Ի՞նչ է կեանքի նպատակը
Ի՞նչ է կեանքի նպատակը
ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Մարդիկը ամենէն շատ նեղացնող բաներէն մէկը այն գաղափարն է՝ թէ կեանքը իմաստ կամ նպատակ չունի։ Միւս կողմէ, անհատ մը որ կեանքի մէջ յստակօրէն սահմանուած նպատակ մը ունի, դժուարութիւններու տոկացող անձ մըն է։ Վիքթոր Ի. Ֆրանգլ անունով ջղաբան մը, որ Ողջակիզութենէ վերապրած է, գրեց. «Կը համարձակիմ ըսելու թէ աշխարհիս մէջ չկայ բան մը որ կրնայ մէկու մը վերապրումին նպաստել, նոյնիսկ ամենավատ պայմաններէն, ո՛րքան այն գիտակցութիւնը թէ իր կեանքը իմաստ մը ունի»։
Սակայն այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ ու հակասական կարծիքներ կան։ Շատեր կը խորհին թէ անհատին կ’իյնայ որոշել թէ ի՛նչ է կեանքի նպատակը։ Իսկ բարեշրջութեան հաւատացողներէն ոմանք կը սորվեցնեն թէ կեանքի մէջ մնայուն իմաստ մը չկայ։
Սակայն կեանքի նպատակը իրապէս գիտնալու համար, ամենատրամաբանական կերպն է Կենսատուին՝ Եհովա Աստուծոյ դիմել։ Նկատի առ թէ իր Խօսքը այս նիւթին շուրջ ի՛նչ կ’ըսէ։
Աստուածաշունչին ըսածը
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ երբ Եհովա Աստուած մարդն ու կինը ստեղծեց, անոնց համար մասնայատուկ նպատակ մը ունէր։ Եհովա մեր առաջին ծնողքին հետեւեալ պատուէրը տուաւ։
Ծննդոց 1։28. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։
Աստուած նպատակադրեց որ Ադամն ու Եւան եւ անոնց զաւակները ամբողջ երկիրը դրախտի մը վերածեն։ Ան չէր մտադրած որ մարդիկ ծերանան ու մեռնին. ո՛չ ալ կ’ուզէր որ մարդկութիւնը կենսոլորտին վնաս հասցնէ։ Սակայն, քանի որ մեր առաջին ծնողքը անմիտ ընտրութիւններ ըրաւ, մեղքն ու մահը ժառանգեցինք։ (Ծննդոց 3։2-6. Հռովմայեցիս 5։12) Այսուհանդերձ Եհովայի նպատակը չէ փոխուած։ Շուտով երկրագունդը դրախտ պիտի ըլլայ։—Եսայի 55։10, 11
Եհովա մեզ ստեղծեց թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ մտաւորական կարողութիւններով, որպէսզի իր նպատակը կատարենք։ Ան մեզ չստեղծեց որ իրմէ անկախ ապրինք։ Նկատի առ թէ մեզի վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակը ի՛նչպէս սահմանուած է Աստուածաշունչի հետեւեալ հատուածներուն մէջ։
Ժողովող 12։13. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։
Միքիա 6։8. «Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել»։
Մատթէոս 22։37-39. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’»։
Աստուածաշունչի պատասխանը ի՛նչպէս իսկական մտքի խաղաղութիւն կու տայ
Բարդ գործիք մը պատշաճօրէն աշխատելու համար, զայն շինողին մտադրած նպատակին համար ու որոշած կերպով պէտք է գործածուի։ Նոյնպէս, եթէ կ’ուզենք մենք մեզի վնաս չհասցնել,– հոգեւոր, մտային, զգացական կամ ֆիզիքական գետնի վրայ,– մեր կեանքը պէտք է գործածենք այն կերպով, որ մեր Արարիչը մտադրած
