Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային ծառայել «թշուառութեան օրեր»ուն մէջ

Եհովային ծառայել «թշուառութեան օրեր»ուն մէջ

«ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆՍ երթալէն ետեւ կ’երթայ ու ինծի արգելք կ’ըլլայ», կը հառաչէ Էռնսթ անունով եղբայր մը, որ 70–ական տարիքի մէջ է *։ Այս վիճակը քեզի ծանօթ կը թուի՞։ Եթէ սկսած ես տարիքդ առնել եւ կը զգաս որ առողջութիւնդ եւ ուժդ ձեռքէդ կ’երթան, հաւանաբար շատ լաւ կը հասկնաս Ժողովող գրքին 12–րդ գլուխին տուած նկարագրութիւնը։ Առաջին համարին մէջ, ծերութեան օրերը «թշուառութեան օրեր» կոչուած են։ Բայց պայման չէ որ այդ թշուառութեան գերին ըլլաս։ Տակաւին կրնա՛ս իմաստալից կեանք մը վարել՝ ուրախութեամբ Եհովային ծառայելով։

ՀԱՒԱՏՔԴ ԶՕՐԱՒՈՐ ՊԱՀԷ

Սիրելի՛ տարեց եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք առանձին չէք ձեր փորձութիւններուն մէջ։ Վաղեմի օրերուն, Եհովայի տարիքաւոր ծառաները ձեզի պէս դժուարութիւններ քաշեցին։ Օրինակի համար, Իսահակ, Յակոբ եւ Աքիա իրենց տեսողութիւնը կորսնցուցին (Ծն. 27։1. 48։10. Գ. Թագ. 14։4)։ Սառա ինքզինք ‘պառաւած’ նկատեց (Ծն. 18։11, 12)։ Դաւիթ թագաւոր «չէր տաքնար» (Գ. Թագ. 1։1)։ Հարուստ Բերզելին այլեւս չէր կրնար իր կերածին համը առնել կամ երաժշտութեան ձայնը վայելել (Բ. Թագ. 19։32-35)։ Թէ՛ Աբրահամ եւ թէ Նոեմի իրենց կողակիցներուն կորուստը քաշեցին (Ծն. 23։1, 2. Հռութ 1։3, 12

Ի՞նչ բան իւրաքանչիւրին օգնեց որ Եհովային հաւատարիմ մնայ ու իր ուրախութիւնը չկորսնցնէ։ Աբրահամ Աստուծոյ խոստումին նկատմամբ իր ունեցած «հաւատքով զօրացա[ւ]» իր ծերութեան ատեն (Հռով. 4։19, 20)։ Մենք ալ զօրաւոր հաւատքի պէտք ունինք։ Զօրաւոր հաւատքը կախեալ չէ մեր տարիքէն, կարողութիւններէն կամ պարագաներէն։ Յակոբ նահապետը, զոր օրինակ, տկարացած, կուրցած եւ անկողնին գամուած ըլլալով հանդերձ, ցոյց տուաւ որ իսկապէս կը հաւատար Աստուծոյ խոստումներուն (Ծն. 48։1-4, 10. Եբ. 11։21)։ Ներկայիս, 93–ամեայ Ինես մկանային տկարութենէ տառապելով հանդերձ կ’ըսէ. «Ամէն օր կը զգամ Եհովայի ճոխ վարձատրութիւնը։ Ամէն օր Դրախտին մասին կը մտածեմ։ Ատիկա մէջս յոյս կը ներշնչէ»։ Ի՜նչ ընտիր եւ դրական կեցուածք։

Մեր հաւատքը կը զօրացնենք աղօթելով, Աստուծոյ Խօսքը քննելով եւ ժողովներուն ներկայ գտնուելով։ Տարիքը առած Դանիէլ մարգարէն կանոնաւորաբար օրը երեք անգամ կ’աղօթէր եւ շարունակեց Աստուծոյ Խօսքը սերտել (Դան. 6։10. 9։2)։ Որբեւայրի ու տարեց Աննան «տաճարէն չէր զատուեր» (Ղուկ. 2։36, 37)։ Երբ ձեր կրցածին չափ ժողովներու ներկայ ըլլաք ու մասնակցիք անոնց, ոչ միայն դուք ձեզ կը թարմացնէք, այլեւ՝ բոլոր ներկաները։ Եւ Եհովան միշտ հաճոյք կ’առնէ ձեր աղօթքներէն, նոյնիսկ եթէ որոշ բաներ առաջուան պէս չէք կրնար ընել (Առ. 15։8

