Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ’

‘Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ’

‘Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ’

«Ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց»։—Ա. ԿՈՐ. 3։7

1. Ի՞նչ կերպով «Աստուծոյ գործակից»ներ ենք։

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ գործակից»ներ։ Այս կերպով Պօղոս առաքեալ նկարագրեց այն առանձնաշնորհումը որ բոլորս կրնանք վայելել։ (Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 3։5-9) Պօղոսի ակնարկած գործունէութիւնը՝ աշակերտելու գործն է։ Ան զայն նմանցուց սերմ ցանելուն եւ ջրելուն։ Եթէ այդ կենսական գործին մէջ կ’ուզենք յաջողիլ, Եհովայի օգնութեան կարիք ունինք։ Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ թէ ‘Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ’։

2. Այն իրողութիւնը թէ ‘Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ’, ինչո՞ւ մեզի կ’օգնէ որ մեր ծառայութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունենանք։

2 Խոնարհութիւն քաջալերող այդ իրողութիւնը մեզի կ’օգնէ որ մեր ծառայութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունենանք։ Կրնանք ջանադրութեամբ քարոզել ու սորվեցնել, բայց ի վերջոյ, տեղի ունեցած աճման համար ամբողջ փառաբանութիւնը Եհովայի կ’երթայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ո՛րքան ալ ջանանք, չենք կրնար աճման ընթացքը լրիւ հասկնալ, ո՛չ ալ զայն հակակշռի տակ առնել։ Սողոմոն թագաւոր կացութիւնը ճշգրտօրէն նկարագրեց, երբ գրեց. «Ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր»։—Ժող. 11։5

3. Բառացի սերմ ցանելուն եւ աշակերտելու գործին միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։

3 Աճման ընթացքը չհասկնալը մեր գործը ընդվզեցուցիչ կը դարձնէ՞։ Ո՛չ։ Փոխարէն, զայն ոգեւորիչ եւ հետաքրքրաշարժ կը դարձնէ։ Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ ա՞յս թէ այն, կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան»։ (Ժող. 11։6) Արդարեւ, երբ բառացի սերմ մը ցանենք, չենք գիտեր թէ անիկա ո՛ւր պիտի ծլի, եթէ երբեք ծլի։ Շատ մը ազդակներ մեր հակակշռէն դուրս են։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ աշակերտելու գործին մասին։ Յիսուս այս իրողութիւնը ցցուն ըրաւ երկու առակով, որոնք մեզի համար արձանագրուած են Մարկոսի Աւետարանին 4–րդ գլուխին մէջ։ Այժմ տեսնենք թէ այս երկու առակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

Հողի տարբեր տեսակներ

4, 5. Սերմնացանին առակը ամփոփէ։

4 Ինչպէս արձանագրուած է Մարկոս 4։1-9–ի մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ սերմնացան մը որ սերմ կը ցանէ կամ կը սփռէ, եւ անոնք այլազան տեղեր կ’իյնան. «Լսեցէ՛ք, ահա սերմ ցանողը ելաւ որպէս զի սերմ ցանէ։ Երբ կը ցանէր, մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։ Ուրիշ մը ինկաւ ապառաժուտ տեղ մը, ուր շատ հող չկար։ Շուտ մը բուսաւ՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար, սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցաւ ու արմատ չունենալուն համար չորցաւ։ Ուրիշ մը ինկաւ փուշերու մէջ եւ փուշերը ելան ու խեղդեցին զանիկա ու պտուղ չտուաւ։ Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին, որ ելան ու մեծցան եւ կը բերէին մէկուն տեղ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն, մէկուն տեղ՝ հարիւր»։

5 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ընդհանրապէս սերմ ցանելը սփռելով կ’ըլլար։ Սերմնացանը սերմերը կը կրէր իր հագուստին մէկ ծալքին մէջ կամ պարկի մը մէջ եւ զանոնք լայն տարողութեամբ կը նետէր։ Ուստի այս առակին մէջ, սերմնացանը սերմը դիտումնաւոր կերպով չի սփռեր հողի տարբեր տեսակներուն վրայ։ Հապա, նետուած սերմերը կ’իյնան այլատեսակ տեղեր։

