Յիշէ՛ լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողները
«Անդադար [կը յիշենք] ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը» (Ա. ԹԵՍ. 1։3)։
1. Ժրաջանութեամբ Եհովային ծառայողներուն հանդէպ Պօղոս ի՞նչ զգաց։
ՊՕՂՈՍ առաքեալ յիշեց բարի լուրին համար ծանր աշխատողները։ Ան գրեց. «Անդադար [կը յիշենք] ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը առջեւ» (Ա. Թես. 1։3)։ Իսկապէս, Եհովան ինք կը յիշէ իրեն հաւատարմօրէն ծառայողներուն սիրոյ աշխատութիւնը, չնայած թէ անոնք իրենց պարագաներուն բերմամբ ինչ որ կ’ընեն շատ է թէ քիչ (Եբ. 6։10)։
2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
2 Մեր ծառայակիցներէն շատեր,– անցեալին եւ ներկայիս,– Եհովային լիաժամ ծառայելու համար մեծ զոհողութիւններ ըրած են։ Տեսնենք թէ առաջին դարուն ոմանք ինչպէ՛ս ծառայեցին։ Նաեւ պիտի քննարկենք լիաժամ ծառայութեան կարգ մը արդի կերպեր եւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք յիշել այն սիրելիները, որոնք անձնուրացօրէն մասնայատուկ կերպերով կը ծառայեն։
ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ
3, 4. ա) Առաջին դարուն ոմանք ինչպէ՞ս ծառայեցին։ բ) Անոնց ֆիզիքական պէտքերը ինչպէ՞ս գոհացուեցան։
3 Մկրտուելէ քիչ ետք, Յիսուս սկիզբ տուաւ գործի մը, որ երկրապարփակ պիտի ըլլար (Ղուկ. 3։21-23. 4։14, 15, 44)։ Իր մահուընէ ետք, իր առաքեալները այս քարոզչութիւնը ընդլայնելու մէջ առաջնորդութիւն առին (Գործք 5։42. 6։7)։ Քրիստոնեաներէն ոմանք, ինչպէս՝ Փիլիպպոս, Պաղեստինի մէջ ծառայեցին որպէս աւետարանիչներ եւ միսիոնարներ (Գործք 8։5, 40. 21։8)։ Պօղոս եւ ուրիշներ աւելի հեռաւոր տեղեր ճամբորդեցին (Գործք 13։2-4. 14։25. Բ. Կոր. 1։19)։ Ոմանք, ինչպէս՝ Սիղուանոս (Շիղա), Մարկոս եւ Ղուկաս, նաեւ ծառայեցին որպէս դպիրներ կամ գրողներ (Ա. Պետ. 5։12)։ Քրիստոնեայ քոյրեր այս հաւատարիմ եղբայրներուն հետ գործեցին (Գործք 18։26. Հռով. 16։1, 2)։ Անոնց հետաքրքրական փորձառութիւնները կ’օգնեն որ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կարդալը հաճելի ըլլայ, եւ ցոյց կու տան թէ Եհովան իր ծառաները հաճութեամբ կը յիշէ։
4 Նախկին լիաժամ ծառաները նիւթապէս ինչպէ՞ս աջակցութիւն ստացան։ Երբեմն անոնք հաւատակիցներու կողմէ կը հիւրասիրուէին եւ այլ տեսակի օգնութիւններ կը ստանային, բայց զանոնք չէին պահանջեր (Ա. Կոր. 9։11-15)։ Կարգ մը անհատներ եւ ժողովքներ յօժարութեամբ օգնութիւն հայթայթեցին (կարդա՛ Գործք 16։14, 15. Փլպ. 4։15-18)։ Պօղոս եւ իր ճամբորդակիցները նաեւ մասնակի ժամով կ’աշխատէին, իրենց ծախսերը հոգալու համար։
ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐ՝ ԱՐԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
5. Զոյգ մը իրենց լիաժամ ծառայութեան մասին ինչպէ՞ս արտայայտուեցան։
