«Հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք»
«Հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք. . . զօրացէ՛ք» (Ա. ԿՈՐ. 16։13)։
1. ա) Գալիլիայի ծովուն մէջ ալեկոծութեան մը ընթացքին, Պետրոսին ի՞նչ կը պատահի (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Պետրոս ինչո՞ւ սկսաւ ընկղմիլ։
ԳԻՇԵՐ մը Գալիլիայի ծովուն մէջ ալեկոծութեան մը ընթացքին, Պետրոս առաքեալը եւ կարգ մը աշակերտներ դժուարաւ նաւը կը թիավարեն։ Յանկարծ անոնք կը տեսնեն, որ Յիսուս ծովուն վրայ կը քալէ։ Պետրոս Յիսուսը կը կանչէ եւ կը խնդրէ որ ջուրերուն վրայէն իրեն երթայ։ Երբ Յիսուս իրեն կ’ըսէ որ գայ, Պետրոս նաւէն կ’իջնէ եւ հրաշալիօրէն ջուրերուն վրայէն կը քալէ՝ Յիսուսի քով երթալու համար։ Սակայն քիչ ետք Պետրոս կը սկսի ընկղմիլ։ Ինչո՞ւ։ Ան սաստիկ հովին նայեցաւ եւ սկսաւ վախնալ։ Պետրոս Յիսուսին կ’աղաղակէ, եւ Յիսուս արագօրէն զինք կը բռնէ ու կ’ըսէ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար» (Մատ. 14։24-32)։
2. Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
2 Նկատի առնենք հաւատքի մասին երեք բաներ, զորս կրնանք սորվիլ Պետրոսի փորձառութենէն. 1) սկիզբը Պետրոս ինչպէ՛ս ցուցուց որ կը հաւատար թէ Աստուած կրնայ օգնել իրեն, 2) Պետրոս ինչո՛ւ սկսաւ իր հաւատքը կորսնցնել, եւ 3) ի՛նչ բան Պետրոսին օգնեց իր հաւատքը վերագտնելու։ Այս կէտերը նկատի առնելը մեզի կրնայ օգնել տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք «հաւատքի մէջ հաստա՛տ [կենալ]» (Ա. Կոր. 16։13)։
ՀԱՒԱՏԱՆՔ ԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ՄԵԶԻ
3. Պետրոս ինչո՞ւ նաւէն իջաւ, եւ մենք նոյնանման ի՞նչ բան ըրած ենք։
3 Պետրոս հաւատքո՛վ նաւէն իջաւ որպէսզի ջուրերուն վրայէն քալէ։ Յիսուս զինք կանչած էր եւ ինք վստահութիւն ունէր, որ Աստուծոյ զօրութիւնը իրեն պիտի օգնէր, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսին կ’օգնէր։ Նմանապէս, երբ Յիսուս մեզ կանչեց իր հետեւորդը ըլլալու եւ իր քայլերուն հետեւելու, մենք հաւատքո՛վ մեր կեանքը Եհովային նուիրեցինք եւ մկրտուեցանք։ Կարեւոր էր որ Յիսուսին եւ Աստուծոյ հաւատայինք ու վստահ ըլլայինք որ մեզի զանազան կերպերով պիտի օգնեն (Յովհ. 14։1. կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21)։
4, 5. Հաւատքը ինչո՞ւ արժէքաւոր բան մըն է։
4 Հաւատքը իրապէս արժէքաւոր բան մըն է։ Պետրոսին հաւատքը զինք կարող դարձուց ջուրերուն վրայէն քալելու,– բան մը որ մարդու մը համար անկարելի է։ Նմանապէս, մեր հաւատքը մեզ կարող կը դարձնէ ընելու բաներ, որոնք անկարելի կը թուին (Մատ. 21։21, 22)։ Օրինակ՝ շատերս այնքա՛ն մեծ փոփոխութիւններ ըրած ենք մեր կեցուածքներուն եւ սովորութիւններուն մէջ, որ մեզ նախապէս ճանչցողներուն աչքին անծանօթ կը թուինք։ Եհովան մեզի աջակցեցաւ, քանի որ հաւատքո՛վ այդ փոփոխութիւնները ըրինք (կարդա՛ Կողոսացիս 3։5-10)։ Երբ հաւատքը մեզ մղեց Եհովային նուիրուելու, իր բարեկամը դարձանք,– բան մը որ մեր ուժով չէինք կրնար ընել (Եփ. 2։8)։
