Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՛ւ պէտք է սուրբ ըլլանք

Ինչո՛ւ պէտք է սուրբ ըլլանք

«Սուրբ եղէ՛ք» (ՂԵՒ. 11։45

1. Ղեւտացւոց գիրքը ինչպէ՞ս մեզի կրնայ օգնել։

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ գիրքը սրբութեան մասին շատ աւելի կը խօսի քան՝ Աստուածաշունչի մնացեալ գիրքերը։ Որովհետեւ Եհովան իր բոլոր ծառաներէն կ’ակնկալէ որ սուրբ ըլլան, լաւ է որ հասկնանք եւ ըմբռնենք այս գիրքը, որպէսզի գիտնանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք սուրբ ըլլալ։

2. Ղեւտացւոց գրքին կարգ մը երեսակները ի՞նչ են։

2 Մովսէս մարգարէին ձեռքով գրուած այս գիրքը մաս կը կազմէ «բոլոր գիրք»ին, որ «օգտակար է սորվեցնելու» համար (Բ. Տիմ. 3։16)։ Բնագիր լեզուով, Ղեւտացւոց գիրքի իւրաքանչիւր գլուխին մէջ, «Եհովա» անունը միջին հաշուով 10 անգամ կ’երեւնայ։ Այս գիրքը ըմբռնելը մեր վճռականութիւնը պիտի զօրացնէ, որ խուսափինք որեւէ արարքէ որ Աստուծոյ անունը կ’արատաւորէ (Ղեւ. 22։32)։ Բազմիցս նշուած՝ «Ես եմ Տէրը» արտայայտութիւնը մեզի յիշեցում մըն է, որ Աստուծոյ հնազանդինք։ Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ, պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ շլացուցիչ գոհարներ կրնանք գտնել Ղեւտացւոց գրքին մէջ, աստուածային պարգեւ մը որ մեզի կ’օգնէ սուրբ պաշտամունք մատուցանելու։

ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԱՆՋ Է

3, 4. Ահարոնին եւ իր որդիներուն լուացուիլը ի՞նչ կը ներկայացնէր (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Կարդա՛ Ղեւտացւոց 8։5, 6։ Եհովան Ահարոնը ընտրեց որպէս իսրայէլի քահանայապետ։ Իսկ Ահարոնին որդիները ազգին ի նպաստ քահանայութիւն պիտի ընէին։ Ահարոն կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսը, իսկ իր որդիները՝ Յիսուսի օծեալ հետեւորդները։ Արդեօք Ահարոնին լուացուիլը նշանակե՞ց որ Յիսուս պիտի մաքրուէր։ Ո՛չ. Յիսուս անմեղ եւ «անարատ» էր (Եբ. 7։26. 9։14)։ Սակայն, Ահարոնին մաքրուած վիճակը Յիսուսի մաքուր եւ արդար վիճակը կը մատնանշէ։ Իսկ Ահարոնի որդիներուն լուացուիլը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

4 Ահարոնի որդիներուն լուացուիլը կը ներկայացնէ օծեալներուն մաքրուիլը, որոնք ընտրուած են երկինքի մէջ քահանաներ ըլլալու։ Օծեալներուն մկրտուիլը կապ ունի՞ Ահարոնի որդիներուն լուացուելուն հետ։ Ո՛չ. մկրտութիւնը մեղքեր չի մաքրեր, հապա կը խորհրդանշէ անհատին բացարձակ նուիրումը Եհովա Աստուծոյ։ Օծեալները կը մաքրուին «խօսք»ին միջոցով, եւ այս մէկը իրենցմէ կը պահանջէ որ ամբողջ սրտով Քրիստոսի ուսուցումներուն համաձայն ապրին (Եփ. 5։25-27)։ Այսպիսով, անոնք սուրբ եւ մաքուր են։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել «ուրիշ ոչխարներ»ուն մասին (Յովհ. 10։16

5. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել, որ ուրիշ ոչխարները Աստուծոյ Խօսքին միջոցով կը մաքրուին։