5 Այսօր ալ շատեր ծանր կ’աշխատին լիաժամ ծառայութեան զանազան մարզերուն մէջ (տե՛ս « Լիաժամ ծառայութեան մարզեր» շրջանակը)։ Անոնք ի՞նչ կը խորհին իրենց ընտրած ասպարէզին մասին։ Այս հարցումը անոնց ուղղելով, շատ հաւանաբար պիտի քաջալերուիս։ Նկատի առ օրինակ մը. եղբայր մը, որ ծառայած է որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, մասնաւոր ռահվիրայ, միսիոնար եւ օտար երկրի մը մէջ բեթէլական, կ’ըսէ. «Կը խորհիմ թէ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելը, կեանքիս մէջ առած լաւագոյն որոշումներէս մէկը եղած է։ 18 տարեկանիս, պայքար էր որոշել թէ ի՛նչ ընտրեմ. համալսարան յաճախել, լիաժամ աշխարհիկ գործ աշխատիլ կամ ռահվիրայութիւն ընել։ Փորձառաբար գիտցած եմ թէ Եհովան չի մոռնար այն զոհողութիւնները որ կ’ընես, որպէսզի իրեն լիաժամ ծառայես։ Կրցած եմ Եհովայէն ինծի տրուած որեւէ տաղանդ կամ կարողութիւն գործածել այնպիսի կերպերով, որոնք բնաւ կարելի պիտի չըլլային, եթէ աշխարհիկ գործ ընտրէի»։ Իր կինը կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւր նշանակում ինծի օգնած է աճելու։ Կրկին անգամ զգացած ենք Եհովայի պաշտպանութիւնն ու ուղղութիւնը, եւ այնպիսի կերպերով՝ որոնք բնաւ տեղի պիտի չունենային եթէ շարունակէինք մեր հանգիստը փնտռել։ Ամէն օր Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր լիաժամ ծառայութեան համար»։ Կ’ուզե՞ս կեանքիդ նկատմամբ այդպէս զգալ։
6. Եհովային զգացումներուն առնչութեամբ, բոլորս ի՞նչ վստահութիւն պէտք է ունենանք։
6 Անշուշտ, ոմանք ունին պարագաներ, որոնք իրենց թոյլ չեն տար որ այժմ լիաժամ ծառայութեան մասնակցին։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան իրենց անձնուէր ջանքերն ալ կ’արժեւորէ։ Օրինակ, Փիլիմոն 1-3–ի մէջ Պօղոս Կողոսայի ժողովքին բոլոր եղբայրներուն բարեւ ղրկեց եւ ոմանց անունները նշեց (կարդա՛)։ Եհովային նման, Պօղոս զիրենք արժեւորեց։ Նմանապէս, մեր երկնաւոր Հայրը քու ծառայութիւնդ կ’արժեւորէ։ Սակայն, ինչպէ՞ս կրնաս թիկունք կանգնիլ անոնց, որոնք այժմ լիաժամ կը ծառայեն։
ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ ԱՋԱԿՑԻԼ
7, 8. Ռահվիրայական ծառայութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ժողովքին անդամները ինչպէ՞ս կրնան ռահվիրաներուն աջակցիլ։
7 Առաջին դարու աւետարանիչներուն նման, նախանձախնդիր ռահվիրաներ ժողովքներուն քաջալերութեան մեծ աղբիւր են։ Շատեր կը ջանան ամէն ամիս 70 ժամ տրամադրել ծառայութեան։ Ինչպէ՞ս կրնաս անոնց օգնել։
8 Շարի անունով ռահվիրայ քոյր մը ըսաւ. «Որովհետեւ ռահվիրաները ամէն օր ծառայութեան կ’ելլեն, զօրաւոր կ’երեւին։ Բայց եւ այնպէս, անոնք քաջալերութեան կարիք ունին» (Հռով. 1։11, 12)։ Ուրիշ քոյր մը, որ քանի մը տարի կրցաւ ռահվիրայութիւն ընել, իր ժողովքի ռահվիրաներուն մասին ըսաւ. «Անոնք ծանր ու անխոնջօրէն կ’աշխատին։ Անոնք երախտապարտ կ’ըլլան, երբ ուրիշներ կ’առաջարկեն իրենց ինքնաշարժով ծառայութեան մեկնիլ, զիրենք ճաշի կը հրաւիրեն, պենզինի համար պզտիկ գումար մը կը նուիրեն կամ ուրիշ ձեւով նիւթապէս կ’աջակցին։ Այսպէս անոնք կը շօշափեն թէ իսկապէս իրենցմով հետաքրքրուած ես»։
9, 10. Ոմանք իրենց ժողովքի ռահվիրաներուն օգնելու համար ի՞նչ ըրած են։