էր։ Նկատի առ թէ Աստուծոյ նպատակը գիտնալը ի՛նչպէս կրնայ մեզի մտքի խաղաղութիւն տալ՝ կեանքի հետեւեալ մարզերուն մէջ։Երբ նախապատուութիւններ որոշեն, շատեր ներկայիս իրենց կեանքը հարստութիւն դիզելու կը նուիրեն։ Սակայն Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10
Միւս կողմէ, անոնք որ կը սորվին Աստուած սիրել, փոխանակ՝ դրամը, գոհունակութեան գաղտնիքը կը գտնեն։ (Ա. Տիմոթէոս 6։7, 8) Անոնք ջանասիրութեան արժէքը կը գնահատեն եւ գիտեն թէ պարտաւորութիւն ունին իրենց ֆիզիքական կարիքները հոգալու։ (Եփեսացիս 4։28) Բայց անոնք նաեւ Յիսուսի սա զգուշացումը լուրջի կ’առնեն. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։—Մատթէոս 6։24
Հետեւաբար, փոխանակ աշխարհիկ գործը կամ հարստութիւն դիզելը իրենց գլխաւոր նախապատուութիւնը դարձնելու, Աստուած սիրողները իր կամքը կատարելը իրենց մեծագոյն հետաքրքրութիւնը կը դարձնեն։ Անոնք գիտեն թէ եթէ Աստուծոյ կամքը իրենց կեանքին առանցքը կազմէ, Եհովա Աստուած իրենց հոգ պիտի տանի։ Իրականութեան մէջ, Եհովա ինքզինք պարտաւոր կը սեպէ ասիկա ընելու։—Մատթէոս 6։25-33
Երբ ուրիշներու հետ կը վարուին, շատեր նա՛խ իրենց շահերը կը փնտռեն։ Այսօր աշխարհը խաղաղութիւն չի վայելեր, գլխաւորաբար քանի որ շատեր ‘անձնասէր ու անգութ’ են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։2, 3) Երբ մէկը զիրենք յուսախաբ ընէ կամ իրենց տեսակէտին համամիտ չըլլայ, անոնք ‘բարկութեան, սրտմտութեան, աղաղակի ու հայհոյութեան’ տեղի կու տան։ (Եփեսացիս 4։31) Այս ժուժկալութեան պակասը մտքի խաղաղութիւն տալու տեղ, միմիայն «վէճ կը հանէ»։—Առակաց 15։18
Ասոր հակապատկերը, անոնք որ իրենց ընկերը իրենց անձին պէս սիրելու Աստուծոյ պատուէրին կը հնազանդին, ‘իրարու հետ քաղցր կ’ըլլան, գթած, իրարու ներող’։ (Եփեսացիս 4։32. Կողոսացիս 3։13) Նոյնիսկ երբ ուրիշներ իրենց հետ քաղցրութեամբ չեն վարուիր, անոնք կը ջանան Յիսուսը ընդօրինակել, որ երբ կը նախատուէր՝ «փոխարէնը չէր նախատեր»։ (Ա. Պետրոս 2։23) Յիսուսի նման, անոնք կը գիտակցին թէ իսկական գոհունակութիւն կը պատճառէ ուրիշներուն ծառայելը, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք կրնան չգնահատել իրենց ստացած ծառայութիւնը։ (Մատթէոս 20։25-28. Յովհաննէս 13։14, 15. Գործք 20։35) Եհովա Աստուած իր հոգին կու տայ անոնց, որոնք իր Որդւոյն օրինակին կը հետեւին, եւ այս հոգին անոնց կեանքին մէջ խաղաղութեան իսկական զգացում մը յառաջ կը բերէ։—Գաղատացիս 5։22
Սակայն ապագայի նկատմամբ քու հայեցակէտդ ի՞նչպէս կրնայ մտքի խաղաղութեանդ ազդել։
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Անհատ մը կեանքի մէջ յստակօրէն սահմանուած նպատակի մը կարիք ունի
[Նկար՝ էջ 7]
Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք մտքի խաղաղութիւն ձեռք ձգել