւ իր պահանջները կատարել։ Խոկա՛նք մեր վայելած օրհնութիւններուն վրայ, քանի որ Եհովան իրապէս մեր Հայրը, մեր Աստուածը եւ մեր Բարեկամն է։