5 Ահարոնին որդիները չեն ներկայացներ Յիսուսի ուրիշ ոչխարներու «մեծ բազմութիւն»ը (Յայտ. 7։9)։ Բայց, այս մկրտուած անհատնե՛րն ալ կրնան Աստուծոյ Խօսքին միջոցով սրբացուիլ եւ մաքրուիլ։ Երբ երկրային յոյս ունեցողները կը հաւատան ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ Յիսուսի թափուած արեան կարեւորութեան եւ ազդեցութեան մասին, կը մղուին «ցորեկ ու գիշեր» սուրբ ծառայութիւն մատուցանելու (Յայտ. 7։13-15)։ Օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն մաքրուիլը շարունակական է։ Առ ի արդիւնք, անոնք միշտ ‘իրենց վարքը բարի կը պահեն’ (Ա. Պետ. 2։12)։ Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ տեսնելով անոնց մաքրութիւնն ու միութիւնը, մինչ կ’անսան եւ հաւատարմօրէն կը հետեւին իրենց Հովիւին՝ Յիսուսին։

6. Ինչո՞ւ պէտք է կանոնաւորաբար ինքնաքննութիւն ընենք։

6 Եհովայի այժմու ծառաներուն համար իմաստ մը կը կրէ այն իրողութիւնը, որ իսրայէլի քահանաներէն պահանջուած էր ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալ։ Շատեր, որոնց հետ Աստուածաշունչը կը սերտենք, յաճախ կը նշմարեն մեր պաշտամունքի վայրերուն մաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մեր կոկիկ հագուելակերպը։ Բայց ասոր կողքին, քահանաներուն մաքրութիւնը մեզի կը հասկցնէ, որ ամէն ով որ Եհովայի պաշտամունքին բարձր լեռը կ’ելլէ, պէտք է որ «սրտով մաքուր» ըլլայ (կարդա՛ Սաղմոս 24։3, 4. Եսա. 2։2, 3)։ Ուստի Եհովային պէտք է ծառայենք մաքուր մտքով եւ մաքուր սրտով, ինչպէս նաեւ՝ մաքուր մարմնով։ Ասիկա կը պահանջէ որ կանոնաւորաբար ինքնաքննութիւն ընենք։ Երբեմն, թերեւս նկատենք թէ մեծ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք որպէսզի սուրբ ըլլանք (Բ. Կոր. 13։5)։ Օրինակի համար, դիտումնաւոր կերպով պոռնկագրութիւն դիտող մկրտուած անհատ մը պէտք է ինքն իրեն հարց տայ. «Ցոյց կու տա՞մ թէ սուրբ եմ»։ Ապա, ան պէտք է օգնութիւն խնդրէ այս գարշելի սովորութեան վերջ դնելու համար (Յակ. 5։14

ՍՈՒՐԲ ԵՂԷՔ՝ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՎ

7. Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, որ կը նմանի Ղեւտացւոց 8։22-24–ի մէջ արձանագրուած քահանաներու օրինակին։

7 Իսրայէլի քահանայութեան հաստատման ժամանակ, Ահարոն քահանայապետին եւ անոր որդիներուն աջ ականջին բլթակին, աջ ձեռքին բթամատին եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ քսուեցաւ խոյի արիւն (կարդա՛ Ղեւտացւոց 8։22-24)։ Արեան այս գործածութիւնը նշանակեց, թէ քահանաները հնազա՛նդօրէն պիտի կատարէին իրենց պաշտօնները։ Նմանապէս, Յիսուս Քահանայապետը կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն։ Ան ականջ տուաւ Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ իր ձեռքերը գործածեց Եհովայի կամքը կատարելու, իսկ իր ոտքերը բնաւ չշեղեցան սուրբ ընթացքէն (Յովհ. 4։31-34

8. Եհովայի բոլոր երկրպագուները ի՞նչ պէտք է ընեն։

8 Օծեալ քրիստոնեաները եւ Յիսուսի ուրիշ ոչխարները իրենց Քահանայապետին ուղղամտութիւնը պէտք է ընդօրինակեն։ Եհովայի բոլոր երկրպագուները պէտք է հնազանդօրէն ենթարկուին Աստուածաշունչին ուղղութիւններուն, եւ այսպիսով՝ խուսափին ‘սուրբ հոգին տրտմեցնելէ’ (Եփ. 4։30)։ Անոնք պէտք է ‘շիտակ ճամբաներ փնտռեն իրենց ոտքերուն’ (Եբ. 12։13

