«Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ, որ Տէրոջմով առիր»
«Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ, որ Տէրոջմով առիր»
«Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ, որ Տէրոջմով առիր, որպէս զի զանիկա կատարես»։—ԿՈՂ. 4։17
1, 2. Քրիստոնեաները մարդոց հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։
ՄԵՐ շուրջ ապրող մարդոց հանդէպ լուրջ պատասխանատուութիւն ունինք։ Այժմ անոնց կայացուցած որոշումները, «մեծ նեղութեան» ընթացքին կեանք կամ մահ պիտի նշանակեն։ (Յայտ. 7։14) Առակաց գրքին ներշնչեալ գրողը ըսաւ. «Ազատէ՛ զանոնք, որ մեռցուելու կը տարուին ու սպաննուելու վրայ եղողները ազատելէն ետ մի՛ կենար»։ Արդարեւ ուշագրաւ խօսքեր։ Իրենց առջեւ եղած ընտրութեան նկատմամբ մարդիկը զգուշացնելու պատասխանատուութեան մէջ թերանալը կրնայ մեզ արիւնապարտ դարձնել։ Իրականութեան մէջ, յաջորդ համարը կը նշէ. «Եթէ ըսեն թէ՝ ‘Մենք ասիկա չգիտցանք’, ահա սրտերը քննողը կը հասկնայ ու քու հոգիդ պաշտպանողը ինք գիտէ եւ ամէն մարդու իր գործին չափովը պիտի հատուցանէ»։ Բացայայտ է որ Եհովայի ծառաները չեն կրնար ըսել թէ մարդոց դիմագրաւած վտանգը ‘չեն գիտեր’։—Առ. 24։11, 12
2 Եհովա կեանքը կ’արժեւորէ։ Ան իր ծառաները կը յորդորէ որ ամէն ջանք թափեն, կարելի եղածին չափ շատ անհատներ փրկելու համար։ Աստուծոյ իւրաքանչիւր ծառան պէտք է յայտարարէ Աստուծոյ Խօսքին փրկաբեր պատգամը։ Մեր պարտականութիւնը կը նմանի դէտի մը գործին, որ երբ մօտալուտ սպառնալիք մը տեսնէ՝ ազդարարութիւն կու տայ։ Չենք ուզեր որ բնաջնջուելու վտանգին տակ եղողներուն արիւնը մեզմէ պահանջուի։ (Եզեկ. 33։1-7) Հետեւաբար, ո՜րքան կենսական է որ ‘խօսքը քարոզելու’ մեր ջանքին մէջ յարատեւենք։—Կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 4։1, 2, 5
3. Այս եւ յաջորդ երկու յօդուածները ի՞նչ նիւթեր պիտի քննարկեն։
3 Այս յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ի՛նչպէս կրնաս փրկաբեր ծառայութեանդ խոչընդոտները յաղթահարել եւ աւելի մեծ թիւով անհատներու օգնել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ թէ ի՛նչպէս կրնաս կենսական ճշմարտութիւններ սորվեցնելու արուեստը մշակել։ Երրորդ յօդուածը պիտի տեղեկագրէ՝ համայն աշխարհի մէջ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներուն ձեռք ձգած կարգ մը քաջալերական արդիւնքներուն մասին։ Սակայն նախ նկատի առնենք թէ մեր ժամանակները ինչո՛ւ շատ վտանգաւոր են։
Ինչո՛ւ շատեր անյոյս են
4, 5. Մարդկութիւնը ի՞նչ բանի ականատես է, եւ շատեր ի՞նչպէս կը հակազդեն։
4 Աշխարհի դէպքերը ցոյց կու տան թէ կ’ապրինք «իրերու դրութեան վախճան»ին մէջ եւ թէ վերջը շատ մօտ է։ Մարդկութիւնը կը տեսնէ այն իրադարձութիւններն ու վիճակները, որոնք «վերջին օրեր»ը պիտի բնորոշէին, ինչպէս Յիսուս եւ իր աշակերտները ըսին։ Մարդիկ կը տառապին «ցաւեր»է, ի ներառեալ՝ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ եւ այլ աղէտներ։ Անօրէն, անձնասէր ու անբարեպաշտ վերաբերմունքը կը վխտայ։ Ասոնք «չար ժամանակներ» են նոյնիսկ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ ապրիլ ջանացող անհատներուն համար։—Մատթ. 24։3, ՆԱ, 6-8, 12. Բ. Տիմ. 3։1-5
