Հարցումներ ընթերցողներէն
Երէցներն ու օգնական ծառաները ինչպէ՞ս կը նշանակուին իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ։
Ք.Ե. առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի երէցներուն ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու» (Գործք 20։28)։ Ներկայիս, սուրբ հոգին ի՞նչ դեր կը խաղայ երէցներու եւ օգնական ծառաներու նշանակումին մէջ։
Նախ եւ առաջ, սուրբ հոգի՛ն Աստուածաշունչի գրողները մղեց երէցներու եւ օգնական ծառաներու որակումները արձանագրելու։ Ա. Տիմոթէոս 3։1-7–ն երէցներէն պահանջուած 16 կէտ կը թուէ։ Յաւելեալ որակումներ նշուած են Տիտոս 1։5-9 եւ Յակոբոս 3։17, 18–ի մէջ։ Իսկ օգնական ծառաներուն որակումները կը գտնուին Ա. Տիմոթէոս 3։8-10, 12, 13–ի մէջ։ Երկրորդ, անոնք որոնք այսպիսի յանձնարարութիւններ եւ նշանակումներ կը կատարեն, իրենց աղօթքներուն մէջ յատկապէս Եհովայի հոգւոյն առաջնորդութիւնը կը խնդրեն, մինչ նկատի կ’առնեն եթէ եղբայր մը բաւարար չափով Աստուածաշունչի պահանջները կը գոհացնէ։ Երրորդ, յանձնարարուած եղբայրը պէտք է Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղը դրսեւորէ իր կեանքին մէջ (Գաղ. 5։22, 23)։ Ուստի Աստուծոյ հոգին նշանակումի ամբողջ գործընթացին մէջ պարփակուած է։
Բայց ո՞վ նշանակումը կ’ընէ։ Անցեալին, բոլոր յանձնարարութիւնները տեղական մասնաճիւղին կը ղրկուէին։ Հոն, Կառավարիչ մարմինի կողմէ նշանակուած եղբայրներ այս յանձնարարութիւնները աչքէ կ’անցընէին եւ յարմար նշանակումներ կ’ընէին, ապա մասնաճիւղը երէցներու մարմինը տեղեակ կը պահէր։ Երէցները, իրենց կարգին, նորանշանակ եղբայրներուն կը տեղեկացնէին ու կը հարցնէին թէ արդեօք յօժա՛ր են եւ իրապէս որակեա՛լ են նշանակումը ընդունելու. եւ վերջապէս, նշանակումը ժողովքին կը ծանուցանուէր։
Բայց այսպիսի նշանակումներ առաջին դարուն ինչպէ՞ս կը կատարուէին։ Երբեմն, առաքեալները մասնայատուկ նշանակումներ կ’ընէին, ինչպէս որ էր պարագան երբ եօթը տղամարդիկ նշանակեցին՝ որբեւայրիներու ամէնօրեայ ուտելիքը բաշխելու (Գործք 6։1-6)։ Սակայն, այդ տղամարդիկը թերեւս արդէն երէցներ էին, երբ այդ յաւելեալ նշանակումը ստացան։
Թէեւ Աստուածաշունչը մանրամասնութեամբ չի բացատրեր թէ այդ օրերուն իւրաքանչիւր նշանակում ինչպէ՛ս կը կատարուէր, սակայն կրնանք որոշ գաղափար մը ունենալ։ Կը կարդանք որ երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս իրենց առաջին միսիոնարական ճամբորդութենէն կը վերադառնային, «իւրաքանչիւր եկեղեցիի երէցներ ձեռնադրեցին [«նշանակեցին», ՆԱ], ծոմապահութեամբ Գործք 14։22)։ Տարիներ ետք, Պօղոս իր ճամբորդակից Տիտոսին գրեց, ըսելով. «Ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես [«նշանակես», ԱԾ], ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի» (Տիտ. 1։5)։ Այնպէս կը թուի թէ Տիմոթէոս ալ, որ Պօղոս առաքեալին հետ շատ ճամբորդած էր, համանման հեղինակութիւն ստացաւ (Ա. Տիմ. 5։22)։ Յստակ է ուրեմն, որ այս նշանակումները շրջագայող տեսուչնե՛րը կը կատարէին, եւ ոչ թէ՝ առաքեալները եւ երէցները Երուսաղէմի մէջ։