Զիրար քաջալերեցէք

Հաւատարիմ հաւատակիցնե՛ր, ձեզմէ շատեր դժուար կամ թերեւս անկարելի կը գտնեն ժողովներու երթալը՝ աչքի կամ մարմնի տկարութեան պատճառով։ Եթէ այդ է պարագան, ձեզի մատչելի եղած բոլոր միջոցներէն օգտուեցէք։ Շատեր որոնք չեն կրնար ժողովներուն երթալ, յայտագիրը հեռաձայնով մտիկ կ’ընեն։ Աչքը տկարացած ըլլալով հանդերձ, Ինկ անունով 79–ամեայ քոյր մը ժողովքին եղբայրներէն մէկուն կողմէ պատրաստուած շատ մեծ տառերով տպագրութիւններ կ’օգտագործէ ժողովներուն նախապատրաստուելու համար։

Թերեւս ունիք բան մը որ շատեր կ’ուզեն ունենալ,– ժամանակ։ Ինչո՞ւ զայն չգործածէք Աստուածաշունչի եւ սուրբգրային հրատարակութիւններու, դասախօսութիւններու եւ թատերախաղերու ձայնագրութիւններ մտիկ ընելու։ Նաեւ կրնաք նախաքայլը առնել՝ հաւատակիցներու հեռաձայնելով, որ հոգեւոր շնորհք մը բաժնէք եւ «փոխադարձ հաւատք»ով քաջալերուիք (Հռով. 1։11, 12

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՒՆԵԱՅ ՄՆԱ

Խօսքը քարոզեցէք

«Ահռելի է, երբ չես կրնար առաջուան պէս գործունեայ ըլլալ», նեղանալով կ’ըսէ Քրիսթան, որ 80–ական տարիքի մէջ է։ Լաւ, ծերերը ինչպէ՞ս կրնան իրենց ուրախութիւնը պահպանել։ «Դրական հայեցակէտ ունենալով», կ’ըսէ 75–ամեայ Փէթ, «շարունակ չմտածելով թէ այլեւս ի՛նչ չես կրնար ընել, հապա հաճոյք առնելով այն բաներէն, որոնք կրնաս ընել»։

Կա՞ն արդեօք վկայութեան կերպեր, որոնք տակաւին կրնաք օգտագործել։ Քոյր Հայտին չի կրնար առաջուան պէս տունէ տուն քարոզել։ Ան իր 80–ական տարիքի մէջ սորվեցաւ համակարգիչ գործածել՝ նամակներ գրելու համար։ Կարգ մը տարեց հրատարակիչներ զբօսավայրի մը մէջ նստած ատեն կամ հանրակառքի սպասած ատեն կը սկսին մարդոց հետ Աստուածաշունչը քննարկել։ Իսկ եթէ ներկայիս խնամատան մէջ կ’ապրիք, արդեօք կրնա՞ք ձեզի հոգ տանող անձնակազմը եւ միւս բնակիչները ձեր «թաղամաս»ը նկատել։

Հիւրասէր եղէք

Իր ծերութեան ժամանակ, Դաւիթ թագաւորը խանդավառօրէն յառաջ մղեց մաքուր պաշտամունքը։ Ան տաճարի շինարարութիւնը կազմակերպեց եւ նուիրատուութիւններ ըրաւ (Ա. Մն. 28։11–29։5)։ Այսօր ալ կրնաք գործօն բաժին բերել Թագաւորութեան աշխարհածաւալ գործին մէջ։ Կրնաք ձեր քաջալերական խօսքերով, պզտիկ նուէրներով կամ հիւրասիրութիւններով թիկունք կանգնիլ ժողովքին ռահվիրաներուն կամ ուրիշ նախանձախնդիր հրատարակիչներու։ Կրնաք ձեր աղօթքներուն մէջ նշել պատանիներն ու ընտանիքները, լիաժամ ծառաները, հիւանդները եւ ծանր պատասխանատուութիւններ ունեցողները։

Թանկագի՛ն տարեցներ, ձեր ծառայութիւնը մեծ արժէք ունի։ Մեր երկնաւոր Հայրը ձեզ բնաւ երեսէ պիտի չձգէ (Սաղ. 71։9)։ Ան ձեզ կը սիրէ եւ ձեր վրայ կը գուրգուրայ։ Մօտ ատենէն, բոլորս տարիքով պիտի յառաջանանք առա՛նց թշուառութեան կամ տառապանքի։ Եռանդուն եւ կատարելապէս առողջ ըլլալով, պիտի շարունակենք մեր սիրառատ Եհովա Աստուծոյն ծառայել յաւիտեա՛ն։

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։