Յովհաննայէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ
ՇԱՏԵՐ գիտեն թէ Յիսուս 12 առաքեալ ունէր, բայց թերեւս լուր չունին որ իր աշակերտներուն մէջ կային նաեւ կիներ, որոնք մօտէն իրեն կ’ընկերակցէին։ Յովհաննան այդ կիներէն մէկն էր (Մատ. 27։55. Ղուկ. 8։3)։
Յիսուսի կատարած ծառայութեան մէջ Յովհաննան ի՞նչ դեր խաղցաւ, եւ իր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
Ո՞Վ ԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԱՆ
Յովհաննան Հերովդէս Անթիպասի «տանը վերակացուին՝ Քուզայի կինն» էր։ Ան այն կիներէն մէկն էր, որ Յիսուս բժշկած էր։ Յովհաննան, միւս կիներուն կողքին, Յիսուսին եւ անոր առաքեալներուն հետ կը ճամբորդէր (Ղուկ. 8։1-3)։
Հրեայ ռաբբիները կը սորվեցնէին, որ կիները պէտք չէր ընկերակցէին, նամանաւանդ ճամբորդէին, իրենց ազգականը չեղող տղամարդոց հետ։ Եւ տղամարդիկը պէտք չէր շատ խօսէին կիներու հետ։ Այս աւանդութիւնները մէկ կողմ դնելով, Յիսուս թոյլ տուաւ որ Յովհաննան եւ միւս հաւատացեալ կիները իր խումբին ընկերակցէին։
Յովհաննան Յիսուսին եւ առաքեալներուն ընկերակցելով՝ աչքը առաւ որ մարդոց կողմէ քննադատուի։ Բոլոր անոնք որոնք Յիսուսի կը հետեւէին, պէտք էր պատրաստ ըլլային իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու։ Սակայն Յիսուս այսպիսի հետեւորդներու համար ըսաւ. «Մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու զանիկա կը կատարեն» (Ղուկ. 8։19-21. 18։28-30)։ Չե՞ս քաջալերուիր գիտնալով որ Յիսուս շատ մօտ կը զգայ անոնց, որոնք իրեն հետեւելու համար զոհողութիւններ կ’ընեն։
ԻՐ ՍՏԱՑՈՒԱԾՔՈՎԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ Կ’ԸՆԷՐ
Յովհաննան եւ ուրիշ շատ մը կիներ «իրենց ստացուածքովը» կը ծառայէին Յիսուսին եւ 12 առաքեալներուն (Ղուկ. 8։3)։ Գրող մը կ’ըսէ. «Ղուկաս ըսել չ’ուզեր, որ կիները ճաշ կ’եփէին, պնակները կը լուային եւ հագուստները կը կարկտնէին։ Թերեւս ալ կ’ընէին. . . բայց Ղուկասին ըսածը ասիկա չէ»։ Ըստ երեւոյթին, կիները իրենց դրամը, ինչքը կամ կալուածը կը գործածէին՝ իրենց ընկերակիցներուն նիւթապէս հոգ տանելու համար։
Ո՛չ Յիսուս, ոչ ալ իր առաքեալները կ’աշխատէին իրենց քարոզչական շրջագայութիւններուն ատեն։ Ուստի անոնք հաւանաբար չէին կրնար վճարել մօտաւոր 20 անհատի ուտելիքի եւ այլ պէտքերու ծախսերը։ Թերեւս մարդիկ զիրենք կը հիւրասիրէին։ Սակայն կրնանք ենթադրել որ Յիսուս Յովհ. 12։6. 13։28, 29)։ Կրնայ ըլլալ որ Յովհաննան եւ միւս կիները ծախսերը գոցելու համար նուիրատուութիւններ կ’ընէին։
եւ առաքեալները միշտ հիւրասիրութեան չէին վստահեր, քանի որ «գանձանակ» մը կը կրէին (Ոմանք կ’առարկեն, ըսելով որ հրեայ կինը ստացուածք չէր ունենար։ Սակայն, այդ ժամանակներէն մնացած բնագիրներ ցոյց կու տան, թէ հրեաներուն քով՝ կին մը կրնար զանազան ձեւերով ինչք ունենալ. 1) որպէս ժառանգ, եթէ իր հայրը առանց տղայ զաւակի մեռնէր, 2) որպէս իրեն տրուած կալուած, 3) որպէս ամուսնալուծումէ ետք իրեն ինկող դրամ, ըստ ամուսնական պայմանագրին, 4) որպէս եկամուտ իր մահացած ամուսինին ունեցուածքէն, կամ 5) որպէս անձնական շահ։
