Պէ՞տք է միտքդ փոխես
ԽՈՒՄԲ մը քրիստոնեայ պատանիներ կ’որոշեն սինեմա երթալ՝ դիտելու ֆիլմ մը, որուն մասին շատ գովասանքներ լսած են իրենց դպրոցակիցներուն կողմէ։ Երբ սինեմա կը հասնին, կը տեսնեն թէ աֆիշները կը ցուցադրեն հզօր զէնքեր եւ կիսամերկ աղջիկներ։ Անոնք ի՞նչ պիտի ընեն։ Ֆիլմասրահ պիտի մտնե՞ն ու ֆիլմը դիտեն։
Այս կացութիւնը կը լուսաբանէ թէ ինչպէ՛ս ամէն օր կը գտնուինք բազմաթիւ որոշումներու առջեւ, որոնք դրական կա՛մ ժխտական ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր հոգեւորութեան եւ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան վրայ։ Ատեններ, կը մտածես ընել բան մը, ապա պարագան աչքէ անցընելէ ետք, միտքդ կը փոխես։ Ասիկա երկմտութի՞ւն է, թէ ոչ պատշաճ քայլ մըն է։
ԵՐԲ ՄԻՏՔԴ ՓՈԽԵԼԸ ՊԱՏՇԱՃ ՉԷ
Եհովայի հանդէպ սէրէ մղուած՝ մեր կեանքը իրեն նուիրեցինք ու մկրտուեցանք։ Սրտանց կը փափաքինք Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ։ Սակայն մեր թշնամին՝ Բանսարկու Սատանան, վճռած է մեր ուղղամտութիւնը բեկանել (Յայտ. 12։17)։ Մենք որոշած ենք Եհովային ծառայել եւ իր պատուիրանները պահել։ Ուստի հետեւանքները որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլան, եթէ մեր նուիրումին առնչութեամբ մեր միտքը փոխենք։ Կրնանք մեր կեա՛նքը կորսնցնել։
Աւելի քան 26 դար առաջ, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ հսկայ արձան մը կանգնեցուց եւ հրամայեց որ բոլորը ծունկի գան ու երկրպագութիւն ընեն անոր։ Ո՛վ որ այդպէս չընէր, բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուէր։ Եհովան պաշտող երեք աստուածավախ տղամարդիկ,– Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով,– թագաւորին հրամանը չկատարեցին եւ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետուեցան։ Ճիշդ է որ Եհովան զանոնք հրաշքով մը ազատեց, բայց անոնք պատրաստ էին իրենց կեանքը վտանգելու, քան թէ Աստուծոյ ծառայելու Դան. 3։1-27)։
իրենց որոշումին մէջ զիջումներ ընելու (Յետագային, Դանիէլ մարգարէին բան մը պատահեցաւ։ Առիւծներուն գուբը նետուելու սպառնալիքը դիմագրաւելով հանդերձ, ան շարունակեց օրը երեք անգամ Եհովային աղօթել ըստ իր սովորութեան։ Այո, Դանիէլ ճշմարիտ Աստուածը պաշտելու իր որոշումը չփոխեց։ Առ ի արդիւնք, ան «առիւծներուն բերնէն» ազատեցաւ (Դան. 6։1-27)։
Աստուծոյ այժմու ծառաներն ալ իրենց նուիրումին համաձայն կ’ապրին։ Ափրիկէի մէջ, խումբ մը Վկայ աշակերտներ դպրոցին մէջ մերժեցին ազգային խորհրդանիշի մը առջեւ բարեւի կենալ։ Իրենց ըսուեցաւ որ եթէ միւս աշակերտներուն հետ չմասնակցին այդ արարողութեան, դպրոցէն պիտի վտարուին։ Շատ չանցած, կրթութեան նախարարը այցելեց գիւղաքաղաքը եւ կարգ մը Վկայ աշակերտներու հետ խօսեցաւ։ Պատանի Վկաները քաղաքավարօրէն եւ քաջաբար իրենց կեցուածքը բացատրեցին։ Այդ օրուընէ անդին, անգամ մըն ալ այս հարցը չէ ծագած։ Այժմ, պատանի եղբայրները եւ քոյրերը կրնան ազատօրէն դպրոց երթալ՝ Եհովային չհնազանդելու ճնշումին տակ չըլլալով։
