Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ»

«Քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ»

«Այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր» (ՂՈՒԿ. 10։21

1. Յիսուս ինչո՞ւ «Հոգիով ուրախացաւ» (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԿՐՆԱ՞Ս պատկերացնել թէ Յիսուս ինչպէ՛ս «Հոգիով ուրախացաւ»։ Թերեւս երեւակայես իր ժպտուն դիմագիծը ու փայլուն աչքերը։ Ի՞նչ բան զինք այսքան ուրախացուցեր էր։ Ան տակաւին նոր ղրկած էր 70 * աշակերտ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու։ Ան խորապէս հետաքրքրուած էր, թէ անոնք ինչպէ՛ս պիտի կատարէին իրենց նշանակումը։ Բարի լուրի ազդու թշնամիները շատուոր էին, ինչպէս՝ խորամանկ եւ ուսեալ դպիրներն ու փարիսեցիները, որոնք շատերու վրայ ճնշում կը բանեցնէին, որ Յիսուսը ցած աչքով դիտեն որպէս լոկ ատաղձագործ, իսկ իր աշակերտներն ալ՝ որպէս «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» (Գործք 4։13. Մար. 6։3)։ Այսուհանդերձ, աշակերտները խանդավառուած վերադարձան իրենց նշանակումէն։ Անոնք մարդոց եւ նոյնիսկ դեւերու հակառակութեան դիմաց քարոզած էին։ Ի՞նչ բան նպաստեց անոնց ուրախութեան ու համարձակութեան (կարդա՛ Ղուկաս 10։1, 17-21

2. ա) Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ առումով երեխաներու պէս էին։ բ) Ի՞նչը Քրիստոսի հետեւորդներուն օգնեց, որ հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններ հասկնան։

2 Նկատէ թէ Յիսուս Եհովային ի՛նչ ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ» (Մատ. 11։25, 26)։ Անշուշտ, Յիսուս ըսել չուզեց թէ իր աշակերտները բառացի երեխաներ էին։ Ան գիտէր որ իսրայէլի մտաւոր եւ ուսեալ մարդոց հետ բաղդատած,– որոնք ինքզինքնին իմաստուն կը կարծէին,– աշակերտները երեխաներու պէս էին։ Աւելի կարեւորը, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ երեխաներու պէս խոնարհ եւ սորվելու պատրաստ մնան (Մատ. 18։1-4)։ Որովհետեւ խոնարհ էին, Եհովան սուրբ հոգիին միջոցով իրենց օգնեց որ հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններ հասկնան։ Իսկ զանոնք արհամարհող մտաւորականները կոյր մնացին, Սատանային եւ իրենց հպարտութեան պատճառով։

3. Ի՞նչ պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։

3 Ահա՛ թէ ինչու Յիսուս այսքան հրճուած էր։ Ան տեսաւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս հոգեւոր խորունկ ճշմարտութիւններ կը բացայայտէր ամէն տեսակ խոնարհ անհատներու, անկախ իրենց ուսման մակարդակէն։ Յիսուս ուրախ էր գիտնալով որ իր Հայրը սորվեցնելու այս կերպին կը հաճէր։ Եհովան չէ փոխուած։ Ան ներկայիս ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ տակաւին սորվեցնելու այս կերպին կը հաճի։ Մինչ պատասխանը կը քննարկենք, թող որ մենք ալ Յիսուսի պէս մեծապէս ուրախանանք։

ԲՈԼՈՐԻ՛Ն ԲԱՑԱՏՐԵԼ ԽՈՐՈՒՆԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

4. Դիտարան–ի պարզացուած հրատարակութիւնը ինչպէ՞ս սիրալիր նուէր մը եղած է շատերու համար։