աղօթք ընելով զանոնք յանձնեցին Տէրոջը՝ որուն հաւատացեր էին» (Աստուածաշնչական այս օրինակը ի մտի ունենալով, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը երէցներ եւ օգնական ծառաներ նշանակելու կերպին մէջ ճշդումներ ըրաւ։ 1 սեպտեմբեր 2014–էն սկսեալ, նշանակումները հետեւեալ կերպով կը կատարուին։ Իւրաքանչիւր շրջանային տեսուչ իր շրջանին մէջ եղած յանձնարարութիւնները ուշադրութեամբ աչքէ կ’անցընէ։ Ժողովքներուն այցելելու ատեն, ան պիտի ջանայ յանձնարարուած եղբայրներուն ծանօթանալ, անոնց հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցելով՝ եթէ կարելիութիւն կայ։ Յանձնարարութիւնները ժողովքի երէցներու մարմինին հետ քննարկելէ ետք, շրջանային տեսուչին պատասխանատուութիւնն է նշանակել երէցներ եւ օգնական ծառաներ իր շրջանին պատկանող ժողովքին մէջ։ Այս կերպով, նշանակելու գործընթացը աւելի մօտ է առաջին դարու օրինակին։
Այս գործընթացին զանազան դերերը որո՞նք կը ստանձնեն։ Ինչպէս միշտ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» գլխաւորաբար պատասխանատու է տան ծառաները կերակրելու (Մատ. 24։45-47)։ Հաւատարիմ ծառան սուրբ հոգիին օգնութեամբ Աստուածաշունչը կը քննէ, որպէսզի ուղղութիւններ տայ այն սկզբունքներուն շուրջ, որոնք կապ ունին համաշխարհային ժողովքը կազմակերպելու հետ։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ բոլոր շրջանային տեսուչներն ու Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամները։ Իր կարգին, իւրաքանչիւր մասնաճիւղ գործնական գետնի վրայ կ’օգնէ տրուած ուղղութիւնները կիրարկելու։ Երէցներու մարմինը լրջօրէն եւ լիովին աչքէ պէտք է անցընէ իր յանձնարարած եղբայրներուն սուրբ գրային որակումները։ Իսկ իւրաքանչիւր շրջանային տեսուչ ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը ունի երէցներուն յանձնարարութիւնները ուշադրութեամբ եւ աղօթքով նկատի առնելու եւ ապա որակեալ տղամարդիկը նշանակելու։
Երբ կը հասկնանք թէ նշանակումները ինչպէ՛ս կը կատարուին, աւելի լաւ կ’ըմբռնենք սուրբ հոգիին դերը այս գործընթացին մէջ։ Ուստի աւելի՛ կը վստահինք եւ կը յարգենք զանոնք, որոնք նշանակուած են քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Եբ. 13։7, 17)։
Յայտնութիւն 11–րդ գլուխին մէջ։
Որո՞նք են այն երկու վկաները, որոնք նշուած ենՅայտնութիւն 11։3–ը կը խօսի երկու վկաներու մասին, որոնք 1260 օր մարգարէութիւն պիտի ընէին։ Արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ, թէ գազանը «անոնց պիտի յաղթէ[ր] ու պիտի սպաննէ[ր] զանոնք»։ Բայց ի զարմանք բոլոր դիտորդներուն, այս երկու վկաները «երեք ու կէս օր ետք» պիտի վերակենդանանային (Յայտ. 11։7, 11)։
