Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորութիւն մը ստանալու արժանացած են

Թագաւորութիւն մը ստանալու արժանացած են

Թագաւորութիւն մը ստանալու արժանացած են

«[Ասիկա] Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէս զի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեանը»։—Բ. ԹԵՍ. 1։5

1, 2. Դատաստանի առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է, իսկ ո՞վ պիտի դատէ։

ՇՈՒՐՋ Հ.Դ. 50–ին, Պօղոս առաքեալ Աթէնքի մէջ էր։ Իր հոգին գրգռուած էր իր մէջ, տեսնելով քաղաքը՝ լեցուած կուռքերով։ Ուստի ան մղուեցաւ ճարտար վկայութիւն մը տալու։ Ան իր ճառը եզրափակեց յայտարարութեամբ մը, որ հեթանոս ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալու էր։ Ան ըսաւ. «[Աստուած] հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն։ Վասնզի ինք օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։—Գործք 17։30, 31

2 Ո՜րքան զգաստացուցիչ է խոկալ այն իրողութեան վրայ, թէ Աստուած մարդկութեան համար դատաստանի օր մը որոշած է։ Պօղոս իր ճառին մէջ չնշեց թէ այդ դատաստանը որո՛ւ միջոցաւ պիտի կատարուէր, բայց այժմ գիտենք որ ան յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսն է։ Յիսուսի ըրած դատաստանը կեանք կամ մահ պիտի նշանակէ։

3. Եհովա Աբրահամի հետ ինչո՞ւ ուխտ մը ըրաւ, եւ անոր իրագործման մէջ ո՞վ յատուկ դեր մը կը խաղայ։

3 Այդ Դատաստանի Օրը 1,000 տարի պիտի տեւէ։ Յիսուս Եհովայի անունով պիտի վերահսկէ անոր վրայ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, բայց առանձին պիտի չըլլայ, քանի որ Եհովա մարդոց մէջէն անհատներ կ’ընտրէ, որպէսզի իրեն հետ իշխեն ու դատեն։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 22։29, 30) Շուրջ 4,000 տարի առաջ, Եհովա այդ Դատաստանի Օրուան հիմը դրաւ, իր հաւատարիմ ծառային՝ Աբրահամի հետ ուխտ ընելով։ (Կարդալ՝ Ծննդոց 22։17, 18) Բացայայտ է որ այդ ուխտը ի զօրու դարձաւ Հ.Դ.Ա. 1943–ին։ Հարկաւ Աբրահամ լիովին չըմբռնեց թէ ուխտը մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի նշանակէր։ Այժմ կրնանք տեսնել թէ անոր պայմաններուն ներքեւ, Աբրահամի սերունդը յատուկ դեր մը կը խաղայ մարդկութիւնը դատելու Աստուծոյ նպատակը իրագործելու մէջ։

4, 5. (ա) Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասը ո՞վ է, եւ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Թագաւորութեան կարգադրութեան մէկ մասը ըլլալու յոյսը ե՞րբ լիովին մատչելի եղաւ։

4 Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասը Յիսուսն է, որ Հ.Դ. 29–ին սուրբ հոգիով օծուեցաւ եւ խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսը եղաւ։ (Գաղ. 3։16) Յիսուս յաջորդ երեքուկէս տարին պիտի անցընէր Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով Հրեայ ազգին։ Յովհաննէս Մկրտիչի ձերբակալութենէն ետք, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ոմանք կրնային յուսալ այդ Թագաւորութեան մէջ բաժին ունենալ, երբ ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա»։—Մատթ. 11։12

5 Հետաքրքրական է որ երկնքի Թագաւորութիւնը ‘յափշտակողներուն’ մասին խօսելէ առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է»։ (Մատթ. 11։11) Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Թագաւորութեան կարգադրութեան մաս կազմելու յոյսը հաւատարիմներուն համար լիովին մատչելի չեղաւ մինչեւ սուրբ հոգիին թափուիլը՝ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Այդ ատեն, Յովհաննէս Մկրտիչ արդէն մեռած էր։—Գործք 2։1-4

Աբրահամի սերունդը կ’արդարանայ

6, 7. (ա) Աբրահամի սերունդը ի՞նչ կերպով «երկնքի աստղերուն» պէս պիտի ըլլար։ (բ) Աբրահամ ի՞նչ օրհնութիւն ստացաւ, եւ իր սերունդը նոյնանման ի՞նչ օրհնութիւն կը ստանայ։

