Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր ամբողջ վարքին մէջ պէտք է սուրբ ըլլանք

Մեր ամբողջ վարքին մէջ պէտք է սուրբ ըլլանք

«Սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ» (Ա. ՊԵՏ. 1։15

1, 2. ա) Աստուած իր ծառաներէն կ’ակնկալէ որ ինչպիսի՞ վարք ունենան։ բ) Այս յօդուածը ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ներքեւ, Պետրոս առաքեալ Ղեւտացւոց գիրքէն մէջբերելով բացատրեց, թէ քրիստոնեաներէն ալ պահանջուած է սուրբ ըլլալ իրենց վարքին մէջ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։14-16)։ «Սուրբը»՝ Եհովան, օծեալներէն եւ «ուրիշ ոչխարներ»էն կ’ակնկալէ, որ իրենց կարելին ընեն սուրբ ըլլալու իրենց ամբողջ վարքին մէջ (Յովհ. 10։16

2 Ղեւտացւոց գիրքէն յաւելեալ գոհարներ պեղենք եւ սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ամբողջ վարքին մէջ սուրբ ըլլալու պատուէրը կիրարկել։ Նկատի առնենք այս հարցումները. զիջումներ ընելը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։ Ղեւտացւոց գիրքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի գերիշխանութեան թիկունք կանգնելուն մասին։ Իսրայէլացիներուն մատուցած զոհերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

ԶԳՈՒՇԱՑԻՐ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐ ԸՆԵԼԷ

3, 4. ա) Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն մէջ ինչո՞ւ պէտք չէ զիջումներ ընեն։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ վրէժխնդիր ըլլանք կամ ոխ պահենք։

3 Եթէ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել, հարկ է որ իր օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն կառչած մնանք եւ անոնց նկատմամբ երբեք անսուրբ կամ զիջող կեցուածք չորդեգրենք։ Ճիշդ է որ Մովսիսական օրէնքին տակ չենք, սակայն անկէ կրնանք հասկնալ թէ Աստուծոյ աչքին ի՛նչը ընդունելի է եւ ի՛նչը՝ անընդունելի։ Օրինակ, իսրայէլացիներուն տրուեցաւ այս պատուէրը. «Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛։ Ես եմ Տէրը» (Ղեւ. 19։18

4 Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ վրէժխնդիր չըլլանք եւ ոխ չպահենք (Հռով. 12։19)։ Եթէ իր օրէնքներն ու սկզբունքները անտեսենք, Բանսարկուն կ’ուրախանայ եւ Եհովայի վրայ թերեւս նախատինք բերենք։ Նոյնիսկ եթէ անհատ մը մեզ դիտումնաւոր կերպով վիրաւորած է, չըլլանք «աման» մը, որուն մէջ զայրոյթ կը կուտակենք։ Աստուած ծառայութեան գանձը պարունակող «հողէ ամաններ» ըլլալու առանձնաշնորհումը տուած է մեզի (Բ. Կոր. 4։1, 7)։ Ուստի թթուանման զայրոյթը տեղ չունի այսպիսի ամաններու մէջ։

5. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ահարոնի եւ անոր որդիներուն մահուան պատմութենէն (տե՛ս բացման պատկերը)։

5 Ղեւտացւոց 10։1-11–ի մէջ արձանագրուած է դէպք մը, որ Ահարոնի ընտանիքին սրտացաւ պատճառեց։ Անոնք վշտահեղձ եղած ըլլալու էին, երբ երկնքէն կրակ իջաւ եւ սպառեց Ահարոնին որդիները՝ Նադաբն ու Աբիուդը։ Իրենց մեռած հարազատներուն համար սուգ չընելը հաւատքի մե՛ծ փորձ մըն էր։ Անձամբ ցոյց կու տա՞ս թէ սուրբ ես, չընկերակցելով ընտանիքի անդամներու կամ ուրիշներու հետ, որոնք վտարուած են (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։11