6. Յիսուս սերմնացանին առակը ի՞նչպէս բացատրեց։

6 Այս առակին նշանակութեան նկատմամբ ենթադրութիւններ ընելու հարկ չկայ։ Յիսո՛ւս զայն բացատրեց, ինչպէս Մարկոս 4։14-20–ի մէջ արձանագրուած է. «Սերմ ցանողը խօսքը կը ցանէ։ Ճամբուն քովինները անոնք են, որոնց մէջ խօսքը կը ցանուի ու երբ լսեն, շուտ մը Սատանան կու գայ եւ անոնց սրտերուն մէջ ցանուած խօսքը կը հանէ։ Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածները անոնք են, որ երբ լսեն խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունին զանիկա, բայց իրենց մէջ արմատ չունենալով՝ քիչ ժամանակ կը տեւեն, ետքը երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղին։ Փուշերուն մէջ ցանուածները անոնք են, որ երբ խօսքը լսեն, աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները եւ ուրիշ բաներու ցանկութիւններ մէջ մտնելով, խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլան անպտուղ։ Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը կը լսեն եւ կ’ընդունին ու պտուղ կու տան՝ մէկուն տեղ՝ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն ու մէկուն տեղ՝ հարիւր»։

7. Սերմը եւ այլատեսակ հողերը ի՞նչ կը պատկերացնեն։

7 Նկատէ թէ Յիսուս չ’ըսեր թէ սերմի տարբեր տեսակներ կը գործածուին։ Փոխարէն, ան կը խօսի մէկ տեսակ սերմի մասին, որ տարբեր հողերու մէջ կ’իյնայ եւ իւրաքանչիւրը տարբեր արդիւնք կու տայ։ Հողին առաջին տեսակը կարծր կամ պինդ է, երկրորդը՝ ծանծաղ, երրորդը՝ փշապատ, իսկ չորրորդը՝ բարեբեր։ (Ղուկ. 8։8) Ի՞նչ է սերմը։ Անիկա Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած Թագաւորութեան պատգամն է։ (Մատ. 13։19) Այլատեսակ հողերը ի՞նչ կը պատկերացնեն։ Սրտի տարբեր վիճակներ ունեցող անհատներ։—Կարդալ՝ Ղուկաս 8։12, 15

8. (ա) Սերմնացանը ո՞վ կը պատկերացնէ։ (բ) Անհատները ինչո՞ւ տարբեր կերպերով կ’ընդառաջեն Թագաւորութեան քարոզչութեան։

8 Սերմնացանը ո՞վ կը ներկայացնէ։ Ան Աստուծոյ գործակիցները կը պատկերացնէ, որոնք Թագաւորութեան բարի լուրը կը յայտարարեն։ Պօղոսի եւ Ապօղոսի նման, անոնք կը ցանեն եւ կը ջրեն։ Բայց ծանր աշխատելով հանդերձ, անոնք տարբեր արդիւնքներ կը տեսնեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ պատգամը լսողներուն սրտի վիճակը միատեսակ չէ։ Առակին մէջ, սերմնացանը չի կրնար այս արդիւնքները հակակշռի տակ առնել։ Ասիկա ո՜րքան մխիթարական է, յատկապէս՝ մեր հաւատարիմ եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք բազմաթիւ տարիներ կամ տասնամեակներ ծառայած են, ըստ երեւոյթին շօշափելի քիչ արդիւնքներ ստանալով։ * Ինչո՞ւ։

