‘Ատենին տրուած կերակուր’ կը ստանա՞ս
ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակին մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը եւ իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրելու մեր վճռականութիւնը ամէն օր կը փորձուին։ Յիսուս այս տագնապալից ժամանակը նախագուշակեց, եւ իր հետեւորդները վստահեցուց, թէ մինչեւ վերջ տոկալու համար պէտք եղած քաջալերութիւնը պիտի ստանայի՛ն (Մատ. 24։3, 13. 28։20)։ Զանոնք զօրացնելու համար, ան հաւատարիմ ծառայ մը նշանակեց, որ «ատենին» հոգեւոր կերակուր հայթայթէ (Մատ. 24։45, 46)։
1919–ին հաւատարիմ ծառային նշանակումէն ետք, բոլոր լեզուներէ միլիոնաւոր «ծառաներ» միացած են Աստուծոյ կազմակերպութեան եւ հոգեւորապէս կը կերակրուին (Մատ. 24։14. Յայտ. 22։17)։ Սակայն, նիւթերը միեւնոյն քանակով մատչելի չեն բոլոր լեզուներով, եւ մեր հրատարակութիւնները ելեկտրոնային ձեւով բոլոր անհատներուն մատչելի չեն։ Օրինակ, շատեր չունին այն տեսաերիզներն ու յօդուածները, որոնք միայն jw.org կայքին մէջ լոյս կը տեսնեն։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ոմանք հոգեւորապէս առողջ մնալու համար իրենց պէտք եղած սնունդը չեն ստանար։ Ճիշդ եզրակացութեան հասնելու համար, նկատի առ չորս բանալի հարցումներու պատասխանները։
1. Ի՞նչ է Եհովայի հայթայթած սնունդին հիմնական բաղադրատարրը։
Երբ Սատանան Յիսուսը փորձեց որ քարերը հացի վերածէ, Յիսուս պատասխանեց. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատ. 4։3, 4)։ Եհովայի խօսքերը Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են (Բ. Պետ. 1։20, 21)։ Ուստի, Աստուածաշունչը մեր հոգեւոր սնունդին հիմնական բաղադրատարրն է (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։
Եհովայի կազմակերպութիւնը Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ամբողջութեամբ կամ մասամբ մատչելի դարձուցած է աւելի քան 120 լեզուներով, եւ ամէն տարի նոր լեզուներ կ’աւելնան։ Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւններ ալ մատչելի են՝ հազարաւոր լեզուներով եւ միլիառաւոր օրինակներով։ Այդ արտակարգ իրագործումը ներդաշնակ է Եհովայի կամքին հետ, որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Եւ որովհետեւ «չկայ արարած մը որ [Եհովային] դէմ չերեւնայ», կրնա՛նք վստահ ըլլալ թէ ան «հոգիով աղքատներ»ը, կամ իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողները, իր կազմակերպութեան պիտի քաշէ եւ իրենց հոգեւոր կերակուր պիտի հայթայթէ (Եբ. 4։13. Մատ. 5։3, 6. Յովհ. 6։44. 10։14)։
2. Հոգեւոր կերակուր հայթայթելու մէջ մեր հրատարակութիւնները ի՞նչ դեր կը խաղան։