Նաեւ նկատի առ Ժոզեֆը, որուն կինը քաղցկեղէ տառապեցաւ եւ յանկարծ մահացաւ։ Ժոզեֆին հարազատները յուղարկաւորութեան նկատմամբ իր փափաքը հասկցան ու յարգեցին։ Բայց իր կնոջ հարազատները, ճշմարտութեան մէջ չըլլալով, ուզեցին յուղարկաւորութեան որոշ սովորութիւններ պահել, ներառեալ՝ Աստուած տհաճեցնող ծէսեր։ Ժոզեֆ կը պատմէ. «Որովհետեւ զիջում չըրի, անոնք ջանացին զաւակներուս ազդել, բայց զաւակներս մնացին անսասան։ Անոնք նաեւ փորձեցին ըստ աւանդութեան տանս մէջ հսկում կազմակերպել, բայց անոնց ըսի, որ եթէ իրենց խօսքը կը պնդեն, հսկումը տանս մէջ պիտի չըլլայ։ Անոնք գիտէին որ հսկումը իմ եւ կնոջս հաւատալիքներուն հետ ներդաշնակ չէ, ուստի երկար քննարկութենէ ետք, ուրիշ տեղ կատարեցին զայն։
«Սուգի այս դժուար ժամանակամիջոցին, Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցի որ ընտանիքս իր օրէնքները չբեկանէ։ Ան աղօթքներս լսեց եւ մեզի օգնեց ճնշումին ներքեւ հաստատամիտ մնալու»։ Ժոզեֆ եւ իր զաւակները պաշտամունքի առնչութեամբ իրենց միտքը չփոխեցին։
ԵՐԲ ՄԻՏՔԴ ՓՈԽԵԼԸ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ Է
Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն քիչ ետք, Սիդոնի շրջանին մէջ փիւնիկ–ասորի կին մը Յիսուս Քրիստոսին մօտեցաւ եւ կրկին անգամ խնդրեց, որ իր դիւահար աղջիկը բժշկէ։ Յիսուս սկիզբը բնաւ պատասխան չտուաւ անոր, հապա աշակերտներուն ըսաւ. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ Երբ կինը շարունակեց աղաչել, Յիսուս ըսաւ. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ Բայց կինը իր մեծ հաւատքը ցոյց տալով պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ Այն ատեն Յիսուս կնոջ խնդրանքը կատարեց եւ աղջիկը բժշկեց (Մատ. 15։21-28)։
Յիսուս Եհովա՛ն կ’ընդօրինակէր երբ այդպէս վարուեցաւ, այսինքն՝ երբ յարմար պարագայի ներքեւ իր միտքը փոխեց։ Օրինակի համար, երբ իսրայէլացիները ոսկի հորթը շինեցին, Եհովա Աստուած մտադրեց զանոնք ոչնչացնել։ Բայց երբ Մովսէս աղաչեց որ անոնք չսպաննուին, ան յօժարեցաւ իր միտքը փոխել (Ել. 32։7-14)։
Պօղոս առաքեալ հետեւեցաւ Եհովայի եւ Յիսուսի օրինակին։ Ատեն մը ան կը խորհէր, որ պատշաճ չէ որ Յովհաննէս Մարկոսը մասնակցի միսիոնարական ճամբորդութիւններուն, որովհետեւ իրենց առաջին միսիոնարական շրջապտոյտին ընթացքին, Մարկոս լքած էր զինք եւ Բառնաբասը։ Բայց յետագային, Պօղոս ակներեւաբար անդրադարձաւ, որ Մարկոս յառաջդիմած էր եւ կրնար պիտանի ըլլալ իրեն։ Ուստի Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ. «Մարկոսը ա՛ռ եւ քեզի հետ բե՛ր, վասն զի ինծի օգտակար է սպասաւորութեան համար» (Բ. Տիմ. 4։11)։
Այս բոլորէն ի՞նչ կը սորվինք։ Եթէ մեր բազմագութ, համբերող ու սիրառատ երկնաւոր Հայրը կատարեալ ըլլալով հանդերձ կը յօժարի իր միտքը փոխել, պէտք չէ՞ որ մենք ալ նոյնը ընենք երբ յարմար է։ Մենք անկատար ենք եւ հարցերը միշտ յստակ չենք տեսներ։ Ուստի թերեւս երբեմն տեղին գտնենք մեր միտքը փոխել։ Օրինակ, թերեւս ուրիշներու նկատմամբ մեր կարծիքը փոխենք, երբ իրենց պարագաները աւելի լաւ հասկնանք։