9. Պօղոս առաքեալ եւ Յիսուս ի՞նչ մխիթարական ճշմարտութիւն մը ընդգծեցին։

9 Սերմնացանին հաւատարմութիւնը իր գործին արդիւնքով չի չափուիր։ Պօղոս ասոր ակնարկեց՝ երբ ըսաւ. «Ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը»։ (Ա. Կոր. 3։8) Վարձքը աշխատանքին համեմատ է, եւ ո՛չ թէ այդ աշխատանքին արդիւնքին համեմատ։ Յիսուս նոյնպէս այս կէտը ընդգծեց, երբ իր աշակերտները քարոզչական շրջապտոյտէ մը վերադարձան։ Անոնք շատ ուրախ էին, քանի որ Յիսուսի անունը գործածելով դեւերը իրենց կը հնազանդէին։ Այսուհանդերձ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։ (Ղուկ. 10։17-20) Նոյնիսկ հո՛ն՝ ուր սերմնացանը իր աշխատանքին առ ի արդիւնք շատ յաւելում չի տեսներ, պայման չէ որ ուրիշներէն նուազ ժրաջան կամ հաւատարիմ է։ Արդիւնքը մեծաւ մասամբ կախեալ է լսողին սրտի վիճակէն։ Բայց ի վերջոյ, Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ։

Խօսքը լսողներուն պատասխանատուութիւնը

10. Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ խօսքը լսող անհատը աղէկ հողի կը նմանի՛ թէ ոչ։

10 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ խօսքը լսողներուն մասին։ Անոնց ընդառաջումը նախասահմանուա՞ծ է։ Ո՛չ։ Անոնց կ’իյնայ թէ աղէկ հողի պիտի նմանի՛ն կամ ոչ։ Արդարեւ անհատի մը սրտի վիճակը կրնայ դէպի լաւ կամ դէպի գէշ փոխուիլ։ (Հռով. 6։17) Իր առակին մէջ, Յիսուս ըսաւ թէ ոմանք «երբ լսեն [խօսքը], շուտ մը» Սատանան կու գայ եւ զայն կը վերցնէ։ Բայց պայման չէ որ ասիկա պատահի։ Յակոբոս 4։7–ի մէջ, Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն տրուած է որ ‘Սատանային հակառակ կենան’, իսկ ան իրենցմէ պիտի փախչի։ Յիսուս նշեց թէ ոմանք սկիզբը խօսքը ուրախութեամբ պիտի ընդունին, բայց «իրենց մէջ արմատ չունենալով»՝ պիտի գայթակղին։ Սակայն Աստուծոյ ծառաներուն յորդոր տրուած է որ ‘արմատանան ու հաստատուին’, որպէսզի կարենան ըմբռնել «թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը. այսինքն ճանչնալ Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է»։—Եփ. 3։17-19. Կող. 2։6, 7

11. Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ թոյլ չտալ որ մտահոգութիւններն ու հարստութիւնը խօսքը խեղդեն։

11 Խօսքը լսողներէն ոմանք թոյլ պիտի տան որ «աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները» ներս մտնեն ու խօսքը խեղդեն։ (Ա. Տիմ. 6։9, 10) Բայց անոնք ի՞նչպէս կրնան ասկէ խուսափիլ։ Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’»։—Եբր. 13։5

12. Աղէկ հողով պատկերացուած անհատները ինչո՞ւ տարբեր քանակով պտուղ կու տան։

12 Վերջապէս, Յիսուս կ’ըսէ թէ աղէկ հողի մէջ ցանուածները «պտուղ կու տան՝ մէկուն տեղ՝ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն ու մէկուն տեղ՝ հարիւր»։ Թէեւ խօսքին ընդառաջողներէն ոմանք լաւ սրտի վիճակ ունին եւ պտուղ կու տան, բայց բարի լուրը ծանուցանելու մէջ իրենց ըրածը կը տարբերի՝ իրենց պարագաներուն համաձայն։ Օրինակ, յառաջացած տարիքը կամ մարմինը մաշեցնող հիւանդութիւն մը կրնայ քարոզչութեան մէջ ոմանց բերած բաժինը սահմանափակել։ (Համեմատել՝ Մարկոս 12։43, 44) Դարձեալ, սերմնացանը ասոր վրայ կրնայ չնչին կամ ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունենալ, բայց ան կ’ուրախանայ երբ տեսնէ թէ Եհովա զայն աճեցուց։—Կարդալ՝ Սաղմոս 126։5, 6

Քնացող սերմնացանը

13, 14. (ա) Աճող սերմին առակը ամփոփէ։ (բ) Սերմնացանը ո՞վ կը պատկերացնէ, եւ սերմը ի՞նչ է։