6, 7. ա) Երբ պիտի որոշենք եկեղեցական ամուսնութեան մասնակցիլ կամ ոչ, ի՞նչ կարեւոր կէտեր հաշուի պէտք է առնենք (տե՛ս ստորանիշը)։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Վկայ չեղող ազգականի մը բացատրել մեր կեցուածքը եկեղեցական ամուսնութեան հանդէպ։

6 Թերեւս Ահարոնին եւ անոր ընտանիքին չափ խիստ փորձ մը չդիմագրաւենք։ Սակայն ի՞նչ կ’ընենք եթէ Վկայ չեղող ազգական մը մեզ հրաւիրէ իր եկեղեցական ամուսնութեան ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու։ Աստուածաշունչին մէջ բացայայտ պատուէր մը չկայ որ մեզ կ’արգիլէ ներկայ գտնուելէ, բայց կա՞ն արդեօք սկզբունքներ, որոնք մեր առած որոշումին պէտք է ազդեն *։

7 Մեր Վկայ չեղող ազգականները թերեւս զարմանան, որ վերոնշեալ պարագաներուն ներքեւ վճռած ենք Եհովայի աչքին սուրբ ըլլալ (Ա. Պետ. 4։3, 4)։ Անշուշտ, չենք ուզեր զանոնք վիրաւորել. ուստի լաւագոյն բանն է խօսիլ ազնուութեամբ ե՛ւ անկեղծութեամբ, որքան կանուխ այդքան լաւ։ Կրնանք իրենց շնորհակալութիւն յայտնել որ մեզ կը հրաւիրեն ամուսնութեան արարողութեան մասնակցելու, եւ ապա ըսել, թէ չենք ուզեր այդ յատուկ օրուան իրենց ուրախութիւնը խանգարել եւ զիրենք կամ հիւրերը նեղ կացութեան մատնել, քանի որ կրօնական արարողութեան մէջ բաժին չենք բերեր։ Ասիկա կերպ մըն է մեր համոզումներուն եւ հաւատքին մէջ զիջումներ չընելու։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԷ

8. Ղեւտացւոց գիրքը ինչպէ՞ս Եհովայի գերիշխանութիւնը կը շեշտէ։

8 Ղեւտացւոց գիրքը Եհովայի գերիշխանութիւնը կը շեշտէ։ 30 անգամէ աւելի կը կարդանք, որ անոր մէջ նշուած օրէնքները Եհովայէն են։ Մովսէս ասոր գիտակից էր եւ Եհովայի բոլոր պատուիրածները կատարեց (Ղեւ. 8։4, 5)։ Մենք ալ պէտք է միշտ մեր Գերիշխանին՝ Եհովային, ուզածները կատարենք։ Ճիշդ է որ այս ուղղութեամբ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մեզի կ’օգնէ, սակայն կրնայ ըլլալ որ հաւատքի փորձութեան առջեւ գտնուինք երբ մինակ ենք, ինչպէս որ Յիսուս փորձուեցաւ անապատին մէջ (Ղուկ. 4։1-13)։ Եթէ Աստուծոյ գերիշխանութեան վրայ կը կեդրոնանանք եւ իրեն կը վստահինք, ոեւէ անձ պիտի չկարենայ պատճառ դառնալ, որ զիջումներ ընենք կամ մարդոց հանդէպ վախին տեղի տանք (Առ. 29։25

9. Աստուծոյ ժողովուրդը ինչո՞ւ բոլոր ազգերուն մէջ ատուած է։

9 Քրիստոսի հետեւորդներ եւ Եհովայի վկաներ ըլլալով, աշխարհին չորս կողմը կը հալածուինք։ Ասկէ չենք զարմանար, քանի որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մատ. 24։9)։ Նոյնիսկ այսպիսի ատելութեան դիմաց, կը շարունակենք Թագաւորութիւնը քարոզել եւ Եհովայի աչքին սուրբ մնալ։ Մարդիկ մեզ ինչո՞ւ այսքան կ’ատեն, հակառակ որ պարկեշտ, մաքրակենցաղ եւ օրինապահ քաղաքացիներ ենք (Հռով. 13։1-7)։ Քանի որ Եհովա՛ն ընտրած ենք որ ըլլայ մեր Գերիշխան Տէրը։ Մենք «միայն» իրեն սուրբ ծառայութիւն կը մատուցանենք եւ իր արդար օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն մէջ բնաւ զիջումներ պիտի չընենք (Մատ. 4։10

