Յիսուս Քրիստոս՝ մեծագոյն միսիոնարը
Յիսուս Քրիստոս՝ մեծագոյն միսիոնարը
«Ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։—ՅՈՎՀ. 7։29
1, 2. Միսիոնար ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ո՞վ կրնայ մեծագոյն Միսիոնարը կոչուիլ։
ԵՐԲ «միսիոնար» բառը լսես, միտքդ ի՞նչ կու գայ։ Ոմանց միտքը կու գան Քրիստոնեայ Աշխարհի միսիոնարները, որոնցմէ շատեր իրենց ծառայած երկիրներուն քաղաքական ու տնտեսական հարցերուն միջամուխ կ’ըլլան։ Սակայն որպէս Եհովայի Վկաներէն մէկը, հաւանաբար մտածես այն միսիոնարներուն մասին, զորս Կառավարիչ Մարմինը կ’ուղարկէ բարի լուրը քարոզելու համար երկրագունդի չորս կողմը։ (Մատթ. 24։14) Այս միսիոնարները անձնուրացօրէն իրենց ժամանակն ու կորովը կը տրամադրեն վեհ նպատակի մը համար,– մարդոց օգնել որ Եհովա Աստուծոյ մօտենան եւ իրեն հետ թանկագին յարաբերութիւն մը վայելեն։—Յակ. 4։8
2 «Միսիոնար» եւ «միսիոնարներ» բառերը Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչին մէջ չեն գտնուիր։ Սակայն Եփեսացիս 4։11–ի մէջ, «աւետարանիչներ» թարգմանուած Յունարէն բառը կրնայ նաեւ «միսիոնարներ» թարգմանուիլ։ Եհովա մեծագոյն Աւետարանիչն է, բայց միսիոնար բառը իրեն չի կիրարկուիր, քանի որ երբեք մէկու մը կողմէ ուղարկուած չէ։ Միւս կողմէ, իր երկնաւոր Հօր նկատմամբ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։ (Յովհ. 7։29) Մարդկային աշխարհին հանդէպ մեծ սէր ցուցաբերելով, Եհովա իր միածին Որդին երկիր ղրկեց։ (Յովհ. 3։16) Յիսուս կրնայ մեծագոյն Միսիոնարը կոչուիլ, քանի որ երկիր ղրկուելուն մէկ պատճառն էր՝ ‘ճշմարտութեան համար վկայել’։ (Յովհ. 18։37) Ան կատարեալ յաջողութեամբ Թագաւորութեան բարի լուրը յայտարարեց, եւ իր ծառայութեան օգուտները տակաւին մեզի մատչելի են։ Օրինակ, միսիոնարներ ըլլա՛նք կամ ոչ, իր ուսուցանելու մեթոտները կրնանք մեր ծառայութեան մէջ գործածել։
3. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
3 Որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող Յիսուսի դերին նկատմամբ կրնանք հարց տալ. Յիսուս երկրի վրայ ի՞նչ փորձառութիւն ունեցաւ։ Անոր ուսուցումը ինչո՞ւ ազդու էր։ Եւ ի՞նչ բան անոր ծառայութիւնը յաջող դարձուց։
Յօժար հոգի մը՝ նոր շրջապատի մէջ
4-6. Յիսուս երկիր գալով ի՞նչ կարգ մը փոփոխութիւններ դիմագրաւեց։
4 Մերօրեայ միսիոնարներ եւ կարգ մը Քրիստոնեաներ, որոնք կը փոխադրուին հո՛ն՝ ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ, թերեւս պէտք է վարժուին ապրիլ ցած կենսամակարդակի պայմաններով։ Բայց չենք կրնար նոյնիսկ երեւակայել այն տարբերութիւնը որ կար Յիսուսի պարագաներուն միջեւ՝ երկրի վրայ եւ երկնքի մէջ, ուր կ’ապրէր իր Հօր եւ հրեշտակներուն հետ, որոնք մաքուր շարժառիթներով Եհովայի կը ծառայէին։ (Յոբ 1։6. 2։1) Ի՜նչ տարբեր բան մըն էր գտնուիլ մեղաւոր մարդոց ու փտած աշխարհի մը մէջ։ (Մար. 7։20-23) Յիսուս նոյնիսկ դիմագրաւեց իր ամենամտերիմ աշակերտներուն մէջ ծագած մրցակցութիւնը։ (Ղուկ. 20։46. 22։24) Անշուշտ, ան ամէն հարց կատարեալ կերպով ձեռք առաւ։
5 Յիսուս հրաշալիօրէն չսկսաւ մարդկային լեզու մը խօսիլ, այլ զայն սորվեցաւ երբ մանուկ էր։ Ի՜նչ փոփոխութիւն. ան երկնքի մէջ հրեշտակներուն հրաման կու տար։ Երկրի վրայ Յիսուս գործածեց ‘մարդոց լեզուներէն’ առնուազն մէկը, որ ‘հրեշտակներուն լեզուներէն’ ամբողջովին տարբեր էր։ (Ա. Կորն. 13։1) Սակայն ո՛չ մէկ մարդ Յիսուսի նման շնորհալի խօսքեր ըսած է։—Ղուկ. 4։22
6 Նկատի առ թէ ի՛նչ այլ կերպերով Աստուծոյ Որդիին պարագան մեծապէս փոխուեցաւ երբ երկիր եկաւ։ Ադամէ մեղք չժառանգելով հանդերձ, Յիսուս մարդ արարած եղաւ, անոնց պէս՝ որոնք հետագային իր «եղբայրներ»ը կամ օծեալ հետեւորդները պիտի ըլլային։ (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 2։17, 18) Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր երկնաւոր Հօրմէն չխնդրեց որ «տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ» ղրկէ։ Բայց պահ մը խորհէ այն հրեշտակներուն մասին, որոնց վրայ հեղինակութիւն ունէր որպէս Միքայէլ հրեշտակապետ։ (Մատթ. 26։53. Յուդա 9) Արդարեւ Յիսուս հրաշքներ գործեց, բայց ինչ որ երկրի վրայ ըրաւ յարաբերաբար սահմանափակ էր, նկատի առնելով թէ ի՛նչ կրնար իրագործել երկնքի մէջ։
7. Հրեաները Օրէնքին առնչութեամբ ի՞նչպէս վարուեցան։
7 Որպէս «Բանը» իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Յիսուս թերեւս Աստուծոյ Բանբերն էր որ անապատին մէջ Իսրայելացիները առաջնորդեց։ (Յովհ. 1։1. Ել. 23։20-23) Սակայն անոնք ‘օրէնքը առին հրեշտակներուն մատակարարութիւնովը ու չպահեցին զայն’։ (Գործք 7։53. Եբր. 2։2, 3) Իրականութեան մէջ, առաջին դարու Հրեայ կրօնական առաջնորդները Օրէնքին նպատակը չէին ըմբռնած։ Օրինակ, նկատի առ Շաբաթի օրէնքը։ (Կարդալ՝ Մարկոս 3։4-6) Դպիրներն ու Փարիսեցիները ձգած էին «օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը»։ (Մատթ. 23։23) Այսուհանդերձ Յիսուս ձեռնթափ չեղաւ ու ճշմարտութիւնը յայտարարելէ չդադրեցաւ։
8. Յիսուս ինչո՞ւ կրնայ մեզի օգնական ըլլալ։
8 Յիսուս յօժար հոգի մը ունէր։ Ան մարդոց հանդէպ սէրէ մղուած էր եւ խորապէս կ’ուզէր անոնց օգնել։ Ան երբեք աւետարանելու հոգին չկորսնցուց։ Եւ երկրի վրայ Եհովայի հանդէպ իր ցուցաբերած հաւատարմութեան համար, Յիսուս «բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ»։ Ասկէ զատ, «ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ»։—Եբր. 2։18. 5։8, 9
Լաւ մարզուած Ուսուցիչ
9, 10. Երկիր ուղարկուելէ առաջ, Յիսուս ի՞նչպիսի մարզում ստացաւ։
9 Այժմու Քրիստոնեաներ որպէս միսիոնար ուղարկուելէ առաջ, Կառավարիչ Մարմինը անոնց մարզում կը հայթայթէ։ Յիսուս Քրիստոս մարզում ստացա՞ւ։ Այո՛, բայց Մեսիա օծուելէն առաջ՝ ան ռաբունական դպրոցներ չյաճախեց, ո՛չ ալ կարկառուն կրօնական առաջնորդներու ձեռքին տակ դաստիարակուեցաւ։ (Յովհ. 7։15. համեմատել՝ Գործք 22։3) Յիսուս ինչո՞ւ սորվեցնելու որակեալ էր։
10 Նկատի չունենալով թէ իր մօրմէն՝ Մարիամէն ու զինք որդեգրող հօրմէն՝ Յովսէփէն ի՛նչ սորված էր, Յիսուս ծառայութեան վերաբերեալ իր գլխաւոր մարզումը ստացաւ գերագոյն Աղբիւրէն։ Այս ուղղութեամբ Յիսուս ըսաւ. «Ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ»։ (Յովհ. 12։49) Նկատէ թէ Որդին իր ուսուցանելիք բաներուն մասին մասնայատուկ հրահանգներ ստացած էր։ Երկիր գալէն առաջ, անկասկած Յիսուս երկար ժամանակ անցուց՝ իր Հօր ցուցմունքները մտիկ ընելով։ Ան ասկէ աւելի լաւ մարզում կրնա՞ր ստանալ։
11. Յիսուս ո՞ր տարողութեամբ արտացոլացուց մարդկութեան հանդէպ իր Հօր կեցուածքը։
11 Ստեղծուելէն ի վեր, Որդին իր Հօր հետ սերտ յարաբերութիւն մը կը վայելէր։ Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Յիսուս մարդոց հանդէպ Աստուծոյ կեցուածքը զատորոշեց, անոնց հետ Իր գործառնութիւնները դիտելով։ Որդին մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սէրը ա՛յնքան արտացոլացուց, որ կրցաւ ըսել իբրեւ անձնաւորուած իմաստութիւն. «Իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր»։—Առ. 8։22, 31
12, 13. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս սորվեցաւ՝ Իսրայելացիներուն հետ իր Հօր գործառնութիւնները դիտելով։ (բ) Յիսուս իր ստացած մարզումը ի՞նչպէս գործածեց։
12 Որդիին ստացած մարզումը նաեւ պարփակեց՝ դիտել թէ իր Հայրը ի՛նչպէս դժուար կացութիւններ ձեռք կ’առնէր։ Օրինակ, նկատի առ կամակոր Իսրայելացիներուն հետ Եհովայի գործառնութիւնները։ Նէեմիա 9։28–ը կ’ըսէ. «Երբ հանգստութիւն գտան, նորէն քու առջեւդ չարութիւն ըրին. ուստի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը թողուցիր, որոնք ասոնց վրայ տիրեցին ու երբ նորէն քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու ողորմութեանդ համեմատ կրկին ու կրկին զանոնք ազատեցիր»։ Եհովայի հետ գործելով եւ զինք դիտելով, Յիսուս իր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց հանդէպ համանման կարեկցութիւն մշակեց։—Յովհ. 5։19
13 Յիսուս այս մարզումը ի գործ դրաւ, իր աշակերտներուն հետ կարեկցութեամբ վարուելով։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, իր շատ սիրած բոլոր առաքեալները զինք «թողուցին . . . ու փախան»։ (Մատթ. 26։56. Յովհ. 13։1) Պետրոս առաքեալ նոյնիսկ երեք անգամ Քրիստոսը ուրացաւ։ Այսուհանդերձ Յիսուս իր առաքեալներուն դիմաց վերադարձի ճամբան բաց ձգեց։ Ան Պետրոսի ըսաւ. «Ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։ (Ղուկ. 22։32) Հոգեւոր Իսրայէլը «առաքեալներուն ու մարգարէներուն» վրայ յաջողապէս հիմնուած է, եւ Նոր Երուսաղէմի պարիսպին հիմերը Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի 12 հաւատարիմ առաքեալներուն անունները կը կրեն։ Մինչեւ օրս, օծեալ Քրիստոնեաները եւ իրենց նուիրեալ ընկերակիցները՝ «ուրիշ ոչխարներ»ը, Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ կը բարգաւաճին, Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ եւ իր սիրելի Որդիին առաջնորդութեան ներքեւ։—Եփ. 2։20. Յովհ. 10։16. Յայտ. 21։14
Յիսուս ի՛նչպէս սորվեցուց
14, 15. Յիսուսի ուսուցումը ի՞նչ կերպերով տարբեր էր դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն ուսուցումէն։
14 Յիսուս իր մարզումը ի՞նչպէս ի գործ դրաւ, երբ իր հետեւորդներուն սորվեցուց։ Յիսուսի ուսուցանելու կերպը յստակօրէն կը գերազանցէր Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն սորվեցնելու մեթոտը։ Դպիրներն ու Փարիսեցիները ‘իրենց աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանեցին’։ Միւս կողմէ, Յիսուս ինքնիրմէ չխօսեցաւ, այլ՝ Աստուծոյ խօսքին կամ պատգամին կառչեցաւ։ (Մատթ. 15։6. Յովհ. 14։10) Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։
15 Ուրիշ մարզի մը մէջ ալ Յիսուս կրօնական առաջնորդներէն բոլորովին տարբեր էր։ Դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն առնչութեամբ, ան ըսաւ. «Ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ»։ (Մատթ. 23։3) Յիսուս իր սորվեցուցածը կը գործադրէր, ինչպէս հետեւեալ օրինակը կ’ապացուցանէ։
16. Ինչո՞ւ կրնաս ըսել թէ Յիսուս Մատթէոս 6։19-21–ի մէջ արձանագրուած իր խօսքերուն համաձայն ապրեցաւ։
Մատթէոս 6։19-21) Յիսուս այս յորդորին հետ ներդաշնակ ապրեցա՞ւ։ Այո՛, քանի որ իր մասին ճշմարտապէս կրցաւ ըսել. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ (Ղուկ. 9։58) Յիսուս պարզ կեանք մը վարեց։ Ան գլխաւորաբար զբաղած էր Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելով եւ ցոյց տուաւ ի՛նչպէս մտահոգութիւններէ զերծ ըլլալ, որոնք երկրի վրայ գանձեր դիզելէն յառաջ կու գան։ Ան նշեց թէ ո՜րքան աւելի լաւ է երկնքի մէջ գանձեր դիզել, «ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան»։ Երկինքը գանձեր դիզելու Յիսուսի յորդորին կը հետեւի՞ս։
16 Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց որ ‘գանձեր դիզեն երկինքը’։ (Կարդալ՝Յատկութիւններ՝ որոնք Յիսուսը սիրելի դարձուցին
17. Ի՞նչ յատկութիւններ Յիսուսը բացառիկ աւետարանիչ մը դարձուցին։
17 Ի՞նչ յատկութիւններ Յիսուսը բացառիկ աւետարանիչ մը դարձուցին։ Անոնցմէ մէկն էր՝ իր օգնած անհատներուն հանդէպ իր կեցուածքը։ Յիսուս արտացոլացուց Եհովայի ընտիր յատկութիւնները, ինչպէս՝ խոնարհութիւն, սէր եւ կարեկցութիւն։ Նկատի առ թէ այս առանձնայատկութիւնները ի՛նչպէս մարդիկը քաշեցին Յիսուսի։
18. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Յիսուս խոնարհ էր։
18 Երկիր գալու նշանակումը ընդունելով, Յիսուս իր «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով»։ (Փիլ. 2։7) Ասիկա խոնարհութեան արարք մըն էր։ Ասկէ զատ, Յիսուս մարդիկը չարհամարհեց։ Ան չունէր սա կեցուածքը. ‘Ես երկնքէն եկայ, ուստի ինծի պէտք է մտիկ ընէք’։ Ինքնակոչ մեսիաներու հակառակը, Յիսուս որպէս ճշմարիտ Մեսիա իր դերին նկատմամբ չյոխորտաց։ Երբեմն ան անհատներու ըսաւ որ ուրիշներուն չյայտնեն թէ ինք ո՛վ էր կամ ի՛նչ ըրաւ։ (Մատթ. 12։15-21) Յիսուս ուզեց որ մարդիկ իրեն հետեւելու իրենց որոշումը հիմնեն իրենց տեսած բաներուն վրայ։ Իր աշակերտները ո՜րքան օգտուեցան, քանի որ իրենցմէ չակնկալեց որ կատարեալ հրեշտակներուն պէս ըլլան, որոնց ընկերակցած էր երկինքը։
19, 20. Սէրն ու կարեկցութիւնը ի՞նչպէս Յիսուսը մղեցին մարդոց օգնելու։
19 Յիսուս Քրիստոս նաեւ սէր արտայայտեց,– իր երկնաւոր Հօր տիրական մէկ յատկութիւնը։ (Ա. Յովհ. 4։8) Յիսուս սէրէ մղուած սորվեցուց ունկնդիրներուն։ Օրինակ, նկատի առ երիտասարդ պետի մը հանդէպ իր զգացումները։ (Կարդալ՝ Մարկոս 10։17-22) Յիսուս «սիրեց զանիկա» եւ ուզեց անոր օգնել, բայց երիտասարդ պետը իր շատ ստացուածքէն չհրաժարեցաւ, որպէսզի Քրիստոսի հետեւորդ ըլլայ։
20 Յիսուսը սիրելի դարձնող յատկութիւններէն մէկն էր՝ կարեկցութիւնը։ Բոլոր անկատար մարդոց նման, իր ուսուցումին ընդառաջող անհատները խնդիրներով ծանրաբեռնուած էին։ Ասոր գիտակցելով, Յիսուս կարեկցութեամբ ու գութով անոնց սորվեցուց։ Լուսաբանենք. առիթով մը, Յիսուս եւ իր առաքեալները ա՛յնքան զբաղած էին որ նոյնիսկ ճաշելու ժամանակ չունէին։ Սակայն Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց երբ տեսաւ թէ ամբոխ մը հաւաքուած էր։ «[Ան] խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ (Մար. 6։34) Յիսուս իր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց խղճալի վիճակը նկատեց եւ ջանաց անոնց սորվեցնել ու ի նպաստ անոնց հրաշքներ գործել։ Ոմանք իր ընտիր յատկութիւններէն հրապուրուելով եւ իր խօսքերէն ազդուելով՝ իր աշակերտներն եղան։
21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
21 Յիսուսի երկրային ծառայութեան մասին տակաւին շատ բան կրնանք սորվիլ, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։ Ի՞նչ յաւելեալ կերպերով կրնանք ընդօրինակել Յիսուս Քրիստոսը՝ մեծագոյն Միսիոնարը։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Երկիր գալէն առաջ, Յիսուս ի՞նչ մարզում ստացաւ։
• Յիսուսի ուսուցանելու կերպը ի՞նչպէս կը գերազանցէր դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն սորվեցնելու մեթոտը։
• Ի՞նչ յատկութիւններ Յիսուսը մարդոց սիրելի դարձուցին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուս ի՞նչպէս ամբոխին սորվեցուց