Անկասկած, Յիսուսին հետեւորդները իրենց կրցածին չափ կու տային։ Կրնայ ըլլալ որ անոնց մէջ կային հարուստ կիներ։ Որովհետեւ Յովհաննային ամուսինը Հերովդէսին տնտեսն էր, կամ ալ եղած էր, ոմանք կ’եզրակացնեն թէ ան նիւթական լաւ վիճակ ունէր։ Կրնայ ըլլալ որ իրեն պէս անհատ մը Յիսուսին տուած ըլլար առանց կարի պատմուճանը։ Հեղինակուհի մը կ’ըսէ, թէ ասիկա բան մըն էր, որ ձկնորսներուն կիները կարողութիւնը չունէին տալու (Յովհ. 19։23, 24)։
Աստուածաշունչը մասնաւորապէս չ’ըսեր, թէ Յովհաննան դրամական նուիրատուութիւններ կ’ընէր։ Սակայն, ան ձեռքէն եկածը կ’ընէր։ Ասիկա մեզի դաս մը կը սորվեցնէ։ Մեզի կ’իյնայ թէ Թագաւորութեան շահերուն համար ի՛նչ կու տանք, կամ թէ կ’ուզենք բան մը տալ թէ ոչ։ Աստուծոյ համար կարեւոր բանը այն է, թէ ուրախութեամբ մեր կարելին ընենք (Մատ. 6։33. Մար. 14։8. Բ. Կոր. 9։7)։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՏԵՆ ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ
Ըստ երեւոյթին, Յիսուսի մահուան ատեն Յովհաննան ներկայ էր, ինչպէս նաեւ ուրիշ կիներ, «որոնք երբ Յիսուս Գալիլիա էր, անոր ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին։ Ուրիշ շատ կիներ ալ՝ որոնք իրեն հետ Երուսաղէմ ելեր էին» (Մար. 15։41)։ Երբ Յիսուսին մարմինը գերեզման պիտի դրուէր, «այն կիները, որոնք իրեն հետ Գալիլիայէն եկած էին. . . տեսան գերեզմանը, թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։ Եւ դառնալով՝ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին»։ Ղուկաս այս կիներուն ինքնութիւնը կը յայտնէ. «Մարիամ Մագդաղինացին ու Յովհաննան եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամ»։ Անոնք Շաբաթէն ետք եկան եւ տեսան հրեշտակներ, որոնք Յիսուսին յարութեան լուրը տուին իրենց (Ղուկ. 23։55–24։10)։
Կրնայ ըլլալ որ Յովհաննան, Յիսուսի մօր եւ եղբայրներուն կողքին, այն աշակերտներուն մէջն էր, որոնք Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած էին (Գործք 1։12-14)։ Ղուկաս միակ աւետարանագիրն է որ Յովհաննային անունը կը նշէ։ Ուստի կրնայ ըլլալ որ Յովհաննան էր որ Ղուկասին տուաւ անձնական տեղեկութիւններ Հերովդէս Անթիպասի մասին, քանի որ պալատին հետ կապ ունէր (Ղուկ. 8։3. 9։7-9. 23։8-12. 24։10)։
Յովհաննային պատմութիւնը մեզի շատ կարեւոր դասեր կը սորվեցնէ։ Ան Յիսուսին լաւագոյնս ծառայեց։ Ան ուրախ ըլլալու էր, երբ իր նուիրատուութիւնները կ’օգնէին Յիսուսին, 12 առաքեալներուն եւ ուրիշ աշակերտներու, որ միասնաբար ճամբորդեն ու քարոզեն։ Յովհաննան Յիսուսին ծառայեց եւ փորձութիւններու դիմաց՝ իրեն հաւատարիմ մնաց։ Քրիստոնեայ կիները իր աստուածավախ կեցուածքը ընդօրինակելով լաւ կ’ընեն։