10. Առիթով մը ի՞նչ տեղի ունեցաւ, երբ եղբայր մը իր չէզոքութեան մէջ զիջում ըրաւ։

10 Ասկէ զատ, մենք ‘աշխարհէն չենք’։ Հետեւաբար, ինչ կը վերաբերի աշխարհի պատերազմներուն եւ քաղաքականութեան, չէզոք դիրք կը բռնենք (կարդա՛ Յովհաննէս 15։18-21. Եսայի 2։4)։ Աստուծոյ նուիրուած կարգ մը անհատներ այս հարցին մէջ զիջումներ ըրած են։ Բայց անոնցմէ շատեր զղջացին եւ մեր բարեգութ երկնաւոր Հօր հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը նորոգեցին (Սաղ. 51։17)։ Իսկ ոմանք չզղջացին։ Բ. Աշխարհամարտին, զոր օրինակ, մեր եղբայրներէն շատեր անիրաւացիօրէն կալանաւորուած էին Հունգարիոյ մէջ։ Պետական պաշտօնեաներ 45 տարեկանէն վար եղող 160 եղբայր բանտերէն դուրս հանեցին եւ զանոնք գիւղաքաղաք մը փոխադրեցին։ Հոն, անոնք եղբայրներուն հրամայեցին որ զինուորական ծառայութեան մասնակցին։ Հաւատարիմ եղբայրները իրենց որոշումին մէջ հաստատ մնացին, սակայն 9 հոգի տեղի տուին, զինուորական երդումը ըրին եւ տարազը ընդունեցին։ Երկու տարի ետք, տեղի տուողներէն մէկը մաս կազմեց այն գնդակահարող ջոկատին, որ նշանակուած էր հաւատարիմ Վկաները մահապատիժի ենթարկելու։ Վկաներուն մէջ կար ի՛ր իսկ մարմնաւոր եղբայրը։ Սակայն սպառնալիքը երբեք չգործադրուեցաւ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆԴ ՆՈՒԻՐԷ

11, 12. Իսրայէլացիներուն մատուցած զոհերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

11 Մովսիսական օրէնքին համաձայն, իսրայէլացիները մասնայատուկ զոհեր պէտք էր մատուցանէին (Ղեւ. 9։1-4, 15-21)։ Զոհերը անարատ պէտք էր ըլլային, քանի որ Յիսուսի կատարեալ զոհը կը մատնանշէին։ Աւելին, ամէն տեսակ ընծայ կամ զոհ իր մասնայատուկ մատուցման կերպը ունէր։ Օրինակ, նկատի առ թէ նորածին զաւակ ունեցող մօրմէն ի՛նչ կը պահանջուէր։ Ղեւտացւոց 12։6–ը կ’ըսէ. «Երբ տղայ կամ աղջիկ զաւկի համար իր մաքրուելու օրերը լմննան, վկայութեան խորանին դուռը ողջակէզի համար մէկ տարեկան գառ ու մեղքի պատարագի համար աղաւնիի ձագ մը կամ տատրակ մը պէտք է բերէ քահանային»։ Աստուծոյ պահանջները մասնայատուկ էին, սակայն իր Օրէնքը կ’արտացոլէ իր սէրն ու խոհեմութիւնը։ Եթէ մայր մը ի վիճակի չէր գառ ընծայելու, կրնար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ մատուցանել (Ղեւ. 12։8)։ Աղքատ ըլլալով հանդերձ, ան նոյնքան սիրելի եւ գնահատելի էր Եհովայի աչքին, որքան անոնք՝ որոնք աւելի սուղ ընծաներ կը բերէին։ Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