Որպէսզի անհատ մը կարենայ զօրաւոր հաւատք մշակել, Աստուածաշունչը կարդալէն աւելին պէտք է ընէ։ Ան պէտք է իր կարդացածը հասկնայ եւ սորվածը կիրարկէ (Յակ. 1։22-25)։ Առաջին դարուն, եթովպիացի ներքինի մը այդ իրողութիւնը գնահատեց։ Ան Աստուծոյ Խօսքը կը կարդար, երբ Փիլիպպոս աւետարանիչը իրեն հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ներքինին պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ» (Գործք 8։26-31)։ Ուստի Փիլիպպոս ներքինիին օգնեց որ Աստուծոյ Խօսքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգէ։ Ան իր սորված բաներով այնքա՛ն տպաւորուեցաւ որ մկրտուեցաւ (Գործք 8։32-38)։ Նմանապէս, մեր աստուածաշնչական հրատարակութիւնները մեզի օգնած են, որ ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգենք։ Անոնք մեր սրտին խօսած են եւ մեզ մղած են որ մեր սորվածը կիրարկենք (Կող. 1։9, 10)։
Հրատարակութիւններուն միջոցաւ, Եհովայի ծառաները ուտելու եւ խմելու բազմաթիւ հոգեւոր բաներ կը ստանան (Եսա. 65։13)։ Օրինակ, Դիտարան–ը, որ աւելի քան 210 լեզուներով մատչելի է, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը բացատրէ, հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններու մեր հասկացողութիւնը կ’աւելցնէ եւ մեզ կը մղէ աստուածաշնչական սկզբունքներուն համաձայն ապրելու։ Զարթի՛ր պարբերաթերթը, որ շուրջ 100 լեզուներով լոյս կը տեսնէ, Եհովայի ստեղծագործութիւններուն մասին մեր գիտութիւնը կ’ընդլայնէ եւ ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս աստուածաշնչական խրատները կիրարկել (Առ. 3։21-23. Հռով. 1։20)։ Հաւատարիմ ծառան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած նիւթեր կը հայթայթէ աւելի քան 680 լեզուով։ Ամէն օր ժամանակ կը տրամադրե՞ս Աստուածաշունչը կարդալու։ Իւրաքանչիւր նոր պարբերաթերթ եւ ամէն տարի քու լեզուովդ մատչելի եղող բոլոր նոր հրատարակութիւնները կը կարդա՞ս։
Հրատարակութիւններ արտադրելու կողքին, Եհովայի կազմակերպութիւնը կը պատրաստէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ուրուագիծեր՝ դասախօսութիւններու համար, որոնք ժողովներու եւ համաժողովներու ընթացքին կը տրուին։ Այս հանդիպումներուն ներկայացուած դասախօսութիւնները, թատերախաղերը, ցուցադրութիւնները եւ հարցազրոյցները հաճոյքով մտիկ կ’ընե՞ս։ Արդարեւ Եհովան մեզի հոգեւոր խնճոյք կը հայթայթէ (Եսա. 25։6)։
3. Եթէ լոյս տեսած բոլոր հրատարակութիւնները լեզուովդ մատչելի չեն, հոգեւորապէս թերի սննդառութենէ պիտի տառապի՞ս։
Ո՛չ։ Եւ պէտք չէ զարմանանք թէ Եհովայի ծառաներէն ոմանք երբեմն ուրիշներէ աւելի հոգեւոր սնունդ կը ստանան։ Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք։ Նկատի առ առաքեալները. անոնք առաջին դարու շատ մը աշակերտներէ աւելի ցուցմունք ստացան (Մար. 4։10. 9։34-36)։ Բայց եւ այնպէս, միւս աշակերտները թերի սննդառութենէ չտառապեցան. անոնք իրենց պէտք եղածը ստացան (Եփ. 4։20-24. Ա. Պետ. 1։8)։
Նաեւ պէտք է նշել թէ երկրի վրայ Յիսուսի ըսածներուն եւ ըրածներուն մեծ մասը Աւետարաններուն մէջ չէ արձանագրուած։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը» (Յովհ. 21։25)։ Թէեւ առաջին դարու քրիստոնեաները կատարեալ մարդ Յիսուսի մասին մեզմէ աւելի տեղեկութիւններ ունէին, սակայն մենք գիտութենէ չենք զրկուած։ Եհովան վստահ եղած է որ Յիսուսի մասին այնքան գիտնանք՝ որքան հարկ է մեզի օգնելու որ իր հետեւորդները ըլլանք (Ա. Պետ. 2։21)։