5 Սակայն մարդկութեան մեծամասնութիւնը աշխարհի դէպքերուն իսկական նշանակութիւնը չի գետեր։ Որպէս հետեւանք, շատեր իրենց ու իրենց ընտանիքին ապահովութեան նկատմամբ մտահոգ են։ Ոմանք սիրելիի մը մահուան կամ անհատական այլ ողբերգութեան մը պատճառաւ շուարած կը մնան։ Ճշգրտօրէն չգիտնալով թէ այսպիսի բաներ ինչո՛ւ կը պատահին եւ լուծումը ո՛ւր կը գտնուի, անոնք անյոյս են։—Եփ. 2։12
6. «Մեծ Բաբելոն»ը ինչո՞ւ չէ կրցած իր հետեւորդներուն օգնել։
6 «Մեծ Բաբելոն»ը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը, մարդոց չնչին մխիթարութիւն բերած է։ Ան իր «պոռնկութեան գինիովը», բազմութիւնները հոգեւոր շփոթութեան մատնած է։ Ասկէ զատ, պոռնիկի մը նման վարուելով, սուտ կրօնքը «երկրին թագաւորները» հրապուրած ու իր հակակշռին տակ առած է, եւ սուտ վարդապետութիւններ ու ոգեհարցութիւն գործածած է՝ ամբոխները կուրօրէն իրենց քաղաքական տէրերուն ենթարկուած պահելու համար։ Այսպէս սուտ կրօնքը հեղինակութիւն եւ ազդեցութիւն ձեռք ձգած է, բայց միեւնոյն ատեն, կրօնական ճշմարտութիւնը բոլորովին մերժած է։—7. Մարդկութեան մեծամասնութեան ի՞նչ ապագայ կը սպասէ, բայց ոմանց ի՞նչպէս կարելի է օգնել։
7 Յիսուս ըսաւ թէ մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը քալէ կորուստի տանող լայն ճամբուն մէջ։ (Մատթ. 7։13, 14) Ոմանք այդ լայն ճամբան բռնած են, քանի որ դիտումնաւոր կերպով Աստուածաշունչի ուսուցումները մերժած են, բայց բազմաթիւ ուրիշներ հոն են, քանի որ Եհովայի իսկական պահանջներուն նկատմամբ խաբուած են կամ խաւարի մէջ ձգուած են։ Թերեւս ոմանք իրենց կենսակերպը փոխեն, եթէ աստուածաշնչական ողջամիտ պատճառներ ստանան։ Բայց Մեծ Բաբելոնի մէջ մնացողները եւ Աստուածաշունչի չափանիշները մերժողները «մեծ նեղութենէն» պիտի չվերապրին։—Յայտ. 7։14
Շարունակէ քարոզել՝ առանց դանդաղելու
8, 9. Առաջին դարու Քրիստոնեաները հակառակութեան ի՞նչպէս հակազդեցին եւ ինչո՞ւ։
8 Յիսուս ըսաւ թէ իր աշակերտները Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզէին ու աշակերտէին։ (Մատթ. 28։19, 20) Հետեւաբար, ճշմարիտ Քրիստոնեաները քարոզչութեան մասնակցիլը միշտ նկատած են Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեան հարց եւ իրենց հաւատքին հիմնական մէկ պահանջը։ Յիսուսի նախկին հետեւորդները շարունակեցին քարոզել նոյնիսկ հակառակութեան դիմաց։ Անոնք Եհովայի ապաւինեցան ու աղօթքով խնդրեցին որ զիրենք զօրացնէ, որպէսզի շարունակեն ‘լման համարձակութեամբ իր խօսքը խօսիլ’։ Որպէս արդիւնք, Եհովա զիրենք սուրբ հոգիով լեցուց, եւ անոնք Աստուծոյ խօսքը համարձակութեամբ քարոզեցին։—Գործք 4։18, 29, 31