5 Մեր հաւատքը կը շարունակէ մեզ զօրացնել։ Հաւատքով կրնանք մեր զօրաւոր թշնամիին՝ Բանսարկուին յարձակումներուն դէմ դնել (Եփ. 6։16)։ Աւելին, Եհովային վստահիլը մեզի կ’օգնէ որ շատ չմտահոգուինք երբ խնդիրներ ունենանք։ Եհովան կ’ըսէ որ երբ հաւատքով Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք, մեր նիւթական պէտքերը պիտի ապահովէ (Մատ. 6։30-34)։ Ասկէ զատ, մեր հաւատքին շնորհիւ, պիտի ստանանք պարգեւ մը, որ ո՛չ մէկը կրնայ ի՛ր ջանքերով ձեռք ձգել. յաւիտենական կեանք (Յովհ. 3։16)։
ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼԸ ԿՐՆԱՅ ՀԱՒԱՏՔԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ
6, 7. ա) Պետրոսին շուրջը եղող հովն ու ալիքները ինչի՞ հետ կրնանք բաղդատել։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է լուրջի առնենք, թէ մեր հաւատքը կրնայ պակսիլ։
6 Ջուրերուն վրայէն քալած ատեն Պետրոսին շուրջը եղող հովն ու ալիքները կրնան բաղդատուիլ քրիստոնեային դիմագրաւած փորձութիւններուն հետ։ Նոյնիսկ եթէ ատոնք շատ դժուար ըլլան, Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք հաստատ կենալ։ Յիշէ թէ Պետրոս հովին կամ մեծ ալիքի մը պատճառով չընկղմեցաւ։ Մտածէ թէ նախ ի՛նչ պատահեցաւ. «Տեսնելով հովին սաստիկ ըլլալը՝ վախցաւ» (Մատ. 14։30, ԱԾ)։ Պետրոսին կեդրոնացումը ելաւ Յիսուսին վրայէն, ապա իր հաւատքը խախտեցաւ։ Մենք ալ կրնանք ընկղմիլ, եթէ սկսինք ‘հովին նայիլ’, անոր զօրութեան վրայ կեդրոնանալ եւ կասկած ունենալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։
7 Կարելի է որ մեր հաւատքը պակսի։ Ասիկա պէտք է լուրջի առնենք, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը»՝ հաւատքին տկարանալն է կամ զայն կորսնցնելը (Եբ. 12։1)։ Ինչպէս որ Պետրոսի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, եթէ սխալ բաներու վրայ կեդրոնանանք, մեր հաւատքը կրնայ արագօրէն տկարանալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, թէ մեր հաւատքը այդ վտանգին տակ է։ Հետեւեալ հարցումները մեզի կ’օգնեն մեր անձը քննելու։
8. Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Աստուծոյ խոստումները առաջուան չափ իրական չըլլան մեզի համար։
8 Աստուծոյ խոստումները տակաւին նոյնչափ իրակա՞ն են ինծի համար, որքան որ առաջ էին։ Օրինակ՝ Աստուած խօսք տուած է որ Սատանային աշխարհը պիտի կործանէ։ Սակայն, եթէ Սատանայի աշխարհին հրամցուցած տեսակաւոր ժամանցով Ամբ. 2։3)։ Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ Աստուած խոստացած է որ փրկանքին հիման վրայ մեր մեղքերը ներէ։ Սակայն եթէ անցեալին կատարած մեր մեղքերը մեր խելքը–միտքը առնեն, կրնանք սկսիլ կասկածիլ որ Եհովան իսկապէս մեր բոլոր մեղքերը ‘ջնջած է’ (Գործք 3։19)։ Հետեւաբար կրնանք Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը կորսնցնել եւ անգործունեայ դառնալ։
տարուինք, Աստուծոյ խոստումին հանդէպ մեր հաւատքը պիտի տկարանայ։ Կրնանք սկսիլ կասկածիլ, թէ «վերջ»ը շատ մօտ է (9. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ անձնական շահերու վրայ կեդրոնանանք։
9 Եհովային տակաւին լաւագոյնս կու տա՞մ։ Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ որ Եհովային համար ծանր աշխատիլը կ’օգնէ մեր ունեցած «յոյսը հաստատելու՝ մինչեւ վերջը»։ Սակայն ի՞նչ պիտի պատահի եթէ սկսինք անձնական շահերու վրայ կեդրոնանալ, ինչպէս՝ լաւ վճարումով գործ մը ընդունիլ, որ մեր սուրբ ծառայութիւնը կը սահմանափակէ։ Մեր հաւատքը կրնայ տկարանալ եւ կրնանք «անփոյթ» կամ ծոյլ դառնալ, եւ այսպիսով Եհովային կու տանք աւելի քիչ քան՝ ինչ որ իսկապէս կրնանք (Եբ. 6։10-12)։
10. Ուրիշներուն ներելով ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք որ Եհովային հանդէպ հաւատք ունինք։
10 Ներելը ինծի համար դժուա՞ր է։ Երբ ուրիշներ մեզ վիրաւորեն, կրնա՞յ ըլլալ որ մեր զգացումներուն վրայ կեդրոնանանք եւ իրենց դէմ բարկանանք կամ հետերնին չխօսինք։ Անդին, եթէ ներենք՝ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը ցոյց կու տանք։ Ինչպէ՞ս։ Անոնք որոնք մեզի հանդէպ կը սխալին, մեզի պարտական կ’ըլլան, ճիշդ ինչպէս որ մեր մեղքերը մեզ պարտական կը դարձնեն Եհովային (Ղուկ. 11։4)։ Երբ ուրիշներուն ներենք, ցոյց կու տանք թէ համոզուած ենք որ Եհովային հաճութիւնը ստանալը աւելի արժէքաւոր է, քան՝ անոնց ըրածին հաշիւը գոցելը։ Յիսուսին աշակերտները գիտակցեցան, թէ ուրիշներուն ներելը հաւատք կը պահանջէ։ Երբ անոնց ըսաւ որ պէտք է ներեն նոյնիսկ անոնց, որոնք շատ անգամ իրենց հանդէպ սխալած են, անոնք աղաչեցին. «Մեր հաւատքը աւելցուր» (Ղուկ. 17։1-5)։
11. Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ խրատէն չօգտուինք։
Առ. 19։20)։ Այս պարագային, Եհովային մտածելակերպը ունենալու մէկ առիթը փախցուցած կ’ըլլանք։
11 Երբ խրատ ստանամ, կը նեղանա՞մ։ Կրնայ ըլլալ որ փոխանակ խրատէն օգտուելու կերպ մը փնտռելու, որոշ թերութիւն մը փնտռենք խրատին կամ խրատ տուողին մէջ (12. Եթէ անձ մը առաջնորդութիւն առնողներէն շարունակ գանգատի, ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։
12 Ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն դէմ կը տրտնջա՞մ։ Երբ իսրայէլացիները տասը լրտեսներուն տուած ժխտական տեղեկագրութեան վրայ կեդրոնացան, սկսան Մովսէսին եւ Ահարոնին դէմ տրտնջալ։ Ապա Եհովան հարցուց Մովսէսին. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ. . . պիտի չհաւատան ինծի» (Թուոց 14։2-4, 11)։ Իսրայէլացիները տրտնջալով ցոյց տուին, թէ չէին վստահեր Աստուծոյ, որ Մովսէսն ու Ահարոնը նշանակած էր։ Նմանապէս, եթէ շարունակ գանգատինք անոնցմէ, զորս Եհովան կը գործածէ իր ժողովուրդը առաջնորդելու, ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը տկարացած է։
13. Եթէ տեսնենք թէ մեր հաւատքը տկարացած է, ինչո՞ւ պէտք չէ յուսախաբ ըլլանք։