Նաեւ մտածէ՝ առաքեալներուն կողմէ առաջին դարու ժողովքներուն յղուած նամակներուն մասին։ Առնուազն մէկ նամակ, որ Պօղոս գրեց, Աստուածաշունչին մէջ չպահպանուեցաւ (Կող. 4։16)։ Արդեօք մեր հոգեւոր սնունդը պակա՞ս է, քանի որ այդ նամակը չունինք։ Ո՛չ։ Եհովան գիտէ թէ ի՛նչ բանի կարիք ունինք եւ հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու համար բաւարար հոգեւոր սնունդ տուած է մեզի (Մատ. 6։8)։
Եհովան գիտէ թէ ի՛նչ բանի կարիք ունինք եւ հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու համար բաւարար հոգեւոր սնունդ տուած է մեզի
Ներկայիս, Եհովայի ծառաներէն ոմանց աւելի հոգեւոր կերակուր մատչելի է։ Կը խօսի՞ս լեզու մը, որով քիչ հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնեն։ Եթէ այո, գիտցիր որ Եհովան քեզ կը հոգայ։ Հրատարակուած նիւթերը սերտէ, եւ եթէ կարելի է, ներկայ գտնուիր այն ժողովներուն, որոնք քու գիտցած լեզուովդ կը վարուին։ Վստահ եղիր որ Եհովան քեզ հոգեւորապէս զօրաւոր պիտի պահէ (Սաղ. 1։2. Եբ. 10։24, 25)։
4. Եթէ jw.org կայքին մէջ լոյս տեսած նիւթերը բանալու դիւրութիւնը չունիս, հոգեւորապէս տկա՞ր պիտի դառնաս։
Մեր կայքին մէջ կը դրուին մեր պարբերաթերթերը եւ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող այլ հրատարակութիւններ։ Կայքը նաեւ կը պարունակէ նիւթեր, որոնք կ’օգնեն զոյգերուն, պատանիներուն եւ ծնողներուն։ Ընտանիքները կ’օգտուին՝ այս նիւթերը իրենց Ընտանեկան պաշտամունքի նիստերուն նկատի առնելով։ Ասկէ զատ, մեր կայքը կը տեղեկագրէ մասնայատուկ յայտագիրներու մասին, ինչպէս՝ Գաղաադի դպրոցի շրջանաւարտութիւնը եւ տարեկան ժողովը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային եղբայրութիւնը տեղեակ կը պահէ Եհովայի ժողովուրդին ազդող բնական աղէտներու եւ օրինական զարգացումներու մասին (Ա. Պետ. 5։8, 9)։ Կայքը նաեւ քարոզելու ազդու գործիք մըն է, բարի լուրը մատչելի դարձնելով նոյնիսկ երկիրներու մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը սահմանափակ կամ արգիլուած է։
Սակայն, մեր կայքը քեզի մատչելի ըլլայ կամ ոչ, կրնա՛ս հոգեւորապէս զօրաւոր մնալ։ Հաւատարիմ ծառան ծանր աշխատած է, որ բաւարար տպուած նիւթեր հայթայթէ, որպէսզի տան իւրաքանչիւր ծառայ հոգեւորապէս լաւ կերակրուի։ Ուստի, պարտաւոր մի՛ զգար սարք մը գնելու, պարզապէս որպէսզի կարող ըլլաս jw.org կայքը բանալ։ Ոմանք կրնան անձնական կարգադրութիւններ ընել, որ մեր կայքէն որոշ քանակով նիւթեր տպեն եւ զանոնք անձամբ տան անոնց, որոնք չեն կրնար համացանցը գործածել. բայց ժողովքներէն չէ պահանջուած ասիկա ընել։
Մենք Յիսուսի երախտապարտ ենք, մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու իր խոստումը պահելուն համար։ Մինչ այս դժուար վերջին օրերը արագօրէն իրենց աւարտին կը մօտենան, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի շարունակէ ‘ատենին [հոգեւոր] կերակուր’ հայթայթել։