9 Երբ հակառակութիւնը վայրագ դարձաւ, Յիսուսի հետեւորդները բարի լուրը քարոզելու մէջ դանդաղեցա՞ն։ Բնաւ երբեք։ Առաքեալներուն քարոզչութենէն զայրացած, Հրեայ կրօնական առաջնորդները զանոնք ձերբակալեցին, անոնց սպառնացին ու մտրակեցին։ Այսուհանդերձ, առաքեալները ‘չդադրեցան սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ’։ Անոնք ըմբռնած էին թէ «առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։28, 29, 40-42
10. Ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, իսկ անոնց ընտիր վարքը ի՞նչ արդիւնք կրնայ տալ։
10 Ներկայիս Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը քարոզչութեան պատճառաւ ծեծի կամ բանտարկութեան չէ ենթարկուած։ Սակայն բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները որոշ փորձութիւններ կը դիմագրաւեն։ Օրինակ, Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքդ կրնայ քեզ մղել որ անժողովրդական կամ քեզ ուրիշներէն տարբեր ընող ընթացքի մը հետեւիս։ Պաշտօնակիցներ, դպրոցակիցներ կամ դրացիներ կրնան քեզ տարօրինակ սեպել, քանի որ որոշումներդ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ կը հիմնես։ Այսուհանդերձ, անոնց բացասական կեցուածքը քեզ պէտք չէ ետ կեցնէ։ Աշխարհը հոգեւոր խաւարի մէջ է, բայց Քրիստոնեաները ‘լուսաւորներու պէս պէտք է փայլին’։ (Փիլ. 2։15) Թերեւս կարգ մը անկեղծ դիտորդներ բարի գործերդ տեսնեն ու գնահատեն, եւ մղուին Եհովան փառաւորելու։—Կարդալ՝ Մատթէոս 5։16
11. (ա) Ոմանք քարոզչութեան ի՞նչպէս կը հակազդեն։ (բ) Պօղոս առաքեալ ի՞նչպիսի հակառակութիւն դիմագրաւեց, եւ ի՞նչպէս հակազդեց։
11 Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու մէջ յարատեւելը քաջութիւն կը պահանջէ։ Ոմանք, նոյնիսկ ազգականներ, կրնան քեզ ծաղրել կամ կերպով մը փորձել քեզ վհատեցնել։ (Մատթ. 10։36) Պօղոս առաքեալ մի քանի անգամ ծեծուեցաւ, քանի որ հաւատարմօրէն իր ծառայութիւնը կը կատարէր։ Նկատի առ թէ ան հակառակութեան ի՛նչպէս հակազդեց. «Չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ, համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ»։ (Ա. Թես. 2։2) Վստահաբար Պօղոսի համար մարտահրաւէր մըն էր շարունակել բարի լուրը քարոզել, ձերբակալուելէ, մերկացուելէ, խարազանուելէ եւ բանտարկուելէ յետոյ։ (Գործք 16։19-24) Ի՞նչ բան իրեն յանդգնութիւն տուաւ որ շարունակէ։ Քարոզելու իր աստուածատուր յանձնարարութիւնը կատարելու իր տենչը։—Ա. Կորն. 9։16
12, 13. Ոմանք ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, եւ ի՞նչպէս կը փորձեն զանոնք յաղթահարել։
12 Նաեւ դժուար է մեր նախանձախնդրութիւնը պահպանել թաղամասերու մէջ, ուր մարդիկ գրեթէ տունը չեն ըլլար կամ Թագաւորութեան պատգամին չեն ընդառաջեր։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Յաւելեալ քաջութիւն հաւաքելով կրնանք անպաշտօն կերպով մարդոց խօսիլ։ Թերեւս անհրաժեշտ է որ մեր յայտագիրը ճշդենք կամ գլխաւորաբար քարոզենք հո՛ն՝ ուր շատ մարդոց կրնանք հանդիպիլ։—Համեմատել՝ Յովհաննէս 4։7-15. Գործք 16։13. 17։17