13 Մարկոս 4։26-29–ի մէջ, սերմնացանի մը վերաբերեալ ուրիշ առակ մը կը գտնենք. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ։ Երբ պտուղը հասուննայ մանգաղը գործի կը սկսի վասն զի հունձքի ատենը հասած է»։

14 Ո՞վ է այս սերմնացանը։ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ ոմանք կը հաւատան թէ ասիկա Յիսուսին կ’ակնարկէ։ Բայց ի՞նչպէս կրնայ ըսուիլ թէ Յիսուս կը քնանայ եւ չի գիտեր թէ սերմը ի՛նչպէս կը մեծնայ։ Վստահաբար Յիսուս քաջատեղեակ է աճման ընթացքին։ Ուստի այս սերմնացանը, նախորդ սերմնացանին նման, կը պատկերացնէ Թագաւորութիւնը ծանուցանողը, որ իր նախանձախնդիր քարոզչութեամբ Թագաւորութեան սերմը կը ցանէ։ Հողին մէջ ցանուած սերմը՝ անոր քարոզած խօսքն է։ *

15, 16. Աճող սերմին առակով, Յիսուս բառացի եւ հոգեւոր աճման մասին ի՞նչ իրողութիւն ուշադրութեան յանձնեց։

15 Յիսուս կը նշէ թէ սերմնացանը ‘կը քնանայ եւ կ’արթննայ, գիշեր ու ցերեկ’։ Ասիկա չի նշանակեր թէ սերմնացանը անհոգ է։ Անիկա պարզապէս կը նկարագրէ մարդոց սովորական կեանքը։ Այս համարին շարադրութիւնը ցոյց կու տայ՝ որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ, ցերեկը գործելու եւ գիշերը քնանալու շարունակական գործընթաց մը։ Յիսուս ցցուն կ’ընէ թէ այդ ժամանակամիջոցին ի՛նչ կը պատահի, ըսելով. «Սերմը [կը] բուսնի ու [կը] մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս»։ Շեշտը կը դրուի այն իրողութեան վրայ թէ աճումը «ինքնիրմէ» տեղի կ’ունենայ։ *

16 Յիսուս ի՞նչ կէտ կ’ընդգծէր։ Նկատէ թէ շեշտը դրուած է աճման վրայ եւ անոր աստիճանական ըլլալուն վրայ։ «Հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ»։ (Մար. 4։28) Այս աճումը աստիճանաբար եւ հանգրուաններով տեղի կ’ունենայ։ Զայն կարելի չէ պարտադրել կամ արագացնել։ Նոյնն է պարագան հոգեւոր աճման։ Անիկա հանգրուաններով տեղի կ’ունենայ, մինչ Եհովա թոյլ կու տայ որ ուղղաբարոյ անհատին սրտին մէջ ճշմարտութիւնը աճի։—Գործք 13։48. Եբր. 6։1

17. Որո՞նք կ’ուրախանան երբ ճշմարտութեան սերմը պտուղ տայ։

17 «Երբ պտուղը հասուննայ», սերմնացանը ի՞նչպէս հունձքին կը մասնակցի։ Երբ Եհովա Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը նոր աշակերտներուն սրտին մէջ կ’աճեցնէ, անոնք իրեն հանդէպ սէրէ մղուած՝ իրենց կեանքը իրեն կը նուիրեն, եւ այս քայլը ջուրի մկրտութեամբ կը խորհրդանշեն։ Այն եղբայրները որոնք կը շարունակեն դէպի հասունութիւն յառաջդիմել, աստիճանաբար ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն։ Թագաւորութեան պտուղը կը հնձուի թէ՛ բուն սերմնացանին եւ թէ Թագաւորութիւնը ծանուցանող այլ անհատներու կողմէ, որոնք թերեւս անձամբ կապ չունէին այն սերմը ցանելուն հետ, որ այդ յատուկ աշակերտը արտադրեց։ (Կարդալ՝ Յովհաննէս 4։36-38) Արդարեւ ‘սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ կ’ուրախանան’։