9. ա) Կառավարիչ մարմինի անդամներուն հետ մօտէն աշխատող երեք եղբայրներ ի՞նչ արտայայտութիւններ ըրած են։ բ) Անոնց խօսքերը ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել որ շարունակես սուրբ ըլլալ։

9 Նկատի առ երեք եղբայրներու սրտագին արտայայտութիւնները, որոնք երկրային յոյս ունին եւ տասնամեակներ շարունակ մօտէն աշխատած են Կառավարիչ մարմինի անդամներու հետ։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Արդարեւ ծառայութեան իւրայատուկ առանձնաշնորհում մը ըլլալով հանդերձ, մօտիկ ընկերակցութիւնը ատեններ յայտնած է, որ թէպէտ այս եղբայրները հոգիով օծուած են, սակայն անկատար են։ Տարիներու ընթացքին իմ դրած նպատակակէտերէս մէկը եղած է՝ հնազանդ ըլլալ առաջնորդութիւն առնողներուն»։ Երկրորդ եղբայրը նշեց. «Կարգ մը համարներ, ինչպէս՝ Բ. Կորնթացիս 10։5–ը, ‘Քրիստոսին հնազանդելու’ շուրջ, ինծի օգնած են հնազանդ ըլլալու եւ առաջնորդութիւն առնողներուն հետ համագործակցելու։ Այս հնազանդութիւնը սրտէն է»։ Իսկ երրորդ եղբայրը ըսաւ. «Եհովայի սիրածը սիրելը եւ ատածը ատելը, ինչպէս նաեւ՝ շարունակ իր ուղղութիւնը փնտռելը եւ իրեն հաճելի եղող գործեր կատարելը, կը նշանակէ հնազանդիլ իր կազմակերպութեան եւ անոնց, որոնց կը գործածէ երկրի նկատմամբ իր նպատակը յառաջ մղելու»։ Այս եղբայրը կը նշէ Նաթան Նորի օրինակը, որ յետագային Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը եղաւ։ Նաթան Նոր իսկոյն ընդունեց ինչ որ նշուած էր 1925–ի Դիտարան–ի մը՝ «Ազգին ծնունդը» յօդուածին մէջ, հակառակ անոր որ ուրիշներ զայն հարցականի տակ դրին։ Նորին ցուցաբերած հնազանդութիւնը խորապէս տպաւորեց եղբայրը։ Այս երեք եղբայրներուն արտայայտութիւններուն վրայ խոկալը կրնայ քեզի օգնել որ սուրբ ըլլաս՝ հնազանդելով։

ԱՐԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔԻՆ ԼԻՈՎԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ

10. Արեան շուրջ Աստուծոյ օրէնքին հնազանդիլը ո՞րքան կարեւոր է։

10 Կարդա՛ Ղեւտացւոց 17։10։ Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց որ «ոեւէ արիւն» չուտեն։ Քրիստոնեաներո՛ւն ալ պատուէր տրուած է ետ կենալ արիւնէ,– մարդկային թէ անասնական (Գործք 15։28, 29)։ Մեզ կը վախցնէ այն գաղափարն իսկ, որ կրնանք պատճառ դառնալ որ Աստուած ‘մեզի դէմ ելլէ’ եւ մեզ իր ժողովքէն հեռացնէ։ Մենք կը սիրենք զինք եւ կ’ուզենք հնազանդիլ իրեն։ Նոյնիսկ երբ կեանքին սպառնացող կացութեան առջեւ գտնուինք, վճռած ենք տեղի չտալ այն մարդոց աղաչանքներուն եւ պահանջներուն, որոնք Եհովան չեն ճանչնար եւ անոր չեն հնազանդիր։ Գիտենք որ արիւնէ ետ կենալուն պատճառով պիտի ծաղրուինք, սակայն կ’ընտրենք Աստուծոյ հնազանդիլ (Յուդա 17, 18)։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ վճռականութեամբ ‘զգուշանանք’ արիւն ուտելէ կամ արեան ներարկում ընդունելէ (Բ. Օր. 12։23

11. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ տարեկան Քաւութեան օրը լոկ ծէս մը չէր։