13 Ոմանք այլ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, ինչպէս՝ ծերութիւնն ու վատառողջութիւնը, որոնք իրենց քարոզչութիւնը կը սահմանափակեն։ Եթէ դուն անոնցմէ մէկն ես, մի՛ վհատիր։ Եհովա շատ լաւ գիտէ սահմանափակումներդ եւ կը գնահատէ ի՛նչ որ կրնաս ընել։ (Կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 8։12) Ի՛նչ նեղութիւն ալ դիմագրաւես,– հակառակութիւն, անտարբերութիւն կամ վատառողջութիւն,– պարագաներուդ համաձայն ամէն կարելիդ ըրէ որ բարի լուրը քարոզես։—Առ. 3։27. համեմատել՝ Մարկոս 12։41-44
«Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ»
14. Պօղոս առաքեալ հաւատակիցներուն համար ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, եւ ի՞նչ խրատ տուաւ։
14 Պօղոս առաքեալ իր ծառայութիւնը շատ լուրջի առաւ եւ իր հաւատակիցները քաջալերեց որ նոյնը ընեն։ (Գործք 20։20, 21. Ա. Կորն. 11։1) Պօղոս յատկապէս քաջալերեց Արքիպպոս անունով Քրիստոնեայ մը։ Կողոսացիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս գրեց. «Ըսէք Արքիպպոսի. ‘Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ, որ Տէրոջմով առիր, որպէս զի զանիկա կատարես’»։ (Կող. 4։17) Չենք գիտեր թէ Արքիպպոս ո՛վ էր կամ անոր պարագաները ի՛նչ էին, բայց ըստ երեւոյթին ան սպասարկութիւն մը ստացած էր։ Եթէ նուիրուած Քրիստոնեայ մըն ես, դուն ալ ծառայութիւն մը ընդունած ես։ Կը շարունակե՞ս զգուշանալ քու ծառայութեանդ համար, որպէսզի կատարես զայն։
15. Քրիստոնէական նուիրումը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանէ։
15 Մեր մկրտութենէն առաջ, սրտագին աղօթքով մեր կեանքը Եհովայի նուիրեցինք, վճռելով իր կամքը ընել։ Այժմ տեղին է հարց տալ. ‘Կեանքիս մէջ ամենակարեւոր բանը իրապէս Աստուծոյ կամքը կատարե՞լն է’։ Եհովա կ’ակնկալէ որ որոշ պատասխանատուութիւններու հոգ տանինք, ինչպէս՝ ընտանիքին կարիքները Ա. Տիմ. 5։8) Բայց մեր մնացեալ ժամանակն ու կորովը ի՞նչպէս կը գործածենք։ Կեանքի մէջ մեր նախապատուութիւնը ի՞նչ է։—Կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15
հոգալ։ (16, 17. Պատանի Քրիստոնեաներ կամ քիչ պատասխանատուութիւններ ունեցողներ ի՞նչ կարելիութիւններ կրնան նկատի առնել։
16 Դպրոցը աւարտած կամ աւարտելու վրայ եղող նուիրուած Քրիստոնեայ պատանի՞ մըն ես։ Հաւանաբար տակաւին ընտանեկան ծանր պատասխանատուութիւններ չունիս։ Ուստի ի՞նչ կը ծրագրես ընել։ Ո՞ր որոշումները քեզ կարող պիտի դարձնեն որ Եհովայի կամքը ընելու խոստումդ կատարես։ Շատեր իրենց գործերը կարգի դրած են, որպէսզի ռահվիրայութիւն ընեն, եւ ասոր շնորհիւ մեծ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն վայելած են։—Սաղմ. 110։3. Ժող. 12։1
17 Թերեւս երիտասարդ մըն ես, լիաժամ կ’աշխատիս ու քիչ պատասխանատուութիւններ ունիս։ Անկասկած յայտագրիդ ներած չափով ժողովքային գործունէութիւններուն մասնակցելէ հաճոյք կ’առնես։ Կարելի՞ է որ աւելի մեծ ուրախութիւն վայելես։ Մտածա՞ծ ես ծառայութեան մէջ մասնակցութիւնդ աւելցնելու մասին։ (Սաղմ. 34։8. Առ. 10։22) Կարգ մը թաղամասերու մէջ, ճշմարտութեան կենսատու պատգամը ամէն ոքի հասցնելու համար, տակաւին շատ աշխատանք պէտք է տարուի։ Կրնա՞ս կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնել, թերեւս ծառայելու համար հո՛ն՝ ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կայ։—Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 6։6-8