6 Աբրահամի ըսուեցաւ թէ իր սերունդը պիտի բազմանար եւ «երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս» պիտի ըլլար։ (Ծննդ. 13։16. 22։17) Ուրիշ խօսքով, Աբրահամի ժամանակ մարդիկ պիտի չկարենային գիտնալ թէ այս սերունդը քանի՛ հոգիներէ պիտի բաղկանար։ Սակայն անոր հոգեւոր սերունդին ճշգրիտ թիւը ի վերջոյ յայտնուեցաւ,– Յիսուսի կողքին, 144,000։—Յայտ. 7։4. 14։1

7 Աբրահամի հաւատքին նկատմամբ, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Աբրամ հաւատաց Տէրոջը, որը Աբրամին արդարութիւն սեպուեցաւ»։ (Ծննդ. 15։5, 6) Ճիշդ է որ ո՛չ մէկ մարդ բացարձակապէս արդար է։ (Յակ. 3։2) Այսուհանդերձ, Աբրահամի արտակարգ հաւատքին շնորհիւ, Եհովա անոր հետ վարուեցաւ որպէս թէ արդար էր եւ նոյնիսկ զինք իր բարեկամը կոչեց։ (Յակ. 2։23) Յիսուսի հետ Աբրահամի հոգեւոր սերունդին մաս կազմողներն ալ արդարացած են, եւ ասիկա անոնց կը բերէ աւելի մեծ օրհնութիւններ, քան ինչ որ Աբրահամ ստացաւ։

8. Աբրահամի սերունդին անդամները ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։

8 Օծեալ Քրիստոնեաները կ’արդարացուին, քանի որ Յիսուսի փրկանքի զոհին կը հաւատան։ (Հռովմ. 3։24, 28) Եհովայի աչքին, անոնք մեղքէ ազատած են եւ կրնան սուրբ հոգիով օծուիլ՝ Աստուծոյ հոգեւոր որդիները եւ Յիսուս Քրիստոսի եղբայրները ըլլալու համար։ (Յովհ. 1։12, 13) Անոնք նոր ուխտին մէջ կը բերուին եւ կը կազմեն նոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը։ (Գաղ. 6։16. Ղուկ. 22։20) Ասիկա ի՜նչ սքանչելի առանձնաշնորհում մըն է։ Որպէս արդիւնք, օծեալ Քրիստոնեաները չեն յուսար երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ, այլ այդ հեռանկարը կը զոհեն։ Անոնք Դատաստանի Օրուան ընթացքին Յիսուսի հետ ընկերակցելու եւ երկնքի մէջ իշխելու անպատում ուրախութիւնը պիտի վայելեն։—Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 8։17

9, 10. (ա) Քրիստոնեաները առաջին անգամ ե՞րբ սուրբ հոգիով օծուեցան, եւ ի՞նչ պէտք էր ընէին։ (բ) Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ օգնութիւն ստացան։

9 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, հաւատարիմ մարդոցմէ բաղկացած խումբ մը պատեհութիւն ստացաւ որ ըլլայ անոնցմէ, որոնք Դատաստանի Օրուան ընթացքին Յիսուսի հետ պիտի իշխեն։ Շուրջ 120 աշակերտ սուրբ հոգիով մկրտուեցան եւ այսպէս առաջին օծեալ Քրիստոնեաները եղան։ Սակայն անոնց համար ասիկա միայն սկիզբ էր։ Այդ օրուընէ սկսեալ, անոնք Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը պէտք էր ցոյց տային, հակառակ իրենց վրայ Սատանայի բերած բոլոր փորձութիւններուն։ Անոնք մինչեւ մահ հաւատարիմ պէտք էր մնային, եթէ կ’ուզէին երկնային կեանքի պսակը ստանալ։—Յայտ. 2։10

10 Այս ուղղութեամբ, Եհովա իր Խօսքին եւ քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ, օծեալ Քրիստոնեաներուն հայթայթեց հարկ եղած յորդորն ու քաջալերութիւնը։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէի մէջ եղող օծեալ Քրիստոնեաներուն գրեց. «Ինչպէս հայր մը իր որդիները, այնպէս կը յորդորէինք ու կը մխիթարէինք եւ կը վկայէինք, որպէս զի դուք Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալէք, որ ձեզ իր թագաւորութեանը ու փառքին կանչեց»։—Ա. Թես. 2։11, 12

11. «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի անդամներուն համար, Եհովա ի՞նչ գրաւոր հայթայթում ըրաւ։