12 Պօղոս առաքեալ հաւատակիցները յորդորեց որ Աստուծոյ «օրհնութեան պատարագ» մատուցանեն (Եբ. 13։15)։ Մենք օրհնութեան կամ գովաբանութեան պատարագ կը մատուցանենք, երբ հանրապէս կը խօսինք Եհովայի սուրբ անուան մասին։ Խուլ եղբայրներն ու քոյրերը նշանային լեզու գործածելով Աստուած կը փառաբանեն։ Իսկ տան մէջ արգելափակուած քրիստոնեաները զինք կը գովաբանեն նամակ գրելով, հեռաձայնով վկայելով եւ խնամք տանողներուն ու այցելուներուն քարոզելով։ Մեր առողջութիւնն ու կարողութիւնը դեր կը խաղայ, թէ ո՛րքան կրնանք Եհովան փառաբանել եւ օրհնութեան պատարագ մատուցանել՝ իր անունը ճանչցնելով եւ բարի լուրը քարոզելով։ Բայց հարկ է որ մեր լաւագո՛յնը տանք (Հռով. 12։1. Բ. Տիմ. 2։15

13. Մեր դաշտի ծառայութիւնը ինչո՞ւ պէտք է տեղեկագրենք։

13 Մենք սէրէ՛ մղուած եւ յօժա՛ր սրտով Աստուծոյ օրհնութեան պատարագներ կը մատուցանենք (Մատ. 22։37, 38)։ Սակայն, մեզմէ խնդրուած է որ մեր ծառայութիւնը տեղեկագրենք։ Այս առնչութեամբ ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։ Ամէն ամիս տեղեկագիր ներկայացնելը մեր աստուածպաշտութեան հետ կապ ունի (Բ. Պետ. 1։7)։ Բայց, մեզմէ ո՛չ ոք պէտք է զգայ թէ ստիպուած է ծառայութեան համար երկար ժամեր տրամադրել, պարզապէս որ կարենայ աւելի ճոխ տեղեկագիր ներկայացնել։ Եւ ճիշդ այս պատճառով է որ խնամատան մէջ ապրող կամ ֆիզիքապէս անկարող հրատարակիչ մը կրնայ դաշտի ծառայութեան տրամադրած իւրաքանչիւր 15 վայրկեանը տեղեկագրել։ Եհովայի համար, այդ վայրկեանները ցոյց կու տան որ հրատարակիչը իր լաւագոյնը կը նուիրէ, Աստուած կը սիրէ եւ իր Վկաներէն մէկը ըլլալու առանձնաշնորհումը կը գնահատէ։ Ինչպէս որ էր պարագան աղքատ իսրայէլացիներուն, որոնք չէին կրնար սուղ զոհեր մատուցանել, ներկայիս ալ Եհովայի թանկարժէք ծառաները, որոնք որոշ սահմանափակումներ ունին, տակաւին կրնան տեղեկագիր ներկայացնել։ Մեր անհատական տեղեկագիրները մաս կը կազմեն համաշխարհային տեղեկագրին, որուն օգնութեամբ կազմակերպութիւնը կրնայ ապագայ ծրագիրներ պատրաստել Թագաւորութեան քարոզչութեան համար։ Արդ, դժուա՞ր խնդրանք մըն է որ մեր քարոզչութիւնը տեղեկագրենք։

ՄԵՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼՈՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐԸ

14. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ պէտք է քննենք մեր ուսումնասիրելու սովորութիւնները։