9 Կը փափաքի՞ս ծառայութեան մէջ ռահվիրաներուն օգնել։ Պապպի անունով ռահվիրայ մը արտայայտուեցաւ. «Աջակցութեան աւելի պէտք ունինք շաբթուան մէջ»։ Նոյն ժողովքին մէջ ռահվիրայ մը աւելցուց. «Կէսօրէ ետք ծառայակից գտնելը իրապէս խնդիր է»։ Քոյր մը, որ այժմ Պրուքլինի Բեթէլին մէջ կը ծառայէ, իր ռահվիրայութեան մասին կը պատմէ. «Ինքնաշարժ ունեցող քոյր մը ըսաւ. ‘Երբ որ ծառայակից չունենաս, ինծի հեռաձայնէ, եւ քեզի հետ ծառայութեան կ’ելլեմ’։ Ան իսկապէս իմ ռահվիրայութիւնս փրկեց»։ Իսկ Շարի դիտել կու տայ. «Ծառայութենէն ետք, ամուրի ռահվիրաները յաճախ առանձին կը մնան։ Կրնաս ատեն–ատեն ամուրի եղբայրներ կամ քոյրեր ընտանեկան պաշտամունքիդ հրաւիրել։ Այլ գործունէութիւններու մէջ զիրենք պարփակելը նաեւ կ’օգնէ որ զօրաւոր մնան»։
10 Քոյր մը, որ գրեթէ 50 տարիէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ է, այլ ամուրի քոյրերու հետ իր ռահվիրայութիւնը մտաբերելով կ’ըսէ. «Մեր երէցները քանի մը ամիս անգամ մը ռահվիրաներուն կ’այցելէին։ Անոնք կը հարցնէին մեր առողջութեան եւ աշխարհիկ գործին մասին, եւ եթէ որեւէ մտահոգութիւն ունէինք։ Անոնք անկեղծ էին։ Մեր տունը կ’այցելէին, տեսնելու համար եթէ օգնութեան կարիք ունինք»։ Ասիկա թերեւս միտքդ բերէ թէ ինչպէս Պօղոս գնահատեց այն սպասարկութիւնը, որ Եփեսոսի մէջ իրեն մատուցուեցաւ ընտանիքի տէր մարդու մը կողմէ (Բ. Տիմ. 1։18)։
11. Որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ծառայելը ի՞նչ կը պարփակէ։
11 Կարգ մը ժողովքներ մասնաւոր ռահվիրաներ ունենալու օրհնութիւնը կը վայելեն։ Այս եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր կը ջանան ամէն ամիս դաշտի ծառայութեան 130 ժամ տրամադրել։ Որովհետեւ անոնք քարոզչութեամբ եւ այլ կերպերով ուրիշներու օգնելով զբաղած են, աշխարհիկ գործին չնչին կամ ոչինչ ժամանակ
կու տան։ Մասնաճիւղը անոնց ամէն ամիս համեստ ֆինանսական օժանդակութիւն կը հայթայթէ, որպէսզի կարենան ծառայութեան վրայ կեդրոնանալ։12. Երէցներ եւ ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան մասնաւոր ռահվիրաներուն աջակցիլ։
12 Ինչպէ՞ս կրնանք մասնաւոր ռահվիրաներուն օգնել։ Մասնաճիւղի մը մէջ երէց մը, որ բազմաթիւ մասնաւոր ռահվիրաներու հետ հաղորդակցութեան մէջ է, կը բացատրէ. «Հարկ է որ երէցները իրենց հետ խօսին, իրենց պարագաներուն տեղեակ ըլլան եւ ապա որոշեն թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց աջակցիլ։ Վկաներէն ոմանք կ’ենթադրեն թէ մասնաւոր ռահվիրաներուն լիովին հոգ կը տարուի, քանի որ ֆինանսական օժանդակութիւն կը ստանան. բայց տեղացի եղբայրները կրնան շատ մը կերպերով անոնց աջակցիլ»։ Կանոնաւոր ռահվիրաներուն նման, մասնաւոր ռահվիրաները դաշտի ծառայութեան մէջ ընկերակից ունենալը կ’արժեւորեն։ Այդ կերպով կրնա՞ս օգտակար դառնալ։
ՇՐՋԱԳԱՅՈՂ ՏԵՍՈՒՉՆԵՐՈՒՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ԴԱՌՆԱԼ
13, 14. ա) Շրջանային տեսուչներուն մասին ի՞նչ պէտք է յիշենք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս աջակցիլ անոնց՝ որոնք շրջագայական գործին մէջ են։
13 Շրջանային տեսուչները եւ անոնց կիները յաճախ կը նկատուին հոգեւորապէս զօրաւոր եւ դիւրաթեք անհատներ։ Բայց եւ այնպէս, անոնք եւս կարիքը ունին քաջալերութեան, ծառայութեան մէջ ընկերակցութեան եւ չափաւոր զբօսանքի մէջ պարփակուելու։ Ի՞նչ ընել երբ կը հիւանդանան եւ հիւանդանոց կը տարուին, թերեւս գործողութեան կամ ֆիզիքական դարմանումի հարկ ունենալով։ Անոնք որքա՜ն կը թարմանան երբ տեղացի եղբայրներն ու քոյրերը իրենց կարիքները կը հոգան եւ անձնական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Կրնանք երեւակայել թէ ինչպէ՛ս «սիրելի Ղուկաս բժիշկը»՝ Գործք գիրքը գրողը, Պօղոսի եւ միւս ճամբորդակիցներուն հոգ տարաւ (Կող. 4։14. Գործք 20։5–21։18)։
14 Շրջագայող տեսուչները եւ անոնց կիները մտերիմ բարեկամներու պէտք ունին եւ զանոնք կ’արժեւորեն։ Շրջանային տեսուչ մը գրեց. «Բարեկամներս կը զատորոշեն ե՛րբ քաջալերութեան պէտք ունիմ։ Անոնք խորաթափանց հարցումներ կ’ուղղեն, եւ ասիկա ինծի կ’օգնէ որ զիս մտահոգող հարցին շուրջ խօսիմ։ Անոնք պարզապէս լաւ լսողներ ըլլալով՝ ինծի մեծապէս կ’օգնեն»։ Շրջանային տեսուչները եւ անոնց կիները մեծապէս կը գնահատեն այն անձնական հետաքրքրութիւնը, որ եղբայրներն ու քոյրերը իրենց հանդէպ կը ցուցաբերեն։
ԲԵԹԷԼԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ
15, 16. Բեթէլի եւ «Համաժողովի սրահ»ներու մէջ ծառայողներուն գործը ինչո՞ւ էական է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոնց թիկունք կանգնիլ։
15 Աշխարհի տարածքին, Բեթէլներու մէջ կամ «Համաժողովի սրահ»ներու մէջ ծառայողները, Թագաւորութեան գործին կարեւոր օգնութիւն կը մատուցանեն։ Եթէ ժողովքիդ կամ շրջանիդ մէջ բեթէլականներ կան, ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ զիրենք կը յիշես։
16 Բեթէլի մէջ, անոնք սկիզբը թերեւս տնատենչութիւն դիմագրաւեն, քանի որ իրենց ընտանիքն ու սիրելի բարեկամները ձգած են։ Որքա՜ն երախտապարտ կ’ըլլան, երբ այլ բեթէլականներ եւ նոր ժողովքի անդամները իրենց կը բարեկամանան (Մար. 10։29, 30)։ Իրենց գործի սովորական յայտագիրը թոյլ կու տայ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ եւ ամէն շաբաթ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։ Սակայն, ատեն–ատեն բեթէլականները յաւելեալ պարտականութիւններ կ’ունենան։ Երբ ժողովքները ասիկա հասկնան եւ ցոյց տան թէ բեթէլականները եւ անոնց գործը կ’արժեւորեն, ամէն ոք կ’օգտուի (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9)։
ՕՏԱՐ ԴԱՇՏԻ ՄԷՋ ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼ
17, 18. Օտար նշանակումներու մէջ ծառայութեան ի՞նչ մարզեր պարփակուած են։
17 Անոնք որոնք այլ երկիրներու մէջ ծառայելու նշանակում մը կ’ընդունին, կրնան բոլորովին տարբեր ուտելիքի, լեզուի, սովորութիւններու եւ պայմաններու