11 Օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին առաջին անդամները ընտրուելէն ետք, Եհովա յարմար տեսաւ որ մնայուն արձանագրութիւն մը ըլլայ, որ կը բովանդակէ Յիսուսի երկրային ծառայութիւնը, առաջին դարու օծեալ Քրիստոնեաներուն հետ Իր գործառնութիւնները եւ անոնց տրուած խրատները։ Այսպէս Եհովա ներշնչեալ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները աւելցուց, ներշնչեալ Եբրայերէն Գրութիւններուն կողքին, որոնք սկիզբը գրուած էին մարմնաւոր Իսրայէլի համար, երբ Աստուծոյ հետ մասնայատուկ յարաբերութիւն մը ունէր։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գլխաւորաբար գրուեցան «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին համար, որոնք օծուած էին որպէս Քրիստոսի եղբայրներ եւ Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ։ Ինչպէս ոչ–Իսրայելացիները մեծ օգուտ քաղեցին՝ Եբրայերէն Գրութիւնները ուսումնասիրելով, նմանապէս օծեալ չեղող Քրիստոնեաները անսահման օգուտներ կը քաղեն՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն բովանդակած խրատները ուսումնասիրելով եւ անոնց համաձայն ապրելով։—Կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 3։15-17

12. Պօղոս օծեալ Քրիստոնեաներուն ի՞նչ յիշեցուց։

12 Առաջին դարու Քրիստոնեաները արդարացան եւ սուրբ հոգիով օծուեցան, որպէսզի կարենան իրենց երկնային ժառանգութիւնը ստանալ։ Անոնց օծումը չնշանակեց թէ միւս օծեալ Քրիստոնեաներուն վրայ պիտի թագաւորէին, մինչ տակաւին երկրի վրայ էին։ Բացորոշ է որ կարգ մը նախկին Քրիստոնեաներ այդ իրողութիւնը անտեսեցին եւ սկսան ժողովքին մէջ անտեղի երեւելիութիւն փնտռել։ Պօղոս մղուեցաւ ըսելու. «Արդէն կշտացաք, արդէն հարստացաք, առանց մեզի թագաւորեցիք եւ երանի՜ թէ թագաւորէիք, որպէս զի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք»։ (Ա. Կորն. 4։8) Հետեւաբար Պօղոս իր օրուան օծեալներուն յիշեցուց. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը»։—Բ. Կորն. 1։23

Նախագուշակուած թիւը ամբողջացնել

13. Հ.Դ. 33–էն ետք, օծեալներուն կոչումը ի՞նչպէս ընթացաւ։

13 Բոլոր 144,000 օծեալ Քրիստոնեաները առաջին դարուն չընտրուեցան։ Անոնց կոչումը շարունակուեցաւ առաքելական ժամանակաշրջանին, ապա ըստ երեւոյթին դանդաղեցաւ։ Անիկա շարունակուեցաւ մինչեւ արդի ժամանակները։ (Մատթ. 28։20) Իսկ երբ Յիսուս սկսաւ իշխել 1914–ին, արագօրէն իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։

14, 15. Արդի ժամանակներուն, օծեալներուն կոչումին առնչութեամբ ի՞նչ տեղի ունեցած է։

14 Նախ Յիսուս երկինքը մաքրեց Աստուծոյ իշխանութեան բոլոր հակառակորդներէն։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 12։10, 12) Ապա իր ուշադրութիւնը դարձուց իր Թագաւորութեան կառավարութեան մնացեալ անդամներուն հաւաքումին, որպէսզի 144,000–ը ամբողջացնէ։ Բացայայտ է որ 1930–ական թուականներու կիսուն, այդ պարտականութիւնը վերջանալու վրայ էր, իսկ քարոզչութեան ընդառաջողներէն շատեր երկինք երթալու փափաքը չունէին։ Հոգին վկայութիւն չէր տար անոնց հետ թէ Աստուծոյ որդիներն էին։ (Համեմատել՝ Հռովմայեցիս 8։16) Փոխարէն, անոնք իրենք զիրենք բնորոշեցին «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ, որոնք դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին։ (Յովհ. 10։16) Ուստի 1935–էն ետք, քարոզչութիւնը կեդրոնացաւ «մեծ բազմութեան» հաւաքումին վրայ, որոնք «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրէին։—Յայտ. 7։9, 10, 14

15 Այսուհանդերձ, 1930–ական թուականներէն ի վեր, փոքրաթիւ անհատներ երկնային յոյսը ունենալու ընտրուած են։ Ինչո՞ւ։ Կարգ մը պարագաներուն, անոնք փոխարինած են անհաւատարիմ ընտրեալները։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 3։16) Պօղոս խօսեցաւ իրեն ծանօթ եղող անհատներու մասին, որոնք ճշմարտութիւնը լքած էին։ (Փիլ. 3։17-19) Եհովա ո՞վ կ’ընտրէ իբրեւ փոխարինող։ Անշուշտ ասիկա իր որոշումն է։ Բայց տրամաբանական է որ ան ընտրէ ո՛չ թէ նոր հաւատացեալներ, այլ՝ անհատներ որոնք արդէն որոշ տարողութեամբ իրենց հաւատարմութիւնը ապացուցանած են,– այն աշակերտներուն նման՝ որոնց հետ Յիսուս խօսեցաւ երբ Յիշատակատօնը հաստատեց։ *Ղուկ. 22։28