13 Եթէ այս հարցումները նկատի առնելէ ետք տեսնես որ հաւատքդ տկարացած է, յուսախաբ մի՛ ըլլար։ Նոյնիսկ Պետրոսը, որ առաքեալ մըն էր, սկսաւ վախնալ եւ կասկածիլ։ Եւ Յիսուս ատեններ իր բոլոր առաքեալները յանդիմանեց, քանի որ «թերահաւատ» էին (Մատ. 16։8)։ Սակայն, կարեւոր դաս մը կը սորվինք Պետրոսէն։ Նկատէ թէ ան ի՛նչ ըրաւ երբ կասկածեցաւ եւ սկսաւ ծովուն մէջ ընկղմիլ։
ՀԱՒԱՏՔԴ ԶՕՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ
14, 15. ա) Պետրոս ի՞նչ ըրաւ երբ սկսաւ ընկղմիլ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին ‘նայիլ’։
14 Երբ Պետրոս հովին նայեցաւ եւ սկսաւ ընկղմիլ, ան կրնար փորձել նաւ վերադառնալ։ Ան լաւ լողորդ մըն էր, ուստի կրնար բնականաբար այդպէս վարուիլ (Յովհ. 21։7)։ Սակայն, փոխանակ իր անձին վստահելու, իր կեդրոնացումը վերադարձուց Յիսուսին վրայ եւ անոր օգնութիւնը ընդունեց։ Եթէ զգանք թէ մեր հաւատքը կը տկարանայ, պէտք է Պետրոսին օրինակին հետեւինք։ Ինչպէ՞ս։
15 Ճիշդ ինչպէս որ Պետրոս իր կեդրոնացումը վերադարձուց Յիսուսին վրայ, մենք ալ պէտք է «Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին» (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։2, 3)։ Անշուշտ, չենք կրնար Պետրոսին պէս բառացիօրէն Յիսուսը տեսնել։ Փոխարէն, Յիսուսին ‘կը նայինք’, իր ուսուցումները եւ գործերը քննելով եւ յետոյ անոնց մօտէն հետեւելով։ Նկատի առ Յիսուսը ընդօրինակելու կարգ մը կերպեր։ Եթէ զանոնք գործադրենք, պիտի ստանանք մեր հաւատքը զօրացնելու հարկ եղած օգնութիւնը։
16. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել մեր հաւատքը զօրացնելու։
16 Աստուածաշունչին նկատմամբ վստահութիւնդ զօրացուր։ Յիսուս համոզուած էր, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է եւ լաւագոյն ուղղութիւնները կու տայ (Յովհ. 17։17)։ Յիսուսին հետեւելով, պէտք է ամէն օր Աստուածաշունչը կարդանք, զայն սերտենք եւ մեր սորվածին վրայ խոկանք։ Ասկէ զատ, մեր ունեցած հարցումներուն պատասխանները պէտք է պրպտենք։ Օրինակ՝ երբ մանրամասնօրէն սերտես Աստուածաշունչին փաստերը, թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, աւելի կը համոզուիս թէ այս աշխարհին «վերջ»ը իրապէս մօտ է։ Աստուածաշունչին խոստումներուն նկատմամբ վստահութիւնդ զօրացուր, սերտելով մարգարէութիւններ, որոնք արդէն իսկ կատարուած են։ Աւելի վստահ եղիր որ Աստուածաշունչը գործնական է, կարդալով եղբայրներու եւ քոյրերու մասին, որոնք Աստուածաշունչին օգնութեամբ իրենց կեանքը բարեփոխեցին (Ա. Թես. 2։13) *։
17. ա) Յիսուս ինչո՞ւ կրցաւ շատ դժուար փորձութիւններու մէջ հաւատարիմ մնալ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսը ընդօրինակել։
17 Եհովային խոստացած օրհնութիւններուն վրայ կեդրոնացիր։ Հակառակ շատ դժուար փորձութիւններուն, Յիսուս կրցաւ հաւատարիմ մնալ, քանի որ կեդրոնացած մնաց «իր առջեւ կեցած ուրախութեան» վրայ (Եբ. 12։2)։ Ան աշխարհին հրամցուցած բաներով բնա՛ւ չտարուեցաւ (Մատ. 4։8-10)։ Եհովային խոստումներուն վրայ խոկալով, կրնաս Յիսուսը ընդօրինակել։ Կրնաս գրել կամ գծել, թէ ի՛նչ կ’ուզես ընել նոր աշխարհին մէջ, եւ այսպիսով դուն քեզ Դրախտին մէջ երեւակայել։ Ցանկ մը պատրաստէ, թէ յարութիւն առնողներէն զորո՛նք կ’ուզես տեսնել եւ ի՛նչ կ’ուզես խօսիլ հետերնին։ Ասոնք նկատէ անձամբ քեզի՛ տուած Եհովայի խոստումները, եւ ոչ թէ միայն՝ ընդհանուր առմամբ մարդկութեան։
18. Աղօթքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ հաւատքդ զօրանայ։
18 Աւելի հաւատք ունենալու համար աղօթէ։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրեն (Ղուկ. 11։9, 13)։ Երբ ասիկա կ’ընես, աղօթէ որ աւելի հաւատք ունենաս. հաւատքը՝ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է։ Մասնայատուկ բաներ խնդրէ Եհովայէն. խնդրէ որ քեզի օգնէ, եթէ նկատես թէ ունիս գիծեր, որոնք կը ցուցնեն թէ հաւատքդ տկարացած է, ինչպէս՝ ներելու անկարող ըլլալ։
19. Բարեկամի մը մէջ ի՞նչ պէտք է փնտռենք։
19 Հաւատքի տէր անձերու հետ ընկերակցէ։ Յիսուս իր մօտիկ բարեկամները ուշադրութեամբ ընտրեց։ Իր ամենամօտ բարեկամները՝ առաքեալները իր պատուէրներուն հնազանդելով փաստած էին որ հաւատք ունին եւ հաւատարիմ են (կարդա՛ Յովհաննէս 15։14, 15)։ Ուստի երբ բարեկամներդ կը զատես, փնտռէ այն անձերը, որոնք Յիսուսին հնազանդելով կը փաստեն որ հաւատք ունին։ Եւ յիշէ թէ լաւ բարեկամները իրարու հանդէպ անկեղծ կ’ըլլան, նոյնիսկ եթէ պէտք ունենան խրատ տալու կամ առնելու (Առ. 27։9, ՆԱ)։
20. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ ուրիշներուն կ’օգնենք որ իրենց հաւատքը զօրացնեն։
20 Ուրիշներուն օգնէ որ իրենց հաւատքը զօրացնեն։ Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով իր աշակերտներուն հաւատքը զօրացուց (Մար. 11։20-24)։ Պէտք է իր օրինակին հետեւինք, քանի որ ուրիշներուն հաւատքը զօրացնելով՝ մեր հաւատքը կը զօրանայ (Առ. 11։25)։ Երբ կը քարոզես եւ կ’ուսուցանես, շեշտէ Աստուծոյ գոյութեան փաստերը, թէ ան մեզմով հետաքրքրուած է եւ թէ Աստուածաշունչը իր ներշնչեալ Խօսքն է։ Նաեւ եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ օգնէ որ իրենց հաւատքը զօրաւոր պահեն։ Եթէ նկատես թէ մէկը առաջնորդութիւն առնող եղբայրներէն կը գանգատի, անկէ անմիջապէս մի՛ խուսափիր։ Փոխարէն, փափկանկատօրէն անոր օգնէ որ իր հաւատքը վերահաստատէ (Յուդա 22, 23)։ Եթէ դպրոցը բարեշրջութեան տեսութեան մասին կը խօսուի, համարձակութեամբ ստեղծագործութեան առնչութեամբ հաւատքդ պաշտպանէ։ Թերեւս զարմանաս թէ խօսքերդ որքա՛ն ազդեցութիւն կրնան ունենալ ուրիշներուն վրայ։
21. Եհովան իւրաքանչիւրիս ի՞նչ խոստացած է։
21 Աստուած Յիսուսին միջոցաւ Պետրոսին օգնեց որ իր վախերը եւ կասկածները յաղթահարէ։ Յետագային, ան հաւատքի մեծ օրինակ դարձաւ ուրիշներուն։ Նոյն ձեւով, Եհովան մեր բոլորին կ’օգնէ որ հաւատքի մէջ հաստատ կենանք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։9, 10)։ Կ’արժէ ջանք թափել որ մեր հաւատքը զօրացնենք, քանի որ անիկա շատ վարձատրութիւններ պիտի բերէ մեզի։
^ պարբ. 16 Օրինակ՝ տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքը, Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան մէջ։