Ասկէ զատ, թերեւս տեղին գտնենք մեր միտքը փոխել, երբ հարցը կը վերաբերի աստուածպետական նպատակակէտերու։ Թերեւս կան անհատներ, որոնք Աստուածաշունչը կը սերտեն եւ որոշ ժամանակէ ի վեր ժողովներու կու գան, բայց ետ կը կենան մկրտուելէ։ Կամ թերեւս կարգ մը եղբայրներ կը վարանին ռահվիրայութեան ձեռնարկելու, հակառակ որ ի վիճակի են իրենց ծառայութիւնը այդ կերպով ընդարձակելու։ Ուրիշ եղբայրներ թերեւս չեն ձգտիր ժողովքային պատասխանատուութիւններ ստանձնելու (Ա. Տիմ. 3։1)։ Այս պարագաներէն մէկը ունեցած պարագայիդ կը նմանի՞։ Եհովան սիրալիրօրէն քեզ կը հրաւիրէ, որ այդ առանձնաշնորհումներուն հասնիս։ Ուստի ինչո՞ւ միտքդ չփոխես ու Աստուծոյ եւ ուրիշներուն քու անձէդ տալու ուրախութիւնը չվայելես։
Ափրիկէի մէջ, Էլլա անունով բեթէլական քոյր մը կ’ըսէ. «Երբ առաջին անգամ Բեթէլ եկայ, չէի գիտեր թէ ո՛րքան պիտի դիմանամ։ Կ’ուզէի ամբողջ հոգիովս Եհովային ծառայել, բայց միւս կողմէ շատ կապուած էի ընտանիքիս։ Սկիզբը, ընտանիքս շա՜տ կը կարօտնայի։ Սակայն սենեկակիցս զիս քաջալերեց, ուստի որոշեցի մնալ։ Տասը տարի Բեթէլի մէջ անցուցած ըլլալով, կ’ուզեմ կարելի եղածին չափ երկար ատեն ծառայել եղբայրներուս եւ քոյրերուս, Բեթէլի նշանակումիս մէջ մնալով»։
ԵՐԲ ՄԻՏՔԴ ՓՈԽԵԼԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է
Կը յիշե՞ս ինչ պատահեցաւ Կայէնին, երբ իր եղբօր նախանձելով «խիստ բարկացաւ»։ Աստուած այս կախերես մարդուն ըսաւ, որ եթէ չարութենէ ետ կենայ, դարձեալ իր հաճութիւնը պիտի ունենայ։ Աստուած Կայէնին յորդոր տուաւ, որ «դրանը քով պառկած» մեղքին իշխէ։ Կայէն կրնա՛ր իր կեցուածքը եւ միտքը փոխել, բայց նախընտրեց անտեսել Աստուծոյ յորդորը։ Ցաւօք սրտի, ան սպաննեց իր եղբայրը եւ մարդոց մէջ առաջին մարդասպանը դարձաւ (Ծն. 4։2-8)։
Ոզիա թագաւորի պարագան նկատի առ։ Սկիզբը, ան Եհովայի աչքին ճիշդ բաներ կ’ընէր եւ շարունակաբար զինք կը փնտռէր։ Բայց յետագային անոր սիրտը հպարտացաւ։ Ան տաճար մտաւ խունկ ծխելու, թէպէտ որ քահանայ չէր։ Երբ քահանաները զինք զգուշացուցին որ այս ամբարտաւանութիւնը չգործէ, արդեօք Ոզիա իր միտքը փոխե՞ց։ Ո՛չ. ան «բարկացաւ» եւ իրենց զգուշացումը անտեսեց։ Հետեւաբար, Եհովան զինք բորոտութեամբ զարկաւ (Բ. Մն. 26։3-5, 16-20)։
Արդարեւ, կա՛ն պահեր երբ շատ անհրաժեշտ է որ մեր միտքը փոխենք։ Ահաւասիկ արդի օրինակ մը։ Ժաքիմ 1955–ին մկրտուեցաւ, բայց 1978–ին վտարուեցաւ։ Աւելի քան 20 տարի ետք, ան զղջումի ոգի ցուցաբերեց եւ վերահաստատուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ։ Վերջերս, երէց մը իրեն հարցուց, թէ ինչո՛ւ այդքան երկար սպասեց։ Ժաքիմ պատասխանեց. «Ես թէ՛ բարկացած եւ թէ հպարտ էի։ Իրապէս կ’ափսոսամ որ այդքան երկար սպասեցի։ Մինչ վտարուած էի, գիտէի թէ Եհովայի վկաները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն»։ Ան պէտք էր փոխէր իր կեցուածքը եւ զղջար։
Մենք ալ թերեւս որոշ պայմաններու ներքեւ, մեր միտքը եւ ընթացքը փոխելու հարկը տեսնենք։ Ուստի յօժարինք այդպէս ընել, որպէսզի հաճելի ըլլանք Եհովայի աչքին (Սաղ. 34։8)։