11 Ինչ որ իսրայէլի քահանայապետը տարին անգամ մը կ’ընէր Քաւութեան օրը, մեզի կ’օգնէ որ արեան շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը հասկնանք։ Արիւնը յատուկ նպատակի մը համար կը գործածուէր,– քաւել անոնց մեղքերը, որոնք Եհովայէն ներում կը խնդրէին։ Զուարակին եւ նոխազին արիւնը ուխտի տապանակին քաւութեան, կամ կափարիչին, առջեւ կը սրսկուէր (Ղեւ. 16։14, 15, 19)։ Այս արարքը ճամբան կը հարթէր, որ Եհովան իսրայէլացիներուն մեղքերը ներէր։ Ասկէ զատ, Եհովան ըսաւ որ եթէ մարդ մը կերակուրի համար անասուն մը սպաննէր, արիւնը պէտք էր թափէր եւ զայն հողով ծածկէր, քանի որ «ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է» (Ղեւ. 17։11-14)։ Ասոնք բոլորը անկարեւոր ծէ՞ս մըն էին։ Ո՛չ։ Քաւութեան օրուան մէջ արեան գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ արիւնը գետինը թափելու պատուէրը, ներդաշնակ է այն պատուէրին հետ, որ Եհովա Աստուած նախապէս տուաւ Նոյին եւ անոր որդիներուն (Ծն. 9։3-6)։ Աստուած զիրենք արգիլած էր արիւն ուտելէ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ քրիստոնեաներուն համար։

12. Եբրայեցի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս արիւնը ինչպէ՞ս կը կապէ թողութեան հետ։

12 Եբրայեցի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ արիւնը մաքրելու զօրութիւնը ունէր, ըսելով. «Գրեթէ ամէն բան արիւնով կը մաքրուի օրէնքին նայելով ու արիւն չթափուած թողութիւն չ’ըլլար» (Եբ. 9։22)։ Պօղոս նաեւ շեշտեց, որ անասնական զոհերը, որոնք ժամանակաւոր արժէք ունէին, միայն յիշեցում մըն էին իսրայէլացիներուն, որ մեղաւորներ էին եւ աւելի մեծ զոհի կարիք ունէին իրենց մեղքերէն լիովին մաքրուելու համար։ Արդարեւ, «օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն [էր], ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը» (Եբ. 10։1-4)։ Արդ՝ մեղքերու թողութիւնը ինչպէ՞ս կարելի պիտի դառնար։

13. Քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ այն իրողութիւնը, որ Յիսուս իր արեան արժէքը Եհովային ներկայացուց։

13 Կարդա՛ Եփեսացիս 1։7։ Յիսուս Քրիստոս կամովին ‘իր անձը մատնեց մեզի համար’։ Իր զոհաբերական մահը մեծ արժէք ունի բոլոր զինք եւ իր Հայրը սիրողներուն համար (Գաղ. 2։20)։ Բայց Յիսուսի բուն արարքը որ մեզ իսկապէս փրկեց, մեր մեղքերուն թողութիւնը կարելի դարձնելով, իր մահէն եւ յարութենէն ե՛տք տեղի ունեցաւ։ Ան կատարեց ինչ որ նախապատկերացուած էր Քաւութեան օրուան իրադարձութիւններով։ Այդ օրը, քահանայապետը անասնական զոհերուն արիւնէն կ’առնէր եւ կը տանէր խորանին,– կամ յետագային՝ Սողոմոնի տաճարին,– Սրբութիւն սրբութեանցը, եւ զայն Աստուծոյ առջեւ կը ներկայացնէր (Ղեւ. 16։11-15)։ Համանման կերպով, Յիսուս իր մարդկային արեան արժէքը երկինք տարաւ եւ զայն Եհովայի առջեւ ներկայացուց (Եբ. 9։6, 7, 11-14, 24-28)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ կրնանք մեղքերու թողութիւն ստանալ եւ մաքուր խիղճ ունենալ, Յիսուսի արեան հանդէպ հաւատք ընծայելով։

14, 15. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ արեան շուրջ Եհովայի օրէնքը հասկնանք եւ անոր հնազանդինք։