18. Երիտասարդ զոյգ մը ի՞նչ ճշդումներ ըրաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
18 Նկատի առ Միացեալ Նահանգներէն՝ Քեւընի ու Էլէնայի օրինակը։ * Իրենց շրջանի սովորութեան համաձայն, նոր ամուսնացած այս զոյգը զգաց թէ տուն մը պէտք էր գնէր։ Երկուքն ալ լիաժամ աշխատեցան ու հանգիստ կենցաղակերպ մը պահպանեցին։ Սակայն գործի յայտագիրը եւ տան պարտականութիւնները դաշտի ծառայութեան ժամանակը կը սահմանափակէին։ Անոնք անդրադարձան որ գրեթէ իրենց ամբողջ ժամանակն ու կորովը իրենց ստացուածքներուն կը տրամադրէին։ Իսկ երբ երջանիկ ռահվիրայ զոյգի մը պարզ կենսակերպը նկատեցին, Քեւըն ու Էլէնա որոշեցին իրենց կեանքին առանցքը փոխել։ Աղօթքով Եհովայի ուղղութիւնը հայցելէ յետոյ, անոնք իրենց տունը ծախեցին։ Էլէնա իր աշխարհիկ գործին ժամերը նուազեցուց եւ ռահվիրայ եղաւ։ Իր կնոջ վայելած փորձառութիւններէն քաջալերուած, Քեւըն իր լիաժամ գործէն հրաժարեցաւ եւ ռահվիրայութեան ձեռնարկեց։ Ժամանակ մը ետք, անոնք Հարաւային Ամերիկեան երկիր մը փոխադրուեցան, ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու մեծ կարիք կայ։ Քեւըն կ’ըսէ. «Մենք միշտ երջանիկ ամուսնութիւն մը ունէինք, բայց երբ հոգեւոր նպատակակէտերու հետամուտ եղանք, մեր երջանկութիւնը ա՛լ աւելի խորացաւ»։—Կարդալ՝ Մատթէոս 6։19-22
19, 20. Բարի լուրը քարոզելը ինչո՞ւ ներկայիս կարեւորագոյն գործն է։
19 Բարի լուրի քարոզչութիւնը ներկայիս երկրի վրայ կատարուող կարեւորագոյն գործն է։ (Յայտ. 14։6, 7) Անիկա Եհովայի անուան սրբացման կը նպաստէ։ (Մատթ. 6։9) Աստուածաշունչի պատգամը ամէն տարի հարիւր հազարաւորներու կեանքը կը բարելաւէ, եւ ասիկա անոնց փրկութեան կրնայ առաջնորդել։ Սակայն «ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն», հարց տուաւ Պօղոս առաքեալ։ (Հռովմ. 10։14, 15) Ինչո՞ւ չվճռես ամէն կարելիդ ընել՝ ծառայութիւնդ կատարելու համար։
20 Սորվեցնելու կարողութիւնդ բարելաւելը ուրիշ կերպ մըն է, որով կրնաս մարդոց օգնել որ այս դժուար ժամանակներուն կարեւորութիւնը ու իրենց կայացուցած որոշումներուն հետեւանքները ըմբռնեն։ Յաջորդ յօդուածը կը քննարկէ թէ ասիկա ի՛նչպէս կրնաս ընել։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 18 Անունները փոխուած են։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Քրիստոնեաները մարդկութեան հանդէպ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։
• Մեր քարոզչութեան խոչընդոտներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։
• Մեր ընդունած ծառայութիւնը ի՞նչպէս կրնանք կատարել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 11]
Հակառակութեան դիմաց քարոզելը քաջութիւն կը պահանջէ