Որո՞նք են այս երկու վկաները։ Արձանագրութեան մանրամասնութիւնները կ’օգնեն մեզի զանոնք բնորոշելու։ Նախ, յաջորդ համարին մէջ կը կարդանք, թէ «երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակները» կը խորհրդանշեն այս երկու վկաները (Յայտ. 11։4)։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ այն աշտանակն ու երկու ձիթենիները, որոնք նկարագրուած են Զաքարիայի մարգարէութեան մէջ։ Հոն բացատրուած է, թէ այդ երկու ձիթենիները «երկու օծեալներն են», այսինքն՝ Զօրաբաբէլ կառավարիչը եւ Յեսու քահանայապետը, որոնք «բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կը կայնին» (Զաք. 4։1-3, 14)։ Երկրորդ, այս երկու վկաներուն կատարած նշանները, որոնց մասին Յայտնութիւն գիրքը կը խօսի, նման են Մովսէսի եւ Եղիայի կատարած հրաշքներուն (համեմատէ՛ Յայտնութիւն 11։5, 6–ը՝ Թուոց 16։1-7, 28-35–ի հետ եւ Գ. Թագաւորաց 17։1. 18։41-45–ի հետ)։
Յայտնութիւն եւ Զաքարիա գիրքերու այս հատուածներուն միջեւ ի՞նչ հասարակաց բան կայ։ Երկուքն ալ կ’ակնարկեն Աստուծոյ օծեալներուն, որոնք առաջնորդութիւնը առին փորձութեան դժուար ժամանակի մը ընթացքին։ Ուստի Յայտնութիւն 11–րդ գլուխին առ ի կատարում, այն օծեալ եղբայրները, որոնք 1914–ին երկինքի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատուելուն ատեն առաջնորդութիւնը կ’առնէին, երեք ու կէս տարի «քուրձ հագած» քարոզեցին։
Քուրձով իրենց կատարած քարոզչութեան աւարտին, այս օծեալները այլաբանօրէն սպաննուեցան, երբ բանտ նետուեցան համեմատաբար կարճ ժամանակուան մը համար, այլաբանական երեք ու կէս օր։ Աստուծոյ ժողովուրդի թշնամիներուն աչքին, օծեալներուն գործը վերջ գտաւ, այդ հակառակորդներուն մեծ ուրախութիւն պատճառելով (Յայտ. 11։8-10)։
Սակայն մարգարէութեան ըսածին պէս, երկու վկաները երեք ու կէս օր ետք վերակենդանացան։ Այս օծեալները ոչ միայն բանտէն ազատ արձակուեցան, այլեւ՝ իրենց մէջէն անոնք որոնք հաւատարիմ մնացին, Աստուծմէ մասնաւոր նշանակում մը ստացան իրենց Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։ 1919–ին անոնք, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, նշանակուեցան ծառայելու որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ», որպէսզի վերջին օրերուն ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքները հոգան (Մատ. 24։45-47. Յայտ. 11։11, 12)։
Հետաքրքրական է, որ Յայտնութիւն 11։1, 2–ը այս դէպքերը կ’առնչէ այն ժամանակուան, երբ հոգեւոր տաճարը պիտի չափուէր կամ արժեւորուէր։ Մաղաքիա 3–րդ գլուխը հոգեւոր տաճարին վերաբերեալ համանման քննութեան մը մասին կը խօսի, որուն կը յաջորդէ մաքրումի ժամանակ մը (Մաղ. 3։1-4)։ Այս քննութիւնն ու մաքրումը տեւեց 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը։ Այս ժամանակամիջոցը կ’ընդգրկէ Յայտնութիւն 11–րդ գլուխին նշած թէ՛ 1260 օրը (42 ամիս) եւ թէ այլաբանական երեք ու կէս օրը։
Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովան այս հոգեւոր զտումը կարգադրեց, որպէսզի մասնայատուկ ժողովուրդ մը մաքրէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր (Տիտ. 2։14)։ Նաեւ, մենք կը գնահատենք այն հաւատարիմ օծեալներուն օրինակը, որոնք փորձութեան այդ ժամանակամիջոցին առաջնորդութիւնը առին եւ այդպիսով՝ ծառայեցին որպէս այլաբանական երկու վկաները *։
^ պարբ. 18 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւը, էջ 22, պարբերութիւն 12։