Դասեր՝ մեզի համար

18, 19. (ա) Յիսուսի առակներուն այս վերաքննութիւնը ի՞նչպէս քեզ քաջալերեց։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

18 Մարկոսի Աւետարանին 4–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած այս երկու առակները վերաքաղ ընելով ի՞նչ սորվեցանք։ Յստակօրէն կրնանք տեսնել թէ ընելիք գործ մը ունինք,– ցանել։ Երբեք թոյլ պէտք չէ տանք որ չքմեղանքներ եւ հաւանական խնդիրներ ու դժուարութիւններ մեզ կասեցնեն այս գործը ընելէ։ (Ժող. 11։4) Սակայն միեւնոյն ատեն կը գիտակցինք թէ Աստուծոյ գործակիցներ նկատուելու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունինք։ Եհովան է որ հոգեւոր աճում կը պատճառէ, օրհնելով մեր ջանքերը եւ պատգամը ստացողներուն ջանքերը։ Կ’անդրադառնանք որ չենք կրնար հոգեւոր աճումը պարտադրել։ Նաեւ պէտք չէ վհատինք կամ յուսահատինք եթէ աճումը դանդաղ է կամ տեղի չունենայ։ Ո՜րքան մխիթարական է գիտնալ թէ մեր յաջողութեան չափանիշը մեր հաւատարմութիւնն է Եհովայի եւ աստուածատուր առանձնաշնորհումին՝ որ քարոզենք «արքայութեան այս աւետարանը . . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։—Մատ. 24։14

19 Յիսուս նոր աշակերտներու եւ Թագաւորութեան գործին աճման մասին ուրիշ ի՞նչ սորվեցուց։ Այս հարցումին պատասխանը կը գտնուի Աւետարաններուն բովանդակած այլ առակներու մէջ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ այդ առակներէն ոմանք պիտի վերլուծենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Նկատի առ Իսլանտայի մէջ Եղբայր Կէորկ Ֆէոլնիր Լինտալի ծառայութեան օրինակը, ինչպէս տեղեկագրուած է 2005–ի Եհովայի Վկաներու տարեգիրք–ին մէջ, էջ 210-211, եւ հաւատարիմ ծառաներու փորձառութիւնները, որոնք Իրլանտայի մէջ երկար տարիներ յարատեւեցին առանց անմիջական արդիւնքներու, ինչպէս ցոյց տրուած է 1988–ի Եհովայի Վկաներու տարեգիրք–ին մէջ, էջ 82-99։

^ պարբ. 14 Նախապէս այս պարբերաթերթին մէջ բացատրուած էր թէ սերմը կը պատկերացնէ անձնաւորութեան յատկութիւններ, որոնք միջավայրի ազդակներէ կ’ազդուին մինչ հասունութեան կը հասնին։ Սակայն նկատի պէտք է առնուի թէ Յիսուսի առակին մէջ, սերմը վատ սերմի կամ նեխած պտուղի չի փոխուիր։ Անիկա պարզապէս կը հասուննայ։—Տես՝ Դիտարան 15 Յունիս 1980, էջ 17-19 (Անգլերէն)։

^ պարբ. 15 Աստուածաշունչի բնագրին մէջ այս արտայայտութիւնը երկրորդ եւ վերջին անգամ գործածուած է Գործք 12։10–ի մէջ, ուր կը կարդանք թէ երկաթէ դուռ մը «ինքնիրմէ» բացուեցաւ։

Կը յիշե՞ս

• Բառացի սերմ ցանելուն եւ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելուն միջեւ ի՞նչ կարգ մը նմանութիւններ կան։

• Եհովա Թագաւորութեան քարոզիչի մը հաւատարմութիւնը ի՞նչպէս կը չափէ։

• Յիսուս բառացի եւ հոգեւոր աճման միջեւ ի՞նչ նմանութիւն ընդգծեց։

• Ի՞նչպէս ‘սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ կ’ուրախանան’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 25]

Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութեան քարոզիչը սերմնացանի մը նմանցուց