14 Ղեւտացւոց գիրքէն այս հոգեւոր գանձերը պեղելէ ետք, թերեւս սկսար մտածել. «Այժմ աւելի լաւ կը հասկնամ, թէ այս գիրքը ինչո՛ւ պարփակուած է Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէջ» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Թերեւս հիմա աւելի՛ վճռած ես սուրբ ըլլալ, ոչ միայն քանի որ ասիկա աստուածային պահանջ մըն է, այլեւ քանի որ Եհովան լաւագոյն ջանքերուդ արժանի է։ Թերեւս ինչ որ այս երկու յօդուածներուն մէջ սորվեցար Ղեւտացւոց գիրքին մասին, մէջդ փափաք արթնցուց Սուրբ Գրութիւններուն խորը թափանցելու (կարդա՛ Առակաց 2։1-5)։ Աղօթքով քննէ ուսումնասիրելու սովորութիւններդ։ Անկասկած կ’ուզես որ օրհնութեան պատարագներդ ընդունելի ըլլան Եհովային։ Ուստի դուն քեզի հարց տուր. «Եհովային լաւագոյնս կու տա՞մ, թէ ոչ կը թոյլատրեմ որ հեռատեսիլի յայտագիրները, տեսաերիզի խաղերը, մարզախաղը կամ նախասիրած զբաղումներս իմ հոգեւոր յառաջդիմութեանս արգելք հանդիսանան»։ Այս պարագային, հաւանաբար շատ օգտակար գտնես խոկալ Պօղոս առաքեալի կարգ մը խօսքերուն վրայ, որոնք արձանագրուած են Եբրայեցիս նամակին մէջ։

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան եւ Ընտանեկան պաշտամունքին նախապատուութիւն կու տա՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 14)

15, 16. Պօղոս ինչո՞ւ շատ ուղղակի էր եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրած իր նամակին մէջ։

15 Պօղոս շատ ուղղակի էր եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրած իր նամակին մէջ (կարդա՛ Եբրայեցիս 5։7, 11-14)։ Առաքեալը իր բառերը չծամծմեց, հապա ուղղակի ըսաւ որ անոնց լսելիքները «բթացած» էին։ Ան ինչո՞ւ այսքան բացայայտ կը խօսէր։ Եհովան ընդօրինակելով, ան կը սիրէր եւ հետաքրքրուած էր այս քրիստոնեաներով, որոնք կը փորձէին հոգեւոր կաթո՛վ ողջ մնալ։ Քրիստոնէութեան հիմնական ուսուցումները գիտնալը կարեւոր է, սակայն «հաստատուն կերակուրը» անհրաժեշտ է, որ հոգեւորապէս աճինք եւ հասո՛ւն քրիստոնեաներ դառնանք։

16 Փոխանակ ուրիշներուն սորվեցնելու աստիճան յառաջդիմելու, եբրայեցիները իրե՛նք սորվեցնողի պէտք ունէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք «հաստատուն կերակուր»է կը խուսափէին։ Դուն քեզի հարց տուր. «Հոգեւոր հաստատուն կերակուրի նկատմամբ շիտակ հայեցակէտ ունի՞մ։ Զայն կը ճաշակե՞մ, թէ ոչ խոյս կու տամ աղօթելէ եւ Աստուածաշունչի խորունկ ուսումնասիրութիւն ընելէ։ Եթէ խոյս կու տամ, կրնա՞յ ըլլալ որ խնդիրը մասամբ կապ ունի իմ ուսումնասիրելու սովորութիւններուս հետ»։ Մենք ոչ միայն պէտք է քարոզենք, այլեւ՝ պէտք է սորվեցնենք եւ աշակերտենք (Մատ. 28։19, 20

17, 18. ա) Ինչո՞ւ պէտք է կանոնաւորաբար հոգեւոր «հաստատուն կերակուր» ուտենք։ բ) Ժողովներէ առաջ ոգելից ըմպելի գործածելու առնչութեամբ ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենանք։