դէմ յանդիման գալ։ Անոնք ինչո՞ւ այսպիսի փոփոխութիւններու մարտահրաւէրը կ’ընդունին։18 Ոմանք միսիոնարներ են, որոնք գլխաւորաբար կը ծառայեն դաշտին մէջ, ուր շատեր իրենց մասնայատուկ մարզումէն կրնան օգտուիլ։ Մասնաճիւղը միսիոնարներուն համեստ բնակարան մը եւ ֆինանսական օժանդակութիւն կը հայթայթէ, իրենց հիմնական կարիքները հոգալու համար։ Ուրիշներ, որոնք օտար երկիրներու մէջ կը ծառայեն, նշանակուած են մասնաճիւղին մէջ ծառայելու կամ մասնաճիւղի դիւրութիւններու, թարգմանութեան գրասենեակներու, Համաժողովի սրահներու կամ Թագաւորութեան սրահներու կառուցման օգնելու։ Կերակուր, համեստ բնակարան եւ այլ սպասարկութիւններ կը մատուցուին իրենց։ Բեթէլականներուն նման, անոնք կանոնաւորաբար տեղական ժողովներուն ներկայ կը գտնուին եւ քարոզչութեան կը մասնակցին. ուստի անոնք շատ մը կերպերով օրհնութիւն են։
19. Օտար դաշտի մէջ ծառայողներուն մասին ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։
19 Ինչպէ՞ս կրնաս այսպիսի լիաժամ ծառայողներ յիշել։ Նկատի առ թէ,– մասնաւորաբար սկիզբը,– անոնք թերեւս երկրին կարգ մը ուտելիքներուն վարժուած չեն։ Ասիկա ի մտի ունենալով, երբ զիրենք ճաշի հրաւիրես, նախ հարցուր թէ ի՛նչ բան կրնան ուտել կամ կ’ուզեն փորձել։ Համբերող եղիր մինչ տեղական լեզուն ու սովորութիւնները կը սորվին։ Կրնայ ժամանակ առնել մինչեւ որ սկսին ամէն ըսածդ հասկնալ, բայց կրնաս ազնուութեամբ օգնել որ բառերը ճիշդ արտասանեն։ Անոնք կ’ուզեն սորվիլ։
20. Ինչպէ՞ս կրնանք լիաժամ ծառաները եւ անոնց ծնողները յիշել։
20 Լիաժամ ծառաներուն տարիքը կը յառաջանայ, եւ իրենց ծնողներն ալ կը ծերանան։ Եթէ ծնողները Վկաներ են, շատ հաւանաբար սրտանց կը կամենան որ զաւակները իրենց նշանակումներուն մէջ մնան (Գ. Յովհ. 4)։ Անշուշտ, լիաժամ ծառաները իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն, երբ իրենց ծնողները հոգատարութեան կարիքը ունենան, եւ պիտի ջանան անոնց յաճախ այցելել։ Այսուհանդերձ, ծնողքին մօտ ապրողները կրնան լիաժամ ծառաներուն օգնել, պատրաստ ըլլալով տարեց ծնողներուն հարկ եղած հոգատարութիւնը մատուցանելու։ Ի մտի ունեցիր թէ լիաժամ ծառաները ծանր պատասխանատուութիւններ ունին՝ աշխարհի մէջ ցարդ ամէնէն կարեւոր գործին մէջ (Մատ. 28։19, 20)։ Կրնա՞ս կամ ժողովքդ կրնա՞յ ձեռք երկարել, եթէ լիաժամ ծառաներու ծնողներ օգնութեան կարիք ունենան։
21. Լիաժամ ծառաները ուրիշներու մատուցած աջակցութեան եւ քաջալերութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգան։
21 Լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկողները դրամական շահ չեն փնտռեր, հապա կ’ուզեն տալ՝ Եհովային եւ ուրիշներուն։ Անոնք մեծապէս կ’արժեւորեն որեւէ օգնութիւն որ կրնաս մատուցանել։ Քոյր մը, որ օտար երկրի մը մէջ կը ծառայէ, շատերու զգացումները կ’արտայայտէ. «Նոյնիսկ գնահատանքի երկտող մը ցոյց կու տայ, թէ ուրիշներ քու մասիդ կը մտածեն եւ ըրած բանովդ ուրախ են»։
22. Լիաժամ ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատես։
22 Եհովային լիաժամ ծառայելը իսկապէս ամէնէն վարձահատոյց կենցաղակերպն է։ Անիկա ոգեւորիչ ու գոհացուցիչ է, ինչպէս նաեւ լաւ պատրաստութիւն է այն երկարատեւ ուրախ ծառայութեան, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ բոլոր հաւատարիմ երկրպագուներուն կը սպասէ։ Թող որ բոլորս ‘անդադար յիշենք’ լիաժամ ծառաներու «հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը» (Ա. Թես. 1։3)։