14 Հիմա աւելի յստակ չէ՞ քեզի, թէ Եհովան ինչո՛ւ մեզի կը պատուիրէ որ «ոեւէ արիւն» չուտենք (Ղեւ. 17։10)։ Կը հասկնա՞ս թէ Աստուած ինչո՛ւ արիւնը սուրբ կը նկատէ։ Ան արիւնը կեանքին համազօր կը դասէ (Ծն. 9։4)։ Համաձա՞յն ես որ պէտք է արեան շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը ընդունինք եւ արիւնէ ետ կենալու իր պատուէրին հնազանդինք։ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալու միակ կերպն է՝ Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայել եւ գիտակցիլ, որ արիւնը մասնայատուկ իմաստ մը ունի մեր Արարիչին համար (Կող. 1։19, 20

15 Մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ յանկարծ արեան հարցի առջեւ գտնուիլ։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ ընտանիքի անդամ մը կամ սիրելի բարեկամ մը անսպասելիօրէն դիմագրաւէ արեան ներարկում ընդունելու կամ չընդունելու խնդիրը։ Նման պարագաներուն, նաեւ պէտք է որոշումներ կայացուին արեան կոտորակներու եւ բժշկական գործընթացներու շուրջ։ Ուստի շատ կարեւոր է որ աղօթենք, պրպտում ընենք եւ պատրաստուած ըլլանք որեւէ անակնկալ դէպք դիմագրաւելու։ Այսպիսի քայլեր առնելը կրնայ մեզի օգնել որ հաստատակամ ըլլանք եւ զիջումներ չընենք։ Բնաւ չենք ուզեր Եհովայի սիրտը տխրեցնել, ընդունելով բան մը՝ որ իր Խօսքին մէջ դատապարտուած է։ Բազմաթիւ բժշկական մասնագէտներ եւ արեան ներարկման ուրիշ կողմնակիցներ, կեանքեր ազատելու յոյսով մարդոց կոչ կ’ուղղեն արիւնի նուիրատուութիւն ընելու։ Սակայն, Եհովայի սուրբ ժողովուրդը կը գիտակցի, որ Արարիչը իրաւունք ունի ըսելու թէ արիւնը ինչպէ՛ս պէտք է գործածուի։ Աստուծոյ համար, «ոեւէ արիւն» սուրբ է։ Ուստի պէտք է վճռենք արեան շուրջ իր օրէնքին հնազանդիլ։ Մեր սուրբ վարմունքով կը փաստենք իրեն, որ խորապէս կը գնահատենք Յիսուսի արեան փրկարար զօրութիւնը,– միակ արիւնը որ մեղքերու թողութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը կարելի կը դարձնէ (Յովհ. 3։16

Վճռա՞ծ ես արեան շուրջ Եհովայի օրէնքին հնազանդիլ (տե՛ս պարբերութիւն 14, 15)

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶՄԷ ԻՆՉՈ՛Ւ Կ’ԱԿՆԿԱԼԷ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱՆՔ

16. Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ սուրբ պէտք է ըլլան։

16 Երբ Եհովա Աստուած իսրայէլացիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրեց, անոնց ըսաւ. «Ես եմ Եհովան, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, որպէս զի ձեզի Աստուած ըլլամ. ուստի սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ» (Ղեւ. 11։45)։ Եհովան իսրայէլացիներէն սրբութիւն կ’ակնկալէր, քանի որ ի՛նք սուրբ է։ Որպէս Եհովայի վկաներ, մենք ալ պէտք է սուրբ ըլլանք։ Ղեւտացւոց գիրքը այս կէտը լիովին կը յստակացնէ։

17. Այժմ Ղեւտացւոց գիրքը ինչպէ՞ս կը նկատես։

17 Վստահաբար օգտուեցանք Ղեւտացւոց գիրքէն կարգ մը կէտեր քննարկելով։ Շատ հաւանաբար, այս նիւթը սերտելով՝ գնահատութիւնդ աւելցաւ Աստուածաշունչի այս գիրքին հանդէպ։ Անոր կարգ մը թանկարժէք տեղեկութիւններու վրայ խոկալը անկասկած քեզի օգնեց, որ աւելի լաւ հասկնաս թէ ինչո՛ւ պէտք է սուրբ ըլլանք։ Տակաւին ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ մեզի կը սպասեն Աստուծոյ Խօսքին այս հատուածին մէջ։ Անկէ ուրիշ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովային սուրբ ծառայութիւն մատուցանելու մասին։ Այս նիւթը պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։