4 Վերջին տարիներուն, Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ հայթայթուած հոգեւոր ցուցմունքները արտացոլած են այն շեշտը, որ դրուած է պարզութեան ու յստակութեան վրայ։ Նկատի առնենք երեք օրինակ։ Նա՛խ ունինք Դիտարան–ի պարզացուած հրատարակութիւնը, որ իրականութեան մէջ սիրալիր նուէր մըն է անոնց համար, որոնք լեզուական խնդիրներ կամ կարդալու դժուարութիւն ունին *։ Ընտանիքի գլուխներ կ’անդրադառնան թէ իրենց զաւակները այժմ աւելի՛ մասնակցութիւն կը բերեն այս պարբերաթերթի ուսումնասիրութեան մէջ, որ մեր գլխաւոր գործիքն է հոգեւոր կերակուր ստանալու։ Շատեր ազդու, սրտաբուխ եւ շնորհակալական նամակներ գրած են Կառավարիչ մարմինին։ Քոյր մը գրեց թէ կը քաշուէր Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ատեն մեկնաբանութիւններ տալու։ «Կարծես պարի ատեն պատին կռթնող անձ մըն էի», ըսաւ ան։ Բայց հիմա ո՛չ։ Պարզացուած հրատարակութիւնը օգտագործելէ ետք, ան գրեց. «Այժմ մէկէ աւելի պատասխաններ կու տամ եւ այլեւս վախ չունիմ։ Շնորհակալ եմ Եհովայէն եւ ձեզմէ»։

5. Ի՞նչ կարգ մը օգուտներ ունի Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան վերանայուած հրատարակութիւնը։

5 Երկրորդ, կայ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան վերանայուած հրատարակութիւնը, որ լոյս տեսաւ անգլերէն լեզուով 5 հոկտեմբեր 2013–ին, տարեկան ժողովին ընթացքին *։ Այդ հրատարակութեան մէջ, շատ մը համարներու բառերուն թիւը քիչցած է, բայց իմաստը մնացած է անփոփոխ կամ նոյնիսկ աւելի յստակ։ Օրինակի համար, Յոբ 10։1–ի բառերուն թիւը 27–էն 19–ի իջած է, իսկ Առակաց 8։6–ի բառերուն թիւը՝ 20–էն 13–ի։ Երկու համարներն ալ աւելի յստակացած են նոր հրատարակութեան մէջ։ Տասնամեակներ հաւատարմօրէն ծառայող օծեալ եղբայր մը ըսաւ. «Դեռ նոր կարդացի Յոբ գիրքը այս նոր հրատարակութենէն, եւ կը զգամ թէ կարծես առաջին անգամ ըլլալով զայն կը հասկնամ»։ Շատեր համանման ակնարկներ ըրած են։

6. Մատթէոս 24։45-47–ի բացատրութեան յստակացումին նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

6 Երրորդ, նկատի առ վերջերս եղած բարելաւումները մեր հասկացողութեան մէջ։ Օրինակի համար, Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւին մէջ աւելի յստակ հասկցանք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ինքնութիւնը (Մատ. 24։45-47)։ Բացատրուեցաւ թէ հաւատարիմ ծառան Կառավարիչ մարմինն է, իսկ «ծառաներ»ը անոնք են, որոնք հոգեւոր սնունդ կը ստանան, ըլլան օծեալնե՛ր թէ «ուրիշ ոչխարներ» (Յովհ. 10։16)։ Որքա՜ն կ’ուրախանանք այդպիսի ճշմարտութիւններ սորվելով եւ նորեկներուն սորվեցնելով։ Եհովան ուրիշ ի՞նչ կերպերով ցոյց տուած է, թէ սորվեցնելու պարզ ու յստակ կերպին կը հաճի։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՒԵԼԻ ՊԱՐԶ ՈՒ ՅՍՏԱԿ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

7, 8. Ներշնչուած նախապատկերացումներու կարգ մը օրինակներ տո՛ւր Աստուածաշունչէն։

7 Եթէ տասնամեակներէ ի վեր Եհովային կը ծառայես, թերեւս նկատած ես թէ մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՛ս աստիճանաբար փոխած են իրենց բացատրելու կերպը Աստուածաշունչի որոշ միջադէպերու շուրջ։ Ինչպէ՞ս։ Անցեալին, մեր հրատարակութիւններուն մէջ յաճախ կը նշուէին տիպ եւ հակատիպ բառերը սուրբգրային արձանագրութիւններու առնչութեամբ։ Աստուածաշունչին պատմութիւնը «տիպ» կը կոչուէր, իսկ ատոր որեւէ մարգարէական կատարումը՝ «հակատիպ»։ Մարգարէական պատկերացումները սուրբգրային հիմ ունի՞ն։ Այո՛։ Օրինակի համար, Յիսուս «Յովնան մարգարէին նշանը» նշեց (կարդա՛ Մատթէոս 12։39, 40)։ Ան բացատրեց թէ Յովնանին երեք օր ձկան փորին մէջ մնալը,– որ Յովնանին գերեզմանը պիտի ըլլար եթէ Եհովան չմիջամտէր,– նախապատկերացում մըն էր իր երեք օր գերեզմանին մէջ մնալուն։

