Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

ՅԻՍՈՒՍԻ քարոզչութեան բնաբանը ի՞նչ էր։ Ըստ Յիսուսի, անիկա Աստուծոյ Թագաւորութիւնն էր։ (Ղուկաս 4։44) Երբ մարդիկ իրեն մտիկ կ’ընէին, վստահաբար այդ Թագաւորութեան մասին կրկին անգամ կը լսէին։ Անոնք շփոթեցա՞ն կամ շուարեցա՞ն։ Անոնք իրեն հարցուցի՞ն թէ այս Թագաւորութիւնը ի՛նչ է։ Ո՛չ։ Աւետարաններուն մէջ այսպիսի հարցումներ չեն արձանագրուած։ Հետեւաբար, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այդ մարդոց համար ծանօ՞թ գաղափար մըն էր։

Իրականութեան մէջ, Հրեաներուն մատչելի եղող Սուրբ Գրութիւնները այդ Թագաւորութիւնը նկարագրեցին, վառ ու ստոյգ արտայայտութիւններով յայտնելով թէ ի՛նչ էր եւ ի՛նչ պիտի իրագործէր։ Ներկայիս, նոյն կերպով՝ Աստուածաշունչին դիմելով, Թագաւորութեան մասին ա՛լ աւելի կրնանք սորվիլ։ Նկատի առնենք Թագաւորութեան մասին եօթը ճշմարտութիւններ, զորս Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ։ Առաջին երեքը արդէն մատչելի էին Յիսուսի ժամանակակից Հրեաներուն եւ անոնցմէ առաջ։ Յաջորդ երեքը առաջին դարուն՝ Քրիստոսի կամ իր առաքեալներուն կողմէ յայտնուեցան։ Իսկ վերջինը՝ մեր ժամանակին բացայայտ դարձած է։

1. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որ յաւիտեան պիտի մնայ։ Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութիւնը յայտնեց թէ Աստուած հաւատարիմ մարդկութեան համար ազատարար մը պիտի ղրկէր։ Անիկա «սերունդ» կոչուեցաւ եւ պիտի ջնջէր բոլոր ահռելի խնդիրները, որոնք ծագեցան Ադամի, Եւայի ու Սատանայի ըմբոստութեան պատճառաւ։ (Ծննդոց 3։15) Հետագային, հաւատարիմ Դաւիթ թագաւորին հետաքրքրական բան մը ըսուեցաւ այս «սերունդ»ին կամ Մեսիային մասին։ Ան Թագաւորութեան մը Թագաւորը պիտի ըլլար։ Այս կառավարութիւնը միւս բոլոր կառավարութիւններէն տարբեր պիտի ըլլար։ Անիկա յաւիտեան պիտի մնար։—Բ. Թագաւորաց 7։12-14

2. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն վերջ պիտի դնէ։ Դանիէլ մարգարէն տեսիլք մը ստացաւ, որուն մէջ տեսաւ իրարայաջորդ աշխարհակալ ուժեր, իր օրերէն մինչեւ մեր օրերը։ Նկատէ այդ տեսիլքին ոգեւորիչ բարձրակէտը. «Այն [վերջին մարդկային] թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Ուստի այս աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները, կամ կառավարութիւնները,– իրենց պատերազմներով, հարստահարութեամբ ու փտածութեամբ,– յաւիտեան պիտի կործանին։ Ինչպէս Դանիէլի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով ամբողջ երկրագունդին վրայ պիտի իշխէ։ (Դանիէլ 2։44, 45) Միայն այս իրական կառավարութիւնը պիտի մնայ։ *

3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պատերազմին, հիւանդութեան, սովին եւ նոյնիսկ մահուան վերջ պիտի դնէ։ Աստուածաշունչի ոգեւորիչ մարգարէութիւններ կը յայտնեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ ի՛նչ պիտի ընէ։ Այս կառավարութիւնը պիտի իրագործէ ի՛նչ որ մարդկային ո՛չ մէկ գործակալութիւն իրագործած է կամ կրնայ իրագործել։ Բոլոր պատերազմական զէնքերը յաւիտեան պիտի կործանին։ «Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը»։ (Սաղմոս 46։9) Այլեւս բժիշկներ, հիւանդանոցներ կամ հիւանդութիւններ պիտի չըլլան։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայի 33։24) Այլեւս սով, ուտելիքի պակաս, յոռի սննդառութիւն կամ սովամահութիւն պիտի չըլլայ։ «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ»։ (Սաղմոս 72։16) Այլեւս յուղարկաւորութիւններ, ամբողջ գիշերը մեռածի մը վրայ հսկել, գերեզմաննոցներ, դիարաններ եւ անոնց ընկերակցող տառապանքը պիտի չըլլան։ Մեր անողոք թշնամին՝ մահը վերջապէս պիտի նուաճուի։ Աստուած «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ»։—Եսայի 25։8

4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աստուածընտիր Կառավարիչ մը ունի։ Մեսիան ինքնակոչ չէ, ո՛չ ալ անկատար մարդոցմէ ընտրուած է։ Ան ուղղակի Եհովա Աստուծոյ կողմէ ընտրուած է, ինչպէս կը նշեն Մեսիա եւ Քրիստոս տիտղոսները, որոնք կը նշանակեն՝ «Օծեալ»։ Եհովա այս Թագաւորը օծած է, կամ մասնայատուկ պաշտօնի մը համար նշանակած է։ Աստուած անոր մասին կ’ըսէ. «Ահա իմ ծառաս, որուն ձեռնտու պիտի ըլլամ ու իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ։ Իմ Հոգիս անոր վրայ դրի. անիկա ազգերուն իրաւունք պիտի ընէ»։ (Եսայի 42։1. Մատթէոս 12։17, 18) Մեր Ստեղծիչէն աւելի ո՞վ գիտէ թէ ի՛նչպիսի Կառավարիչի մը կարիք ունինք։

5. Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչը ամբողջ մարդկութեան առջեւ իր արժանի ըլլալը ապացուցանած է։ Նազովրեցի Յիսուս ապացուցանեց թէ նախագուշակուած Մեսիան էր։ Ան եկաւ այն ընտանեկան շառաւիղէն զոր Աստուած սահմանած էր։ (Ծննդոց 22։18. Ա. Մնացորդաց 17։11. Մատթէոս 1։1) Երբ երկրի վրայ էր, ան Մեսիայի վերաբերեալ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կատարեց, որոնք դարեր առաջ արձանագրուած էին։ Ան նաեւ երկնքէն բնորոշուեցաւ որպէս Մեսիան։ Ի՞նչպէս։ Աստուած երկնքէն խօսեցաւ, զինք բնորոշելով որպէս Իր Որդին. հրեշտակներ Յիսուսը մատնանշեցին իբրեւ նախագուշակուած Մեսիան. եւ Յիսուս հրաշքներ կատարեց,– յաճախ հարիւրաւոր կամ նոյնիսկ հազարաւոր ականատեսներու առջեւ,– որոնք բացայայտօրէն Աստուծոյ զօրութեամբ էին։ * Յիսուս կրկին անգամ ցոյց տուաւ թէ ի՛նչպիսի Կառավարիչ մը պիտի ըլլար։ Ան մարդոց օգնելու ո՛չ միայն զօրութիւնը ունէր, այլ նաեւ՝ փափաքը։ (Մատթէոս 8։1-3) Ան անձնուրաց, կարեկից, քաջ ու խոնարհ էր։ Աստուածաշունչը անոր կենսագրութիւնը կը բովանդակէ, որպէսզի ամէն ոք զայն կարդայ։

6. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Քրիստոսի հետ 144,000 իշխանակիցներ ունի։ Յիսուս ըսաւ թէ ուրիշներ ալ, ի ներառեալ իր առաքեալները, երկնքի մէջ իրեն հետ պիտի իշխէին։ Ան այս խումբը «պզտիկ հօտ» կոչեց։ (Ղուկաս 12։32) Հետագային, Յովհաննէս առաքեալի ըսուեցաւ թէ այս պզտիկ հօտը 144,000 անդամ պիտի ունենար։ Անոնք Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ որպէս թագաւորներ պիտի իշխէին ու իբրեւ քահանաներ պիտի ծառային։—Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3

7. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այժմ երկնքի մէջ կ’իշխէ ու պատրաստ է իր իշխանութիւնը հաստատելու ամբողջ երկրագունդին վրայ։ Ասիկա շատ ոգեւորիչ ճշմարտութիւն մըն է։ Աստուածաշունչը բազմաթիւ ապացոյցներ կը հայթայթէ թէ Յիսուս երկնքի մէջ որպէս Թագաւոր իր հեղինակութիւնը ստացած է։ Այժմ ան հոն կ’իշխէ ու շատ շուտով իր իշխանութիւնը պիտի տարածէ ամբողջ երկրի վրայ եւ պիտի կատարէ մեր նախապէս նշած հոյակապ մարգարէութիւնները։ Բայց ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այժմ կ’իշխէ։ Եւ անիկա ե՞րբ պիտի սկսի երկրի վրայ իշխել։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Այսպիսի մարգարէութիւններ ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր սրտին մէջ եղող բան մը չէ, ինչպէս ոմանք կը սորվեցնեն։