16. Օծեալներուն նկատմամբ՝ ի՞նչ բանի համար երախտապարտ ենք, եւ վստահօրէն ի՞նչ բանի կրնանք հաւատալ։

16 Սակայն այնպէս կը թուի թէ 1930–ական թուականներէն ի վեր երկնային յոյսը ունենալու ընտրուած բոլոր անհատները փոխարինողներ չեն։ Ակներեւօրէն, Եհովա հոգ տարած է որ մեր մէջ օծեալ Քրիստոնեաներ ըլլան իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն ընթացքին, մինչեւ «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումը։ * (Յայտ. 17։5) Եւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ 144,000–ի լման թիւը Եհովայի որոշած ժամանակին ամբողջացած պիտի ըլլայ եւ բոլորն ալ ի վերջոյ Թագաւորութեան կառավարութեան մէջ իրենց տեղերը պիտի գրաւեն։ Նաեւ կրնանք մարգարէական Խօսքին հաւատալ թէ հետզհետէ աճող մեծ բազմութիւնը որպէս խումբ պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ։ Շուտով այդ խումբը Սատանայի աշխարհին վրայ գալիք «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրի եւ ուրախութեամբ Աստուծոյ նոր աշխարհը պիտի մտնէ։

Աստուծոյ երկնային կառավարութիւնը գրեթէ ամբողջացած է

17. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16 եւ Յայտնութիւն 6։9-11–ի համաձայն, ի՞նչ պատահած է օծեալ Քրիստոնեաներուն՝ որոնք հաւատարիմ ննջած էին։

17 Հ.Դ. 33–էն ի վեր, տասնեակ հազարաւոր օծեալ Քրիստոնեաներ զօրաւոր հաւատք ցուցաբերած են եւ մինչեւ մահ հաւատարմաբար տոկացած են։ Անոնք արդէն Թագաւորութիւնը ստանալու արժանացած են եւ վարձատրուած են՝ ակներեւօրէն Քրիստոսի ներկայութեան սկիզբը։—Կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16. Յայտնութիւն 6։9-11

18. (ա) Օծեալ մնացորդը ի՞նչ վստահութիւն ունի։ (բ) Ուրիշ ոչխարներէն եղողները իրենց օծեալ եղբայրները ի՞նչպէս կը նկատեն։

18 Ներկայիս օծեալները բացարձակապէս վստահ են որ եթէ հաւատարիմ մնան, շուտով պիտի վարձատրուին։ Ուրիշ ոչխարներէն միլիոնաւոր իրենց օծեալ եղբայրներուն հաւատքին մասին խորհրդածելով, Պօղոս առաքեալի խօսքերը կ’երկրորդեն, որ Թեսաղոնիկէի մէջ եղող օծեալներուն ըսաւ. «Մենք ալ ձեզմով կը պարծենանք Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր համբերութեանը ու հաւատքին համար ձեր բոլոր հալածանքներուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ որոնց կը համբերէք. որ Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէսզի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեանը, որուն համար նեղութիւն ալ կը կրէք»։ (Բ. Թես. 1։3-5) Երբ օծեալներուն վերջին անդամը երկրի վրայ մեռնի, ո՛ր ժամանակին ալ պատահի, Աստուծոյ երկնային կառավարութիւնը կ’ամբողջանայ։ Ասիկա երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ուրախութեան ի՜նչ մեծ պատճառ մը պիտի ըլլայ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 15 Տեսնել՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1992, էջ 19, պարբերութիւն 17։

^ պարբ. 16 Տեսնել՝ «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան 1 Մայիս 2007 թիւին մէջ (Անգլերէն)։

Կրնա՞ս բացատրել

• Աստուած Աբրահամի ի՞նչ բան յայտնեց, որ Դատաստանի Օրուան հետ կապ ունէր։

• Աբրահամ ինչո՞ւ արդարացաւ։

• Աբրահամի սերունդէն եղողներուն արդարանալը ի՞նչ բանի կ’առաջնորդէ։

• Բոլոր Քրիստոնեաները ի՞նչ վստահութիւն ունին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 23]

Ուրիշ ոչխարները երախտապարտ են որ օծեալ Քրիստոնեաները վերջին օրերուն ընթացքին իրենց հետ եղած են