8 Աստուածաշունչը ուրիշ ներշնչուած նախապատկերացումներ ալ ունի։ Պօղոս առաքեալ անոնցմէ ոմանք քննարկեց։ Օրինակի համար, Հագարի եւ Սառայի հետ Աբրահամի փոխյարաբերութիւնը կը նախապատկերացնէր Եհովայի փոխյարաբերութիւնը իսրայէլ ազգին եւ Իր կազմակերպութեան երկնային մասին հետ (Գաղ. 4։22-26)։ Նմանապէս, խորանն ու տաճարը, Քաւութեան օրը, քահանայապետը եւ Մովսիսական օրէնքի ա՛յլ երեսակներ «գալիք բարիքներուն շուքն» էին (Եբ. 9։23-25. 10։1)։ Այսպիսի նախապատկերացումներ ուսումնասիրելը հիանալի է եւ հաւատք կը կերտէ։ Սակայն կրնա՞նք եզրակացնել, թէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած իւրաքանչիւր անձնաւորութիւն, դէպք կամ առարկայ կը նախապատկերացնէ մէկը կամ բան մը։

9. Անցեալին, Նաբովթի պատմութիւնը ինչպէ՞ս կը բացատրուէր։

9 Անցեալին, մեր հրատարակութիւններուն մէջ այսպիսի մօտեցում կը գործածուէր։ Նկատի առ, զոր օրինակ, Նաբովթը, որուն անարդար դատավարութիւնն ու մահապատիժը կարգադրուեցաւ Յեզաբէլ չար թագուհիին կողմէ, որպէսզի Աքաաբ կարենար անոր այգիին տիրանալ (Գ. Թագ. 21։1-16)։ 1932–ին, Դիտարան–ը բացատրեց թէ Աքաաբն ու Յեզաբէլը կը ներկայացնէին Սատանան ու անոր կազմակերպութիւնը, իսկ Նաբովթ կը պատկերացնէր Յիսուսը, եւ Նաբովթի մահը կը խորհրդանշէր Յիսուսին մահապատիժը։ Բայց տասնամեակներ ետք, 1961–ին հրատարակուած «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» գիրքը նշեց, թէ Նաբովթ կը պատկերացնէր օծեալները, իսկ Յեզաբէլ՝ քրիստոնէական աշխարհը։ Ուստի Յեզաբէլէն եկած Նաբովթի հալածանքը կը պատկերացնէր օծեալներուն հալածանքը վերջին օրերուն ընթացքին։ Աստուածաշունչի պատմութիւնները բացատրելու այս մօտեցումը երկար տարիներ զօրացուցած է Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքը։ Ուստի ինչո՞ւ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է։

10. ա) Հաւատարիմ ծառան ի՞նչ առումով աւելի զգոյշ է, երբ Աստուածաշունչի պատմութիւններ կը բացատրէ։ բ) Այժմ մեր հրատարակութիւնները ի՞նչ բանի վրայ աւելի կը կեդրոնանան։

10 Զարմանալի չէ որ Եհովան տարիներու ընթացքին օգնած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին, որ աւելի խոհեմ ըլլայ։ Այժմ, հաւատարիմ ծառան աւելի զգոյշ կ’ըլլայ Աստուածաշունչի պատմութիւններու առնչութեամբ, զանոնք մարգարէական կոչելով միայն եթէ սուրբգրային յստակ պատճառ ըլլայ։ Աւելին, նկատուած է որ տիպերու եւ հակատիպերու հին բացատրութիւններէն ոմանք անտեղիօրէն դժուարահասկնալի եղած են շատերու համար։ Այդ ուսուցումներուն մանրամասնութիւնները,– թէ ո՛վ զով կը պատկերացնէ եւ ինչո՛ւ,– կրնան դժուար ըլլալ սորվելու, յիշելու եւ կիրարկելու համար։ Աւելի կարեւորը այն է, որ շեշտը հաւանական հակատիպ կատարումներուն վրայ դրուելով, Աստուածաշունչի պատմութիւններէն քաղուած բարոյական եւ գործնական դասերը կ’աղօտէին։ Ուստի այժմ կը նշմարենք, որ մեր հրատարակութիւնները աւելի կը կեդրոնանան պարզ եւ գործնական դասերու վրայ, կերտելով հաւատք, համբերատարութիւն, աստուածպաշտութիւն եւ ա՛յլ կարեւոր յատկութիւններ, որոնք Աստուածաշունչի պատմութիւններէն կը սորվինք *։

Նաբովթին օրինակը մեզի ազդու դաս մը կը սորվեցնէ (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. ա) Այժմ ինչպէ՞ս կը հասկնանք Նաբովթին պատմութիւնը եւ ան ինչո՞ւ մեզի օրինակ կը հանդիսանայ։ բ) Վերջին տարիներուն, մեր հրատարակութիւնները ինչո՞ւ հազուադէպ նշած են տիպեր ու հակատիպեր (տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը այս թիւին մէջ)։

11 Հիմա աւելի յստակ եւ պարզ կը հասկնանք Նաբովթին պատմութիւնը։ Այդ արդար մարդը մահացաւ ոչ թէ քանի որ կը նախապատկերացնէր Յիսուսը կամ օծեալները, այլ՝ քանի որ ուղղամիտ մնաց։ Հեղինակութեան սոսկալի չարաշահումի դիմաց, ան Եհովայի Օրէնքին կառչած մնաց (Թուոց 36։7. Գ. Թագ. 21։3)։ Այս առումով ան մեզի օրինակ կը հանդիսանայ, քանի որ մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ համանման պատճառներով հալածանք դիմագրաւել (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։12)։ Ամէն մարդ, ինչ ենթահող ալ ունենայ, կրնայ այս հաւատք կերտող դասը հասկնալ, յիշել եւ կիրարկել։

12. ա) Աստուածաշունչի պատմութիւններուն առնչութեամբ ի՞նչ պէտք չէ եզրակացնենք։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք յստակ բացատրութիւններ ստանալ նոյնիսկ խոր բաներուն մասին (տե՛ս ստորանիշը)։

12 Պէ՞տք է եզրակացնենք, թէ Աստուածաշունչի պատմութիւնները գործնական դասերէն զատ ուրիշ որեւէ իմաստ չունին։ Ո՛չ։ Փոխանակ Աստուածաշունչի կարգ մը պատմութիւններ որպէս տիպ եւ հակատիպ բացատրելու, այժմ աւելի հաւանական է որ մեր հրատարակութիւնները նշեն, թէ որոշ բան մը մեզի կը յիշեցնէ կամ կը լուսաբանէ ուրիշ բան մը։ Օրինակ, հալածանքի եւ մահուան առջեւ Նաբովթին ուղղամտութիւնը մեր միտքը կը բերէ Քրիստոսին եւ օծեալներուն ուղղամտութիւնը։ Բայց նաեւ կրնանք յիշել «ուրիշ ոչխարներ»էն շատերուն հաւատարիմ կեցուածքը։ Բացորոշ է որ Եհովան մեզի յստակ ու պարզ կերպով կը սորվեցնէ *։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՒԵԼԻ ՊԱՐԶ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

13. Ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան, թէ այժմ աւելի յստակ ու պարզ կերպով կը բացատրենք Յիսուսի կարգ մը առակները։

13 Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ ցարդ ապրած մեծագոյն Ուսուցիչն էր։ Սորվեցնելու իր նախասիրած մեթոտներէն մէկն էր՝ առակներ գործածել (Մատ. 13։34)։ Առակները պատկերաւոր խօսքեր են, որոնք միտքը կը գրգռեն եւ սրտին կը հասնին։ Արդեօք մեր հրատարակութիւնները տարիներու ընթացքին աւելի պարզ ու յստակ բացատրութիւններ տուա՞ծ են նաեւ Յիսուսի առակներուն շուրջ։ Անկասկած տուած են։ Դիտարան–ի 1 յուլիս 2008 թիւը, զոր օրինակ, աւելի յստակացուց Յիսուսի հետեւեալ առակներուն իմաստը. խմորին առակը, մանանեխին առակը եւ ուռկանին առակը։ Այժմ յստակօրէն կը տեսնենք, թէ այս առակները կ’ակնարկեն Աստուծոյ Թագաւորութեան, որ շատերու օգնած է այս չար աշխարհը մերժելու եւ Քրիստոսի հետեւորդներ դառնալու։

14. ա) Բարի սամարացիին առակը ինչպէ՞ս կը բացատրէինք։ բ) Այժմ ինչպէ՞ս կը հասկնանք Յիսուսին առակը։

14 Բայց ի՞նչ ըսել Յիսուսի այն առակներուն մասին, որոնք մանրամասնուած եւ աւելի երկար են։ Անշուշտ, անոնցմէ ոմանք այլաբանական եւ մարգարէական են, մինչ ուրիշներ գործնական դասեր կ’ընդգծեն։ Բայց ինչպէ՞ս զանազանենք։ Տարիներու ընթացքին, պատասխանը աստիճանաբար յստակացած է։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կը բացատրէինք բարի սամարացիին առակը (Ղուկ. 10։30-37)։ 1924–ին, Դիտարան–ը ըսաւ թէ սամարացին կը պատկերացնէր Յիսուսը, Երուսաղէմէն Երիքով տանող զառիվայր ճամբան կը պատկերացնէր Եդեմի մէջի ըմբոստութենէն ի վեր մարդկութեան անկումը, աւազակները կը ներկայացնէին հսկայ հաստատութիւններ եւ շահամոլներ, իսկ քահանան ու ղեւտացին կը խորհրդանշէին եկեղեցական դրութիւններ։ Այսօր, մեր հրատարակութիւնները այդ առակը կը գործածեն, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաներուն յիշեցնեն, թէ կարիքաւորներուն օգնելու մէջ անաչառ պէտք է ըլլանք, մա՛նաւանդ հոգեւոր գետնի վրայ։ Արդեօք չե՞նք ուրախանար, տեսնելով որ Եհովան ինչպէ՛ս իր ուսուցումները մեզի աւելի կը յստակացնէ։

15. Ի՞նչ պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

15 Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք տասը կոյսերուն առակը (Մատ. 25։1-13)։ Յիսուս այս ազդու առակով ի՞նչ ուզեց հասկցնել վերջին օրերուն մէջ ապրող իր հետեւորդներուն։ Արդեօք առակին մէջ նշուած բոլոր անձերը, առարկաները եւ դէպքերը մանրամասնուած այլաբանական եւ մարգարէական իմա՞ստ մը ունին, թէ ոչ Յիսուս այս առակով ուզեց վերջին օրերուն մէջ ապրող իր հետեւորդներուն գործնական դաս մը տալ։ Տեսնենք։

^ պարբ. 1 Աստուածաշունչի կարգ մը հին ձեռագիրներ կ’ըսեն «70», մինչդեռ ուրիշներ՝ «72»։

^ պարբ. 4 Պարզացուած հրատարակութիւնը նա՛խ լոյս տեսաւ յուլիս 2011–ին, անգլերէն լեզուով։ Անկէ ի վեր, պարզացուած հրատարակութիւնը քանի մը յաւելեալ լեզուներով ալ մատչելի դարձած է։

^ պարբ. 5 Վերանայուած հրատարակութիւնը ուրիշ լեզուներով ալ մատչելի պիտի ըլլայ։

^ պարբ. 10 Օրինակի համար, Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գիրքը աստուածաշնչական 14 անձնաւորութիւններու կեանքը կը քննարկէ։ Փոխանակ այլաբանական կամ մարգարէական իմաստներ ընդգծելու, գիրքը գործնական դասերուն վրայ կը կեդրոնանայ։

^ պարբ. 12 Ճիշդ է որ Աստուածաշունչին մէջ նաեւ կան «դժուարիմաց խօսքեր», ներառեալ՝ Պօղոսի գրութիւններէն հատուածներ, բայց Աստուածաշունչը գրի առնող բոլոր տղամարդիկը սուրբ հոգիէն ներշնչուած էին։ Ներկայիս, այդ նոյն հոգին կ’օգնէ ճշմարիտ քրիստոնեաներուն, որ նոյնիսկ «Աստուծոյ խորունկ բաները» յստակօրէն հասկնան (Բ. Պետ. 3։16, 17. Ա. Կոր. 2։10