17 Թերեւս Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը շատերուս համար դիւրին չէ։ Անշուշտ, Եհովան իր ծառաներուն մէջ յանցապարտութեան զգացում չի պատճառեր, որպէսզի ուսումնասիրեն։ Սակայն, Աստուծոյ ըրած մեր նուիրումին վրայ երկար տարիներ անցած ըլլան կամ ոչ, պէտք է շարունակաբար հոգեւոր «հաստատուն կերակուր» ուտենք։ Ասիկա անհրաժեշտ է եթէ նպատակադրած ենք սուրբ մնալ։

18 Սուրբ ըլլալու համար, հարկ է որ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ քննենք եւ Աստուծոյ պատուիրածները կատարենք։ Նկատի առ Ահարոնի որդիները՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, որոնք մահապատիժի ենթարկուեցան, քանի որ «անսուրբ կրակ» մատուցանեցին, հաւանաբար ալքոլի ազդեցութեան տակ (Ղեւ. 10։1, 2)։ Նկատէ թէ Աստուած այն ատեն Ահարոնին ի՛նչ ըսաւ (կարդա՛ Ղեւտացւոց 10։8-11)։ Այս համարներէն կը հասկնա՞նք որ պէտք չէ որեւէ ոգելից ըմպելի խմենք ժողովի երթալէ առաջ։ Հետեւեալ կէտերուն մասին մտածէ։ Մենք Օրէնքին տակ չենք (Հռով. 10։4)։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր հաւատակիցները ժողովներէ առաջ ճաշ ուտելու ընթացքին, չափաւորութեամբ ոգելից ըմպելիներ կը գործածեն։ Պասեքին, չորս բաժակ գինի կը գործածուէր։ Յիշատակատօնը հաստատելու ատեն, Յիսուս իր առաքեալներուն գինի խմել տուաւ, որ իր արիւնը կը ներկայացնէր (Մատ. 26։27, 28)։ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ չափազանց խմելը եւ գինովութիւնը (Ա. Կոր. 6։10. Ա. Տիմ. 3։8)։ Եւ թերեւս շատ մը քրիստոնեաներու խիղճը զիրենք մղէ, որ ամբողջովին խմիչք չգործածեն որեւէ սուրբ ծառայութիւն կատարելէ առաջ։ Սակայն, երկրէ երկիր պարագան կը տարբերի։ Կարեւորը այն է, որ քրիստոնեաները ‘սուրբին ու անսուրբին մէջտեղ տարբերութիւն դնեն’, որպէսզի սրբութեամբ վարուին եւ Աստուծոյ աչքին հաճելի ըլլան։

19. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր Ընտանեկան պաշտամունքը եւ անձնական ուսումնասիրութիւնը աւելի իմաստալից դարձնել։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել, որպէսզի սուրբ մնաս։

19 Տակաւին յայտնաբերելիք շատ գոհարներ կան, եթէ Աստուծոյ Խօսքին խորը թափանցես։ Օգտագործէ պրպտումի մատչելի միջոցները՝ ընտանեկան պաշտամունքը եւ անձնական ուսումնասիրութիւնը աւելի իմաստալից դարձնելու համար։ Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին աւելի՛ն սորվէ։ Իրեն աւելի մօտեցիր (Յակ. 4։8)։ Աստուծոյ աղօթէ սաղմոսերգուին պէս, որ տաղերգեց. «Բաց իմ աչքերս, որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ» (Սաղ. 119։18)։ Երբեք զիջումներ մի՛ ըներ Աստուածաշունչի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն մէջ։ «Սուրբին»՝ Եհովային՝ գերագոյն օրէնքին պատրաստակամօրէն ենթարկուէ եւ «Աստուծոյ բարի լուրի սուրբ գործին» նախանձախնդրօրէն մասնակցէ (Ա. Պետ. 1։15. Հռով. 15։16, ՆԱ)։ Սո՛ւրբ եղիր այս տագնապալից վերջին օրերուն մէջ։ Թող բոլորս մեր վարքին մէջ սուրբ ըլլանք եւ այդպիսով մեր սուրբ Աստուծոյ՝ Եհովայի գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք։

^ պարբ. 6 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 2002 թիւին մէջ «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը։